Վաւերագրական Նոր Ժապաւէնը 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Կը Կապէ Ազրպէյճանցիներու Ձեռամբ Հայերու Վերջին Սպանութիւններուն Հետ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական նոր ժապաւէնը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, բազմաթիւ սրահներու մէջ, նաեւ, «ըստ պահանջի», հասանելի պիտի դառնայ 7 հոկտեմբեր 2017-էն սկսեալ: Ի տարբերութիւն այս նիւթով պատրաստուած միւս ժապաւէններուն` այս մէկը աւելի յարմար է մերօրեայ օտար հանդիսատեսներուն համար: Վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը կրէ «Ցեղասպանութեան ճարտարապետները» խորագիրը եւ «Ժխտուող ցեղասպանութիւնը շարունակուող...




















