Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթեցի՛նք

Ապրիլ 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգենք յիշատակը մեր սահմանները պաշտպանելու ընթացքին զոհուած մեր բոլոր նահատակներուն:

Անշուշտ, վայրկեան մը, ժամ մը, տարի մը, նոյնիսկ կեանք մը բաւարար չէ արժանի յարգանքը ցուցաբերելու նահատակութիւնը մարմնացուցած մեր ազգի հերոսներուն նկատմամբ:

Ապրիլ 2-ի առաւօտուն, բոլորս արթնցանք ահաւոր լուրով. Ազրպէյճան անցած էր յարձակողականի… մեր զգացումները կը տարբերէին` ջղայնութիւն, ահազանգ, մտահոգութիւն, անակնկալ, բայց եւ այնպէս` երբեք վախ: Յիշողութիւնը տարաւ մեզ 1988, եւ ղարաբաղեան բռունցքներու օրինակով, ամբողջ սփիւռքը ոտքի կանգնեցաւ` Արցախի սահմանները պաշտպանող մեր զինուորներուն օգնութեան փութալու, լոպիները, քաղաքական աշխատանքը, դրամական օժանդակութիւնը թափ առին, մեր երիտասարդները իսկոյն պատրաստակամութիւնը յայտնեցին իրենք զիրենք ազգին տրամադրութեան տակ դնելու, միանալու իրենց հազարաւոր եղբայրներուն, որոնք ողողած էին Երեւանի ու Ստեփանակերտի փողոցները` սպասելով իրենց կարգին, հասնելու նահատակութեան բագինին:

Եւ յաղթեցինք. յաղթեցինք, որովհետեւ զօրաւոր ենք, յաղթեցինք, որովհետեւ թրքանման չենք, յաղթեցինք, որովհետեւ արդար ենք, այո՛, յաղթեցինք, ո՛չ բարոյապէս ո՛չ ալ թուղթերու վրայ մելանով գրուած բառերով: Յաղթեցինք վառօդով, փամփուշտով, քրտինքով եւ ամենասուրբ արեամբ: Ազրպէյճանցին ծարաւ էր մեր արեամբ, բայց մենք մեր հողը ոռոգեցինք, մեր հողին ծարաւը յագեցուցինք եւ կրկին օրհնեցինք զայն մեր ջինջ ու զուլալ երիտասարդներուն արեամբ:

Յաղթեցինք նահատակութեամբ, նահատակութիւն, որ լոկ բառ մը չէ, այլ արարք մը, որ ո՛չ միայն նահատակուողը կը զրկէ կեանքէն, այլ հօրմէ ու մօրմէ կը խլէ իր զաւակը, քրոջմէ կը խլէ եղբայր մը, սեղանակից մը` ընկերներէն, կենաց մը պակաս, եւ` խոշտանգուած սրտեր. նահատակը կը բարձրանայ մեր սրբութեան բագինին, զոհելով ինքզինք եւ  շուրջինները զրկելով իրմէ: Բայց պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ, զրկելով հանդերձ իր ներկայութենէն, ան մեզի կը նուիրէ հայրենիքը, իր արեամբ ողողուած, կը նուիրէ անկախութեան ու ազատութեան անուշ բոյրը եւ ապահով ապագայի քաղցրութիւնը, մանուկներու եւ  երեխաներու ժպիտն ու խնդուքը, մեր եկեղեցիներուն զանգերուն ղօղանջը եւ մեր գեղեցիկ երգերուն արձագանգը, նահատակը իր կեանքը կու տայ` մեզ տալով մե՛րը:

Յաղթեցինք նահատակութեամբ, եւ ապրիլը նոր մայիսներու յոյսով, դարձաւ ԱՊՐԻԼ ապրելու համար: Ջարդուելու, սպաննուելու, խոշտանգուելու ու տեղահանուելու ԱՊՐԻԼԸ, որ յաղթեց մայիսով, այսօր միացաւ յաղթանակներու շարքին, ԱՊՐԻԼԸ դարձաւ ապրելու ամիս, իբրԵՒ հայ ապրելու հպա՛րտ ու ճակատաբաց, մեր նահատակներուՆ սիրոյն:

Ազրպէյճանը իր հերթական նենգութիւնը շարունակելով օրական դրութեամբ կը խախտէ զինադադարը, կը հարուածէ մեր սահմանապահները` իր տնտեսութիւնը հզօրացնող նենգութեան ընկեր Թուրքիոյ ներդրումներով, իսկ տակաւին պատնէշի վրայ եղող դաշնակցական երիտասարդը ստիպուած է թրքականին նկատմամբ հակում ունեցող հայերուն բացատրել թէ երկու ղրուշ աւելի շահելու համար թրքականը քաջալերելով ու ծախելով Արցախեան խրամատներուն մէջ մեր ազգի զաւակներուն արիւնը կը քամեն:

Նահատակութիւնը հզօր ցաւ է, բայց նաեւ կը հզօրացնէ ազգը: Մեր ժողովուրդը դատարապարտուած է յաւերժական զոհողութեան, պայքարի պահուն միշտ կարիք եղած է նահատակ հերոսներու եւ տակաւին կարիք պիտի ունենաք նմաններուն այնքան ատեն որ մեր բանակը կանգնած է արցախեան սահմաններուն, այնքան ատեն որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գրկած է իր ժողովուրդը օտարութեան ափերուն, մեր հայ մայրերը պիտի գոհացնեն ազգին կարիքները`, ծնունդ տալով նո՛ր հերոսներու, նո՛ր նահատակներու:

Այո, մենք միշտ կարիք պիտի ունենանք հերոս նահատակներու, բայց բնաւ անոնց սակաւութիւնը պիտի չզգանք:

Ահա այսօր Արցախը անկախ է եւ ազատ, եւ, հակառակ շարք մը ապիկարներու փոխզիջման քարոզներուն, անկախութեան հովերը կը փչեն Արցախէն Արեւմուտք` շոյելով մեզ կարօտող մեր արեան ծարաւ Արեւմտեան Հայաստանի բարձունքներուՆ ձորերը:

Թող յաւերժանան մեր նահատակները, կեցցէ՛ անկախ Արցախը, կեցցէ՛ արցախեան բանակը, կեցցէ՛ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը,  կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ. Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Յիշելով

Յաջորդը

Պէտք Է Ապաւինինք Մե՛ր Ուժերուն, Մե՛ր Զէնքին Եւ Մե՛ր Բազուկին

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?