Դասախօսութիւն` «Արեան Գերճնշում» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Արեան գերճնշում» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ «Արեան գերճնշում»-ը բոլորին ծանօթ եւ ամէնէն տարածուած հիւանդութիւններէն մէկն է, որուն ենթակայ է բնակչութեան մեծ տոկոսը:...

















