Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Շրջանաւարտներուն Հանդէսը

June 14, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին Համազգայինի «Արմէնեան» սրահին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտներուն հանդէսը: Տնօրէն Յակոբ Հանտեան ողջունելով ներկաները, իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց թատրոնին դերը` իբրեւ արուեստներու արուեստ եւ անոր դրական ներգործութիւնը` աշակերտներուն կեանքին մէջ: Ապա «Արեգ» թատերական դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ներկայացուց աշակերտներուն անցած ծրագիրը: Բեմադրիչը խօսեցաւ նաեւ «Արեգ»-ի հետագայ ծրագիրներուն մասին` շեշտելով, որ շրջանաւարտները ասկէ ետք կ՛անցնին «Արեգ» թատերախումբ եւ ամէն տարի հանրութեան կը ներկայանան տարբեր դերերով: Շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ծնողներուն եւ աշակերտներուն, բեմադրիչը շեշտեց, որ թատերական գործունէութիւնը հաւաքական աշխատանք է եւ առանց սերտ, կազմակերպուած գործակցութեան անկարելի կ՛ըլլայ յաջողութիւն արձանագրել:

Ապա բեմը տրամադրուեցաւ աշակերտներուն: Շրջանաւարտները հանդէս եկան անհատական եւ խմբային բազմաթիւ վարժութիւններով, որոնք կը վերաբերին բեմական շարժման, ճկունութեան, երեւակայութեան, դիմախաղի, խօսքի, կեցուածքի, կշռոյթի, արագ կողմնորոշման, ստեղծաբանութեան, համապատկերի, երկխօսութեան, լացի եւ խնդուքի, դիմախաղի եւ այլն: Կատարողական այլազանութիւնը եւ ինքնատպութիւնը կը փաստէին, որ յատուկ հոգ տարուած է աշակերտներուն անհատականութիւնը զարգացման: Իւրաքանչիւր կատարում կը գնահատուէր ներկաներու ծափահարութիւններով:

Վկայականաց բաշխման արարողութիւնը կատարեցին տնօրէն Յակոբ Հանտեան, խնամակալութեան ներկայացուցիչ Շանթ Պոյաճեան եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան:  Վկայականներ ստացան` Վարագ Ճերմակեան, Պաղտիկ Պաղտասարեան, Սէրլի Պաստաճեան, Հրակ Աւագեան, Լիլա Չուխատարեան, Ժան-Ժաք Յակոբեան, Հայկ Ճերթիճեան, Կարին Ճինպաշեան, Մեղրի Գասապեան, Սէրլի Ջուլհաճեան, Շուշի Գասապեան, Լոռի Մայիսեան, Աւօ-Ալեն Թորոսեան, Մարգրիտ Ղազարեան, Ճենիֆըր Գալենճեան, Երջան Ղազարեան, Աննա Սարգիսեան, Կարին Մինասեան, Սելա-Պերճուկ Պասմաճեան, Վրոյր Միրզայեան, Կարէն Թասլագեան, Արման Ղազարեան, Ներսէս Աւետիսեան, Յակոբ Թասլագեան, Էլեն Յակոբեան, Քրիսթինա Մանուկեան:

Նախորդը

Նահատակ Գրագէտներու Ծաղկաքաղ` Իտալերէն Լեզուով

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.