Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ընկերային Շուկայական Տնտեսութիւնը

April 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առիթով ՀՅԴ-ի առաջադրած նախընտրական ծրագիրը կարդալու ընթացքին կը հանդիպինք հետեւեալ պարբերութեան. «Անհրաժեշտ է արմատապէս փոխել երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման տրամաբանութիւնը, վերականգնել պետութեան եւ քաղաքացու պատասխանատուութիւնը միմեանց հանդէպ` անցում կատարելով նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսակարգին»:

Այս պարբերութենէն մեկնելով` մեր մտքին մէջ հարց կը ծագի, թէ ի՛նչ է ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը եւ ինչպէ՛ս ծագեցաւ ու զարգացաւ:

Յիշեալ հարցումներուն պիտի պատասխանեմ ստորեւ, քայլ առ քայլ:

Ի՞նչ է ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը

Ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը ընկերային-տնտեսական դրութեան օրինակ մըն է,որ կը բաղկանայ շուկայական տնտեսական համակարգէն, պսակուած`ընկերային արդարութեամբ:

Պսակում` կը նշանակէ պետութեան հսկողութիւնը շուկայի գործունէութեան վրայ. հսկողութիւնը կը կայանայ հարկեր դնելով եկամուտներուն վրայ, որ հաւասարապէս կը բաժնուի հասարակութեան բոլոր անդամներուն միջեւ անխտիր` հաւասար կարելիութիւններ ապահովելով բոլորին` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Հսկողութեան միջոցով պետութիւնը կը ծառայէ քաղաքացիներու ընկերային պահանջներուն, օրինակ` ձրի բուժման եւ ուսման կարելիութիւններու ապահովմամբ:

Ընկերային պահանջներէն զատ, պետութիւնը կը ստեղծէ արդար մրցակցային կլիմայ մը, ուր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները կարելիութիւն կ՛ունենան զարգանալու եւ մրցակցելու մեծ ձեռնարկութիւններուն հետ:

Ընկերային շուկայական տնտեսութեան ծագումն ու զարգացումը

Ընկերային շուկայական տնտեսութեան արմատները կը գտնուին գերմանական Ֆրէյպուրկ դպրոցի` ընկերային-ազատական ուղղութիւն ունեցող տնտեսական տեսութիւններուն եւ նախկին Գերմանիոյ կայսրութեան պահպանողական վարչապետ Օթթօ Ֆոն Պիսմարքի ընկերային ապահովագրութեան ծրագիրներուն մէջ:

Առաջին անգամ ընկերային շուկայական տնտեսութեան գաղափարը ծագեցաւ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ. այդ գաղափարը ի յայտ եկաւ այլընտրանք դառնալու համար նացիական եւ համայնավարական` արտադրութեան միջոցներու պետականացման ծրագիրներուն:

Արեւմտեան Գերմանիոյ առաջին վարչապետ եւ  Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հիմնադիր Քոնրատ Ատենաուըր եղաւ առաջին քաղաքական ղեկավարը, որ գործադրեց ընկերային-տնտեսական այս համակարգը, եւ անոր շնորհիւ Արեւմտեան Գերմանիան ապրեցաւ տնտեսական աճի ու ընկերային բարեկեցութեան մէջ:

Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը եղաւ առաջին քաղաքական կազմակերպութիւնը, որ գործածեց «ընկերային շուկայական տնտեսութիւն» եզրը եւ դարձաւ արդի Գերմանիոյ ընկերային բարեկեցութեան համակարգի կերտիչը` իր ծրագիրին մէջ ընդգրկելով զայն: Ահա Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան 1948-ի ծրագիրէն հատուած մը.

«Ընկերային շուկայական տնտեսութիւն»-ը ճարտարարուեստական տնտեսութեան ընկերայնօրէն խարսխուած օրէնքն է, որուն համաձայն, ազատ եւ կարող անհատներու իրագործումները կու գան ամբողջացնելու համակարգ մը, որ բարձրագոյն մակարդակի տնտեսական շահ եւ ընկերային օգուտ կը ստեղծէ բոլորին համար:

Այս համակարգը ստեղծուած է ազատութեան եւ պատասխանատուութեան հիմքին վրայ, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ «ընկերային շուկայական տնտեսութեան» մէջ` իրական գործադրութեան վրայ հիմնուած մրցակցութեան եւ մենաշնորհներու անկախ վերահսկողութեան ընդմէջէն: Իրական գործադրութեան վրայ հիմնուած մրցակցութիւնը գոյութիւն կ՛ունենայ, երբ մրցակցութեան օրէնքները կ՛երաշխաւորեն, որ արդար մրցակցութեան եւ հաւասար կարելիութիւններու պայմաններուն մէջ, աւելի լաւ գործադրութիւն մը կը վարձատրուի: Շուկային կողմէ ճշդուող գիները կը կարգաւորեն փոխներգործութիւնը շուկայի բոլոր բաղկացուցիչներուն միջեւ»:

1959-ին Արեւմտեան Գերմանիոյ երկրորդ մեծ քաղաքական ուժը եւ ՀՅԴ-ի գաղափարակից կուսակցութիւնը` Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կը հրաժարի «դասակարգային պայքար»-ի տեսութենէն եւ կ՛ընդունի ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը:

Ընկերվար-ժողովրդավար վարչապետ Ուիլլի Պրանտը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կ՛ամրապնդէ ընկերային շուկայական տնտեսութեան` ընկերային պահանջները եւ կ՛աւելցնէ պետութեան ներդրումներն ու կ՛ընդլայնէ ընկերային ապահովագրութեան ծրագիրները:

1982-ին, Հելմութ Քոհլի վարչապետ ընտրուելէն ետք Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կը կեդրոնանայ ընկերային շուկայական տնտեսութեան ընկերային ուղղուածութիւնը դէպի աւելի նոր-ազատականութիւն մղելու հարցին վրայ, այսինքն շեշտը աւելի կը դնէ սեփականաշնորհումի եւ պետական ծախսերու կրճատումին վրայ: Միւս կողմէ ալ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնը կը շարունակէ իր ընկերային-բարեկեցութեան ուղղութիւնը եւ այսօր կը մնայ ընկերային շուկայական տնտեսութեան յառաջ մղող ուժը:

Այսօր Գերմանիան տիպար օրինակ մըն է, որ կը փաստէ, թէ ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը յաջող ընկերային-տնտեսական սկզբունք մըն է, որ կրնայ գործադրուիլ Հայաստանի մէջ եւ յառաջ մղել Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային եւ տնտեսական կեանքը:

 

Նախորդը

Ապրի՛լ Գիտցաւ Այնթապցին…

Յաջորդը

Կեդրոնականցին Շուարած Է` Դիտելով Ընտրութիւն, Ընտրող Եւ Ընտրուելիք

RelatedPosts

Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Անդրադարձ

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.