Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, ժամը 7:00-ին, քոլեճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսին նիւթն էր «Գոյներու աշխարհը»: Բեմը յարդարուած էր անտառով, ուր աշակերտները փնտռեցին ամենագեղեցիկ գոյնը` տալով իւրաքանչիւրին խորհրդանիշը: Մանկապարտէզի աշակերտները այս հեքիաթային աշխարհը ներկայացուցին թատրոնով մը, որուն իւրաքանչիւր արարէն ետք մթնոլորտը ճոխացուցին պարով մը: Հանդէսը...




















