ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ
«Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` ահաբեկչութեան վերացում… Տէր Զօրի ազատագրումը ռազմավարական ձեռքբերում մըն է սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն համար… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ազատագրումը ահաբեկիչներէն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` հայ նահատակներուն մնացորդացին փրկութիւն… եւ եկեղեցւոյ վերականգնումն ու Տէր Զօր քաղաքի վերականգնումը»:
Վերջերս ուշադրութեան կեդրոն դարձած է Սուրիոյ արեւելեան շրջանը եւ յատկապէս` Տէր Զօրը: Բոլորը ուշադրութեամբ կը հետեւին Տէր Զօրի պաշարման խզումին եւ սուրիական բանակին յառաջխաղացքին` մուտք գործելու Տէր Զօր եւ տարածաշրջանէն ահաբեկչութեան վերացումի գործողութիւններուն:
Այս «բոլոր»-ին նաեւ մաս կը կազմեն Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր հայերը, ի մասնաւորի` սուրիահայերը:
Հաւանաբար շատեր հարց տան, թէ ինչո՛ւ, եւ թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի Տէր Զօրի ազատագրումը հայերուն համար:
Տէր Զօրը հանդիսացած է հաւաքական գերեզմանատուն այն բոլոր հայերուն, որոնք բռնի տեղահանուեցան իրենց երկրէն` դէպի սուրիական անապատը, Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ դէպի հարաւ ուղղուած հայերու կարաւանները կ’անցնէին Հալէպէն, Ռաս Ուլ Այնէն, Ռաքքայէն, ապա` Տէր Զօրէն, հրամանով թրքական կառավարութեան: Եփրատի շրջանի բնակիչները այս գործողութիւններուն «բռնագաղթ» (սաուկիաթ) անունը կու տային:
Այնուհետեւ հայերը մնացին Տէր Զօրի բնակչութեան պաշտպանութեան ներքոյ, մինչեւ որ անոնք կրցան ներգրաւուիլ Տէր Զօրի շրջանակներուն մէջ: Եփրատի շրջանի պատմաբանները իրենց արձանագրութիւններուն մէջ անդրադարձած են հայերու ներկայութեան Տէր Զօրի մէջ եւ` Հայոց ցեղասպանութեան: Հետազօտող Ահմետ Շուհան «Տէր Զօրի պատմութիւնը» իր գիրքին մէջ կը յիշէ պատմական իրողութիւններ` Տէր Զօրի շրջանէն, ապա կը նշէ, որ թուրքերը որդեգրեցին ճնշման եւ ահաբեկչական միջոցներ` թրքացնելու հայերն ու արաբները: Շուհան նաեւ բանակավարութեան հանդէպ Տէր Զօրի ժողովուրդին վերաբերմունքին մասին կը նշէ. «Անհնար է գրիչով նկարագրել բռնագաղթը: Տէր-զօրցիները կը կարեկցէին հայերուն` տղամարդիկ, կիներ եւ փոքրեր. տարածաշրջանի ազնիւ եւ առատաձեռն ժողովուրդը կ’աջակցէր հայերուն, հակառակ անոր որ իրենք կը տառապէին Եփրատի հովիտը հարուածող սովէն, միեւնոյն ժամանակ կը փախցնէին հայ զինուորներ եւ ապաստան տալով անոնց` կը փրկէին ստոյգ մահէ»:
Հայկական հանրագիտարանին մէջ Տէր Զօրը կը յիշուի` որպէս «սուրիական անապատ` Եփրատի ափին, ուր 200 հազար հայ ոչնչացուեցաւ, որոնք բռնի գաղթի ենթարկուեցան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն` թրքական կառավարութեան հրամանով: Արաբները մեծապէս օգնեցին գաղթական հայերուն` Հալէպի շրջանին մէջ եւ Տէր Զօրի ճամբուն վրայ, ձախողեցնելով արաբներու ձեռամբ հայերը ոչնչացնելու թրքական իշխանութիւններուն ծրագիրը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հայ մանուկներ ապաստանեցան արաբներու մօտ, Տէր Զօրի մէջ»:
Հետեւաբար պատմական առումով Տէր Զօր քաղաքը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, յատկապէս` սուրիահայերուն համար, նաեւ բարոյական խորհրդանշան` սուրիական քաղաքներուն միջեւ, նկատի առած, որ ան հայկական կարաւաններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացած էր բռնի տեղահանութեան ճանապարհին եւ բեմահարթակ` թուրք ժանտարմաներու ձեռամբ կատարուած սպանութիւններուն. այդ պատճառով հայերը այնտեղ կառուցած են նահատակներուն յիշատակին նուիրուած մատուռը (պաշտօնապէս կառուցուած` 1991-ին) եւ թանգարան, որուն մէջ ամփոփուած էին նահատակներու մնացորդացները, հաւաքածոներ եւ քարտէսներ` առ ի յիշատակում մեր նահատակներուն, որոնք բնաջնջուեցան այդ շրջանին մէջ օսմանցի թուրքերու ձեռամբ: Աւելի ուշ քաղաքը հանդիսացաւ ուխտատեղի հարիւրաւոր հայերու` ամէն տարուան ապրիլ 24-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը զայն յայտարարեց հայոց ուխտատեղի, 2002 թուականին:
Միջազգային մակարդակի վրայ 11 փետրուար 2010-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացումը Տէր Զօրի մէջ, որուն ներկայ եղաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Այստեղ հարկ է նշել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ունեցած ելոյթը` Տէր Զօրի հայկական Նահատակաց մատուռի բակին մէջ, Սուրիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 2010-ի մարտին, երբ ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ` «Ես այսօր այստեղ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի նախագահ, կը հարցնեմ, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ հայերուն Նիւրեմպերկը»:
Այս առումով, նաեւ ամենամեծ իրադարձութիւնը հանդիսացաւ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին կողմէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբահարումը, Տէր Զօրի Ռըշտիէ թաղամասին մէջ, 21 սեպտեմբեր 2014-ին:
Եկեղեցւոյ ռմբակոծումը միջազգային համընդհանուր դատապարտումի արժանացաւ, յատկապէս` Հայաստանի եւ սփիւռքի պաշտօնական շրջանակներուն մէջ: Այդ միջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռի քանդումը: Յայտարարութեան մէջ հետեւեալ նշումը եղած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկիչներու կողմէ հայկական Նահատակաց մատուռի պայթումը, մանաւանդ որ այն կ’ամփոփէ Հայոց ցեղասպանութեան` Տէր Զօրի մէջ մեր նահատակներուն մնացորդացները: Այս բարբարոսական յարձակումը սրբատեղիներուն վրայ կրկին ցուցանիշ կը հանդիսանայ ահաբեկչական «Իսլամական պետութեան» բարբարոսական բնոյթին: Միջազգային շրջանակները պարտին կանխել այս ժանտախտը, որ կը վտանգէ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, եւ արգելակէ անոնց աջակցելու եւ ֆինանսաւորելու միջոցները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան աշխատակազմի օրուան ղեկավար Վիգէն Սարգսեան նշեց Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը` Նահատակաց մատուռի քանդումին` աջակցելով ահաբեկիչներուն, նշելով, որ եթէ Թուրքիա անմեղ է հայկական Նահատակաց մատուռի ռմբահարման ահաբեկչական արարքին մէջ, ապա ան շուտով յայտարարութիւն մը կը հրապարակէր, որուն մէջ կը դատապարտէր ոճրային արարքը, եւ թէ` եկեղեցին պայթեցնելը այլ փաստ մըն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրները պիտի շարունակուին, մինչեւ այն ատեն որ անիկա ճանաչման եւ դատապարտման չէ արժանացած:
Իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով խստօրէն դատապարտեց հայկական մատուռի ռմբահարումը` շեշտելով, որ ահաբեկչական այս ոճրագործութիւնը կը միտի «ոչնչացնել քրիստոնէական եւ հայկական բարոյական արժէքները»: Շարմազանով նաեւ նշեց, որ մատուռին քանդումը շարունակութիւնն է տասնեակ հազարաւոր հայկական յուշարձաններու ոչնչացման` Թուրքիոյ տարածքին, շեշտելով միջազգային հանրութեան թերացումը դատապարտելու նման բռնարարքներ, որոնք կը ձգտին հայկական մշակութային ժառանգութեան անհետացման:
Եւ այսօր… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` ահաբեկչութեան վերացում… Տէր Զօրի ազատագրումը ռազմավարական ձեռքբերում մըն է սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն համար… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայկական Նահատակաց մատուռի ազատագրում` ահաբեկիչներէն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` հայ նահատակներու մնացորդացին փրկութիւն… եւ` մատուռի վերականգնում ու Տէր Զօր քաղաքի վերականգնում:
Այսօր, Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք, եւ կրկին անգամ, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները խաղաղութեամբ պիտի ննջեն Տէր Զօրի անապատին մէջ…
Արաբերէնէ թարգմանեց`
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ- ԿԵՏԻԿԵԱՆ
«Ալազմինա» կայքէջ