Տարի Մը Ետք
Արդէն տարի մը անցաւ այն թուականէն, երբ ազրպէյճանական կողմը Արցախի դէմ սանձազերծեց ռազմական արագ պատերազմի մը` փորձելով անակնկալի բերել հայկական կողմը: Սակայն անոր հաշիւները անճիշդ դուրս եկան, որովհետեւ մեր մարտունակ բանակը ցոյց տուաւ, թէ ան պատնէշի վրայ է, պատրա՛ստ` հակադարձելու որեւէ գործողութեան եւ տէր` հայկական իւրաքանչիւր թիզ հողի: Ներհայկական իմաստով եւս քառօրեայ պատերազմը փոխանցեց պատգամներ, տարբեր ուղղութիւններով երեւոյթներ լուսարձակի տակ...




















