Յօդուածներ

Իսլամացուած Հայեր Եւ «Հասկացողութիւններ,  Որոնք Արիւնահոսութեան Պատճառ Են Դառնում»

Իսլամացուած Հայեր Եւ «Հասկացողութիւններ, Որոնք Արիւնահոսութեան Պատճառ Են Դառնում»

ՆՈՒՐՀԱՔ ԵԸԼՄԱԶ Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) բնակիչները տարիներ շարունակ Պայծառ Ալաթային եւ ամուսնուն` Սարգիս Էքենին որպէս քաղաքի «վերջին հայերի» էին ճանաչում: Մենք` լրագրողներս էլ շատ հեշտութեամբ յարմարուեցինք նրանց անուան առաջ դրուած այդ «վերջին» բառին, քանզի հաւատացել էինք, որ երբ այս տարեց զոյգը կեանքից հեռանայ, ապա քաղաքում այլեւս հայ չի մնայ: Հաւանաբար նրանց «վերջին հայեր» ընդունելու ամենահիմնական պատճառն այն էր, որ նրանք օգտագործում...

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919). Գաղափարի Մարտիկը, Ազգային Ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919). Գաղափարի Մարտիկը, Ազգային Ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը

Ն. Պ. 29 Յունուարին հայ ժողովուրդը կըոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր մեծանուն զաւակներէն ԱՐԱՄի, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան հիմնադիրը։ Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերեց այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ...

Խմբագրական.  Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի  Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը  (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան նշումները գաղափարախօսական հիմնաւորումներով հետզհետէ դուրս կու գան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն եւ կը տարածուին հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայոց բանակը պաշտպանելով այսօրուան պետական սահմանները, ըստ էութեան կը պահպանէ ամբողջ հայկական աշխարհը: Առանց անկախ հայրենիքի եւ առանց այդ անկախութիւնը երաշխաւորող հայոց բանակի այսօր դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել աշխարհատարած հայութեան կազմակերպուածութեան եւ հայրենակեդրոն զարգացման հետագայ հոլովոյթը: Աշխարհը ամբողջ ականատես...

«Լիբանանի Մէջ Մեր Հիմնական Խնդիրն Է Հայութիւնը Եւ Լիբանանի Հայութեան Հայկականութիւնը», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Լիբանանի Մէջ Մեր Հիմնական Խնդիրն Է Հայութիւնը Եւ Լիբանանի Հայութեան Հայկականութիւնը», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց  Ազգային ինքնութեան ֆոնտերու ստեղծման մասին, եւ անոնք սկսան գործել նախորդ տարուան ամբողջ տեւողութեան: «Օ. Թի. Վի.»-ին այս առիթով ընդհանրապէս լիբանանահայութեան դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները դիմակալելու ձեւերուն եւ հայկական ազգային դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով կազմակերպուած...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Դիմաւորելով 100-ամեակը – Գ. – Հարիւրամեակին Կը Խօսի՞նք Միացումներու Մասին Եւ Կը Գործե՞նք Անոնց Իրականացման Համար

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այսօր ո՞ւր կանգնած ենք ազգը շահագրգռող միացումներու հարցով: Թէեւ շատ կը սիրէինք եւ կը սիրենք սրահ յուզող միացումը, մէկութիւնը, միասնութիւնը: Հարցը չի վերաբերիր հետզհետէ կծկուող եւ գունաթափուող հաւատաւոր փոքրամասնութիւններու, որոնք կը շարունակեն յետսապահ զօրագունդի կռիւը, ինչպէս օր մը ըսաւ ղեկավարի շապիկ հագած մը: Ազգը կը կերտուի եւ կը տեւէ հիմնական արժէքներով, ոչ միայն թիւերով կամ դրամատնային հաշիւներով: Առանց...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ձիթենիի Ճիւղե՞ր, Թէ՞…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ձիթենիի Ճիւղե՞ր, Թէ՞…

Յունական հին դիցաբանութեան մէջ ձիթենիի ճիւղը թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ՛ յաղթանակի խորհրդանիշն էր, իսկ այս վերջին նշանակութիւնը մինչեւ օրս պահպանուած է: Ներկայ դարուս Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ու սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանը որոշած է իր կարգին զայն իբրեւ կարգախօս գործածել` իր ղեկավարած երկրին եւ, ընդհանրապէս, շրջանին համար: Այս նշանախօսքով ան Սուրիոյ յատկապէս հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ յարձակում գործած է` Անգարայի կողմէ ահաբեկիչ նկատուող քրտական...

Հազարաւոր Մարդիկ Կ՛այցելեն Թուրքիոյ Քարաման Նահանգ` Հայկական Եկեղեցւոյ Որմնանկարները Տեսնելու

Հազարաւոր Մարդիկ Կ՛այցելեն Թուրքիոյ Քարաման Նահանգ` Հայկական Եկեղեցւոյ Որմնանկարները Տեսնելու

«Էրմէնիհապէր» վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը` կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ առաստաղի որմնանկարները տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ՛արժանանան: Քաղաքի հնագոյն Թափուճաք թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին կը համարուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած պազիլիք եկեղեցւոյ օրինակ: Ըստ աղբիւրին, եկեղեցւոյ կառուցման թուականին շուրջ ստոյգ տեղեկութիւն չկայ. ան կը թուագրուի 17-18-րդ դարերուն: Եկեղեցին 2007 թուականին...

Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակին Նուիրուած Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն, 21 յունուար 2018-ին Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` ՀՅԴ-ի 127-ամեակին առթիւ: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը` «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Նորա Արուշեանը զոյգ կոմիտէութիւններուն անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա նշեց. «Փոթորկալի տասնամեակներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը...

Ազգութեամբ Հայերը Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն Ձեռք Կը Բերեն Պարզեցուած Կարգով

Ազգութեամբ Հայերը Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն Ձեռք Կը Բերեն Պարզեցուած Կարգով

Յունուարի 6-ից դիւրացուել է 18 տարին լրացած երեխաներին ՀՀ քաղաքացիութիւն տալու եւ ՀՀ անձնագիր տրամադրելու ընթացակարգը: ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեանն է ներկայացնում փոփոխութիւնները: Նախկինում անձնագիր տրամադրելու համար պէտք է պարտադիր լինէր երկու ծնողների համաձայնութիւնը: «Եթէ բացակայում է ծնողների փոխհամաձայնութիւնը, երեխան ձեռք է բերում ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ անձնագիր, եթէ նա բնակւում է ՀՀ-ում եւ առկայ է...

Տեսակէտ. Իշխանութիւ՞ն, Թէ՞ Ղեկավարութիւն

ՍՏՊ Երիտասարդ ուժերու ներգրաւման ծանրակշիռ մտահոգութիւնը կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութիւններու` լաւապէս հասկնալու առկայ դժուարութիւններու տուն տուող պատճառները: Փաստօրէն նշել մտահոգութիւնը աւելի եւս կը բարդանայ, երբ տարբեր միջավայրերու եւ ազդեցութիւններու ենթակայ կ՛ըլլայ մեր երիտասարդութիւնը: Ուսման մակարդակի տարբերութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու արագ ընթացքը, համացանցն ու անոր ընձեռած կարելիութիւնները, կարծիքներու եւ կեցուածքներու ազատութեան անհամեմատ զարգացումը, ընկերային ցանցերն ու արդի արհեստագիտութիւնը այսօր այնքան մը ազդեցութիւն...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Կեանքի Գիրքը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կ՛ըսեն, թէ մարդուս միտքն է իր գիրքը, Ուր ամէն օր բառ մը կ՛աւելնայ սրտատրոփ, Կամ` յոյս մը աղօտ, սէր մը ցաւոտ, Եւ կամ` հինցած երազ մը կասկածոտ: Կ՛ըսեն նաեւ, թէ մարդուս սիրտն ալ գիրք մըն է, Որ իր տարիքին չափ մեծ ու հին, Բազմատեսակ իր էջերով Անցեալն կը կապէ իր ներկային: Շատեր կ՛ըսեն, թէ մարդուս հոգին է իր...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Աշնանային Պարտէզում

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Դու եկել ու ղօղանջում ես Տերեւաթափ իմ աշնանային Պարտէզում. Սիրտս է զնգում ու զրընգում Իմ յուշերի այն թաւշային Երազում... ...Որ վազում եմ, Որ քեզ բռնեմ Հին թթենու շուաքում, Ու աչքերիդ ցոլքի վրայ Թափեմ պեծերս ալքրքում... Երեկոյ է մեղմ, վարդագոյն, Մթնշաղում դեռ ցոլում են Լոյսի բեկուող երիզներ, Բայց պատկերը` Որ խուսափում Ու փախչում ես հեւիհեւ, Որ ուզում ես դեռ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Աստուած Ստեղծեց

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Աստուած ստեղծեց բիւր անասուններն` Օձն ու բորենին մահացու թոյնով, Առիւծն ու վագրը երկար ճանկերով, Կապիկն ու արջը, չղջիկն ու բազէն: Աստուած ստեղծեց շունն հաւատարիմ, Կատուն մլաւող փափուկ շոյանքի, Թութակն շատախօս, սոխակն երգի, Կոկորդիլոսներն գիշակեր վայրի: Ո՛վ մարդ արարած, գիտցի՛ր ու սորվէ՛ Ինչպէս մօտենալ, հեռանալ ահեղ Անասունի պէս մարդոց տեսակէն, Թունաւոր երկար անոնց ճանկերէն: Լիբանան

«Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

«Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ին կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցը» նիւթով, որ ներկայացուց դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Ղարիպեան: Նախ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով առողջ, ուրախ եւ բարեբեր տարի մը մաղթեց` խնդրելով Աստուծմէ, որ մեր ազգին հիմքերը ամրացնէ ու յաւերժացնէ: Ապա շարունակեց` ըսելով, որ թուրքը իր երկրի...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Համապետական Եւ Համազգային Շահերու Իսկական Բեւեռը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Կը գտնուինք նախագահական վարչակարգի լուծարման սեմին։ Դեկտեմբեր 6, 2015 թուին, համաժողովրդական հանրաքուէով վաւերացում ստացած ՀՀ Սահմանադրութիւնն է, որ շուտով, իր ամբողջութեա՛նը մէջ, կիրարկման պիտի դրուի Նախ. Սերժ Սարգսեանի իրաւասութիւններու աւարտման պաշտօնական աքթով։ Մինչ այդ ՀՀ Ազգային Ժողովը պիտի ընտրէ նոր նախագահ, որ իր իրաւասութիւնները պիտի ստանձնէ նախագահական վարչակարգի լուծարումէն անմիջապէս ետք։ Այնուհետեւ նորընտիր նախագահը կը սկսի գործել խոհրդարանակա՛ն...

Լիբանանը` Երեւանի Պատուհանից.  «Ազդակ»-ի Հիւրընկալ Յարկի Տակ  (Հատուած Ուղեգրութիւնից)

Լիբանանը` Երեւանի Պատուհանից. «Ազդակ»-ի Հիւրընկալ Յարկի Տակ (Հատուած Ուղեգրութիւնից)

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Կրկին Լիբանանում եմ, բայց դեռ թարմ են նախորդ այցելութեանս յուշերը, որոնք տաք ու գունեղ երանգներով թրթռում են իմ երակներում: Այդ այցելութիւնից ծնունդ առաւ «Պատկերներ Լիբանանից» ծաւալուն ուղեգրութիւնս, որն իմ նուէրն է լիբանահայութեանը, նաեւ գրական յուշարձան է մեր անթաղ` շուրջ երկու միլիոն անմեղ զոհերի յիշատակին, որոնք անհետ ու անշիրիմ հեռացան այս աշխարհից... Պէյրութում լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի նախաձեռնութեամբ դեռ...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Տեսակէտ. Խաղաղութիւն… Կարելի՞ Է

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Դեկտեմբերին ազրպէյճանական ազգայնական շարք մը կազմակերպութիւններու համակիրներ ներխուժեցին Պաքուի մէջ գտնուող երկրորդական վարժարան մը եւ պահանջեցին, որ ուսուցիչներէն Ռոշան Ազիզովը արտաքսուի դպրոցէն: Ազիզովի յանցանքը այն էր, որ մշակութային ձեռնարկի մը ընթացքին իր աշակերտներէն մէկուն հայկական տարազ հագցուցած էր եւ խաղաղութեան կոչեր ուղղած` երկու ժողովուրդներուն: Դպրոցի տնօրէնութիւնը ստիպուած` 28 դեկտեմբերին արտաքսեց Ազիզովը: «Եուրէյժիանեթ»-ի (11/1/2018) հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Այս կարճ յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ երիտասարդութեան ներկայ կացութեան. հարց մը, որ մանաւանդ վերջին տարիներուն անընդհատ կը չարչրկէ մարդկութեան ուղեղը: Բայց մանաւանդ կ՛ուզեմ շեշտը դնել հայ երիտասարդին վրայ: Առաջին իսկ հայեացքով բոլորս կը տեսնենք, որ այսօրուան հայ երիտասարդութիւնը այն չէ, ինչ որ էր 50-60 տարի առաջ: Այսօր գրեթէ բոլորը կրթութեան տէր են, եւ պէտք է ըսեմ, որ մեծամասնութիւնը համալսարան...

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 26 յունուարին լրացաւ մահուան 61-րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ հսկաներէն Շաւարշ Միսաքեանի: Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեան տոհմի այս արժանաւոր ծնունդը: Գրական-գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի ու խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ, Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Գ. – Անկախութեան 100-ամեակին Առիթով

Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը որոշակի պատասխանատուութեան մը դիմաց կը դնէ գաղութիս միութենական եւ կրթական պատասխանատուները: Պատասխանատուութիւն` յոբելենական այս տարին լիարժէքօրէն յիշատակելու ու ձեւական տօնակատարութիւններէն քայլ մը անդին անցնելով` զայն ուղենիշի վերածելու: Անկախութեան խորհուրդը նորահաս սերունդներուն փոխանցելը 100-ամեակի ձեռնարկներու ծրագրաւորումին հիմքը պիտի հանդիսանայ, պէ՛տք է հանդիսանայ, որովհետեւ մենք մէկ մասն ենք հայոց պետութիւն, հայկականութիւն կոչուող այդ ամբողջութեան ու անոր ուժը զգալու, ապրելու,...

Page 731 of 1110 1 … 730 731 732 … 1,110

Արխիւներ