ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
– Չեն թողնում, բալէս, որ էնտեղ` մի քիչ հեռու, քաղաքին մօտ գնամ ու պամիտորներս մի քիչ թանկ վաճառեմ, թէկուզ` 100 դրամի:
Եօթանասունը անց մամիկին հնչիւնները մի առ մի կը կրկնուին մտքիս մէջ, պատկերն ալ կարծես դաջուած է բիբիս վրայ: Աստուա՛ծ իմ, այս ի՛նչ պատկեր է, անհնար է մոռնալ, ջնջել, բայց ինչպէ՞ս մոռնալ անոր դողահար մատները, արեւէն այրած մաշկը, քրտինքի կաթիլները ճակտին, ճաթռտած շրթները, դէմքին խոր կնճիռները, յուզումնալից հայեացքը: Որո՞նք են այդ «չթողնող»-ները, ո՞վ տուած է անոնց այդ իրաւունքը… Հարցումներ` անպատասխան, հարցումներ, որոնց շարանը կարելի է շատ երկարել, հարցումներ, որոնց պատասխանի որոնումէն յոգնած` լքումներ տեղի կ՛ունենան: Գնեցինք անոր բեռը կազմող քանի մը տասնեակ քիլօ լոլիկը, կոպեկներով ուրախացաւ ան ու վստահաբար ունեցաւ այդ օրուան հասոյթը` ընտանիքը գոհացնելու:
Շատ են նման երեւոյթներ, մանաւանդ` գիւղերու մէջ: Այս է պատկերը դժբախտաբար, որուն չկարողացայ ընտելանալ երեք տարիներու կեցութեանս ընթացքին: Բարեկամի մը հրաժեշտը կը յիշեմ, որ հայրենիքը կը պաշտէր. ինքնաշարժի վարորդ եղաւ չորս տարի, սակայն ահա հիմա որոշած է մեկնիլ եւրոպաներ` զաւակներուն եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ իրեն համար բարւոք ապագայի մը հեռանկարով, մամիկին նման ապագայ մը չունենալու հեռանկարով:
Աշնանային թեթեւ զովութիւն մը կայ դուրսը, ակամայ դուրս նետուիլ կ՛ուզես, վայելել այս կլիմային քաղցրութիւնը, գուցէ եւ` սփսփուիլ ու նոր պատկերներով փոխարինել դաջուածը: Օգոստոսի աւարտին ամրան հրաժեշտ տալու, մանաւանդ` այս ամրան տօթէն ազատելու հաճոյքը վայելել նաեւ:
Ազատութեան երկար պողոտան կանաչապատ լայն մայթերով լի է: Կանաչ է ամէն կողմ: Յոգնեցա՞ր, նստէ՛, նստարաններ` ամէնուրեք: Չէ՛, հոս նստող զոյգին գիրկընդխառնումը խանգարել կարելի չէ, անոնք մայթին երկու կողմերու հասակաւոր համբուրուող բարտիներուն նման կը համբուրուին, հա՛ կը համբուրուին, միայն վարպետ գծագրիչի մը վրձնահարուածները կարող են մեկնաբանել այս շքեղ տեսարանը:
Կասկատի վրայ եմ ահա, ձայներ կը լսուին, մեղեդիներ` հայկական նուագարաններու, վարը բազմութիւնը սկսաւ յստականալ, համե՞րգ է արդեօք, չէ՛, կ՛երեւի ամէն ամսու վերջաւորութեան կազմակերպուած բացօթեայ պարի ուսուցումն է, մենք ուրախ, երգ ու պարը սիրող ժողովուրդ ենք, չէ՞:
Կասկատի առաջին բարձրութենէն կը հետեւիմ` բեմէն վար դիտողի տպաւորութեամբ: Հեռուէն կ՛երեւին օղակները շուրջպարերու, երիտասարդները ի՜նչ աղուոր կը պարեն ու կը ցատկեն, գլխաւոր պարախումբը տարազաւորուած` կը սորվեցնէ, կը կապկեն, կը սխալին, բայց կը սորվին ու հաճոյքը կը զգան պարերուն:
Երիտասարդները կը պարեն, կը զարնեն ոտքերը գետին, կը կապկեն պարուսոյցին խրոխտ կեցուածքը, ուսեր կը ցնցուին, մարմիններ կը պրկուին, կը գոռան «Հէ՜յ»… Ահա տղամարդիկ առանձնացան, եարխուշտան է, դէմքերը մռայլ ու կեցուածքները խրոխտ` մարտի դաշտին մէջ պարող զինուորներուն նման, եւ զոյգ ձեռքերը իրարու կը միանան ու կը հեռանան, հայոց ձեռքերը ե՞րբ միացած են որ… չէ՛, բայց ահա շուրջպարերուն վերջինն է կարծես` օղակները խտացան ձեռքերու խաչաձեւ միացումով մը ու ներդաշնակ շարժումներով աւարտին հասաւ վերջին, միաձայն բարձր կոչով մը` «Հէ՜յ», որ իսկապէս միութեան կոչ մըն էր կարծես` երիտասարդ բազուկներու, ազգի զաւակներու, միութիւն, այո՛, բոլոր դժուարութեանց դէմ, բոլոր խոչընդոտներուն. կոչեր միշտ ալ կան ու կ՛ըլլան, սակայն կը լսուի՞ն անոնք, այդ «չթողնող»-ներուն լսողութեան կը հասնի՞ն:
Քոչարին, փափուռին, իշխանապարը, թամզարան, եարխուշտան հնչեցին` լեցնելով ամբողջ մթնոլորտը, զբօսաշրջիկներ` հայ, օտար, հիացած հետեւեցան: Կողքս կանգնած լիբանանցի զոյգ մը խանդավառութեամբ կը փորձէր նմանակել պարերուն քայլերը ու կը հաստատէր, որ գալ տարի եւս ամրան արձակուրդը այս հիասքանչ երկրին մէջ պիտի անցընեն, անդին անգլիախօս մը տեսախցիկը ձեռքին, «This is amazing» ըսելով, ժպիտը դէմքին արձանագրեց պարերը, լրագրողի տեսք ունէր. այո՛, լրագրող, որ մեր ուրախութիւնը, խանդավառութիւնն ու ճոխութիւնը պիտի մեկնաբանէ յօդուածով մը, ու աշխարհը պիտի իմանայ մեր երջանկութեան մասին, եւ ամէնէն կարեւորը` այդ «չթողնող»-ները պիտի հասնին իրենց նպատակին, իրենք է, որ թոյլտուութիւն տուած են այս ձեռնարկներու իրականացման, չէ՞…


