Քարոզչական Պատեհապաշտութիւն, Քաթար Եւ Հայաստան
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մ. Արեւելքի եւ տարածաշրջանի զարգացումները այսօր քարոզչական ուժեղ լուսարձակներու տակ են։ Քաթարի նկատմամբ Ս. Արաբիոյ ու իր մանր ֊ մունր վասալներուն կողմէ որդեգրուած պատժամիջոցներու «հիմնաւորումները» նոյնիսկ խաշած հաւը կրնան ծիծաղեցնել։ Չակերտեցինք «հիմնաւորումներ» բառը, որովհետեւ մինչ անցնող առնուազն 5 տարիներու ընթացքին Ս. Արաբիա եւ Քաթար ձեռք ձեռքի տուած առնուազն 7 ֊ 8 միլիառ տոլար ծախսեցին ՏԱՀԵՇի ու նմանօրինակ ծայրայեղական...



















