Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ճշմարիտ Գարնան Սպասելով

Ապրիլ 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիան անկիւնադարձային հանգրուանի մը սեմին է: Եղանակային յեղաշրջումի մը սեմին, որ պատմութեան գիրկը պիտի շպրտէ տմոյն գարունը` ծնունդ տալու ծաղկաւէտ, գունեղ ու ճշմարիտ գարնան:

Եօթը տարի շարունակ քանդումներով, նախճիրով, գաղթով եւ հաւատադրժողական արարքներով յատկանշուած արաբական տմոյն գարունը կը վիժի` իրեն հետ թաղելով կեղծ լոզունգներ, յետին նպատակներ ու տեղեկատուական պատերազմի մը խաբկանքը ամբողջ:

«Արաբական գարուն»-ը աւետող գրաւիչ ու հետաքրքրաշարժ պաստառները  եօթը տարի վերջ գլխիվայր կը շրջին: Ներմուծուած գաղափարներուն, ազատութեան կեղծ խոստումներուն հաւատք ընծայող մարդիկ հիասթափուելով կ՛ողբան կործանումը իրենց երդիքին: Ի՜նչ արդարութիւն, ի՜նչ ժողովրդավարութիւն եւ ի՜նչ արժանավայել կեանք® Այս բոլորը խաբուսիկ խոստումներ էին, որոնցմով զարդարուեցան «Արաբական գարուն»-ի արիւնաթաթախ ծառերը:

ՄԱԿ-ի տուեալներով, նոյնինքն արաբ ժողովուրդը «Արաբական  գարուն» մը վայելելու, այսինքն իր իսկ տունը իր ձեռքով քանդելու սիրոյն 614 միլիառ ամ. տոլար վատնեց: Գումար մը,  որ արաբական աշխարհի բարգաւաճումին ծառայելու փոխարէն` անոր աւազախրումին դրամագլուխը դարձաւ, իսկ արաբական աշխարհէն ներս աղքատութեան տոկոսը այնքան բարձրացաւ, որ կարելի չէ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն խօսիլ կենսամակարդակի բարձրացման նուազագոյն հնարաւորութիւններուն մասին:

«Արաբական գարուն»-ին ամէնէն դառնահամ «պտուղ»-ը ծայրայեղական շարժումներու ծաւալումն էր, որ աղաւաղեց մտքերը, հրահրեց իրարու նկատմամբ կոյր ատելութիւնը:

Եօթը տարի վերջ Արեւմուտքի եւ Սուրիոյ դրացի կարգ մը երկիրներու հաշուարկներով, «Արաբական գարուն»-ի գործարքը ձախողութեամբ պսակուեցաւ: Անոր վիժումը անխուսափելի դարձաւ:

Ներկայ դրութեամբ արաբական դաշտին վրայ նոր խաղաքարտեր կը յայտնուին, մինչ Սուրիան հրաշքի համազօր ուժով դուրս կ՛ելլէ  այս դժոխքէն`  ճշմարիտ գարունը դիմաւորելու յոյսով: Գարուն, որ սկսաւ Հալէպի ազատագրումով ու պիտի թագադրուի Դամասկոսի յաղթանակով: Գետնի վրայ զարգացող իրադարձութիւնները կը վկայեն այս բոլորին մասին: Ճշմարիտ գարունը, սակայն, կը թելադրէ վերատեսութեան ենթարկել երկրի քաղաքական մշակոյթը, վերատեսութեան ենթարկել յատկապէս պատերազմի տարիներուն ընդհանուրին կարծրացած մտածելակերպը:

Իսկ մենք` հայերս, որպէս կարեւոր մէկ մասնիկը այս աշխարհին, դիմագրաւելով հանդերձ պատերազմին յաջորդող ծանր կացութիւնը եւ անոր ստեղծած անբարենպաստ պայմանները, կարիք չունի՞նք վերատեսութեան ենթարկելու մեր աշխատելաոճը, մեր մտածելակերպը ու վերականգնող երկրին մէջ մեր տեղն ու դերը:

«Գ.»

Նախորդը

Երեւանեան Պատկերներ

Յաջորդը

Ապրի՛լ Գիտցաւ Այնթապցին…

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?