Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍԵՄԱՍ»-ի Յաջողութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մրցումին

June 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ «ՍԵՄԱՍ» (Սորպոն էճիւքէյշըն ֆոր մենթըլ արիթմեթիք սիսթըմ) հաստատութենէն Այնճարէն խումբ մը աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «ՍՄԱՐԹ»  հաստատութեան կազմակերպած մտային հաշուարկութեան երկրորդ տարեկան մրցումին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթութեան նախարարին Մարուան Համատէի:

Լիբանանի տարբեր շրջաններէ  աւելի քան 800 աշակերտներ կը մասնակցէին այս մրցումին, Այնճարի «ՍԵՄԱՍ» հաստատութիւնը ներկայացաւ 14 աշակերտներով` Քրիսթել Գազանճեան, Սարել Գարաքէշիշեան, Կարէն Պոյաճեան, Գաբրիէլ Հաւաթեան, Շանթ Քենտիրճեան, Լիւսի Հերկելեան, Կարէն Հերկելեան, Գառին Քենտիրճեան, Ժիւլի Փամպուքեան, Սելին Ապրումեան, Ալիսա Չափարեան, Լալէ Զէյթլեան, Մոսիկ Հերկելեան եւ Արթիւր Հեքիմեան:

Մրցումը ընթացք առաւ նախ 6 վայրկեան (ABACUS)-ի մասով, ապա` 2 վայրկեան մտային հաշիւի մասով: Մրցումին յաջորդեց մասնակցողներու վկայականի տուչութիւնը. կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական բաժինը, որուն ներկայ էին Լիբանանի կրթութեան նախարարի խորհրդատու Անուար Տաու, հռչակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Տորետ Լահհամ, դպրոցներու տնօրէններ, ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն: Լիբանանի քայլերգը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք խօսք առաւ «ՍՄԱՐԹ»-ի տնօրէն Թարեք Հարմուշ, որ ողջունելէ ետք օրուան հովանաւորը, յատուկ ձեւով ողջունեց Լիբանանի մէջ «ԿԱՃՍՄԱ»-ի (GAJSMA-Կլոպըլ ասոշիէյշըն աֆ ճեփընիզ Սորպոն էնտ մենթըլ արիթմեթիք) տնօրէն Պօղոս Քենտիրճեանը, ինչպէս նաեւ իր խօսքին աւարտին հրաւիրեց զայն, որ իր խօսքը արտասանէ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ բաժակներու տուչութիւն. բոլոր աշակերտները ստացան ոսկեայ մետալներ` բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած ըլլալու պատճառով, ինչպէս նաեւ բաժակներ ստացան իւրաքանչիւր խմբակի բարձրագոյն նիշ հաւաքողները:

«ՍԵՄԱՍ» Այնճար մասնաճիւղէն հետեւեալ աշակերտները ստացան բաժակներ բարձր գնահատանքով` Սելին Ապրումեան (սուփըր ախոյեան),  Ալիսա Չափարեան (առաջին),  Արթիւր Հեքիմեան (երկրորդ), Քրիսթել Գազանճեան (երրորդ), Գաբրիէլ Հաւաթեան (չորրորդ): Նշենք,  որ տուեալ կարգը ընտրուած է իրենց ընդհանուրի հաւաքած նիշերու կարգով:

Աշակերտները վերադարձան Այնճար` հինգ բաժակ եւ 14 ոսկեայ մետալներով, մեծ հպարտութեամբ, անսահման ուրախութեամբ եւ մեծ պատիւ բերելով Այնճարին ու հայութեան:

Նշենք, որ «ՍԵՄԱՍ» հաստատութիւնը միակ հայկական կեդրոնն է Լիբանանի մէջ, ուր համաշխարհային չափանիշներով կը դասաւանդուի մտային հաշիւ` ուղեղի զարգացման համար:

 

Նախորդը

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

Յաջորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 115 Հազար Ամերիկեան Տոլար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.