Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւող Քաղաքին Իւրայատուկ Տօնը

Ապրիլ 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քաղաքին սահմանները  փոքրացած են, սեղմուած է այսօր բոլոր օրերէն աւելի, քաղաքը մէկ հոգի ու սիրտ դարձած` ծածուկ հեկեկանքով մը կը տօնէ իր իւրայատուկ Մայրերու տօնը: Այլ վայրերու մէջ  21 մարտը տարբեր  տօներ կը խորհրդանշէ` գարնան առաջին օր, քիւրտերու Նովրուզ, Բանաստեղծութեան համաշխարհային օր եւ այլն:

Հալէպի բոլոր անուշավաճառներուն խանութները կը խայտան կլոր, տօնական կարկանդակներով:

Կը մօտենամ մօտակայ  անուշավաճառի սեղանին, քով-քովի զետեղուած իրերանման զարդարանքներով անհամար կարկանդակներ` վրան գրուած «Ումի ալ հապիպէ»` սիրելի մայրս:

Սկզբնական հիացմունքս եւ ուրախութիւնս կը չքանայ, զայրոյթի կը վերածուի, երբ կ՛իմանամ, թէ բոլոր կարկանդակներն  ալ իրենց տէրերը ունին: Երբ աւելի մօտէն կը զննեմ, յստակօրէն կը տեսնեմ իւրաքանչիւրին վրայ փոքրիկ թղթիկի մը վրայ գրուած գնողին անունը: Ուրեմն նախապէս ապսպրուած կարկանդակներ են… յոյսս կտրած`  խանութէն կը հեռանամ: Յաջորդ փողոցին անկիւնը ուրիշ անուշավաճառի մը սեղանին վրայ կրկին նոյն երեւոյթը կը պարզուի առջեւս…

Գնուած` ապսպրանք կարկանդակներ…

Քաղաքի կեդրոնական փողոցները բոլորն ալ սեղմուած, հսկայ տան մը վերածուած ըլլային կարծէք:

Վերջապէս քանի մը թաղ անդին կը  հասնիմ  ինծի ծանօթ խանութ մը, ուր մեծաթիւ կարկանդակներ  կը նկատեմ, մաս մը գնուած, մաս մը` ոչ: Կայծակի արագութեամբ կը դիմեմ ամենամօտ  վաճառողին: Մինչ կը փորձեմ վճարել, ականջալուր կը դառնամ կարճ զրոյցի մը: Աչքիս ծայրով կը նշմարեմ, թէ երիտասարդ կին մը կը հետեւի շարժումներուս, միեւնոյն ատեն կը  զննէ որմնադարաններուն վրայ զետեղուած անուշեղէնները: Խանութպանը նախ կնկան կը դիմէ, որ ինձմէ առաջ եկած ըլլալու է այնտեղ եւ բնականաբար իր գնելու հերթը ինձմէ առաջ հասած:

Վաճառողը արաբ կնկան կը հարցնէ.

– Քեզի համար ալ կարկանդակ մը զետեղե՞մ տուփին մէջ:

Կինը ապշած կը նայի ու կը պատասխանէ.

– Ես մայր չունիմ: Մայրս մահացած է:

Կը շրջի ետեւ, քողարկելով դէմքի արտայայտութիւնը, շարունակելով  պրպտումը…

Խանութպանին տրամադրութիւնը զգալիօրէն վայրէջք կ՛արձանագրէ. կը դիմէ ինծի:

Իսկ ես… որ մէկ հոգի ու սիրտ եղած քաղաքին մէկ մասնիկը դարձած կը կարծէի ինքզինքս, յանկարծ յաղթական ձեռքբերումս` կարկանդակ գտնելս մոռցած, որ անհրաժեշտութիւն մըն էր երկար փնտռտուքէ ետք, տարտամ զգացողութեամբ մը կը համակուէի…

Սրտակցի՞լ հարեւանութեամբս կանգնած կնկան, թէ՞ արագ մը առնել կարկանդակը ու հեռանալ…

Քաղաքը կրկին կը տրոփէ ցաւով, միաժամանակ` տօնական կշռոյթով…

Սովորականէն աւելի կանուխ կը փակուին  խանութները, այս յատուկ` միայն Սուրիոյ մայրերուն պատկանող Մայրերու օրուան աւարտին: Անցորդները կը շտապեն դէպի իրենց տուները` տօնական տրամադրութեամբ կամ սգաւոր: Հալէպը Մայրերու օրը կը նշէ մէկ աչքը լացի, միւսը ուրախութեան արցունքով…

Նոր տարին արդէն  հինգ տարի առաջ  վռնտուած էր քաղաքէն, իսկ մայրերու  արաբական այս օրը, իր դիրքը ամրապնդած, կը շարունակէ  մէկտեղել,  ներշնչել բոլորը` հայ թէ արաբ, միեւնոյն զգացումներով, վշտահար, որդեկորոյս ծնողներու եւ ծնողազուրկ երեխաներու հայեացքներով…

Այս օրը` Հալէպի Մայրերու օրը բոլոր գոյատեւողներուն օրն է…

 

Նախորդը

Ազգային Վարժարաններու Տնօրէններու Ժողով-Սեմինար

Յաջորդը

Երեւանեան Պատկերներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?