Բարե՛ւ, Սիրելի՛ Վարժարան
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այս օրերուն դպրոցական եւ կամ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն է: Մէկ խօսքով` վերամուտ, որուն հարազատ արդիւնք, քանի մը ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէ մը ետք, հազարաւոր աշակերտներու դիմաց միօրեայ եւ ամէնօրեայ բոլոր վարժարանները իրենց դռները կը վերաբանան: Այս մէկը արդէն ինքնին կը պարզէ, ըլլանք աշակերտ, ուսանող կամ ծնողք, որ մեր դէմ նոր հոգերով լի ժամանակաշրջան մըն է, որ...



















