Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն` «Արեան Գերճնշում» Նիւթով

February 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Արեան գերճնշում» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ  «Արեան գերճնշում»-ը բոլորին ծանօթ եւ ամէնէն տարածուած հիւանդութիւններէն մէկն է, որուն ենթակայ է բնակչութեան մեծ տոկոսը: Արեան ճնշում կը նշանակէ` սրտի զարկերակներու ճնշում: Զարկերակային ճնշումը կը չափուի «ճնշաչափ»-ով (sphygmomanometer), որ կը չափէ սրտի կծկուած վիճակի (systolic) ճնշումը եւ սրտի թուլցած-հանգիստ վիճակի (diastolic) ճնշումը: Ապա ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, հրաւիրեց զինք աւելի մանրամասն բացատրութիւններ տալու յիշեալ հիւանդութեան մասին:

Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը դասախօսութիւնը սկսաւ` ըսելով, որ արեան գերճնշումը համաշխարհային ծանրաբեռնուածութեան կ՛ենթարկէ ամբողջ երկրագունդը, պետութիւններ միլիոններ կը ծախսեն` հետազօտութիւններ ընելով դեղերու վրայ: Ան անդրադարձաւ, որ արեան գերճնշումը կապուած է սրտանօթային համակարգին, եթէ չդարմանուի, կը հանդիսանայ ամենավտանգաւոր ազդակներէն մէկը` սրտանօթային հիւանդութեան: Սիրտը կարեւոր օրկան մըն է, ան արիւնը կը մղէ մեր մարմնի զանազան օրկաններուն` իր երակներուն միջոցով, արիւնը մղուելու համար ճնշում կը գոյանայ: Երբ երակները առաձգական են, ճնշումը բնական կ՛ըլլայ: Երբ վիճակներ ստեղծուին եւ երակները նեղնան կամ կիսով խցուին, կը գոյանայ արեան գերճնշում:

Անդրադառնալով գերճնշման ախտանշաններուն` ըսաւ, որ սկզբնական շրջանին ենթական ոչ մէկ ախտանշան կ’ունենայ. սակայն, ժամանակ մը ետք, գերճնշումի զարգացումով կը սկսին ախտանշանները` գլխացաւ, յոգնածութիւն, գլխապտոյտ, քիթի արիւնահոսում, աչքերու վրայ յոգնածութիւն, լսողութեան խանգարում, բերնի չորացում…

Շարունակելով` ան նշեց, որ արեան ճնշումը պէտք է չափել ճիշդ ձեւով` ունենալ անձնական ճնշաչափ, նստած դիրքով, ձեռքը յենած եւ մարմինը շիտակ: Ճնշումը բարձրանալու ազդակներ են` սննդականոնը, ծխելը, ջղագրգռութիւնը, անհանգիստ միջավայրը…

Գերճնշումը հիւանդագին լուրջ կացութիւն մըն է, ենթական պէտք է դարմանուի եւ լրջօրէն հետեւի բժիշկի թելադրանքներուն, որպէսզի հեռու մնայ գերճնշումի բարդութիւններէն` սրտի եւ ուղեղի կաթուած, ուղեղային արիւնահոսում, երիկամներու եւ սրտի ձախող գործելակերպ, աչքի եւ ականջի արեան մազերակներու պայթում եւ այլն: Գերճնշման պատճառները իմանալու համար բժիշկը կը պահանջէ արեան քննութիւն, որմէ կը յայտնաբերուին գերճնշման պատճառները` իւղերու, շաքարի եւ աղի բարձր տուեալներ, երիկամային որեւէ հիւանդութիւն, ջղագրգիռ վիճակ:

Տոքթ. Սիմոնեան անդրադարձաւ նաեւ գերճնշումը հակակշռելու զանազան միջոցներուն` մասնագէտ բժիշկին թելադրած դեղերու օրինաւոր գործածութիւն, քալել ու մարզանքի հետեւիլ, նիհարնալ, ծխախոտ չգործածել, սննդականոնի հետեւիլ, աղ, ալքոլ եւ քաֆէին չգործածել:

Ան եզրափակելով` թելադրեց, որ ահաւոր բարդութիւններու առաջքը առնելու համար գերճնշում ունեցող անհատը պէտք է անյապաղ դիմէ բժիշկին եւ յարատեւօրէն հետեւի անոր թելադրանքներուն, ինք ըլլայ իր բժիշկը`յաճախ չափելով իր ճնշումը:

Աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1968)

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիա Եւ Քրտական Անդունդը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.