Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակ Գրագէտներու Ծաղկաքաղ` Իտալերէն Լեզուով

Յունիս 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԷՆ ԾՈՎԻԿԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը արժանավայել ու մնայուն գործով մը նշելու եւ իտալացիներն ալ մասնակից դարձնելու համար չորս տարի առաջ Մխիթարեան միաբանութիւնը, օրուան աբբահայր հայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի նախաձեռնութեամբ, ծաղկաքաղ մը հրատարակել ծրագրեց` նահատակ հայ գրագէտներու ընտիր հատուածներու իտալերէն թարգմանութեամբ:

Այս հատորին խմբագրութիւնը յանձնուեցաւ միաբանութեան անդամներէն Համազասպ Քէշիշեանին եւ բժ. Սուրէն Ծովիկեանին:

Երկու խմբագիրները ընտրեցին տասնմէկ նահատակ գրողներու (Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, հայր Կարապետ Տէր Սահակեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Գրիգոր Զոհրապ, Ռուբէն Զարդարեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Թլկատինցի, Մելքոն Կիւրճեան, Երուխան եւ Գեղամ Բարսեղեան) տարբեր հատուածներ, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով իտալերէնի թարգմանուեցաւ: Թարգմանութեան գործին մօտաւորապէս կէսը խմբագիրները կատարեցին, իսկ մնացեալ մասը յօժարակամ ստանձնեցին լուսահոգի Կապրիելլա Ուլուհոճեանը եւ Սոնա Յարութիւնեանը, իտալացի հայագէտ Ճուզեփփէ Մունարինի եւ Ալֆրետ Առաքելեան: Դանիէլ Վարուժանի ութ քերթուածներ առնուեցան տարիներ առաջ Անթոնիա Արսլանի կատարած թարգմանութիւններէն:

Այս ծաղկաքաղին պատրաստութիւնը ծրագրուածէն շատ աւելի ժամանակ պահանջեց եւ, մինչ կը սպասուէր, որ հարիւրամեակին առթիւ գիրքն արդէն ընթերցողին սեղանին վրայ ըլլար, միայն այս տարուան մայիսին կարելի եղաւ զայն լոյս ընծայել,  «Արես» իտալական հրատարակչատան կողմէ:

Այս ծաղկաքաղին վերնագիրն առնուած է Դանիէլ Վարուժանի մէկ քերթուածէն «Մա՛յր, խաչբուռն այս օրհնէ»: Գիրքը կը բաղկանայ  232 էջէ եւ Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի եւ Անթոնիա Արսլանի յառաջաբաններէն  ու նիւթը ծանօթացնող 15 էջնոց ներածութենէ մը ետք, ծաղկաքաղին բաժինը կը սկսի, ուր իւրաքանչիւր գրողի լուսանկարին ու կենսագրութեան կը յաջորդեն անոր գրածներէն ընտրուած հատուածներու թարգմանութիւնները:

Հրատարակչատունը նկատի առնելով, որ առաջին անգամն ըլլալով իտալերէն թարգմանութեամբ այսպիսի ծաղկաքաղ մը լոյս կ՛ընծայուի, եւ գիրքը լայն հանրութեան ծանօթացնելու նպատակով, զայն հրապարակաւ ներկայացուց Իտալիոյ Մանթովա քաղաքին մէջ կատարուող բանաստեղծութեան ամէնամեայ  փառատօնի ընթացքին: Հատորին ներկայացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 մայիսին, քաղաքի պատմական պալատներէն մէկուն մէջ: Փառատօնի կազմակերպիչներուն ներածական ճառերէն ետք խօսք առաւ Անթոնիա Արսլան, որ ջանադիր եղած էր այս հատորին հրատարակութեան համար եւ իր խանդավառ գոհունակութիւնն արտայայտեց այս գիրքի լոյս ընծայման համար: Ծաղկաքաղին խմբագիրներէն  Համազասպ վրդ. Քէշիշեանը, առաքելութեամբ արտասահման գտնուելուն պատճառով, չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, բայց հանդիսութեան առթիւ իմաստալից ու խորաթափանց ուղերձ մը գրած էր, որ կարդացուեցաւ իր միաբանակիցներէն Վահան վրդ. Օհանեանին կողմէ: Ատկէ ետք խօսք տրուեցաւ բժ. Սուրէն Ծովիկեանին, որ բացատրեց գիրքին պատրաստութեան պարագաները: Անոր յաջորդեց Անթոնիա Արսլան` ծաւալուն ելոյթով մը:

Հանդիսութեան ընթացքին յուզումով ու սիրով յիշուեցաւ նորերս հանգուցեալ Կապրիելլա Ուլուհոճեանը, որ տասնամեակներու բեղմնաւոր հայագիտական վաստակով յօժարակամ ստանձնած էր իր խարբերդցի հօր հայրենակից Թլկատինցիի թարգմանութիւնները:

Իտալական մամուլն ու տեղեկատուական միջոցները լայնօրէն անդրադարձան այս գիրքի հրատարակութեան, որուն առնչութեամբ արդէն ծրագրուած են ուրիշ ներկայացումներ Իտալիոյ այլ քաղաքներու մէջ:

Մաղթենք, որ այս հատորը նախաերախայրիքն ըլլայ իրեն յաջորդող այլ հրատարակութիւններու, որ իտալացի ընթերցողին ծանօթացնեն հայ գրականութեան գեղեցկութիւնն ու ճոխութիւնը,  եւ` կորուստը, որ ան կրեց նահատակութեամբը երիտասարդ ու խոստմնալից գրողներու, որոնք ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ համաշխարհային մշակոյթը ա՛լ  աւելի  պիտի հարստացնէին, եթէ թրքական եաթաղանը անոնց կեանքի թելը կտրած ու գրիչն ալ կոտրած չըլլար:

 

Նախորդը

Գրողի Անկիւն. Սեւ Կատուն Եւ Ուրիշ Բաներ

Յաջորդը

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Շրջանաւարտներուն Հանդէսը

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Շրջափակման Պայմաններում

Փետրուար 7, 2023
Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ
Անդրադարձ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

Փետրուար 7, 2023
Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»
Անդրադարձ

«Ձմրան Մէջ Գարուն» Կ՛երգէ Սարըասլան

Փետրուար 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In