Յօդուածներ

Տեսակէտ. Մտամարզա՞նք, Թէ՞ Կենցաղակերպ (Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համահայկական Համաժողով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հաւանաբար պիտի չգրուէին ստորեւ ներկայացուած տողերը, եթէ երբեք աչք ծակող երեւոյթներ, անհաճոյ կացութիւններ եւ յամեցող մտահոգութիւններ տակաւ նուազէին, եւ մենք ազգովին գտնուէինք բաղձալի իրավիճակներու, պատուաբեր նուաճումներու եւ ազգային իրաւ զարթօնքի մը դէմ յանդիման: Զարթօնք, որ պիտի ընդգրկէ հայութեան (սփիւռք-հայրենիք) կեանքը օղակող բոլոր բնագաւառներն ու ամենայետին մանրամասնութիւնները: Խօսքը, անշուշտ, չի վերաբերիր հայրենի հողին ու ջուրին, ժողովուրդին ու մշակոյթին, գիր...

Սերժ Մուրատեան Կ՛ըմբոստանայ Հայկական Սփիւռքին Դէմ

Սերժ Մուրատեան Կ՛ըմբոստանայ Հայկական Սփիւռքին Դէմ

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ա. Բ. Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Սերժ Մուրատեանի հետ մեր ունեցած զրոյցին արտագրումը համակարգիչիս մէջ կը սպասէր յօդուածի վերածուելու: Հարցազրոյցներու արտագրութիւնն ու յօդուածի վերածուիլը մեքենաբար տեղի կ'ունենան, քանի որ հոն գոյութիւն ունին երկու կողմ` հարցում եւ պատասխան, իսկ անոր բովանդակութիւնը յստակօրէն ունի սկիզբ եւ աւարտ: ԲԱՅՑ այս անգամ, մանաւա՛նդ այս անգամ, Սերժ Մուրատեանին հետ հանդիպումը անկարելի...

Խօսուն Նկարներ

Խօսուն Նկարներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «ՊԻԿՓԻՔՉԸՐ» կայքը հրապարակած է Մուսուլէն փախած իրաքցիներու դիմանկարներ եւ Կազայի պաղեստինցի երեխաներու լուսանկարներ: Շուրջ երեք տարի Մուսուլի բնակիչները ապրած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական հրոսակախումբին սարսափը, իսկ Կազայի պաղեստինցիները տասնամեակներէ ի վեր կը տառապին ու կը տանջուին իսրայելեան անմարդկային վայրագութիւններէ` միշտ ալ անզէն պայքարելով այդ պետութեան զինեալ ուժերուն դէմ: Մուսուլ «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին չորս անգամ արժանացած Քարոլ Քուզի ...

Ռուս-Արեւմտեան Մրցակցութեան Նոր Սրացումներ

Ռուս-Արեւմտեան Մրցակցութեան Նոր Սրացումներ

ՌՈՒԶԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆ Օգոստոսի սկզբներին Միացեալ Նահանգների նախագահ Տոնալտ Թրամփը վաւերացրեց Քոնկրեսի կողմից ներկայացուած` Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ), Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նկատմամբ գործող պատժամիջոցների փաթեթը ընդլայնող օրինագիծ: Վերջինիս մէջ զգալի տեղ է յատկացուած ՌԴ-ի նկատմամբ կիրառուող նոր տնտեսական սահմանափակումներին: Ամերիկեան կողմը դա մեկնաբանել է որպէս պատասխան 2016-ին Միացեալ Նահանգներում անցկացուած նախագահական ընտրութիւններին ռուսաստանեան յատուկ ծառայութիւնների միջամտութեանը: Դրանից զատ` առկայ...

Եունեսքոն Կարելի Կը Նկատէ Հալէպի Հին Քաղաքին Վերականգնումը

Եունեսքոն Կարելի Կը Նկատէ Հալէպի Հին Քաղաքին Վերականգնումը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայն, Հալէպի հին քաղաքը, որ աւերուած է ՏԱՀԵՇ-ին հետ արիւնալի տագնապին ընթացքին, կարելի է վերականգնել: «Մեր գաղափարն է` վերականգնել հին քաղաքը նոյնինքն այն տեսքով ու քարով, որոնցմով գոյութիւն ունէր անիկա մինչեւ պատերազմը», նշած է Հալէպի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչ Մազեն Սամման` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, նախորդ վերականգման ընթացքին պահպանուած էին Հին քաղաքի միջնադարեան մզկիթներու, շուկաներու,...

«Ժամանակի Ստուերները». Յետահայեաց Ցուցադրութեամբ Ներկայացուեցաւ Գագիկ Յարութիւնեանի Լուսանկարչական Արուեստը

«Ժամանակի Ստուերները». Յետահայեաց Ցուցադրութեամբ Ներկայացուեցաւ Գագիկ Յարութիւնեանի Լուսանկարչական Արուեստը

Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ 25 օգոստոսին բացումը կատարուած է խորհրդահայ յայտնի լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի առաջին յետահայեաց ցուցաահանդէսին, որուն խորագիրն է «ժամանակի ստուէրները»: «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» կազմակերպութեան եւ «Լուսադարան» հայ լուսանկարչութեան հիմնադրամին կողմէ ներկայացուած ամփոփ ընդգրկուն ցուցահանդէսը լոյս սփռած է 20-րդ դարու աւարտի խորհրդային լուսանկարչութեան անտեսուած ժառանգութեան վրայ եւ ներկայացուցած է Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարչական արուեստը 1970-1995 թուականներուն: Ցուցահանդէսը համադրողը Վիգէն Գալստեանն է,...

14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915. ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին փրկա­րար ու­ղին

14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915. ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին փրկա­րար ու­ղին

102 տա­րի ա­ռաջ այս օ­րե­րուն, 12-14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915ին, ա­ւե­լի քան 4 հա­զար հայ մար­դիկ` մա­նուկ եւ ա­լե­հեր, կին թէ տղա­մարդ, ի­րենց զէն­քե­րով եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րով, ա­պաս­տան գտան ֆրան­սա­կան 5 մար­տա­նա­ւե­րու վրայ եւ հե­ռա­ցան ի­րենց հայ­րե­նի դա­րա­ւոր ոս­տա­նէն` ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն։ Ա­նոնք հայ­րե­նի­քը կա­մո­վին լքող­ներ չէին։ Ընդ­հա­կա­ռա՛կն. պա­պե­նա­կան հո­ղին կառ­չած հա­յեր էին, ո­րոնք ամ­բողջ 40 օր ան­հա­ւա­սար կռիւ մղե­ցին օս­մա­նեան զօր­քին...

Հանգիստ Խղճով Կարող Էք  Քաղաքականացնել

Հանգիստ Խղճով Կարող Էք Քաղաքականացնել

Կ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Հայաստան ապաքաղաքական երկիր է, ու ոչինչ, որ, օրինակ, դիւանագէտները փորձում են անել ամէն ինչ` արտաքին քաղաքականութեան հարցում յստակ քաղաքականութիւն ունենալու համար: Հայաստանում ոչինչ քաղաքականացնել չի կարելի, անգամ` քաղաքականութիւնը: Պարզւում է` քաղաքականութիւնն ամօթ բան է, անթոյլատրելի, փակման արժանի երեւոյթ, ուղղակի մէկ բան է անհասկանալի` մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը նախարար նշանակուելուց յետոյ ինչո՞ւ դարձաւ ՀՀԿ-ական: Նախարարը, կարծես, քաղաքականութիւնից էր խօսում...

Անդրադարձ.  Վտանգն Ու Անոր Կանխարգիլման  Առաջին Քայլը

Անդրադարձ. Վտանգն Ու Անոր Կանխարգիլման Առաջին Քայլը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միանմարի բանակը Ռախին նահանգին մէջ ռոհինկիա իսլամ ըմբոստներու 25 օգոստոսին կատարած յարձակումներուն հակադարձեց շղթայազերծելով բռնարարքներու բուռն արշաւ մը, որուն պատճառով 370 հազար ռոհինկիաներ ապաստանեցան Պանկլատեշ: Միանմարի բանակը ականապատեց Միանմար-Պանկլատեշ սահմանը` արգելակելու համար իսլամ ռոհինկիաներուն վերադարձը: ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատար Զէյիտ Ռաատ Հիւսէյն կատարուածը նկատեց «ցեղային մաքրագործման» համազօր: Միանմարի բանակի այդ արարքը ո՛չ միայն քստմնելի էր, այլ նաեւ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Գաղափարական Հարցեր. 44 Տարուան Վէրքը Դարձեալ Բորբոքեցաւ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ        11 սեպտեմբեր 1973-ը սեւ օր մըն է ընդհանրապէս միջազգային ընկերվարական շարժումին եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի ձախ հոսանքին համար` զօրավար Փինոշէի կողմէ Չիլիի ընկերվարական նախագահ Սալվատոր Ալենտէի կառավարութեան  տապալումին պատճառով: Չիլիցի բժիշկ եւ ընկերվարական քաղաքական գործիչ Սալվատոր Ալենտէ ծնած է 26 յուլիս 1908-ին, յառաջդիմական քաղաքական դիմագիծ ունեցող ընտանիքի մը մէջ: 1933-ին կ՛աւարտէ Չիլիի համալսարանը` բժշկութեան մասնագիտութեամբ: 1933 թուականը Ալենտէի...

Լիբանանեան Ընտրական Օրինագիծերը Եւ Որդեգրուած Օրէնքը

Լիբանանեան Ընտրական Օրինագիծերը Եւ Որդեգրուած Օրէնքը

Յ. ԱԴԱՄԵԱՆ Նախքան այս տարի Լիբանանի կառավարութեան առաջարկած եւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ընտրական օրէնքին մասին խօսիլը` անհրաժեշտ է լիբանանահայ երիտասարդին ծանօթացնել տարբեր ընտրական օրէնքներու, որոնք յաճախ առաջարկուած են լիբանանեան կեանքին մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդին համար կարեւոր պէտք է ըլլայ հասկնալ բոլոր ընտրական օրէնքները եւ ծանօթանալ անոնց, որպէսզի ան իր քննական եւ վերլուծական միտքին շնորհիւ` կարենայ գիտնալ, թէ ո՛ր օրէնքը կը ծառայէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ի Պատիւ Պաշտօնական Ընդունելութիւն 6 սեպտեմբերին յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան  պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Եկեղեցւոյ մուտքին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու յատուկ պատուոյ արարողակարգով, Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ թեմի կրօնական դասը ընդունեցին առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն կ’ընկերակցէր Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը: Աղուհացի օրհնութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով մուտք գործեց Աթէնքի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Մարմնի Ջրանուազում Dehydration

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Խօսելէ առաջ մարմնի ջրանուազումի մասին` կ՛ուզեմ որոշ տեղեկութիւններ տալ ընթերցողներուն ջուրի կարեւորութեան եւ դերակատարութեան` մարմնի առողջութեան պահպանման մէջ: Մեր մարմնին 72-75 %-ը կազմուած է ջուրէ, որ կը գրաւէ մարմնին ներբջիջային (intracellular) եւ արտաբջիջային (extracellular) տարածքները: Ներբջիջային ջուրի քանակը արտաբջիջայինին կրկինն է: Արտաբջիջային ջուրին մեծ մասը կը գտնուի անօթներու (vessels) մէջ, իսկ մնացեալը` անօթներէ դուրս եւ կը շրջապատէ...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Անկեղծ պատրաստակամութեամբ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արդէն լայնօրէն ծանուցուած է, որ յառաջիկայ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուի «Համազգային Խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու վաղուց շրջանառուող գաղափարը, որ այս կէտին վրայ նաև կը վայելէ պետական բարձրաստիճան հովանաւորութիւն ՀՀ Նախագահի ուղիղ և անձնական միջամտութեամբ։ Թէ ի վերջոյ ի՞նչ ձևաւորում կ՚ըստանայ Խորհուրդի այս նախագիծը և ի՞նչ չափով ան կը հանդիսանայ հարցերու հանգուցալուծման բևեռ մեր հաւաքական կեանքին մէջ՝...

13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922. ­Քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով՝ թուր­քե­րը հրկի­զե­ցին եւ կոր­ծա­նե­ցին չքնաղ Զ­միւռ­նիան

13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922. ­Քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով՝ թուր­քե­րը հրկի­զե­ցին եւ կոր­ծա­նե­ցին չքնաղ Զ­միւռ­նիան

Սեպ­տեմ­բեր 13ի այս օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու բար­բա­րո­սա­կան մե­ծա­գոյն ո­ճիր­նե­րէն մէ­կը։ Հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող յու­նա­կան Զ­միւռ­նիա չքնաղ քա­ղա­քը հրկի­զո­ւե­ցաւ եւ հիմ­նա­յա­տակ կոր­ծա­նե­ցաւ քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով մո­լեգ­նած թուր­քե­րու ձե­ռամբ։ Պատ­մու­թիւ­նը փաս­տագ­րած է, որ 1922ի ­Սեպ­տեմ­բեր 9ին, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու նա­ւա­տոր­մին ան­տար­բեր եւ ձեռ­նա­ծալ հա­յեաց­քին տակ, քե­մա­լա­կան զօր­քը` Նու­րէտ­տին փա­շա­յի մը հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ե­րեք քա­ռոր­դով յու­նաբ­նակ եւ հա­յաբ­նակ...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

11 Սեպտեմբեր 2001-ին Սանձակոտոր Մոլեգնեցաւ Միջազգային Ահաբեկչութեան Եւ Հակաահաբեկչութեան Խելայեղ Ոլորապտոյտը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Դարձեալ 11 սեպտեմբեր է, եւ ողջ մարդկութեան հետ հայութիւնը եւս զարհուրանքով կը յիշէ 16 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ գործուած մոլեգին ահաբեկչութեան ահաւոր ողբերգութիւնը: 2001 թուականի սեպտեմբեր 11-ի այս օրը աննախընթաց բնոյթի յարձակում մը գործուեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ: Ոչ միայն անմոռանալիօրէն ցնցիչ եղան ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը, վայրկեանը վայրկեանին արարաշխարհին փոխանցուող լուսանկարներն...

Ռ. Հատտէճեան – 90.  Առաստաղէն Դէպի Առաստաղին Միւս Կողմը

Յուշատետր. Մեզմէ Վերջ, Մեզմէ Առաջ (Ա.)

Ռ. Հ. Նշանաւոր խօսք է: «Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ»: Այս խօսքը միայն մեզի չի պատկանիր: Բոլոր ժողովուրդներուն կը պատկանի: Որքա՜ն յաճախակի կերպով լսած եմ նաեւ այս նախադասութեան թրքերէնը, մանաւանդ` ֆրանսերէնը: Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ: Հոգս չէ: Կը բաւէ, որ հիմա չըլլայ, իմ օրերուս` չըլլայ: Ինձմէ վերջ ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ըլլայ: Իբր թէ շատ իմաստուն խօսք մըն է այս, որ սակայն հարիւր տոկոս...

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի.  Արժանահաւատութեան Ուղին

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Խաղաղութեան Հեռանկարը Կը Մնայ Մութ (Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Ժ. Չ. 26 տարի անց Արցախի անկախութեան ձեռքբերումը դեռ կը մնայ արիւնալի, իսկ միջազգային ճանաչումը` հորիզոնին վրայ անտեսանելի: Սակայն Արցախի ժողովուրդին համար յստակ է, որ անկախութեան հռչակումէն ետք ազրպէյճանական գերիշխանութեան վերադարձը այլեւս անկարելի է, որքան ալ Ազրպէյճան պնդէ, որ զէնքով պիտի վերագրաւէ ղարաբաղեան բարձրաւանդակը, որքան ալ միջազգային հաւաքականութիւնը խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ անոր համար նախատեսէ միջանկեալ կարգավիճակ մը: Քաղաքական եւ...

Խաչվերացը Ղարաբաղի (Նուէր` Ղարաբաղի Հերոսներուն)

Խաչվերացը Ղարաբաղի (Նուէր` Ղարաբաղի Հերոսներուն)

ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆ Խաչ-Մասունքը ազատագրող` Խաչվերացի օրն է այսօր Սասնայ Ծոռեր Ղարաբաղի հող-մասունքը տուն կը տանին Ու Շուշիի ծառերն ամէն կարծես մեն մի սպարապետ Կ՛աղաղակեն հովի ձայնով «Ղարաբաղը մերն է յաւետ»: Արձագանգներ կու գան հեռուի դարախօսիկ քար ու քարէն... Արձագանգներ շարականի մելիքներու մատուռներէն, Ու վերեւէն ազատն Աստուած կարծես հիմա ծիծառ դարձած` Տուն կը կանչէ, տուն դէպի տուն` կռունկներուն հեռագնաց... Գոյն կը...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 24 oգոստոս 2017-ի ՀՀ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Համաձայն հողային հաշուեկշռի տուեալների, հանրապետութեան ոռոգելի հողատարածքները կազմում են շուրջ 208 հազար հեկտար, սակայն վերջին տարիներին փաստացի ոռոգուող հողատարածքները տատանւում են 90-130 հազար հեկտարի սահմաններում: Կատարուած վերլուծութիւններից հետեւում է, որ ոռոգուող եւ ոռոգելի հողատարածքների այդպիսի տարբերութիւնը յատկապէս պայմանաւորուած է հողային եւ ջրային ռեսուրսների (միջոցներու),...

Page 777 of 1110 1 … 776 777 778 … 1,110

Արխիւներ