Յօդուածներ

Կոչ Կ՛ուղղեմ Կազմելու Արեւելքի Քրիստոնեաներու Լոպի Մը, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Դուրս Գալ Փոքրամասնութիւններու Նուաստ Հանգամանքէն Եւ Պաշտպանողական Դիրքերէն Անցնիլ Մտաւոր, Մշակութային, Քաղաքական Եւ Իրաւական Յարձակումներու» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Լեւոն Զաքի Ետալեան

Կոչ Կ՛ուղղեմ Կազմելու Արեւելքի Քրիստոնեաներու Լոպի Մը, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Դուրս Գալ Փոքրամասնութիւններու Նուաստ Հանգամանքէն Եւ Պաշտպանողական Դիրքերէն Անցնիլ Մտաւոր, Մշակութային, Քաղաքական Եւ Իրաւական Յարձակումներու» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Լեւոն Զաքի Ետալեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական եւ հասարակական ցնցումները սկսան բացասական անդրադարձ ունենալ տեղի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն վրայ, որոնք  որպէս քաղաքական եւ ռազմական ոչ գործօն տար իրենց երկիրներուն մէջ` մեծապէս տուժեցին ու կը շարունակեն տուժել ռազմական գործողութիւններու պատճառով: Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ այսօր քաոսային վիճակ կը տիրէ, ընտանիքներ կը տեղահանուին, կ՛երկփեղկուին, շատեր կը գաղթեն երկրէն դուրս, իսկ որոշ...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

Յեղաշրջման Ուղիով. Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամկէտը արդէն հասած է: Բոլոր կուսակցութիւններն ու դաշինքները իրենց քարոզարշաւը արդէն իսկ աւարտած են: Տարբեր լոզունգներ, խոստումներ, ակնկալիքներ ողողած են Հայաստանը: Կայ մէկ երեւոյթ, որ կը միացնէ բոլորը. ան ալ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնն է: Ոմանց մօտ այդ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը պարզապէս ընտրական քարոզչական եզր է, որ կեղծ է եւ զուրկ` խորքային որեւէ փոփոխութեան տեսլականէ: Ի վերջոյ կարելի...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

Արհեստական Բանականութեան Հետքերով

ՌՈՍՏՈՄ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացման լոյսին տակ, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, նոյնպէս եւ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ հետզհետէ սկսաւ շեշտուիլ համակարգչային գիտութեան եւ ըմբռնումներու կամ արհեստական (ԱԲ) բանականութեան կիրարկումը մեր առօրեայի զանազան մարզերէն ներս: Ստորեւ նշուած յօդուածը, որ ամփոփումն է աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութեան մը, կու գայ լուսարձակի տակ առնելու 21-րդ դարու արհեստագիտութեան անկիւնադարձային յառաջդիմութեան կարեւորութիւնը` «ապագան համակարգիչին է» կարգախօսով:  Ռ. 21-րդ...

Մեր Խօսքը.  Յեղաշրջման Ուղիով

Թէ Ինչո՛ւ «Ֆեմինիսթ» Չեմ

ՌՈՒԲԻՆԱ «Ֆեմինիզմ»-ը` իբրեւ շարժում, սկիզբ առած է 20-րդ դարուն եւ համաշխարհային գետնի վրայ ծանրակշիռ դատ մը դարձած է ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ փորձագրող Սիմոն տը Պովուարի աշխատանքին եւ  յատկապէս անոր «Երկրորդ սեռը» (Le Deuxième Sexe, 1949) փորձագրութեան շնորհիւ: Սիմոն տը Պովուար այսօր կը նկատուի Եւրոպայի մէջ ծնունդ առած «ֆեմինիսթ» շարժումին ռահվիրաներէն մէկը, եթէ ոչ` ռահվիրան: «Ֆեմինիզմ»-ը այսօր գոյութիւն չէր ունենար, եթէ...

Օսմանահայեր…

Ի Շահ Որո՞ւ Կը Գործեն Ազգային Համաձայնութեան Եզրերը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Երկար ժամանակէ ի վեր հայ քաղաքական բեմը դրուած է մղձաւանջային երկուութեան մը առջեւ: Ինչպէ՞ս վարուիլ երկրի տնտեսութեան լծակները իւրացուցած եւ քաղաքացիներու մեծ զանգուած մը իր տարրական կենսամիջոցներէն զրկած շահագործումի ուժերուն հետ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ սուր եւ անմիջական արտաքին սպառնալիքներ: Ինչպէ՞ս պայքարիլ մենաշնորհային համակարգի տէրերուն դէմ, երբ թշնամին կանգած է երկրի սահմաններուն վրայ իր առաջնահերթութիւնը պարտադրելով մեր ազգային...

Արցախը Եւ Համշէնը Լուսարձակի Տակ

Արցախը Եւ Համշէնը Լուսարձակի Տակ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հակառակ Արցախ այցելել փափաքող օտար քաղաքական գործիչներուն, արուեստագէտներուն եւ լրագրողներուն ուղղուած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն սպառնալիքներուն եւ այսպէս կոչուած «Սեւ ցուցակին», քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք ամէն պարագայի կ՛այցելեն Արցախ, աւելի՛ն կը հրապարակեն իրենց տպաւորութիւնները: Ն. Թրքահայ Բեմադրիչ Օզճան Ալփեր. «Թուրքիա Կը Նմանի Բազմաբնակարան Շէնքի Մը, Ուր Փակ Են Բոլոր Դռները» Այս տարուան յունուարին սկսաւ ցուցադրուիլ թրքական «Ծիծեռնակի փոթորիկը»...

Հայրենի Արուեստագէտ Ռուբէն Բաբայեանի Վարպետաց Դասը Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Մէջ

Հայրենի Արուեստագէտ Ռուբէն Բաբայեանի Վարպետաց Դասը Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Մէջ

Շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին Համազգայինի թատերական դպրոց այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բեմադրիչ` Ռուբէն Բաբայեան, որ հրաւիրուած էր Համազգայնի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ` Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով: Ռուբէն Բաբայեանի կ՛ուղեկցէին «Գ. Իփէկեան»-ի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Վարդան Ազնաւորեան: «Արեգ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտը, ապա Ռուբէն Բաբայեան վարպետաց...

Ուրացող Պետութիւնը

Խոփը Ժայռին Դպաւ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Գիտութեան աներեւակայելի նուաճումները կրնան անհաւատալի բազում երեւոյթներ իրականացնել: Վերջերս կը խօսուէր մէկու մը մասին, որ յաջողած էր վայրի արջը կրթել եւ սորված երաժշտութեան մը ընկերակցութեամբ` արջին հետ թանկօ պարել: Իրա՛ւ ալ անկարելի ըսելու արժանի ոչ մէկ բան մնացած է երկրի վրայ, ներառեալ` արջի հետ թանկօ պարելը: Այո՛, կարելի է, բայց անհրաժեշտ է նաեւ չափազանց խիստ ուշադրութեամբ կատարել այդ...

Յեղափոխական Երգերու Եզակի Երեկոյ (Նուիրուած «Նեմեսիս»-ի Գործունէութեան)

Յեղափոխական Երգերու Եզակի Երեկոյ (Նուիրուած «Նեմեսիս»-ի Գործունէութեան)

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ «Հայ յեղափոխական երգերը ոգեւորութեան եւ ներշնչման աղբիւր են: Անոնք պայքարի ազդու զէնքեր եղած են ու կը մնան»: Հայ ժողովուրդի պատմութեան գանձարանը հարստացնող հիմնական գոհարներէն մէկը եղած է հայ երգը, ի մասնաւորի` յեղափոխաշունչ երգը, որ իր ոգեւորիչ ազդեցութեամբ անմահացուցած է մեր յաղթանակի կերտիչները` անոնց ձեռք բերած անուրանալի նուաճումներով: Ազգահայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու պահպանումն ու փոխանցումը սերունդէ սերունդ` սրբազան առաքելութիւն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Նոր սկիզբ եւ արդար Հայաստան» կարգախօսով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը, պիտի մասնակցի Ապրիլ 2¬ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Նոր սկիզբ մը եւ նոր հանգրուան մը կը սպասէ ամբողջ հայ ժողովուրդին, անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ: Հայաստանը իր նոր սահմանադրութեամբ կոչուած է փոխելու երկրի կառավարման փիլիսոփայութիւնը, ուր նախագահականը իր տեղը պիտի զիջի խորհրդարանական հաւաքական պատասխանատուութեան ղեկավարման դրոյթին: Համակարգային փոփոխութեան գործընթացը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պաղտատ  Գարնան Եւ Ս. Զատկուան Նուիրուած Ցուցահանդէս-Վաճառք Կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան վարչութեան, 17 մարտին Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք` նուիրուած գարնան եւ Ս. Զատկուան, որուն մասնակցեցան իրաքահայ կիները` ներկայացնելով հայկական եւ իրաքեան զանազան ձեռային աշխատանքներ, արտադրանքներ, խմորեղէններ, կարկանդակներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանէն տարուած հայերէն գրութիւններով շապիկներ, հայկական ոճով կտորներէ պատրաստուած հացամաններով...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Հաղորդամիջոցներ, Քաղաքականութիւն. Լուսաբանուիլ Եւ Շուարումի Մատնուիլ Լուրերով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Դրամի ախորժակը եւ մեծութեան հարցերը գործած էին միաժամանակ` Ֆրանսային տալու համար մամուլ մը, որ բացի հազուագիւտ պարագաներէ, այլ նպատակ չունէր, քան` ոմանց մեծութիւնը եւ բոլորին բարոյական վատթարացումը: Ուրեմն այդ մամուլին համար դժուար չեղաւ ըլլալ այն, որ եղաւ 1940-1944, այսինքն` երկրին ամօթը»: ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒ Չորրորդ Իշխանութենէն Անցո՞ւմ Դէպի Բռնակալութիւն Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին համար գոհունակութեամբ դեռ մօտիկ անցեալին կ’ըսէինք,...

Երեւանեան Հանրակառքի Մը Մէջ

Երեւանեան Հանրակառքի Մը Մէջ

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Երեւանի Կոմիտաս պողոտայէն դէպի օփերա գացող հանրակառքին մէջ նստած էր Անին: Մայիսեան  իրիկնամուտ էր. գարունը դրան սեմին: Հանրակառքը այդքան լեցուն չէր ամէն անգամուան պէս,  եւ ան կրցած էր գրաւել նստարան մը: Կանգառները կը յաջորդէին իրարու արագօրէն:     «Երթեւեկութիւնը թեթեւ է: Լաւ որ աւելի կանուխ  չելայ ճամբայ», մտածեց Անին: Ամերիկեան  համալսարանի կանգառն էր: Տարիքոտ կին մը բարձրացաւ հանրակառք եւ նստաւ...

Խմբագրական.  Գաղափարական Անվտանգութեան  Պահպանման Համար

Խմբագրական. Գաղափարական Անվտանգութեան Պահպանման Համար

Լիբանանահայ գաղութին ապրած դժուար պայմանները բնականաբար կը տեղադրուին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի շրջագիծին մէջ: Քաղաքական անորոշութիւն, տնտեսական տագնապ, անգործութեան խնդիրներ, որոնցմէ բխող վճարունակութեան նուազում, անհեռանկարային կացութեան պատճառով երիտասարդ տարրի արտագաղթ: Ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ արձանագրուող երեւոյթները իրենց կարգին տեղի կու տան կրթական, բնակարանային եւ կենցաղային տարբեր  լուրջ խնդիրներու: Անվերջ կ՛արծարծուէին ժողովական միջավայրերու թէ ընկերային զրոյցներու ընթացքին նման հարցեր` մինչեւ համայնքի հայ կազմակերպ...

Անդրադարձ.  Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն

Անդրադարձ. Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. «Քրտական ջոկատները պէտք է լքեն սուրիական Մընպեժը, անիկա արաբական հող է»: Հեգնական է, որ սուրիական Ալեքսանտրէթը, Հիւսիսային Կիպրոսը եւ Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւած, հիւսիսային Սուրիա ներխուժած եւ իրաքեան Պաաշիքա շրջանին մէջ անօրինական զինուորական ներկայութիւն հաստատած երկրի մը նախագահը նախանձախնդրութիւն կը յայտնէ արաբական հողերուն նկատմամբ: Ան նաեւ կը...

Ճամպրուկ

ՆԱՆՍԻ ԻՍՍԱ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Բեմադրիչ Պզտիկ աղջիկ էի, երբ աչքիս զարկաւ այդ հին լուսանկարը: 1920-ական թուականներուն առնուած այդ պատկերը, որուն մէջ մեծ մայրս եւ իր մեծ քոյրը, միայն ճամբորդական մէկ պայուսակով, կը ժպտէին ոսպնեակին համար: Իմ տեսակէտովս, երկու գեղեցկուհիներ էին անոնք` եկած ուրիշ ժամանակներէ, առեղծուածային ներկայութեամբ, կարծես հսկելու եւ պահպանելու  հրապոյրը անոնց, որոնք արդէն իսկ դարձած էին իմ շատ սիրելի երկու...

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

Եթէ թատրոնը մեր կեանքին հայելին է, դուն` իբրեւ թատրոնի երիտասարդ, դերասան, թէ հանդիսատես, ինչպէ՞ս կը գնահատես այսօրուան լիբանանահայ թատրոնի ընթացքը եւ ի՞նչ կ՛ուզես տեսնել բեմին վրայ: Սէրուժ Յովսէփեան Լիբանանահայ թատրոնը տարիներէ ի վեր կրած էր «սիրողական թատրոն» պիտակը... թատրոն մը, որ կը հետապնդէր հայապահպանման նպատակ: Ինչո՞ւ չէ. սակայն այսօր այդ գաղափարով գործելը ո՛չ միայն կը սահմանափակէ, այլեւ բոլորովին անիմաստ կը...

Հայը… Մենք Ենք

Պաքուի Հայուհին

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Նոյն հաստատութեան մէջ կ’աշխատինք: Անունէն հետեւցնելով` ռուս կը կարծէի զինքը, եւ երբ պատահմամբ իրարու հանդիպէինք, անգլերէնով կը բարեւէինք զիրար: Առաւօտ մը, երբ վերելակին մէջ միայն երկուքս էինք, իր «Բարի լոյս»-ը շատ անուշ հնչեց ականջներուս: Նախ` այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ ինծի հաճոյք պատճառելու համար սորված էր հայերէնով բարեւել, ապա զարմանքս շատ աւելի մեծ եղաւ, երբ մաքուր հայերէնով սկսաւ խօսիլ...

Նամականի

Ակնարկ. «Քարոզարշաւի Տարօրինակ Խոստում Մը»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ելք»-ը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նա՛եւ փոփոխութիւններ ծրագրած է, եւ յստակօրէն որոշած են ընտրուելու պարագային նոր դեսպանատուներ հիմնել, նախ` Իսրայէլի մէջ... «Ելք» դաշինքը կազմող երեք կուսակցութիւններէն` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, ընտրական ցուցակին 14-րդ տեղը գրաւող Ալեն Սիմոնեան, «Արմենիա» հեռատեսիլի  21 մարտ ժամը 20:00-ի լուրերուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Գիտէք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ ու...

ՀՄԸՄ Ժունիէի Մասնաճիւղ.  «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ Պատմութիւնը Նկարներով» Ցուցահանդէսի Բացում

ՀՄԸՄ Ժունիէի Մասնաճիւղ. «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ Պատմութիւնը Նկարներով» Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ բացումը «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ պատմութիւնը նկարներով» ցուցահանդէսին: Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի եւ ցուցահանդէսի նկարներու հեղինակ Րաֆֆի Եսայեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները յոտնկայս մէկ...

Page 831 of 1110 1 … 830 831 832 … 1,110

Արխիւներ