Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Ա.- Քննարկումի Որակաւոր Հարթակ

Փետրուար 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը թէեւ իր ճակատագիրին բերումով տարտղնուած է, բայց հնարաւորութիւն ունի հայ կեանքին շուրջ բոլորուելու, հոգեպէս միանալու հայութեան մեծ ընտանիքին, իր հայատրոփ սրտին ու խորազնին կշռադատութեան անսալով` տագնապելու ազգային հարցերով, իր կարծիքն ու տեսակէտը արտայայտելու:

Մամուլը եւ յատկապէս հասարակական ցանցերը կարծիքներու փոխանակման անպարագիծ դաշտ յառաջացուցած են, միաժամանակ սակայն` վերածուած անհակակշռելի բեմի, ուր մերթ ընդ մերթ կարծիքներու փոխանակումը կը վերածուի տնավարի խօսակցութեան, անմակարդակ լեզուակռիւի, զգացական պոռթկումներու, ուր կը բացակային պատասխանատու, իմաստուն  խօսքը, փոխադարձ յարգանքը, տրամաբանութիւնը:

Ակնկալելի է ցեխարձակումն ու կառուցողական քննադատութիւնը զանազանել իրարմէ, նոյնիսկ` հասարակական ցանցերուն վրայ: Յատկապէս երբ երիտասարդութիւնը մեզ կը լսէ, մեզի կը դիմէ:

Մամուլին նպատակը նոյնանման կարծիք ունեցողներու հարթակ դառնալ չէ, այլ` բոլոր անոնց, որոնք կ՛արտայայտուին յօգուտ մեր  հաւաքական շահերուն, կը զգան, կը մտածեն ու մանաւանդ կը գործեն հայաբար:

Հայաբար կը գործեն երբեմն ապրելով հանդերձ հայրենիքէն հեռու, ոմանք` իրենց կեանքը նուիրելով հայրենիքին, ուրիշներ, իրենց գրիչը, մասնագիտութիւնը, նիւթական հնարաւորութիւնները ծառայեցնելով հայրենիքին:

Հայաբար կը գործեն երբեմն ապրելով պատերազմական պայմաններու մէջ, իրենց մորթին վրայ կրելով պատերազմի ողջ արհաւիրքը ու մերթ ընդ մերթ հիասթափութիւն ապրելով:

Ու այս բոլորը լուսարձակի տակ պիտի բերէ հայ մամուլը` համախմբելու երիտասարդ ուժերը, ծանօթացումի եւ հեղինակաւոր կարծիքներու շինիչ փոխանակումի բեմ դառնալու ու մանաւանդ` երիտասարդ մեր ներուժի ուղղորդումին ծառայելու: Իսկ  երիտասարդ մեր տարրը պարտի պահել ազատութեան, իրերու եւ հոլովոյթներու անկաշկանդ, բայց լայնախոհ քննարկումի այն սկզբունքներն ու աւանդութիւնները, որոնք հարցերուն լուծումներ պիտի առաջադրեն ու հաւաքական մեր շահերու պահպանման պիտի ծառայեն` հեռու կարծրատիպերէ եւ մեր արժէքները նսեմացնող փորձերէ:

Մամուլը չորրորդ իշխանութիւն է նաեւ, որուն հետեւող աչքէն պէտք է զգաստանայ իւրաքանչիւր հասարակական գործիչ եւ հաշուետու զգայ իր արտասանած իւրաքանչիւր խօսքին ու գործին համար:

Որպէս լրագրողներ, հրապարակագիրներ, կոչուած ենք ինքնուրոյն ոճով հասարակութեան լուսաբանումի եւ հարցերու քննարկումի մեր հարթակը որակաւորելու: Այստեղ կարեւոր է կառուցողական քննադատութիւնը, սակայն մեր տեղեկատուական քաղաքականութեան նշաձողը պէտք է պահել բարձր մակարդակի վրայ` մեկնակէտ ունենալով ազգային մեր արժեհամակարգը, յեղափոխականի մեր դաւանանքը:

«Գ.»

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (1)

Յաջորդը

Դարձեալ «Փթիթ»-ին Մասին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?