Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժորժ Սարգիսեանին Նուիրուած Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. Շեշտուեցաւ Ժորժ Սարգիսեանի Ջահը Բարձր Պահելու Եւ Անոր Ուղիով Ընթանալու Կարեւորութիւնը

Սեպտեմբեր 27, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2017-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ  բեմադրիչ, դերուսոյց, թարգմանիչ եւ դերասան Ժորժ Սարգիսեանի ամբողջական արգասիքը հանդիսացող հատորներու շնորհահանդէսը: Նկատի ունենալով, որ այս տարի նաեւ վաստակաշատ բեմադրիչին մահուան 35-ամեակն է` «Վանայ ձայն» Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ, Կեդրոնական վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամ Մարտիկ Տեմիրճեանին, լիբանանահայ հանրածանօթ դերասան եւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի նախկին  անդամ, երկար տարիներ Ժորժ Սարգիսեանի հետ գործակցած եւ Արժանթինէն այս առիթով յատուկ Լիբանան գտնուող Գալուստ Ճանսզեանին հետ կատարեց հետեւեալ զրոյցը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան անոր կեանքին հանգրուանները եւ անշուշտ լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ անոր ունեցած վաստակն ու գործունէութիւնը:

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Ինչպէ՞ս յղացաք նման  ձեռնարկի կազմակերպման գաղափարը:

ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Ժորժ Սարգիսեան մահացած է 1982-ին, 1985-ին զայն մեծարելու ձեռնարկ եղած է: Այս տարի Ժորժին մահուան 35-ամեակն է. քանի մը տարիէ ի վեր կը ծրագրուէր կազմակերպել այս ձեռնարկը: Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք անոր եղբայրը` Սարգիս Սարգիսեանը, Ամերիկա մեկնած էր իրեն հետ տանելով Ժորժ Սարգիսեանի հարուստ արխիւներէն: Օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը գիտէր, որ արխիւներուն մէջ կան արժէքաւոր գործեր, թարգմանութիւններ, հատուածներ, գրեթէ իր հարստութիւնը, թէեւ Լիբանանի մէջ ալ տակաւին գոյութիւն ունին իր արխիւներէն: Ուրեմն  որոշուեցաւ բոլոր արխիւները կարգաւորել, դասաւորել, թուայնացնել: Որոշ անձեր այս գծով նախաձեռնութիւն կատարեցին, յուշեցին, դրդեցին, քաջալերեցին` ճշդելու անոնց ճակատագիրը, եւ վերջապէս Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուաւ, որ այդ արխիւները բերուին Լիբանան ու հրատարակուին, մանաւանդ որ, յատկապէս Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանութիւնները, մեծ արժէք ունին: Այս գործերը Լիբանան բերուեցան քանի մը տարի առաջ, որոշ զտումէ եւ խմբագրական աշխատանքէ անցան. պէտք է ըսել, թէ այս առումով շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Արա Արծրունին, որ բծախնդրօրէն այդ բոլոր հատուածները մաքրեց, զտեց, կարգաւորեց եւ հասցուց հրատարակութեան արժանի վիճակի: Ըսենք, որ Ժորժ Սարգիսեանի եղբօր` Սարգիս Սարգիսեանի աղջիկը եւ ամուսինը պատրաստակամութիւն յայտնեցին այս գործին մեկենասութիւնը ստանձնելու: Ուրեմն երկու նպատակ ունէր ձեռնարկը` Ժորժը մեծարել եւ այս հրատարակութեան շնորհահանդէսը կազմակերպել, իսկ նկատի ունենալով, որ այս թուականին մեկենասները Լիբանան կը գտնուին, այն ատեն որոշուեցաւ կայացնել նախաձեռնութիւնը:

«Վ. Ձ.».- Այսպիսի հրատարակութիւն մը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ ձեզի` որպէս բեմադրիչ:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Ինծի համար շատ կարեւոր է այսպիսի գործի մը հրատարակութիւնը, որովհետեւ նախ եւ առաջ կը ծանօթանանք մեր մեծերու, կը գիտնանք, թէ մեր հիները ի՛նչ աշխատանք տարած են, այն օրերուն ո՛ւր հասցուցած են հայկական թատրոնը սփիւռքի մէջ: Ժորժին գործերուն մէջ հայկականներէն բացի կան օտար թատերական կտորներ, որոնք թարգմանուած են, եւ որոնք լաւ կտորներ են, օրինակ` Ֆետօ, Փիրանտելլօ, Իփսել: Ուրեմն կը կարծեմ,  թէ կարեւոր է այս ձեռնարկը, մանաւանդ նոր սերունդին համար, որ չի գիտեր` ո՛վ է Ժորժ Սարգիսեանը. ես, օրինակ, շատ փոքր էի այս ատեն, եւ Ժորժը կը յիշեմ իր «Օսքար» թատրերգութեամբ: Ատիկա ինծի համար հրաշալի բան մըն էր այդ փոքր տարիքիս: Ատոր համար շատ լաւ տպաւորուած էի թատրոնէն:

«Վ. Ձ.».- Պարոն Գալո՛ւստ, ինչպէ՞ս եղած է ձեր ծանօթացումը Ժորժ Սարգիսեանին հետ, ի՞նչ պատկերով կը յիշէք զինք, յատկապէս իբրեւ բեմադրիչ:

ԳԱԼՈՒՍՏ ՃԱՆՍԶԵԱՆ.- Պուրճ Համուտի մէջ կար Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, որուն մէջ լաւ դերեր խաղացած եմ: Օր մը մէկը Ժորժին ականջին հասցուցած է, որ այդ խումբին մէջ Գալուստ անունով տղայ մը կայ, շատ լաւ ձիրք ունի: Ժորժը չէր սիրեր անձամբ կանչել: Ուրեմն միջոցներու դիմած էր. Յարութիւն Գաբրիէլեանը անունով ասմունքող մը կար, ան ըսաւ` եկուր երթանք: Ուրեմն գացի, եւ առաջին դերս եղաւ Շիրվանզադէի «Քաոսը»: Երկու խօսք ունէի թատրոնին մէջ, նամակ մը պիտի առնէի ու տանէի: Այս էր ընելիքս: Անկէ ետք «Հին Աստուածները» խաղացինք:

Մեր օրերուն մեծ բեմադրիչ էր Ժորժը, շատ խստապահանջ: Դերասաններուն հետ փորձի ատեն շատ խիստ, իսկ անկէ դուրս` մանուկ, զուարճացող, բարի, ընկերային: Շատ բծախնդիր էր գործին մէջ:

«Վ. Ձ.».- Պարոն Մարտի՛կ, Ժորժ Սարգիսեանը ի՞նչ տուաւ լիբանանահայ գաղութին:

Մ. Տ.- Թէեւ անձամբ ծանօթ չեմ Ժորժ Սարգիսեանին, սակայն նկատի ունենալով թատերական կեանքին մէջ վարչականօրէն ունեցած պատասխանատուութիւնս շուրջ 30 տարի ընդհանրապէս Համազգայինի ծիրին մէջ, կրնամ ըսել, որ  Ժորժին մահը անկիւնադարձային եղաւ, որոշ փորձեր եղան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը վերականգնելու, բայց հիմնական փոփոխութիւնը եղաւ Վարուժան Խըտշեանի գալուստով: Անկէ ետք ունեցանք Հայաստանէն եկած բեմադրիչներ` Վիգէն Ստեփանեան, Ռոպերթ Առաքելեան, ապա Յասմիկ Պերթիզլեան, Դաւիթ Յակոբեան, իսկ վերջին տարիներուն` Լիբանանէն Յակոբ Տէր Ղուկասեան.  շուրջ 7 բեմադրիչներու հետ գործակցութեան առիթ ունեցանք, տարբեր փուլերէ անցանք, սակայն կարելի է հաստատ ըսել, որ «Գասպար Իփէկեան»-ի ծնունդի օրերէն ամբողջ 30 տարի միանուագ միայն Ժորժին ազդեցութեամբ ընթացած է խումբը, գործած է Ժորժին դաստիարակութեամբ, որովհետեւ ան իւրայատուկ դպրոց էր:

Ժորժին արժէքը վերջին շրջանին ես մօտէն ճանչցայ, երբ այս ձեռնարկը որոշեցինք, եւ իր 30-ամեակի գիրքը ամբողջութեամբ թերթատեցի: Կարօ Յովհաննէսեանը, որ ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է, կարկինը բաւական լայնցուց, եւ շատ յուշեր, վկայութիւններ կարելի եղաւ հաւաքել Ժորժին արժէքին մասին. քանի մը առիթներով Արա Արծրունիին հետ հանդիպումներ ունեցայ, մարդիկ սկսան խօսիլ  Ժորժին մասին.  նոյնիսկ Արա Արծրունիին չափ վաստակաւոր թատերագէտ մը հիացած էր Ժորժին թարգմանական կարողութեամբ: Տարբեր գրողներ, որոնց մէջ մեծեր` Պօղոս Սնապեան, Վահէ Օշական, Մուշեղ Իշխան, Կարօ Սասունի, գնահատանքով խօսած են Ժորժ Սարգիսեանի մասին. պահ մը զգացի, որ մարդիկ որքան մեծ են, եւ մենք ուր ենք անոնց համեմատ: Ժորժը իրապէս մեծ արժէք եղած է, սփիւռքի մէջ թատրոնի գլխաւոր կերտիչը ու մեծ դէմք կը նկատուի, իսկ այս նախաձեռնութիւնը նուազագոյնն է, որ կ՛ընենք իրեն համար:

«Վ. Ձ.».- Պարոն Յակո՛բ, խօսինք քիչ մը Ժորժ Սարգիսեանի  թատերական ոճին մասին:

Յ. Տ. Ղ.- Ժորժ Սարգիսեանը դասական նկատուած է: Շատ կարեւոր բան մը կայ Ժորժին պարագային, պէտք չէ մոռնալ, որ Գ. Իփէկեանի աշակերտն էր եւ անոր շունչով թրծուած  է: Այսինքն` Գասպար Իփէկեան ստանիսլավիստական դպրոցին կը պատկանէր, առաւել գերմանական դպրոցի ազդեցութիւնը կար վրան, եւ այդ ձեւով  ալ կազմաւորած է իր դերասանները: Ժորժը ստիպուած էր այդտեղէն անցնելու եւ շատ լաւ ընկալելու. ան ստիպուեցաւ Գասպար Իփէկեանէն ետք անոր ջահը եւ թատրոնը իր ուսերուն կրելու, եւ որովհետեւ Գասպար Իփէկեանի գլխաւոր նպատակներէն եղած է պահպանել ու տարածել հայ մշակոյթը, հայ թատրոնը եւ անոնց միջոցով հայապահպանում կատարել, ուրեմն Ժորժին պարտքն էր շարունակել այդ բոլորը, բայց ատիկա շարունակելով հանդերձ, ունէր իր օտար թարգմանութիւնները, որոնցմէ ոմանք չեն բեմականացուած: Ես կը կարծեմ, եթէ այսօր ապրէր Ժորժը, չեմ գիտեր որքան կրնանք ըսել, որ դասական դպրոցի կը պատկանէր: Դասականը պէտք չէ ժխտական ձեւով առնել, ան իր տեղն ալ ունի, դասականէն պէտք է անցնիլ, որ կարենաս ներկան ներկայացնել: Ես կը կարծեմ, թէ այդ անցումը շատ լաւ ըրած է Ժորժը: Գասպար Իփէկեանէն առաւ ջահը, շարունակեց, մի՛ մոռնաք, որ 60-70-ականներուն Լիբանանի մէջ թատրոնը եռուն կեանք ունէր, հայկական թատրոնը պէտք է ինքզինք փաստէր եւ սատարէր հայապահպանման արշաւին:

«Վ. Ձ.».-  Ժորժ Սարգիսեան դերուսոյց էր, բեմադրիչ, դերասան. քիչ կը պատահի, որ այս բոլորը մէկ անձի մէջ միանան: Սերունդ պատրաստելու առումով Ժորժ Սարգիսեան ի՞նչ դեր ունեցաւ:

Յ. Տ. Ղ.- Ես կը կարծեմ հիմա անոր կենդանի պատկերը մեր քով նստած է: Դժբախտաբար Ժորժը միայն սփիւռքի մէջ ճանչցուցած է եւ հոս արժէք տրուած է անոր: Ժորժը միայն հայկական արժէք չէ, կարծեմ հայկական արժէքէն քիչ մը անդին ալ կ՛երթայ` ըլլալով միջազգային արժէք:

Մ. Տ.- Երբ մօտէն սկսայ ծանօթանալ Ժորժին մեծութեան, տարած աշխատանքին, դերասաններու պատրաստութեան, ինքնաբերաբար ես ինծի հարց տուի, թէ ովքե՛ր էին Ժորժին ուսուցիչները, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են եւ իբրեւ օրինակ ծառայած են: Ժորժին ուսուցիչներ եղած են Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Համօ Օհանջանեան, որոնք Համազգայինը,  թատերախումբը  եւ Ճեմարանը հիմնեցին: Ժորժը այս մարդիկը ունեցած է իբրեւ ուսուցիչ: Անոնցմէ մարդ ըլլալ սորված է, ինչպէս որ Շանթ  տարբեր առիթներով կ՛ըսէ. «Դուք տակաւին մարդ չէք»: Ուրեմն Ժորժը եւ իր մեծերը եկան սփիւռքի նոր կազմաւորման շրջանին, երբ դպրոց եւ եկեղեցի կը հիմնուէր ժողովուրդին որակական աստիճանը բարձրացնելու, տեսակը գեղեցկացնելու, քաղաքակիրթ ժողովուրդի հասցնելու ազգին մակարդակը: Ժորժը այս բոլորին ազդեցութեամբ եկաւ իր կարգին սերունդներ կերտելու, եւ իրեն յաջորդեցին բազմատասնեակ դերասաններ եւ ամբողջ ժողովուրդ մը: Կ՛ըսեն, որ երբ Ժորժ գործի սկսաւ,  թատերասէր հասարակութիւն չկար, թաղային թատրոններ կային.  երեւակայեցէք այդ ժողովուրդին համար Փիրանտելլօ թարգմանել, Մարսէլ Փանիոլ  թարգմանել, Իփսեն թարգմանել: Այս առիթով ըսեմ, որ Ժորժի մահուան 35-ամեակին առիթով մենք շուրջ մէկուկէս ամիս ետք պիտի ներկայացնենք Ժորժին բեմադրած մեծութիւններէն մէկը`  Իփսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերական կտորը, որ 150 տարի առաջ գրուած է, Ժորժին կողմէ բեմադրուած է, տակաւին ժամանակակից եւ այժմէական: Ժորժը որդեգրուեցաւ երբ թատերասէր սերունդ պատրաստեց, Ժորժը շրջապատեց ժողովուրդը: Անոր ներկայացումները տասնեակ անգամներով կը կատարուէին, տոմսերը միշտ սպառած կ՛ըլլային անոնց հրապարակումէն շատ կարճ ժամանակ ետք: Ուրեմն Ժորժ այս սերունդը մէջտեղ բերաւ. օրուան երեւելի դէմքերը` կրօնական, քաղաքական, մշակութային` Սիլվա Կապուտիկեան, Մալխաս, Կոմս  եւ այլն Ժորժին քով կ՛երթային անոր թատերախումբը տեսնելու: Երբ ղեկավարութիւն մը այսպէս կը գրկէ իր գեղարուեստական մեծութիւնը, երբ այս տեսակ ժողովուրդ կը պատրաստես, ժողովուրդը ինքնաբերաբար տուածդ կը վերադարձնէ քեզի:

«Վ. Ձ.».- Խօսինք նաեւ Լիբանանէն դուրս անոր գործունէութեան մասին, ո՞ւր աշխատած է Ժորժ Սարգիսեանը եւ թատերախումբ հիմնած:

Գ. Ճ.- Ինծի համար Ժորժ Սարգիսեանը եղաւ ջահակիր մը, որ այդ ջահը վերցուց եւ Պէյրութը վերածեց երկրորդ Պոլսոյ մը: Ան պատրաստեց փայլուն դերասաններ, եւ շատ աւելի դժուար, տարածուն ճամբայ մը  բացաւ: Այսօր դիւրին չէ Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկայի երեք երկիրներ, Պարսկաստան երեք կտորներով`  «Ոսկի աքաղաղ», «Օսքար», «Ինկած բերդի իշխանուհին» լուսաւորել թատրոնը: Ժորժը լուսաւորեց: Օր մը Ժորժ հիւանդացաւ եւ թատերախումբը այցելութեան գնաց: Ան ըսաւ. «Ապրի՛ք, տղա՛ք, հիմա կրնամ աչքերս գոցել ու հանգիստ մեռնիլ, լաւ վիճակի մէջ էք»: Ուրեմն Ժորժը ունեցաւ ոչ թէ ուսանած թատերական դպրոց մը, այլ անոր բնածին տաղանդը մէջտեղ եկաւ Գասպար Իփէկեանի շնորհիւ: Ժորժը պատմական, դասական կտորներէն դուրս արդիական կտորներ ներկայացուց, ինչպէս` «Փշածաղիկը», «Օսքար» եւ այլն: Ժորժին պատրաստած սերունդը բախտաւոր եղաւ: Ես այդ սերունդին կը պատկանիմ: Ճանչցանք Լեւոն Շանթը, Գասպար Իփէկեանը, որոնք մեր փորձերուն կու գային: Ժորժը ուսանած չէր, բայց ինքնուրոյն ձիրք ունէր եւ կամք:

«Վ. Ձ.».- Իսկապէ՞ս Ժորժ Սարգիսեանը թատերական դպրոց չէր յաճախած:

Մ. Տ.- Ըստ իր մասին եղած վկայութիւններուն, ճիշդ է: Ասիկա աւելի մեծ մարդ կը դարձնէ զինք, երբ ինք թատերական մասնագիտական կրթութիւն չունի, նոյնիսկ թարգմանական կրթութիւն չունի: Ժորժը եղած է լաւ բեմադրիչ, լաւ դերասան, լաւ դերուսոյց, լաւ թարգմանող, լաւ կազմակերպիչ: Ժորժ Սարգիսեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի շարժիչ ուժը եղած է: Կրկնելու գնով պիտի ըսեմ, ժողովուրդներ իրենց մեծութիւնները կը յարգեն: Իրապէս այս մեծութիւններն են, որ ազգը կը յատկանշեն: Պատմութիւնը մեծ մտաւորականները, մեծ մտածողները, մեծ արուեստագէտներ կը կերտեն: Մեր ժողովուրդին մէջ ալ, մեր թիւին համեմատ, հին ազգ ըլլալով` ունինք արժանիքներ, պէտք է զանոնք պատուենք: Նոր սերունդները պէտք է ճիգ թափեն անոնց նմանելու, անոնց ջահը յառաջ տանելու, նոյնիսկ եթէ յաւակնութիւն չունինք իրենց պէս ըլլալու, բայց առնուազն այդ ճիգը գոյութիւն պէտք է ունենայ մեր մէջ:

«Վ. Ձ.».- Մենք ի՞նչ պիտի քաղենք Ժորժ Սարգիսեանէն:

Յ. Տ. Ղ.- Ես կը կարծեմ ամէն բանէ առաջ կարգապահութիւնը եւ յարգանքը թատրոնին հանդէպ: Ասիկա գլխաւորն է: Նախ որպէս բեմադրիչ, դերասան պէտք է շատ կարգապահ ըլլամ իմ դերասաններուս հետ, իմ բեմադրութիւններուս ատեն պէտք է պահանջկոտ ըլլամ ես ինձմէ, որ կատարեալ գործ մը բարձրացնեմ բեմ: Եթէ հոն խոցելի կէտեր կան, նախօրօք պէտք է տեսնեմ, սրբագրեմ, նախքան վարագոյրը բանալս: Ասիկա ընելու համար պէտք է շատ խիստ ըլլամ իմ խումբիս հետ, դերասաններ ըլլան, օգնականներ, քուլիսներու ետին գործողներ եւ այլն: Ներկայիս ասիկա կը թարգմանուի արհեստավարժ բառով: Ժորժը արհեստավարժ չէր, ոչ ալ` խումբին անդամները, բայց ուղղակի արհեստավարժի մը կարգապահութիւնը ունէր թատրոնին հանդէպ, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ նախ կը յարգէր թատրոնը իբրեւ հանդիսատես, իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան: Բոլորին հանդէպ Ժորժը յարգանք ունէր, կը կարծեմ, երբ բան մը յարգես, այդ յարգանքին մէջ կայ սէր, հաւատք եւ յարատեւութիւն:

«Վ. Ձ.».- Ժորժ Սարգիսեանի ընդմէջէն որքանո՞վ կ՛արժեւորուի այսօր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը:

Մ. Տ.- Երկար տարիներ Ժորժի տագնապներէն մէկը եղած է թատերասրահ ունենալ: Խումբը այդքան կայացած եւ ինքնավստահ դարձած էր, որ Ժորժը տարիներով այդ երազը ունեցած էր:  Ինչպէս այդ օրերու մեր բոլոր մեծերը, որոնք եկեղեցիներ, դպրոցներ շինած են, նաեւ թատերասրահ շինած են` շնորհիւ իրենց յարատեւութեան եւ հաւատքին: Ճիշդ է, որ այդ օրուան պայմանները տարբեր էին, կրնայ ըլլալ  մարդիկ աւելի հաւատք ունէին իրենց ըրածին հանդէպ: Մեր գաղութին բոլոր կառոյցները ասկէ 30-40-50 տարի առաջ շինուած են ժողովուրդի մը կողմէ, որ հաւատք ունենալ գիտցած  է, հաւատացած է: Ժորժը պնդած է, որ թատերասրահը պէտք է շինուի Պուրճ Համուտի մէջ: Առաջարկուած է թատերասրահը շինուի Ճեմարանի մէկ ազատ հողաշերտին վրայ, բայց Ժորժը պնդած է, որ պէտք է կառուցուի մեր ժողովուրդին սրտին մէջ: Այդպէս ալ ան դարձած է շարժիչ ուժը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին: Օրուան բոլոր կառոյցները, օրուան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, «Գասպար Իփէկեան»-ին քով պահք դրուած գումարը, անոնց կողքին գլխաւոր բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեանը միասնաբար մէջտեղ բերին թատերասրահը: Ժորժը մօտէն եւ անձամբ հսկած է ամէն մէկ մանրամասնութեան, սրահին, բեմին, յարդարումին: Այսօրուան սրահը կը պարտինք Ժորժ Սարգիսեանին:

«Վ. Ձ.».- Ինչո՞ւ համար կարեւոր է մեր մեծերուն մասին լաւ գիտնալ:

Յ. Տ. Ղ.- Պարզ բան մը ըսեմ: Երբ համալսարան ուսանող էի, ունէի լիբանանեան մակարդակի վրայ թատրոնի, շարժապատկերի մեծերէն դասախօսներ:  Այդ տարիներուն կը գանգատէինք, որ մեծերը արդէն հինցած են: Կը դժգոհէինք իրենց պահերէն, բայց հիմա, որ ժամանակ անցաւ, տարիքնիս առինք, փորձառութիւն ձեռք ձգեցինք, հիմա կը զգանք, որ իրենց տուած նիւթերը, դասախօսութիւնները, փորձառութեան մասին խօսածները, արուեստ տեսնելու ձեւը որքան օգնած են մեզի: Ես միշտ կ՛ըսեմ, այո՛, կրնայ ըլլալ մեծերը դժուար կ՛ընկալենք, բայց պէտք է գիտնանք ի՛նչ ըրած են, ինչպէ՛ս ըրած են, ի՛նչ պայմաններուն մէջ ըրած են, որ կարենանք առնել, փոխել, աւելցնել, արդի ձեւով նորութիւն մը տալ, մէկ քար աւելի դնել անոնց շինած շէնքին վրայ: Ես կը կարծեմ շատ մարդիկ դեր ունին կատարելիք եւ գլխաւոր բուն դերակատարը  հայրենիքն է, Հայաստանի պետութիւնն է իր մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններով, որոնք հսկայական աշխատանք պէտք է տանին իմանալու սփիւռքի մէջ մշակութային արժէքներուն, մեծերուն մասին եւ մէջտեղ հանեն զանոնք, հայութեան ծանօթացնեն: Մենք սփիւռքի մէջ որքան մեր մեծերուն մասին խօսինք, չի բաւեր, պէտք է նախ Հայաստանի մէջ ծանօթացուին, Հայաստանի մէջ ընկալուին, նոյնիսկ դասաւանդուին  արուեստի բաժիններուն մէջ, այն ատեն, կը կարծեմ, մեր մեծերը իրենց տեղը գտած կ՛ըլլան եւ անմահացած:

«Վ. Ձ.».- Ինչո՞ւ համար հայրենիքին մէջ ծանօթ չէ Ժորժ Սարգիսեանը:

Մ. Տ.- Հայաստանի մէջ մեծերը աւելի կը յիշուին, կը մեծարուին, քան` սփիւռքի մէջ: Այստեղ ամէնէն մեծ դերակատարութիւնը, կը կարծեմ, մեր հանրային ղեկավարութեանն է: Երբ ղեկավարութիւնը, քաղաքական, պետական, մեր պարագային` ազգային կուսակցական, այդ մղումը կու տան, այս մթնոլորտը կը ստեղծեն, քու արժէքներդ` ազգային, մշակութային, գեղարուեստական, գրական, կը պահպանուին, եւ ազգդ կը հզօրանայ: Այսօր եթէ ուզենք միջազգային դռներ թակել, մեր մշակութային արժէքներով կ՛ընենք երբեմն: Օրուան քաղաքական կացութիւնը չէր արտօներ, որ որոշ կողմի մարդիկ, քաղաքական նկատառումներով, Հայաստանի մէջ պէտք եղած արժեւորումը տային: Ժորժին յաճախ ըսուած է Հայաստան պէտք է այցելես, ան կ՛ըսէր. «Եթէ պաշտօնապէս չհրաւիրուիմ, չեմ երթար»: Այդպէս ալ չգնաց: Բոլորս պատասխանատու ենք բծախնդիր մօտենալու մեր բոլոր արժէքներուն, զանոնք ծանօթացնելու: Մենք` յաւակնութիւն ունեցող մարդիկս, որոնք իբր թէ ազգին այս կամ այն մարզը կը ղեկավարենք, մենք ենք պատասխանատուն, եթէ Ժորժ Սարգիսեաններուն մասին իմացող չկայ:

«Վ. Ձ.».- Ձեր վերջին խօսքը:

Մ. Տ.- Մեր ամբողջ ճիգը պիտի ըլլայ Ժորժին նմանիլ, ոչ թէ որպէս ոճ, այլ որպէս աշխատանքի մարդ, արժէք: Ճիգը կ՛ընենք, բայց տակաւին շատ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք: Այս առիթը կ՛օգտագործեմ ըսելու բոլոր մեր երիտասարդներուն, ի դէպ շատ լաւ երիտասարդութիւն ունինք, որ տան, որովհետեւ փոխադարձ պիտի ստանան անպայման: Այս տրամաբանութեամբ յատուկ խօսք ունիմ Սինանեան ամոլին, որ այս գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնեց, եւ լուսարձակի տակ առնեմ անհրաժեշտութիւնը այս հատորները տարածելու Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, ուր որ մշակութային միութիւններ, գրադարաններ եւ թատերախումբեր կան: Համազգայինի հրատարակչատունը, կ՛ենթադրեմ, որ այդ աշխատանքը կ՛ընէ եւ հատորները կը տարածէ. այսպիսով մեր ձեռքին կ՛ունենանք 37 թատերախաղեր, որոնց մեծ մասը այժմէականութիւն կը վայելէ, անոնք գլուխ գործոցներ են:

Գ. Ճ.- Կ՛ուզեմ յիշել Պ. Դուրեանի բանաստեղծութեան մէկ տողը. «Երբ յիշատակս ալ թառամի,  այն ատեն ես կը մեռնիմ»: Եթէ մենք Ժորժին յիշատակը վառ չպահենք մեր գաղութներուն մէջ, այն ատեն Ժորժը կը մոռցուի: Ես 24 տարի կնոջս հետ միասին Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը պահեցինք: Այսօր Հարաւային Ամերիկայի հայութիւնը գիտէ, թէ ո՛վ է Ժորժ Սարգիսեան: Ժորժին նկարը միշտ թատերասրահին մէջն է: Համազգայինի մեր տղոց ըսենք, որ միասնաբար յուշատօն մըն ալ հոն ընենք: Ժորժը մեր սիւնը եղաւ: Ժորժ Սարգիսեանը իմ թատերական երկրորդ հայրս եղած է. անոր շնորհիւ կնոջս ճանչցայ, եւ մեր բեմադրական աշխատանքը շարունակեցինք 24 տարի ու տակաւին:

Յ. Տ. Ղ.- Կը  կարծեմ ամէն բանէ առաջ պէտք է Ժորժին կարգապահութիւնը իբրեւ օրինակ ունենանք եւ զայն գործադրենք թատրոնին մէջ, ըլլայ դերասան, ըլլայ հանդիսատես: Ժորժը կրնայ գեղեցիկ բաներ ներկայացուցած ըլլալ, կասկած չկայ, բայց հանդիսատեսը իր տեղը ունէր: Մենք` թատրոնի մարդիկս, կրնանք մնայուն թափով Ժորժին մասին խօսիլ, նկարները փակցնել, եթէ հանդիսատեսը չտայ արժէքը Ժորժին, ան չի կրնար գոյատեւել, ատոր համար հանդիսատեսն ալ կարեւոր է: Ինչպէս որ ան Իփէկեանէն առաւ ջահը, յուսամ մենք ալ կրնանք այդ ջահը բարձրացնել եւ Ժորժին ուղիով նոր ներկայացումներ հրամցնել:

Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Տարեդարձս Է (Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հիմնադրութեան 70-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

«Զօրեան» Հիմնարկի Նախագահը Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?