Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Սայաթ Նովա. Խաղեր» (Խմբագիր` Թովմաս Պօղոսեան)

June 14, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ, «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան միջոցներով լոյս տեսաւ «Սայաթ Նովա. խաղեր» հատորը, բաղկացած` 67 էջերէ: Խմբագիր` Թովմաս Պօղոսեան:

«Մի խօսք ունեմ» ներածականով Թովմաս Պօղոսեան կ՛ըսէ, որ Սայաթ Նովա հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն է. անոր սքանչելի արուեստով ապրած է ու կ՛ապրի մեր ժողովուրդը եւ հպարտութեամբ կրնայ ներկայացնել համամարդկային քաղաքակրթութեան:

Պօղոսեան կը շարունակէ ըսելով, որ ինչպէս հայ աշուղական երգը, այնպէս ալ Սայաթ Նովայի երգերու մեղեդիները պահպանուած ու փոխանցուած են բանաւոր ճանապարհով, մինչեւ որ անոնք գրառուած եւ հրատարակուած են:

Սայաթ Նովայի մեղեդիներու ուսումնասիրութիւնը` տարբեր աղբիւրներու համադրումով եւ հնարաւոր լաւագոյն տարբերակը ընտրուած եւ խմբագրուած է «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր անսամպլի վերականգնումէն (1992) ետք:

Պօղոսեան կը նշէ, որ տարբեր հրատարակութիւններու եւ անցեալի մեծ վարպետներու կատարումներէն դուրս բերուած է անոր մեղեդիներու ոսկի միջինը` առաջնորդուելով հայ երգարուեստին բնորոշ կարեւոր սկզբունքներով, յենուելով նախ եւ առաջ ազգային հնչերանգի վրայ, խիստ մօտեցում ցուցաբերելով մեղեդային զարդարանքներու (խաղերու) եւ ելեւէջներու, բացառապէս հայեցիութեան` զերծ պահելով սայաթնովեան երգը, երբեմն կիրառուող, մեզի ոչ բնորոշ օտար գեղգեղանքներէն:

Երգարանը հրատարակուած է` նպատակ ունենալով հայ երգիչներուն եւ երաժիշտներուն տալ Սայաթ Նովայի երգերու խմբագրուած տարբերակները, որոնք կատարուած են «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր անսամպլին կողմէ, շուրջ քսան տարիներու ընթացքին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Հայ Գաղթականութիւնը Եւ Հայրենիք – Սփիւռք Կապերը 1918-1985 Թթ. (Միջազգային Գիտաժողովի Զեկուցումներ)

RelatedPosts

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ
Մշակութային եւ Այլազան

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

September 11, 2026
Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը  Այլեւս  Չեն Ուզեր  Մեծահարուստի  Տեսք Ունենալ
Մշակութային եւ Այլազան

Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը Այլեւս Չեն Ուզեր Մեծահարուստի Տեսք Ունենալ

September 4, 2026
Բուրգերը Տակաւին Առեղծուած Կը Մնան
Մշակութային եւ Այլազան

Բուրգերը Տակաւին Առեղծուած Կը Մնան

August 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.