Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 30, 2017
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պաղտատ

 Գարնան Եւ Ս. Զատկուան Նուիրուած Ցուցահանդէս-Վաճառք

Կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան վարչութեան, 17 մարտին Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք` նուիրուած գարնան եւ Ս. Զատկուան, որուն մասնակցեցան իրաքահայ կիները` ներկայացնելով հայկական եւ իրաքեան զանազան ձեռային աշխատանքներ, արտադրանքներ, խմորեղէններ, կարկանդակներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանէն տարուած հայերէն գրութիւններով շապիկներ, հայկական ոճով կտորներէ պատրաստուած հացամաններով եւ կնոջական դրամապանակներ: Ցուցադրուած էին նաեւ կիներու յատուկ զարդեղէններ եւ Ս. Զատկուան յարդարանքի զարդեր:

Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան վարչութեան անդամ Նուշիկ Մելքոնեան տեղեկացուց, որ այս ձեռնարկը կազմակերպած են առանց որեւէ նիւթական ակնկալիքի, այլ պարզապէս` ժողովուրդը ներգրաւելու ու անոր հետ կապեր հաստատելու նպատակով:

 

Սուրիա

Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի Այցելութիւնները

* 7 մարտին Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ խորհրդարան եւ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյա Խալաֆ Ապպասի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին վեր. Սելիմեան յատկապէս շնորհաւորեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարաններու դիւանագիտական եւ բարեկամական փոխյարաբերութեան 25-ամեակը, նաեւ իր շնորհաւորանքները ուղղեց Սուրիական Խորհրդարանին մարտ 8-ի յեղափոխութեան առիթով: Հանդիպումի աւարտին համայնքապետը Սուրիոյ խորհրդարանէն պաշտօնապէս պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անդրադարձը այս քրէական արարքին` զայն դատապարտելով եւ Հայ դատին նեցուկ կանգնելու յանձնառութեամբ: Այս առթիւ վեր. Սելիմեան վերահաստատեց սուրիահայ ժողովուրդին արաբ սուրիացի ժողովուրդին անբաժան մէկ մասը ըլլալու ամբողջական իրաւական հանգամանքը` միշտ մնալով մարդկային իրաւունքներու` խղճի ու մտքի ազատութեան ջատագով, բազմազանութեան իրականութեան հաւատացող եւ խաղաղութեան առաքելութիւնը ստանձնող ստեղծագործ եւ խաղաղարար ներկայութիւն: Աւարտին 2 կողմերը համաձայնեցան շարունակել համակարգման գործընթացը ընդհանուր հարցերու շուրջ:

* Նոյն օրը, երեկոյեան վեր. Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ «Պաաս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հիլալ Հիլալին: Հանդիպումի ընթացքին համայնքապետը շնորհաւորեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարաններու դիւանագիտական եւ բարեկամական փոխյարաբերութեան 25-ամեակը: Կողմերը փոխանակեցին միտքեր` Սուրիոյ վերականգնումի փուլերուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան, թէ Սուրիոյ քաղաքացիները իրենց այլազանութիւններով մէկտեղ «Նոր Սուրիան» պիտի սեպեն հարազատ տուն եւ առ այդ մեր բոլոր խորհուրդներուն ամէնէն էականը պէտք է ըլլայ պահել եւ պահպանել Սուրիոյ աշխարհագրական տարածքային մէկութիւնը եւ ժողովուրդին միասնութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին վեր. Սելիմեան Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնապէս ճանաչան անհրաժեշտութիւնը Հիլալ Հիլալին ներկայացուց:

 

Ռուսիա

Հայկական Ժողովրդական Երգ Ու Պար` Քիեւի Միջազգային Օդակայանին Մէջ

4 մարտին Քիեւի միջազգային «Պորիսոփոլ» օդակայանին մէջ ներկայացուեցան հայկական պարի աւանդոյթները: Քաղաքի հայկական համայնքի ժողովրդական երգի ու պարի «Հայրենիք» խումբին անդամները օդակայանի սրահին մէջ ներկայացուցին հայկական պարեր, իսկ Արտակ Մելքոնեան մեկնաբանեց հայկական ժողովրդական երգեր:

Հայկական խումբը «ֆլեշ-մոպ»-ի հերթափոխը վերցուցած է Ուքրանիոյ «Փաւել Վիրսկի» պարի ազգային ակադեմական վաստակաւոր խումբէն եւ փոխանցած` «Գնչուական մեղեդիներ» խումբին:

 

Թեհրան

«Յակոբեան» Առեւտրա-Արդիւնաբերական Ընկերութեան Նոր Վաճառասրահի Բացում

9 մարտին Թեհրանի «Էսփինաս» սրահին մէջ,  ձեռամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ «Յակոբեան» առեւտրա-արդիւնաբերական ընկերութեան նոր վաճառասրահին բացումը:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Սմբատ եւ Հարմիկ Յակոբեան եղբայրները` իրենց նախաձեռնող հոգիին համար եւ մաղթեց յաջողութիւն ու առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւն : Ան յայտնեց, որ  սոյն ինքնատիպ ասպարէզով եղբայրները մեծ ներդրում բերած են ու կը բերեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առեւտրա-արդիւնաբերութեան գործին, որ մեծ պատուի եւ հպարտութեան առիթ է :

 

Նոր Ջուղա

Երկօրեայ Ցուցահանդէս-Վաճառք

Նախաձեռնութեամբ Հայ ուս. «Չհարմահալ» միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղին վերջերս, համագործակցութեամբ նոյն միութեան ձեռնարկային յանձնախումբին ու գրական միաւորին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գարնանային ցուցահանդէս-վաճառք: Ցուցադրուած էին` ուտելիքներ, ձեռային աշխատանքներ, տօնական զարդեր եւ այլ իրեր:

Երկօրեայ ցուցահանդէսի ընթացքին բազմաթիւ հայեր եւ պարսիկներ այցելեցին կեդրոն: Պարսիկները յատկապէս առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու հայկական ձեռարուեստին ու մշակոյթին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Տոհմիկ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբին, մասնակցութեամբ Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան եւ Սիսի, Ուրֆայի եւ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւններուն, 18 փետրուարին, Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տոհմիկ երեկոյ:

Երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մանուկեան, ապա Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը: ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Նահապետեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ Սփիւռքի տարածքին նման երեկոներ մեզի կը յիշեցնեն մեր ծննդավայրերն ու հայրենիքը` մեզ կապելով մեր արմատներուն եւ սերունդէ սերունդ կը պահեն մեր հայկական սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ-ի կողքին, սփիւռքի տարածքին երբ հայրենակցական միութիւնները կազմուեցան, անոնք յատուկ առաքելութիւն ունէին հայապահպանման աշխատանքներու մէջ աւելցնելով, որ այսօր պատկերը նոյնը չէ, հակառակ անոր որ մենք զմեզ տեղացի կը զգանք, եւ տարբեր գաղթօճախներէ նոր եկողները նուազած են, սակայն հիմնականը կը մնայ նոյնը, մենք դարձեալ կը զգանք միասին ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, զիրար տեսնելու եւ ընկերային շրջանակին մէջ մեր տեղն ու կարեւորութիւնը ունենալու հրամայականը, եւ նման երեկոներ անոնց հարազատ միջավայրներն են:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները. Ուրֆայի` Մարալ Վարժապետեան, Մուսա Լեռի` Վահրամ Շէմմասեան, Սիսի` Աբօ Ճապարեան եւ Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան` Ցոլակ Աբէլեան, որոնք իրենց մտածումները եւ յուշերը պատմեցին ներկաներուն` շեշտը դնելով միասնականութեան եւ ազգապահպանման հրամայականին վրայ:

 

Գերմանիա

Արա Կիւլեր Կը Ստանայ Պատուոյ Մրցանակ

Ներկայութեամբ Նիւրենպերկի աւագ հիւպատոս Եաւուզ Քիւլի, վերջերս Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ, 22-րդ անգամն ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Թուրքիա Գերմանիա» ժապաւէնի փառատօնը, որուն ընթացքին Նիւրենպերկի քաղաքապետ տոքթ. Իւլրիխ Մալի համաշխարհային չափանիշով պոլսահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլերին յանձնեց «Պատուոյ մրցանակ»-ը:

Հանդէսի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արա Կիւլերի կողմէ նկարահանուած լուսանկարներով տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ` իր կենսագրութիւնը, որ կը կրէ «Պոլսոյ աչքը» խորագիրը:

 

Յունաստան

«Նայիրի» Գիրքի Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ Յունաստանի-Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, 8 մարտին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետական «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետ Խարա Քէօսէեանի «Նայիրի» յունալեզու վէպին ներկայացումը` յարակցօրէն հայկական խորքով ու բովանդակութեամբ:

Կազմակերպիչ միութեան անունով Մարի Միքայէլեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց միութեան պատմականն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` Խարա Քէօսէեանի կենսագրութիւնն ու գրական-հեղինակային ստեղծագործական աշխատանքը:

Գեղարուեստական բաժնով յունահայ արուեստագէտ, յօրինող-նուագող Ստեփան Թեքիրեան մեկնաբանեց Աւետիս Խաչատուրեանի «Կռունկները» եւ Կոմիտասի «Քելէ-քելէ»-ն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Համազգայինի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը` հայրենական տեսարաններով, մշակութային պատմական կոթողներով եւ սփիւռքի գաղութներու մէջ կազմակերպուած հակաթուրք երիտասարդական հաւաքներով ու ցոյցերով:

Աթէնքի համալսարանի գրականութեան բաժնի պատուակալ դասախօս փրոֆ. Անտրէաս Վոսքոս ելոյթ ունենալով` վերլուծումը կատարեց Խարա Քէօսէեանի «Նայիրի» գիրքի ներկայացման, մղումներուն ու նպատակներուն շուրջ:

Աւարտին երախտագիութեան խօսքով հանդէս եկաւ Խարա Քէօսէեան:

 

Նոր Զելանտա

Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութիւն

Վերջերս Նոր Զելանտայի համայնքի փոխատենապետ եւ նորաստեղծ ծխական խորհուրդի անդամ Զաւէն Փանոսեան հանդիսաւոր կերպով ազդարարեց հայ եկեղեցւոյ հիմնադրման սկիզբը: Ծխական խորհուրդը հիմնուած է կատարելու համար եկեղեցւոյ հիմնադրման աշխատանքները:

Փանոսեան նկատել տուաւ, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական պահպանման գործին մէջ եւ կը շեշտէ անոր կարեւոր դերը սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ: Առ այդ, ամիսը անգամ մը Ս. պատարագ պիտի մատուցուի տարբեր եկեղեցիներու մէջ, մինչեւ հայ եկեղեցւոյ կառուցումը:

Յայտնենք, որ 18 մարտին Սիտնիէն ժամանած Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանին կողմէ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

 

Նորվեկիա

«Հայաստան, Իմ Սէր» Նորվեկերէն Գիրքի Շնորհահանդէս

4 մարտին Օսլոյի մէջ տեղի ունեցաւ նորվեկիացի, Հայաստանի բարեկամ եւ Հայաստանի հարցերով փորձագէտ Սուէն-Էրիկ Ռիսէի «Հայաստան, իմ սէր» նորվեկերէն գիրքին շնորհահանդէսը:

Սուէն-Էրիկ Ռիսէ յօդուածներ գրած է Հայաստանի եւ Ցեղասպանութեան թեմայով` նորվեկական թերթերուն մէջ, նաեւ հանրային դասախօսութիւններով հանդէս եկած է տարբեր լսարաններու առջեւ:

Գիրքը սիրոյ պատմութիւն է: Հոն հեղինակը եւ իր թուրք ընկերը կը շրջագային եւ կը բացայայտեն Հայաստանը, կը հանդիպին մարդոց հետ, որոնք իրենց հետ կը բաժնեկցին հետաքրքրական պատմութիւններ: Հեղինակը գիրքին մէջ  նաեւ կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան, որ կը բաղդատէ հրեաներու Ողջակիզման հետ, կը քննարկէ Թուրքիոյ կողմէն Ցեղասպանութեան ժխտումը, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնայ ղարաբաղեան հիմնահարցին:

Շնորհահանդէսին հանդէս եկան գրող Սթայն Մորտեն Լիերը, Հայկական մշակութային միութեան ղեկավար Լիանա Յարութիւնեանը, Հայ Առաքելական եկեղեցական միութեան ներկայացուցիչ Նարինէ Յարութիւնեանը եւ նորվեկիական Հելսինքեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Լենէ Վետելանդը:

Այնուհետեւ հեղինակը անդրադարձաւ  Հայաստանը յուզող ներկայ հարցերուն եւ ներկայացուց գիրքին պատմութիւնը, որմէ կարդաց հատուածներ:

Նախորդը

Հաղորդամիջոցներ, Քաղաքականութիւն. Լուսաբանուիլ Եւ Շուարումի Մատնուիլ Լուրերով

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա

Հոկտեմբեր 29, 2025
Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?