Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դարձեալ 11 սեպտեմբեր է, եւ ողջ մարդկութեան հետ հայութիւնը եւս զարհուրանքով կը յիշէ 16 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ գործուած մոլեգին ահաբեկչութեան ահաւոր ողբերգութիւնը:
2001 թուականի սեպտեմբեր 11-ի այս օրը աննախընթաց բնոյթի յարձակում մը գործուեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ:
Ոչ միայն անմոռանալիօրէն ցնցիչ եղան ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը, վայրկեանը վայրկեանին արարաշխարհին փոխանցուող լուսանկարներն ու տեսաժապաւէնները, այլեւ` անոնց պատեհ թէ անպատեհ առիթներով շարունակական յիշեցումները, փաստօրէն, մնայուն մղձաւանջը դարձան ողջ մարդկութեան` երկրագունդի բոլոր ծագերուն:
Ժամանակակից մարդկութեան յիշողութեան պաստառին աջնջելիօրէն քանդակուած կը մնան պատկերները`
– Դրամատիրական աշխարհի ելեւմտական հզօրութիւնը խորհրդանշող զոյգ աշտարակներուն մէջ բառացիօրէն մխրճուող օդանաւերուն,
– Երկնակամարը քերող շէնքերու բարձունքին բռնկած հրդեհներուն եւ ամբողջ հորիզոնին վրայ տարածուած ծխածածկոյթին,
– Խաւաքարտէ տուփերու պէս փլուզուող շէնքերուն եւ օգնութեան փութացող հրշէջներուն եւ փողոցի խուճապահար մարդոց շրթներուն եւ դէմքերուն յայտնուած զարհուրանքի արտայայտութիւններուն…
Նոյնպէս` սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութեան խլած հազարաւոր զոհերուն եւ գործած քանդումին ու հասցուցած նիւթական մեծ կորուստին վերաբերեալ տեղեկութիւնները, իրենց կարգին` ցնցիչ, անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան մարդոց յիշողութեան մէջ:
Բայց 11 սեպտեմբեր 2001-էն 16 տարի ետք, երբ կը վերյիշենք այդ բոլորը, արդէն միայն 11 սեպտեմբերի ողբերգութեամբ չեն սահմանափակուիր մեր մտածումներն ու ապրումները:
11 սեպտեմբերի խլած զոհերուն ու պատճառած կորուստներուն համար ցաւելու եւ կատարուած յանցագործութիւնը դատապարտելու համընդհանուր տրամադրութեան վրայ գումարուելու կու գայ ահաւորութիւնը այն հակահարուածին, որ օրին Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին շղթայազերծած հակաահաբեկչական արշաւով հասցուեցաւ թէ՛ նոյնինքն ամերիկացիներուն, թէ՛ ամբողջ աշխարհին:
Իբրեւ այդպիսին, սեպտեմբեր 11-ը պատշաճ պահն է ընդգծելու եւ դատապարտելու միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակաահաբեկչութեան շարունակուող ալիքին եւ անոր մոլեգին ծայրայեղութիւններուն մասին:
Այսօր պահն է, մանաւա՛նդ, ոգեկոչելու զոհերն ու կորուստները ոչ միայն 2001-ի նիւեորքեան ողբերգութեան, այլեւ այնուհետեւ, մինչեւ մեր այս օրերը, ամէն քայլափոխի կրկնուած նորօրինակ ահաբեկչութեանց, որոնց պատճառած ցաւն ու զարհուրանքը անդարմանելիօրէն խոր են եւ ցնցիչ:
Բայց նաեւ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ողբերգութենէն, ներկային եւ ապագային հաշուոյն, անհրաժեշտ դասերը քաղելու պահն է այսօր, որպէսզի 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակն ալ երեք տարիէն աւարտող ողջ մարդկութիւնը կարենայ քաղաքակիրթ միջոցներով լուծել իր կեանքն ու համերաշխ զարգացումը խանգարող բոլոր դժուարութիւններն ու հակադրութիւնները, ըլլան անոնք հասարակական, կրօնական, ազգային թէ աշխահաքաղաքական:
Այդ առումով, ոսկի առիթ մը կորսնցուց ողջ մարդկութիւնը, երբ 11 սեպտեմբեր 2001-ի յանցագործութիւնը միահամուռ դատապարտանքի արժանացնելէ ետք չկրցաւ իր միասնականութիւնը տարածել չարիքը դիմագրաւելու ճակատին վրայ եւս:
Ահաբեկչութեան հակաահաբեկչութեամբ պատասխանելու ամերիկեան կամակորութիւնը փաստօրէն լուսանցքային դերակատարութեան մղեց չարիքը իր արմատէն դիմագրաւելու եւ բուժելու միջազգային ողջմտութիւնը:
Մ. Նահանգներու վարչակազմը աշխարհը ուզեց բաժնել ահաբեկիչներու եւ հակաահաբեկիչներու ու, փաստօրէն, պարտադրեց իր կամքը անխտիր բոլորին` պայթունավտանգ պատերազմի հրդեհներ վառելով աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ:
Մոլեռանդ եւ անհակակշռելի ահաբեկչութեան Չարիքը արմատախիլ ընելու ողջմիտ ճամբան չ’անցնիր ամէնուր թշնամիներ փնտռելու ծայրայեղականութենէն: Ամէն կարգի` կրօնամոլական թէ գաղափարամոլական, ազգայնամոլական թէ ցեղապաշտական արմատականութեան չարիքին դէմ պայքարը, յատկապէս 21-րդ դարուն, կը պահանջէ ամէն կարգի անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթական հ-մընդհանուր գործակցութեամբ, մերձեցման առաջնորդելու եւ հարթելու ողջմտութիւնը` բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ մարդկայնակա՛ն իմաստով:
Բայց 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. միջազգային «օրինականութիւն» ստացաւ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը, որ փաստօրէն պատճառ դարձաւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռացնելու երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն: Այդպէ՛ս, 11 սեպտեմբեր 2001-ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ չէ գտած միջազգային մոլեռանդ ահաբեկչութեան եւ հակաահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը:
Այսօրուան երկրագունդը, յատկապէս` Մերձաւոր Արեւելքն ու արաբական աշխարհը, ամէնօրեայ յաճախանքը կ՛ապրին մոլեռանդ ահաբեկչութեան արիւնալի, այլեւ կատաղած ուրուականին:
Քաղաքակիրթ աշխարհի ինքնակոչ «ոստիկան»-ը դարձած Սպիտակ տունը, անկախաբար Մ. Նահանգներու պետական ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի բնոյթէն, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ ըստ կամս հրդեհներ վառել աշխարհի չորս ծագերուն, յատկապէս` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կեդրոնացած է ինչպէս մահմետական աշխարհի արմատական ու ծայրայեղական ուժերուն ծանրութեան կեդրոնը, այնպէս ալ` համաշխարհային տնտեսութեան քարիւղի պաշարներուն առիւծի բաժինը…
11 սեպտեմբեր 2001-էն սկսեալ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կ’ապրի խորագոյն եւ ահաւոր անձկութիւնը նոր աշխարհամարտի մը անխուսափելիութեան:
Ահաւորը այն է, որ նոյնինքն ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը փութայ զէնք ու նիւթական կռուաններ տրամադրելու կրօնամոլ արմատականութեան դիրքերէ` իբր թէ «գարուն»-ներ խոստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու: Արդէն անարդարանալիօրէն սերտաճման մէջ են մէկ կողմէ մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ հոս ու հոն սունկի պէս բուսնող ահաբեկչութեան բոյները, իսկ միւս կողմէ պետական ահաբեկչութեան վտանգը նորանոր ծայրայեղութեանց առաջնորդող երկիրներն ու կառավարութիւնները:
Ահաւոր հակասութիւն մըն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հակաահաբեկչական միջազգային գրոհի յառաջապահ դիրքերուն յայտնուած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օրինակով պետութիւններ, որոնց հետեւողականօրէն գործած ցեղասպանական ոճիրներն ու ազգային հողի վրայ «մաքրազտման» յանցագործութիւնները դեռ չեն արժանացած համապատասխան գնահատականի, չեն ստացած միջազգային անհրաժեշտ պատասխանն ու իրաւական արդար պատիժը:
11 սեպտեմբեր 2001-ի ողբերգութեան տարելիցը ողջ մարդկութեան հետ ոգեկոչելով` պահանջատէր հայութիւնը նաեւ այսօրուան եւ վաղուան հաշուոյն կ’ապրի մղձաւանջը այս աստիճան դառն ու տխուր յիշողութիւններու եւ դաժան ու զարհուրելի ապրումներու:
Ի վերջոյ, մոլեռանդ ահաբեկչութեան կիզակէտին ու անհակակշռելի բոցերուն մէջ յայտնուած են Հայաստան Աշխարհն պարփակող Փոքր Ասիան, այլեւ ու մանաւանդ` հայկական սփիւռքի բաբախուն սիրտը նկատուող Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախներուն վերջին բեկորները: