Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

Փետրուար 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ներկայիս

Ներկայիս ամբողջ հայութիւնը բոլորովին նոր իրադրութեան մը առջեւ կը գտնուի: Կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իր Ազգային ժողովով, որ Համազգային բոլոր հիմնահարցերը անկաշկանդ քննարկելու կարելիութիւնը ունի: Լեզուի հարցով հսկայական հարցեր կան ե՛ւ հայրենիքի մէջ, ե՛ւ դուրսը, թէ՛ արեւմտախօս, թէ՛ արեւելախօս մեր մեծ զանգուածներու շրջանակներուն մէջ: Հարցեր, որոնք երեւան եկան գլխաւորաբար յետանկախացման շրջանին, ատոր պատճառով կամ զուգադիպաբար:

– Նախկին ներքին գաղութներուն վրայ եկան աւելնալու ու օրըստօրէ աւելի բազմանալու արեւմտեան երկիրներու մէջ ու քիչ մը ամէն տեղ կազմուող արեւելախօս բազմամարդ գաղութներ, որոնք տակաւին հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գոհացուցիչ պայմաններ չեն կրցած ստեղծել, եւ ատիկա տարուէ տարի ճակատագրական կրնայ ըլլալ:

– Խառն գաղութներու մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ներդաշնակ ուսուցում ջամբելու հարցը խիստ այժմէական կը դառնայ: Նոյն դպրոցին մէջ աշակերտութիւնը բաժնելու ու դասերը առանձին վարելու գործընթացը հարուած է մերձեցման որեւէ ցանկութեան ու կրնայ քաղաքական իմաստով ալ տարանջատիչ գործօն հանդիսանալ մեր ազգային Դատի ճանապարհին վրայ: Ոչ ոք թող ըսէ, որ ասիկա ներգաղութային կամ ներդպրոցական հարց է:

– Արեւելահայերէնը մասամբ հեռանալով ռուսերէնի իբրեւ գերակայ լեզուի հանգամանքէն` հետզհետէ կը մխրճուի անգլերէնի գերակայութեան տակ, որն ալ ոչ միայն օտար բառերու քանակը կ՛աւելցնէ, այլ նոյն բառի տարբեր լեզուներէ եկած ըլլալու հնչիւնական ու տառադարձման տարբերակներու խառնիճաղանճ մը կը ստեղծէ: Այս հոսանքին առջեւ մեր լեզուի բառակազմութենէն ու արեւմտահայերէնի փորձէն օգտուելու հրամայականը քիչ-քիչ առաջ կը մղուի:

– Արեւմտահայերէնի ուսուցման ու զարգացման համար լուրջ մտահոգութիւններ ծնան Մերձաւոր Արեւելքի մեր մեծագոյն գաղութներու մեծ ցնցումներուն, արտագաղթին ու ցրուումին պատճառներով: Արեւմտահայերէնը, որ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին հայապահպանութեան ամէնէն ապահով կռուանն է, գոյատեւելու ու նոր կեանքի կոչուելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի: Պէտք է բարձրաձայնել նաեւ, որ երկրաշարժ, անկախութիւն, արցախեան պատերազմ եւ այլն, սփիւռքի ներուժը տարերային ընթացքով ուղղորդեցին դէպի Հայաստան, ու բարձիթողի եղան մեր կրթական, մշակութային հաստատութիւններն ու անոնց կարիքները: Ինչի՞ հետեւանք է Լիբանանի, Եգիպտոսի մեր դպրոցականներուն օտար վարժարաններ խուժելու երեւոյթը, հոս ու հոն դպրոցներու, թատրոններու, թերթերու փակումը: Սփիւռքի գերատեսչական մարմիններն ալ հոս ունին իրենց մեղքի բաժինը: Հայերէն գրողը իր տան չորս պատերէն դուրս գոյութիւն չունի, մինչ օտարագիր հեղինակներու փառաբանութեամբ կը լեցուին մեր թերթերու սիւնակները, անոնց հմայքով կը գինովնան մեր ոսկեղինիկի աշակերտները, հիւրախաղերու հրաւէրով կը ծախսուին երեւակայական գումարներ, մինչ մեր թատրոնը կը փակուի, բեմադրիչը ուրիշ գործի կը նայի: Ոչ հեռաւոր անցեալին կրթաթոշակ վճարել չկարողացողներուն բացը կը գոցուէր լռիկ-մնջիկ: Սփիւռքը իր հարիւրաւոր դպրոցները պահելու այնպիսի փորձ ունի, որ կրնայ պետութիւններու նախանձը շարժել: Հիմա, աւելի քան երբեք, սփիւռքահայ դպրոցը համազգային հոգատարութեան ու զօրակցութեան պէտք ունի: Սփիւռքը, թէ՛ արեւմտախօս, թէ՛ արեւելախօս, ամէնօրեայ դպրոցներ հիմնելու եւ պահելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը ունի: Կրթութեան ասպարէզին մէջ համազգային նեցուկի պէտք ունի: Եթէ հայրենիքը սփիւռքի այս կարիքներուն հանդէպ հասկացողութիւն չցուցաբերէ, վաղը հայրենիքին ձեռք երկարող սփիւռք պիտի չգտնէ:

Նորագոյն մտահոգութիւններէն մէկն ալ հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնի տեղի փնտռտուքն է: Դեռ մինչեւ երէկ արեւմտահայերէն հիմնական կրթութին ստացած, արեւմտահայերէնը կրող զանգուած մը կար հոս: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ ժառանգութեան ճակատագիրը հայրենիքի մէջ. կը կրկնուի՞ 1946-ի հայրենադարձութեան, միայն մէկը յիշենք, վերջին վարագոյրը, թէ…

Այս բոլոր նոր մտահոգութիւնները աւելի եւս անհրաժեշտ կը դարձնեն հինէն եկող մեր լեզուական հիմնահարցերու լուծում բերելու, մեր երկու հատուածներու ճիգերը համակցելու ու գրականներու մերձեցման շատ աւելի պատասխանատու կեցուածքով մօտենալու աշխատանքը:

Ի՞նչ Կը Կատարուի,
Ի՞նչ Կ՛ակնկալուի

Յետանկախացման շրջանին արեւմտահայերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելի սուր արտայայտութիւն գտած է մեր հայրենի իրականութեան մէջ. ատիկա կ՛արտայայտուի հետեւեալ մակարդակներով.

– Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղին մեծ թիւով լեզուաբաններ, կ՛ուսումնասիրուի արեւմտահայերէնը իր բոլոր երեսներով, հնչիւնաբանութեանբ, բառապաշարով, քերականութեամբ, շարահիւսական իւրայատկութիւններով, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու լեզուն, կը հրատարակուին ոչ քիչ թիւով բառարաններ, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զուգադրական քերականութիւններ: Այս ուսումնասիրութիւններուն մէջ արեւմտահայերէնի պատկերը գլխաւորաբար տրուած է կամ կը տրուի համաժամանակեայ կտրուածքով, ուր կ՛երեւին արեւմտահայերէնի զարգացման բոլոր բազմազանութիւնները: Ու բնականաբար այդպիսի տուեալներով քերականութիւնը պիտի յանգի բոլորովին այլ պատկերի մը, որ չի համապատասխաներ արեւմտահայերէնի արդի վիճակին: Ուշադրութեան արժանի է այն փաստը, որ սփիւռքահայ գրականութեան, մանաւանդ արձակի վերջին կէս դարը գրեթէ բացակայ է այս ուսումնասիրութիւններու շրջանակին մէջ` Յակոբ Պալեան, Գրիգոր Պըլտեան, Հրանդ Մարգարեան, Մովսէս Պչաքչեան, Յակոբ Միքայէլեան, Պօղոս Սնապեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Մկրտիչ Մարկոսեան, Գէորգ Աբէլեան, Արա Արծրունի, Վեհանուշ Թեքեան, Մարուշ Երամեան, ժամանակակից մամուլը, մանաւանդ` գրական հանդէսները: Ժամանակակից արեւմտահայերէնը մեծաւ մասամբ անծանօթ է մեր լեզուաբան-բանասէրներուն, գրեթէ երբեք լուսարձակի տակ չեն առնուած գիտական հանրամատչելի գրականութեան լեզուն` բժշկական, առեւտրական, երաժշտական եւ այլն, այդ մարզերուն նուիրուած մամուլի մնայուն էջերը թէ առանձին հրատարակութիւնները:   Գերազանցապէս համաժամանակեայ կտրուածքով բերուած զուգորդութիւններու հիմքով ոմանք հսկայական քանակի կը վերածեն մեր երկու գրականներու տարբերութիւնը ու կարծես մրցակցութեան ելած են իրարու հետ տարբերութիւններու թիւը բազմապատկելու աշխատանքին մէջ: Օրինակ` բառամթերքի մէջ իբրեւ արեւմտահայերէնէ` կը բերուին հարիւրաւոր-հարիւրաւոր բառեր, որոնք ոչ մէկ ձեւով կ՛առնչուին արեւմտահայերէնի արդի որակին հետ, կամ կը բերուին քերականական այնպիսի ձեւեր, որոնք օրին մերժուած են արեւմտահայ քերականութեան կողմէ: Մէկ խօսքով, արեւմտահայերէնի ճանաչման գործընթացը տակաւին ճիշդ հունի մէջ չէ մտած, ու այդ բառարաններն ու քերականութեան գիրքերը կարելի չէ հրամցնել սփիւռքահայ դպրոցին իբրեւ ձեռնարկ: Պէտք է նշել, որ այդ հրատարակութիւններէն ոմանք անհատական նախաձեռնութիւններ են, ուրիշներ, մեծ մասով, երաշխաւորուած են Երեւանի պետական համալսարանի, Մանկավարժական համալսարանի, Հր. Աճառեանի անուան լեզուի եւ այլ հիմնարկներու կողմէ ու կը վայելեն սփիւռքեան աղբիւրներու աջակցութիւնը:

Պետական մակարդակով հետաքրքրութիւնը ակնբախ է. այստեղ կարելի չէ չխօսիլ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ ու անմիջական գործակցութեամբ` Գիտութիւններու կաճառի լեզուի հիմնարկի, Երեւանի պետական համալսարանի, Համազգայինի եւ այլ մարմիններու համատեղ կազմակերպած գիտաժողովներու մասին, որոնք նիւթ կ՛ընեն մեր գրական լեզուները ու անոնց մերձեցման հարցերը: Ասոնք անկասկած կարեւոր իրագործումներ պէտք է նկատել` հարցը սեղանին վրայ դնելու, ընկալելու ու մտահոգութիւնները ճանչնալու համար:

Այս բոլորը` շատ լա՛ւ, ողջունելի՛: Կարելի է թուել բազմաթիւ իրագործումներ. խորհրդային տարիներուն մենք նման գործունէութիւն չէինք կրնար պատկերացնել: Փա՛ռք մեր անկախութեան:

Սակայն իրողապէս ի՛նչ կը կատարուի լեզուական մերձեցման գետնին վրայ: Վերոնշեալ բոլոր միջոցառումները ուսումնասիրութիւններէ անդին չեն անցնիր, ու այդ պատճառով ալ շատ շրջանակներ, ամէնէն առաջ, սփիւռքահայ շրջանակներ թերահաւատ են անոնց նկատմամբ, որովհետեւ իրօք, սփիւռքահայ մարդը նախ կեցուածք կը պահանջէ կենդանի արեւմտահայերէնի նկատմամբ. չի բաւեր ըսել, որ արեւմտահայերէնը հայերէնի գրական լեզուի ճիւղերէն մէկն է, Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է, ու այդ հասկացողութեան մէջ կը մտնէ նաեւ արեւմտահայերէնը, որ  արեւմտահայերէնի գոյատեւման մէջ հայրենիքը իր դերը պէտք է ունենայ եւ այլն:

Արեւմտահայերէնի նկատմամբ իրական կեցուածքը ամէնէն առաջ արեւմտահայերէնի կիրարկութեան իրական պայմաններ ստեղծելուն մէջ կը կայանայ.

– Արտաքին գործոց թէ սփիւռքի նախարարութիւնը բան փոխա՞ծ է խորհրդային շրջանէն եկած իր մօտեցումներուն մէջ: Արեւմտահայերէնը ի՞նչ տեղ ունի երկրի պետական-դիւանագիտական գործառոյթներուն, արտասահմանի մեր երկրի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն մէջ: Մեր դեսպանատուներուն տեղւոյն գաղութներուն յղուած բոլոր թղթակցութիւնները, հրաւէրներն ու յայտարարութիւնները երբեւիցէ եղա՞ծ են արեւմտահայերէն եւ աւանդական ուղղագրութեամբ: սփիւռքի նախարարութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրէ այս կացութիւնը: Կարիք չկա՞յ… Երէկ գիշեր մինչեւ առտու նստանք, համահայկական հիմնադրամի մարաթոնին հետեւեցանք, խօսնակներէն մէկը անգլիախօս էր, իսկ միւս երկուքը Հայաստանէն` արեւելահայերէն. սփիւռքին դիմող ձեռնարկին մէջ արեւմտահայերէնի խօսնակ գտնե՞լն է դժուար Լոս Անճելըսի մէջ, թէ՞ աւելորդ է: Կը սպասուի, կ՛ակնկալուի, որ արեւմտահայերէնը իր գործածութիւնը ունենայ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու մէջ, իր տեղը ունենայ պետական-հասարակական ոլորտներու մէջ, ոչ միայն բանաւոր, այլեւ գրաւոր խօսքով:

– Կրթութեան նախարարութիւնը բան փոխա՞ծ է խորհրդային շրջանէն եկած իր մօտեցումներուն մէջ: Արեւմտահայերէնը երբեւիցէ տեղ գտա՞ծ է նախակրթարաններու մէջ, ինչպէս որ արեւելահայերէնը, ակնարկեցինք, տեղ ունի սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ, մանկապարտէզէն սկսեալ: Արեւմտահայերէնի բացակայութիւնը նախակրթարաններէն ներս կը շարունակուի յետանկախացման տարիներուն եւս: Անշուշտ, հայրենի միջնակարգ դպրոցին մէջ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւնը ունի ծրագրային իր համեստ բաժինը: Կը կարծենք, որ ասիկա ուշ է ու անբաւարար` հայրենաբնակ մեր դպրոցականները արեւմտահայերէնին հաղորդ պահելու համար: Եթէ չհաշուենք առանձին ճիգի մը կամ հայերէնագիտական բարձրագոյն ուսման մը պարագան, հայրենաբնակ մեր հայրենակիցներուն մեծամասնութիւնը հեշտութեամբ պիտի չկրնայ աղերս պահել արեւմտահայերէն հրատարակութիւններու հետ, նոյնիսկ եթէ այդ հրատարակութիւնը կատարուած է նոր ուղղագրութեամբ, ալ ուր մնաց` եթէ տպագրուած է աւանդական ուղղագրութեամբ …Վերջերս կը խօսուի արեւմտահայ թեքումով դպրոցի մասին: Ատիկա մերձեցում չեմ նկատեր ես, ընդհակառակն: Արեւմտահայերէնը տարբեր լեզու չէ. հայերէն է. այս տարանջատիչ ըմբռնումը պէտք է վերանայ: Հայրենի դպրոցականը նախակրթարանէն սկսեալ քայլ առ քայլ անհրաժեշտաբար պէտք է ընտելանայ արեւմտահայերէնին` իբրեւ համազգային արժէքի, իբրեւ գրական հայերէնի մէկ ճիւղին, ընտելանայ անոր, անկախ անկէ թէ ինք ի՛նչ ծագում ունի` արեւմտահա՞յ է, թէ՞ արեւելահայ: Ատիկա ազգային արժէքէ մը սերունդը զրկելու համազօր արարք է ինծի համար: Կը կարծենք, որ մեր երկու գրական լեզուներու մերձեցման մեր ճիգին մէջ մենք մասնակից պէտք է դարձնենք նոր սերունդը: Լաւ կ՛ըլլայ, որ մերձեցման քայլերէն մէկը ըլլայ սփիւռքահայ դպրոցի փորձին որդեգրումը նաեւ հայրենի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ: Ի՛նչ բան կը խանգարէ, եթէ մեր հայրենի հանրակրթական վարի կարգերու դասագիրքերուն մէջ դպրոցականը կարդայ Յակոբ Պարոնեան, Երուանղ Օտեան, Մուշեղ Իշխան, Զարեհ Խրախունի, Զահրատ եւ այլն ու պարբերաբար ճանչնայ արեւմտահայերէնի մատի վրայ համրուող քերականական տարբերութիւնները ու վերածէ արեւմտահայերէնի: Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք. հիմա ինծի ըսէք, հայրենաբնակ դպրոցականը Է. դասարանին Սունդուկեանի «Պեպոն» պիտի կարդայ, Չարենցի  «Տաղարան»-էն ամէնէն բարբառայինը, ու պիտի չկարդայ Զարդարեանի «Զարնուած որսորդը», Վարուժանի «Օրհնութիւն»-ը, Մեծարենցի «Հիւղը»: Այստեղ միայն մէկ տրամաբանութիւն կայ. արեւմտահայերէնը պէտք չէ դուրս մնայ: Ասիկա արեւմտահայերէնը օտարել կը նշանակէ, մինչդեռ մեր գերագոյն նպատակն է սորվեցնել, որ հայերէնը մէկ է, Վարուժանն ալ հայերէն գրած է` հայու ու Հայաստանի մասին, Թումանեանն ալ: Եթէ Սունդուկեանի հայերէնը փարսախներով հեռու է Պարոյր Սեւակի ժամանակակից արեւելահայերէնէն, Վարուժանի եւ Մեծարենցի հայերէնը շատ աւելի մօտիկ է:

(Շար. 2)

 

Նախորդը

Արժանթինահայ Բժիշկ Դանիէլ Ստամպուլեան Աշխարհի Հայ Բժիշկներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Մասնակցելու Հայ Բժիշկներու Միջազգային 12-րդ Համագումարին

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?