Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանեան Պատկերներ

Ապրիլ 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Այգեձորէն դէպի Սիրահարներու այգի հատող ճամբան «Պռօշեան»-ն է, անմիջապէս որ փողոցը կտրես, հոն ձող մը կայ: Ճիշդ այդ ձողին քով ծերուկ մը քայլերս կ՛ընդհատէ ու ցոյց կու տայ ձողին վրայ փակցուած նկարը.

– Հըլը տե՛ս ի՛նչ են փակցրել… իսկի մե՛նք տուն չունենք մնալու:

Կը նայիմ, որ շատ անուշիկ շնիկի մը նկարն է, տէրը կորսնցուցած է զայն` ըստ երեւոյթին եւ նիւթական պարգեւ կը խոստանայ շնիկը գտնողին:

Կը խղճամ մարդուն, որ ինքզինք նուաստացնելով` երանի կու տայ կորսուած շան, որովհետեւ վերջինովս մտահոգուողներ կան… այդ մտմտուքին տակ կը շարունակեմ քայլերս եւ քիչ անդին Բաղրամեան մեթրոյին անցքին մէջ կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս կին մը անկողին մը դրած է ու կը քնանայ:

**************

Դիմատետրի կիներու յատուկ էջին մէջ յղի կին մը իգական անուն կ’որոնէ: Իւրաքանչիւրը անուն մը կ’առաջարկէ. Իրինա, Վերգինէ, Վիկա, Լարիսա… եւ այլն: Ես որ անդամ եմ այդ խումբին, իմ կարգիս մասնակցութիւնս կը բերեմ զրոյցին` Լոռի անունը առաջարկելով:

– Դուն չանախ ալ կը դնէիր,- կը պատասխանէ կիներէն մին:

Սկիզբը կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ այսքան հեգնական ոճով կը պատասխանէ ինծի:

Յետոյ կը տեղեկանամ, որ լոռին ու չանախը Հայաստանի մէջ պանիրի անուններ են եղեր…

**************

– Մամա՛, մարոժնի կը գնե՞ս:

– Մարոժնի ի՞նչ է,- կը հարցնեմ:

– Պաղպաղակ է, չե՞ս գիտեր,- կը պատասխանէ եօթնամեայ տղաս յանդիմանական շեշտով մը:

Կը զարմանամ, թէ Սեւակս որքա՜ն դիւրութեամբ իւրացուց արեւելահայերէնը (նոյնիսկ ռուսախառն վիճակով): Հնչիւններն անգամ ճիշդ կ’արտաբերէ ու երբեմն, մանաւանդ դասի ընթերցման ժամանակ, զիս «սրբագրել» ալ կը ջանայ: «Մամա՛, գիրք չեն ըսեր, կիրք կ’ըսեն»: Կը մտածեմ, եթէ արտասահմանեան այլ երկիր երթայինք, որքան շուտ պիտի իւրացնէր օտարինը եւ զինք ետ բերելը որքան դժուար պիտի ըլլար գուցէ… կամ որքա՜ն ճիգ պիտի պահանջէր մեզմէ` իր մէջ հայն ու հայերէնը պահպանելու համար: Ուրախ եմ, որ այդ մտահոգութիւնը չունիմ հիմա, բայց անընդհատ հարցում մը կը մտատանջէ զիս. ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ արեւմտահայերէնը հոս, եթէ եկող սուրիահայը այսպէս ակամայ լեզուն փոխէ:

– Հոգը դո՞ւն առեր ես,- կ’ըսէ հալէպահայ ծանօթ մը ինծի:- Այնքան կենցաղային հոգեր կան, որ լեզուի հա՞րցը մնաց մտածելիք: Կարեւորը` երկուքն ալ հայերէն են:

Ամէն հեռաձայնային նոր կապ նոյն պատմութիւնն է.

– Կը ներէք, ո՞ւմ հետ եմ խօսում:

– Սօսիի:

– Հա, Սոֆի ջան:

– Սոֆի չէ, Սօսի:

– Սոֆի՞:

– Ոչ,- Սօ-սի:

– Չեմ հասկանում, Սոֆի չի՞:

Ստիպուած Սօսեաց անտառը կը յիշեցնեմ, որ հեռաձայնէն աւելի դիւրին հասկցուի անունս:

– Վա՜յ, էս ինչ գեղեցիկ անուն ունէք…

**************

Դուռս կը զարնուի:

– Տանը Աստուածաշունչ ունէ՞ք:

– Այո՛:

– Կարդո՞ւմ էք:

Անմիջապէս կը հասկնամ` «ի՞նչը ինչո՛ց է»:

– Կը ներէք, զբաղած եմ:

– Սիրիայից էք:

– Այո՛:

– Դուք գիտէ՞ք, թէ Սիրիայի պատերազմի պատճառը ո՛րն է: Դա սատանան է…

**************

Արդէն կը հասկցնեմ, որ ժամանակ չունիմ եւ պէտք է իջնեմ:

Բաղրամեան փողոցին վրայ եմ, երբ այս անգամ երկու կիներ կը մօտենան ինծի: Կարծելով, որ ճամբայ պիտի հարցնեն, կը կենամ:

– Աստուածաշունչ ունէ՞ք:

Կը շարունակեմ ճամբաս` մտածելով, որ մարդորսութեան սեզոնը բացուած ըլլալու է:

**************

Երեւանի մէջ գարունը իր բուրմունքը տարածած է ամբողջ մթնոլորտին մէջ: Ձմեռը մռայլ սպիտակութեան մէջ ծածկուած մեր տան պարտէզը նաեւ տարբեր զգեստաւորում կը ստանայ այս օրերուն, նորափթիթ ծիլեր կան ամէն կողմ: Իսկ փողոցը ամէն քայլափոխիդ դուն կրնաս հանդիպիլ գիւղէն եկած գիւղացիի մը, որ թոյլի մէջ նարգէս, մանուշակ, ձնծաղիկ եւ գարնան աւետաբեր այլ ծաղիկներ բերած` կը գունազարդէ մայթերը եւ անով իսկ իր ապրուստը կը հայթայթէ: Պէտք է օգտուիլ ամէն եղանակէ ու ամէն եղանակի համաձայն գործ ճարել, ձեռնածալ չմնալ, ապա թէ ոչ` որո՞ւ հոգը քու անելանելի վիճակդ…

Տղաքս ինձմէ գաղտնի բաներ մը կ՛ընեն սենեակը: Գիտեմ, որ ձեռային աշխատանք է, որ կը տանին. գորգը ամբողջ գունաւոր թուղթի կտորներով ծածկուած է: Անմիջապէս որ սենեակ մտնեմ, թուղթերը պահելու փորձեր կը կատարուին:

– Ի՞նչ կ՛ընէք,- հարց կու տամ ժպիտով մը:

– Է՜, մամա՛, քեզի պիտի չըսենք, որ Մայրերու տօնին առթիւ քեզի ծաղիկներ կը պատրաստենք:

Սեւակիս անմեղունակ պատասխանը լսելէս ետք, սրտի ներքին գոհունակութեամբ, կը մտնեմ խոհանոց ու գործերուս հետ միատեղ յաջորդաբար կ՛երգեմ` «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան» եւ «Էլի գարուն կը գայ, կը բացուի վարդը…» երգերը:

 

 

Նախորդը

Ցաւող Քաղաքին Իւրայատուկ Տօնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ճշմարիտ Գարնան Սպասելով

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?