Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 115 Հազար Ամերիկեան Տոլար

June 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին նկատմամբ բարեկամութեան եւ զօրակցութեան տօն հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, որ տեղի ունեցաւ 19 մայիս 2017-ին, Պէյրութի «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ:

Ընթրիքը կայացաւ հովանաւորութեամբ  Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ նախագահութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի բարերար Վարուժ Ներկիզեանի: Ներկայ էին 120 հրաւիրեալներ` Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւորական դասի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, միութենական պատասխանատուներ, նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ` Լիբանանէն եւ արտասահմանէն:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բարեկամներուն եւ բարերարներուն` վարժարանին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած հետեւողական  զօրակցութեան համար: Ան յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Վարուժ Ներկիզեանին եւ Ուիսամ Մուքահալին` վարժարանի զարգացման եւ կարիքաւոր աշակերտներու օգնութեան մէջ անոնց նշանակալի ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ  գերապայծառ Ասատուրեանին` Մեսրոպեանի հանդէպ անոր հայրական հոգածութեան համար: «Վստահ եղէք, որ հայ մանուկներուն մեկնուած ձեր օգնութեան ձեռքը օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ` անոնց ամբողջ կեանքին վրայ տարածուած», ըսաւ ան` խօսքը ուղղելով ընթրիքի մասնակիցներուն:

Ապա խօսք առաւ ընթրիքի նախագահը` Վարուժ Ներկիզեան: Ան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի մէջ տարուող կրթական եւ դաստիարակչական գործը, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ տարուէ տարի: Վ. Ներկիզեան անգամ մը եւս արտայայտեց իր անվերապահ վճիռը Մեսրոպեանին թիկունք կանգնելու մասին: Այս  առիթով ան անդրադարձաւ կրթութեան եւ արհեստագիտութեան համարկման կարեւորութեան` շեշտելով, որ Մեսրոպեանի բարեկամները կոչուած են զօրակցելու վարժարանի այն բոլոր ծրագիրներուն, որոնք ուղղուած են այդ նպատակին:

Խօսք առաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ արտայայտելէ ետք իր գոհունակութիւնը` Մեսրոպեանի մէջ հայապահպան գործունէութեան համար, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին անունով «Երախտագիտութեան մետալ» շնորհեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին:

Ընթրիքի փակման առիթով իր հայրական խօսքին մէջ Գէորգ եպս. Ասատուրեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը զարգացման իր ընթացքով պատիւ կը բերէ Հայ կաթողիկէ համայնքին: Ան շեշտեց հայ կաթողիկէ պատկան մարմիններուն վճռակամութիւնը` նիւթական պատճառներով որեւէ մանուկ ուսումէ չզրկելու:

Ընթրիքի գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան դաշնակահար Մարք Էռնեստ եւ երգչուհի Շանթալ Մայլաք: Մեծ անակնկալ եղաւ հիւրաբար ներկայ գտնուող, աշխարհահռչակ ջութակահար Զարեհ Չըրոյեանին ելոյթը, ընկերակցութեամբ իր կնոջ` երգչուհի Սառա Չըրոյեանի:

Անկեղծ բարեկամութեան մթնոլորտի մը մէջ ներկաները նուիրատուութիւններ կատարեցին Մեսրոպեանի կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին. հանգանակութեան գումարը կազմեց 115 հազար ամերիկեան տոլար:

 

Նախորդը

«ՍԵՄԱՍ»-ի Յաջողութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մրցումին

Յաջորդը

Փակում` Սրբոց Հռիսփիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթաշարքին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.