Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կը Նշեն Հայ Սկաուտի Օրը` Զանազան Աշխատանքներով

Ապրիլ 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը հայ սկաուտի հիմնադրութեան 105-ամեակը նշելու համար կազմակերպեց զանազան աշխատանքներ:

Ա.- Արի եւ արենուշ  ճիւղերու զարգացման մրցումը

Չորեքշաբթի,  22 փետրուար 2017-ին  տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային խմբապետական կազմին կազմակերպած արի եւ արենուշ ճիւղերու յատուկ զարգացման մրցումը, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ:

Այս մրցումին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու 9 արի-արենուշ խմբակներ:

Զարգացման մրցումին նիւթերը հետեւեալ ենթաբաժանումները ունէին` սկաուտական, ՀՄԸՄ-ի միութենական, հայոց պատմութենէ դէպքեր,  հայ գրականութիւն, ազատագրական շարժում, հայ դէմքեր եւ աշխարհագրական:

Զարգացման մրցումը ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, խմբակները սկաուտական եւ մարզական ոգիով, իրենց գիտելիքներով մրցեցան իրարու դէմ:

Մրցումին աւարտին մասնակցող խմբակներուն բաշխուեցան հաստատագիրներ եւ բարձրագոյն նիշերը ապահովող մասնաճիւղներու խմբակներուն`մրցանակներ: Առաջին հանդիսացաւ Պէյրութ մասնաճիւղի արիներու խմբակը, երկրորդ` Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի արիներու խմբակը, իսկ երրորդ` Անթիլիաս մասնաճիւղի արենուշներու խմբակը:

Բ.- ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի  աստիճանաւորական կազմերու հանդիպում 

Կազմակերպութեամբ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետական կազմին, հինգշաբթի,  23 փետրուար 2017-ին, Հայ սկաուտի օրը, որ կը զուգադիպի Ս. Վարդանանց տօնին, բոլոր մասնաճիւղերուն աստիճանաւորական կազմերը ունեցան յատուկ հանդիպում մը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Այս հանդիպման ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերէն 90 սկաուտներ: Հանդիպումը ընթացաւ երկու բաժիններով:

Առաջին բաժինով սկաուտները  հետաքրքրական զրոյց մը ունեցան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ սկաուտութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասաքալեանին հետ` հայ սկաուտութեան եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր եւ ապագան նիւթով:

Երկրորդ բաժինով սկաուտներուն միացաւ ներկայ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ սկաուտութեան ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեանը, որ ծանօթացուց Կեդրոնական վարչութեան ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100- ամեակի նուիրուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 100-ամեակի նուիրուած եւ սկաուտներուն կողմէ շատ սպասուած` ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումին:

Գ.- Հայ սկաուտի օրուան նուիրուած միօրեայ յայտագիր

Կազմակերպութեամբ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 12 մարտ 2017-ին տեղի պիտի ունենար Հայ սկաուտի օրուան նուիրուած միօրեայ յատուկ հանրային աշխատանք մը: Այս աշխատանքին պիտի մասնակցէր բոլոր մասնաճիւղերու բոլոր տարիքներու սկաուտները, ինչպէս նաեւ` ծնողներն ու բարեկամները: Բոլորը միասին նշելու Հայ սկաուտի օրը` խաղերով, երգերով, ձեռայիններով եւ ներկայացումներով… օդի աննպաստ ըլլալու պատճառով այս աշխատանքը յետաձգուեցան աւելի ուշ թուականի:

Իսկ նոյն օրը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Հայ սկաուտի օր` դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ» նշանաբանով:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Լիպարեան- Քեչեպաշեան:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Ռիթա Վարդան, որ ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Ռումբ մը սիրտ» բանաստեղծութիւնը, որուն տուտուկով ընկերակցեցաւ Կասիա Էճիտեան: Ապա ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` ազգային ճոխ եղանակներով:

Օրուան բանախօսն էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան:

Ապա 1970-2015 տարիներուն Շրջանային խմբապետ-խմբապետուհի եւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետի պաշտօն վարած ՀՄԸՄ-ականներ Յասմիկ Մուրատեան, Ներսէս Տօնիկեան (բանաւոր բացակայ), Ճոնի Արեւեան (բանաւոր բացակայ), Կարպիս Գապասաքալեան, Հրայր Մարգարեան, Սոնա Պօղոսեան, Մարօ Քէշիշեան (բանաւոր բացակայ), Լուսին Գազէզեան, Վաչէ Նաճարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Կարօ Մուրաջանեան (բանաւոր բացակայ), Սեդա Պէշլեան (բանաւոր բացակայ), Յակոբ Չպլաքեան, Վարդուկ Ֆռնըզլեան եւ Ժանօ Քեչեճեան իբրեւ գնահատանք իրենց աշխատանքներուն` ստացան յատուկ յուշանուէրներ:

Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ձեռնարկը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի  խմբապետներուն «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ: (Այս ձեռնարկին ընդարձակ թղթակցութիւնը յաջորդ օրը լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի մէջ):

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. «Հայկական Սփիւռք» Մատենաշարի Երկրորդ Հատորի Հրատարակութիւն

Յաջորդը

Ազգային Վարժարաններու Տնօրէններու Ժողով-Սեմինար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?