Յօդուածներ

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Կոմիտաս Վարդապետ (Սողոմոն Սողոմոնեան, (18691935). Հայ Հոգիին` Ազգային Մեր Ճանապարհին Հանճարեղ Երգիչը

Ն. Պ. Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ ծննդեան 148-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատին` Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ` աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս վարդապետին: Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրն ու յառաջապահը ոչ միայն սեփական երգ տուաւ հայուն, այլեւ իր անձին օրինակով, բարձրարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով ու խելագարման եղերական վախճանով...

Ակնարկ.  Հանրաքուէն Դեռ Անկախութիւն Չէ

Ակնարկ. Հանրաքուէն Դեռ Անկախութիւն Չէ

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէն ակնկալուած կարգով կը նկատուի տարածաշրջանային կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը, որ ստացած էր արդէն աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Տարածաշրջանին մէջ, անկախ ժողովրդագրական պատկերներու կտրուկ եւ յարափոփոխ միտումներէն, ըստ էութեան աշխարհագրական առաջին քարտէսավերագծումի մեկնարկին նախադրեալներն են, որ կը փոխանցուին: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէն իրաւական անկախութիւն է կամ ճանչցուած հանրապետութեան կայացում: Հանրաքուէն այդ ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլն է,...

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

Ստի Լռութիւնը. Իլհամ Ալիեւը Ջանում Է Սեպ Խրել Հայ Ժողովրդի Եւ Իսլամական Աշխարհի Միջեւ

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Օրերս Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայում անցաւ գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հարցերով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան առաջին գագաթնաժողովը: Առաջին հայեացքից գագաթնաժողովի խորագիրն իսկ թելադրում է այդ ֆորումի (ժողովի-Խմբ.) նեղ մասնագիտացուած լինելը եւ ենթադրում զուտ գիտատեխնոլոգիական բնոյթի հարցերի քննարկում: Հնարաւոր է, հէնց այդպէս էլ կը լիներ, եթէ գագաթնաժողովն իր ներկայութեամբ չպատուէր Ադրբեջանի նախագահ Ալիեւին: Հաւանաբար, գործիչն այս կը դաւաճանէր ինքն իրեն, եթէ անգամ...

Սեւան Նշանեան Լուսարձակի Տակ Առաւ Թուրքիան Եւ Թուրքիաբնակ Հայութիւնը Տագնապեցնող Վէրքերը

Սեւան Նշանեան Լուսարձակի Տակ Առաւ Թուրքիան Եւ Թուրքիաբնակ Հայութիւնը Տագնապեցնող Վէրքերը

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԱՍՈՒԼԻՍ-ԶՐՈՅՑ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ԱԹԷՆՔ.- Յունարէնով հրատարակուող «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը նախաձեռնեց հրապարակային ասուլիս-զրոյցի մը՝ վերջերս Յունաստան ապաստանած Թուրքիոյ հայ քաղաքական բանտարկեալ Սեւան Նշանեանի հետ: Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Քարէայի «Ազատամարտ» ակումբը լեցուցած էին Աթէնքի տարբեր շրջաններէ եկած տարեց թէ երիտասարդ հայեր, նաեւ որոշ թիւով յոյներ: «Բոլորը մէկտեղած էր հետաքրքրութիւնը՝ մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու վերջին ամիսներուն մամուլի...

Կոմիտասի Մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի Յուշերը

Կոմիտասի Մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի Յուշերը

ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ Առաջի անգամ Հալիտէ Էտիպի մասին լսեցի, երբ Թուրքիա իմ ճամբորդութեան կիտը (առաջնորդը-Խմբ.) լսելէ ետք, թէ ինչո՛ւ եկեր եմ Թուրքիա՝ ըսաւ. «Մեր պատմութեան մութ օրերը»։ Ան աւելցուց, որ ջարդերու մասին իմացեր է Հալիտէ Էտիպի գիրքէն: Որոշ ժամանակ անց, կարդացի Էտիպի եւ Կոմիտաս վարդապետի հանդիպման մասին յօդուած մը, զոր պահեցի: Երբ Կոմիտասի հոգեբանական վիճակի վերլուծումը կ՛ընէի, այդ յօդուածը կրկին կարդացի,...

Անդրադարձ.  Արշալո՞յս, Թէ՞ Վտանգ

Անդրադարձ. Արշալո՞յս, Թէ՞ Վտանգ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն, որուն մասնակիցները հրաւիրուած էին «Այո՛» կամ «Ո՛չ» պատասխանելու «Կ՛ուզէ՞ք, որ Քիւրտիստանի մարզը եւ մարզին վարչական տարածքէն դուրս եղող քրտական շրջանները անկախ պետութիւն դառնան» հարցումին: «Այո՛»-ի արձանագրելիք յաղթանակը աւելի քան պարզ է: Հանրաքուէի աւարտին քիւրտերը մարզի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ արդէն իսկ տօնեցին «Այո՛»-ի յաղթանակը: Սակայն այս տօնական մթնոլորտը...

Ժորժ Սարգիսեանին Նուիրուած  Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին.   Շեշտուեցաւ Ժորժ Սարգիսեանի Ջահը Բարձր  Պահելու Եւ Անոր Ուղիով Ընթանալու Կարեւորութիւնը

Ժորժ Սարգիսեանին Նուիրուած Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. Շեշտուեցաւ Ժորժ Սարգիսեանի Ջահը Բարձր Պահելու Եւ Անոր Ուղիով Ընթանալու Կարեւորութիւնը

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ Չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2017-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ  բեմադրիչ, դերուսոյց, թարգմանիչ եւ դերասան Ժորժ Սարգիսեանի ամբողջական արգասիքը հանդիսացող հատորներու շնորհահանդէսը: Նկատի ունենալով, որ այս տարի նաեւ վաստակաշատ բեմադրիչին մահուան 35-ամեակն է` «Վանայ ձայն» Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ, Կեդրոնական վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամ Մարտիկ Տեմիրճեանին, լիբանանահայ հանրածանօթ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Տարեդարձս Է (Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հիմնադրութեան 70-ամեակին Առիթով)

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 2017... Արդէն 70-տարեկան եմ, եւ տարեդարձս է: Շատեր պիտի հարցնեն, թէ ո՞վ եմ ես: Բացատրեմ: Ես Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանն եմ: Գիտեմ, որ կը ճանչնաք զիս: Բայց կ՛ուզեմ քիչ մը աւելի մօտենալ ձեզի: Ըսեմ, որ աշխարհացրիւ սաներս ու համակիրներս, հայահոծ գաղութներու մէջ,  այս տարի ծնունդս պիտի նշեն կամ արդէն սկսած են աւանդական այս գեղեցիկ սովորութեան: Հպարտօրէն նաեւ...

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ` 80 Մանուկներ Հաճելի Օր Մը Անցուցին

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ` 80 Մանուկներ Հաճելի Օր Մը Անցուցին

15 սեպտեմբերին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կառատունը հաւաքուած էին շրջանէն մօտաւորապէս 80 մանուկներ ու պատանիներ` 7-13 տարեկան, որոնք կը պատրաստուէին հաճելի օր մը անցընելու` մասնակցելով ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին նախաձեռնած պտոյտին: Արդարեւ, վերամուտի նախօրեակին «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կազմակերպած էր անվճար պտոյտ մը` շրջանի ընտանիքներու զաւակներուն համար, որպէսզի անոնք բարձր տրամադրութեամբ սկսին իրենց դպրոցական տարեշրջանին: Առ այդ, հսկողութեամբ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Տեղի Ունեցաւ Արաքս Մանսուրեանի Ստեղծագործական Գործունէութեան 50-ամեակին Նուիրուած Համերգ Սեպտեմբեր 18-ին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի շրջանակներուն մէջ, Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արաքս Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած համերգ: Համերգին ներկայ էին` Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, մշակոյթի նախարար Արմէն...

Հայրենի Կեանք

Գեղեցկուհի Կապի Կալոյեանին Մենահամերգը Yans Music Club-ին Մէջ

Գեղեցկուհի Կապի Կալոյանը YANS Music Club-ին մէջ հանդէս եկաւ յատուկ մենահամերգով, որուն ընթացքին ներկայացուց «Կլոպալ արց» ընկերութեան եւ «Լեւոն թրեւըլ» կազմակերպութեան հովանիին տակ իրագործուած «Հայաստան» նախագիծը: Արտադրիչ Կարպիս Թիթիզեանին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Հայաստան» ձայնասկաւառակը, տեսահոլովակը եւ մենահամերգը ձօն էր հայ ակունքային երգին եւ մշակոյթին, որ նաեւ Կապի Կալոյանի ստեղծագործական նոր ուղղիին սկիզբը կը դառնայ: Մենահամերգին հիւրընկալուած էին` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները,...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Երկրորդ Աշխարհամարտի Աւարտին` Քորէայի Բաժանումը Հիւսիսային Եւ Հարաւային Գօտիներու ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քորէայի մէջ հակաճափոնական համազգային ապստամբութեան ճնշումէն անմիջապէս ետք, Չինաստան տարագրուած քորէացիներ 13 ապրիլ 1919-ին Ռի Սինկմանի նախագահութեամբ  Շանկհայի մէջ Քորէայի հանրապետութեան առժամեայ կառավարութիւնը կազմեցին: Առժամեայ  կառավարութիւնը ինքզինք քորէացի ժողովուրդին միակ օրինաւոր ներկայացուցիչը հռչակեց: Առժամեայ կառավարութիւնը քորէացի տարագիրներու շրջանակներուն մէջ կամաւորներ հաւաքագրեց, մայր հայրենիքին մէջ գաղտնի բջիջներ կազմակերպեց եւ ազատագրական...

Անդրադարձ.  Անհեթեթ Խօսքեր, Անյարգալից Ու Անլուրջ Վերաբերմունք

Անդրադարձ. Անհեթեթ Խօսքեր, Անյարգալից Ու Անլուրջ Վերաբերմունք

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 20 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, անտեսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` ռազմական հռետորաբանութենէ խուսափելու մասին շարունակական յորդորները, սպառնաց 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն աւելի ցաւագին հարուած մը հասցնել հայկական կողմին, այդպիսով ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, յաչս բոլորին, ցուցադրեց իր ռազմատենչութիւնը եւ խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու, ուժի կիրարկումը կամ կիրարկման սպառնալիքը բացառելու միջազգային հիմնական սկզբունքներու մերժումը:...

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ Էջեր Լիբանանահայ Թատրոնի Պատմութենէն. Ժորժ Սարգիսեան Ժորժ Սարգիսեան` Նիկեֆոր կայսեր դերով Լիբանանահայ գաղութի թատերական սկզբնական շարժումի մասին ասկէ առաջ առիթով մը արտայայտուած ենք, սակայն հոս կ՛ուզենք կրկին յիշել, որ 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականներ ունեցած ենք թատերական նախնական ժամանակաշրջան մը: Կիլիկիոյ արտագաղթած հայ ժողովուրդի բեկորներէն մաս մը երբ եկաւ ու հաստատուեցաւ Լիբանանի ծովեզերեայ ափերը, անմիջապէս հիմը դրաւ հայ...

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

ԳԱԼՈՒՍՏ ՃԱՆՍԸԶԵԱՆ Ժորժ Սարգիսեանի Հետ Եւ Անոր Ուղիով Դերակատարներու խումբ մը Ճեմարանի բակին մէջ Ժորժ Սարգիսեանի մահուան 35-ամեակին առիթով շատ յիշատակներ կ'արթննան մեր թատերական կեանքի տարիներէն: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մաս կազմելս ինծի համար  նշանակեց  երջանիկ տարիներ` սիրելի վարպետիս` Ժորժ Սարգիսեանի ղեկավարութեան շրջանին: Իրեն համար ամէն մէկ թատերախումբի անդամ մէկ զաւակ էր: Փորձերու ատեն խիստ եւ շատ բծախնդիր էր. իսկ...

Փայտէ Հեքիաթին Յայտնութիւնը

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Երեանի ամէնէն կարճ փողոցը Լէոյին անունը կը կրէ: Ժամանակին այդ փողոցին վրայ կը գտնուէր  Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը: Լէոյի փողոցէն անցած են անուանի գեղանկարիչներ, քանդակագործներ, դերասաններ, երաժիշտներ, արուեստաբաններ... Այսօր այդ փողոցին հին ու գողտրիկ տուներէն մէկուն մեջ իր ընտանիքին հետ կը բնակի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան թատրոնի վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Սերգէյ Թովմասեանը: Բնակարանը իւրօրինակ ցուցասրահ մըն...

Խմբագրական.   Հայ Մարդուժի Գլխաւոր Արտադրամասը`  Դէպի Աղբիւրը Լոյսին

Խմբագրական. Հայ Մարդուժի Գլխաւոր Արտադրամասը` Դէպի Աղբիւրը Լոյսին

Լիբանանահայ բազմահազար աշակերտներ, հարիւրաւոր հայ ուսուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ  դէպի աղբիւրը լոյսին կ՛ուղղեն իրենց քայլերը 2017-2018 կրթական տարեշրջանին ընդառաջ սորվելու, բայց նաեւ սորվեցնելու, հմտանալու, բայց նաեւ այդ հմտութիւնները յայտնաբերելու, յաջողելու, բայց նաեւ յաջողութեան գաղտնիքները փոխանցելու, բայց մանաւանդ մարդկօրէն ու հայօրէն կազմաւորուելու եւ կազմաւորելու համար: Ամէնէն նուիրական առաքելութեան կը լծուին այս ոլորտի գործիչները եւ իրենց կենսագրութեան ամէնէն հիմնական փուլը կը թեւակոխեն մեր...

Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

Ողջո՛յն Հայ Դպրոցին Ու Բարի՛ Երթ Ազգ. Միացեալ Վարժարանին

Ահաւասիկ, մեր աշակերտութեան ստեղծած խանդավառ եռուզեռով, հայ դպրոցէն ներս դարձեալ սկիզբ կ՛առնէ կրթական նոր տարեշրջան մը, զոր սրտովին կ՛ողջունենք լուսաւոր իրագործումներու սպասումով: Այս առիթով նախ պարտք կը համարենք մեր երախտիքը յայտնելու հայեցի դաստիարակութեան սրբազան գործի բոլոր նուիրեալներուն, որոնք լիբանանահայ մեր կեանքէն ներս հայ դպրոցը առաջնորդեցին դէպի վերելք: Կրթական նոր տարեմուտին առիթով պարտք կը համարենք նաեւ յիշեցնելու մեր ժողովուրդին, որ առանց...

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցաբար, վերջերս լոյս տեսաւ տաղանդաւոր դերասան, վաստակաշատ բեմադրիչ ու դերուսոյց եւ բազմաթիւ թատրերգութիւններու թարգմանիչ Ժորժ Սարգիսեանի  թարգմանական ամբողջական արգասիքը` 4 հատորներ, որոնց մէջ տեղ տրուած են Ժորժ Սարգիսեանի կատարած թատրերգութիւններուն ու բեմականացուցած կտորներուն (26 թարգմանութիւն, հայ հեղինակներու գործերէ 12 բեմականացում):  Այս հատորներուն շնորհահանդէսն ու Ժորժ Սարգիսեանի...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքերը Կը Հերքեն Ցեղասպանութեան Մասին Բոլոր Ապացոյցները, Իսկ Ազրպէյճանցիները` Կաշառքի Հետ Առնչուածները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Հակառակ ներկայացուած բոլոր տեսակի ապացոյցներուն, աւելի քան դարէ մը ի վեր թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ հերքել Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու իր յանցանքը` մնայուն կերպով պնդելով, որ այդ բոլորը կեղծիք են: Նոյն ձեւով, եւ հակառակ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուած բոլոր ապացոյցներուն` կաշառատւութեան եւ փտածութեան գործունէութեան մէջ իր միլիառաւոր տոլարներու չարաշահման գծով, ազրպէյճանական կառավարութիւնը միշտ...

Page 773 of 1110 1 … 772 773 774 … 1,110

Արխիւներ