Նամականի
Յարգելի՛ ընթերցողներ, «Ազդակ»-ի 19 սեպտեմբեր 2017-ի թիւին մէջ տեղ տրուած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ամէն կիրակի պատրաստուած «Ճրագ» թերթիկի մասին գնահատականի մը` տեղադրուած թերթին 7-րդ լման էջին վրայ: Տասը տարիներու վրայ երկարած այս սքանչելի եւ գնահատելի աշխատանքը, որ կը պատրաստուի Կրօնական ժողովի հոգեւոր հովիւին կողմէ, ժողովուրդին մէջ ունի դրական ազդեցութիւն: Ան իր զանազան բաժիններով` Աստուածաշունչի ընթերցում, սաղմոսներ եւ աղօթքներ,...

















