Յօդուածներ

Դարձեալ Մայիս 28 Եւ Արամ Մանուկեան

Դարձեալ Մայիս 28 Եւ Արամ Մանուկեան

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Այո՛, վերստին մայիս 28-ի եւ անունն անթառամ` Մանուկեան Արամի մասին: Տարածաշրջանին մէջ համատարած տագնապներ ստիպեցին մեզ երերալով, տատանելով մտնել Նոր տարին: Հակառակ տիրող կացութեան` մենք զմեզ գօտեպնդեցինք, չեմ ըսեր` խաբեցինք նոր լոյսերով, նոր յոյսերով, նոր իղձերով: Քեսապի մէջ Նոր տարին դիմաւորեցինք գիւղիս երեք եկեղեցիներու ղօղանջներով, որոնք մեզ կը հրաւիրէին փառք տալու առ բարձեալն Աստուած եւ խնդրելու, որ...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Զրոյցը վարեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ 1967 հոկտեմբերին, ուրեմն` ճիշդ կէս դար առաջ, պոլսահայ գրագէտ, թատերագիր ու արձակագիր Ռ. Հատտէճեան կը ստանձնէր հայատառ «Մարմարա» օրաթերթին խմբագրապետութիւնը: Այդ օրէն ցայսօր հայ մամուլի վաստակաշատ այս սպասաւորը դեռ կը մնայ պատնէշի վրայ, դեռ կը շարունակէ ստեղծագործել օրն ի բուն, ամէն օր կը ժամադրուի իր սիրելի ընթերցողներուն հետ` հակառակ պատկառելի տարիքին ու անկէ բխած անկանխելի խոնջէնքին:...

Հայկական Դիւանագիտութիւնը Եւ Սեւրի Պատմական Նշանակութիւնը

Արի՛ Տուն…

ՊԵՏԻԿ Բազմաթիւ յօդուածներու եւ հանդիպումներու նիւթ եղաւ 2018 տարին, որ կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին, Արցախի անկախութեան 30-ամեակին ու մանաւանդ ՀՅԴ-ի 128-ամեակին, որուն հիմնադրութիւնը համայն հայութեան համար ճակատագրական անկիւնադարձ մըն էր... Կազմակերպութիւն մը, որ ծնաւ հուրի ու սուրի մէջէն, համազգային ճգնաժամի պահանջի պտուղ, ստանձնելու համար իր դերը իբրեւ առաջնորդ` տանջուած այս ժողովուրդին ու գերեվարուած հայրենիքին: Շնորհիւ Ա. հանրապետութեան` այսօր...

Կեդրոնականցին Ահաբեկչական Բջիջ Պիտի Ստեղծէ

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա Ցուրտին դէմ կը պայքարինք, վառելանիւթ կը խնայենք, որպէսզի մթնոլորտը չապականի: Բայց ինչպէ՞ս պայքարիլ հայերէնի ապականման դէմ: Զարտուղի կամ ճիշդ ուղի Արմենակ առաւօտեան ժամը ճիշդ տասնին դրան զանգը հնչեցուց:Առանձին էր: Մակարուհին սուրճ բերաւ եւ անհետացաւ: Օրուան այդ պահուն կիները զբաղած կ’ըլլան մաքուր սենեակները կրկին մաքրելով: Արմենակ լրջութեամբ ըսաւ. - Մակա՛ր, հայ չարագործներու դէմ ահաբեկչական բջիջ մը պիտի ստեղծեմ:...

Նամականի

Նամականի

ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԷՔԵԱՆ Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Կանուխ տարիքէս «Ազդակ»-ի ընթերցող եղած եմ եւ տարբեր էջերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցած եմ: «Ազդակ» կարդալով` ծանօթ կը դառնանք ո՛չ միայն լիբանանեան քաղաքական անցուդարձերուն, այլ նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի լուրերուն: Ինչպէս շատերու համար, նոյնպէս ինծի, գաղութի ձեռնարկներու կամ երեւոյթներու մասին ակնարկները հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, եւ անպայման մէկ շունչով կը կարդամ զանոնք: Այդ ակնարկները պէտք...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Լուսաւոր Ապագայ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Վերջին քսան տարիներու ընթացքին շատ լսեցինք համաշխարհայնացում բարդ բառը: Մօտաւոր իմաստով ան կը նշանակէ միացում կամ սահմաններու վերացում: Տնտեսական կամ վարչական տեսանկիւնէն դիտուած` վստահաբար  շատ առողջ եւ շինիչ երեւոյթ մըն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու տեղափոխման համար ան մեծ դիւրութիւններ ստեղծեց: Բայց ի՞նչ կը նշանակէ համաշխարհայնացումը մեզի համար. արդեօ՞ք անիկա կը նշանակէ կորսնցնել ամենաթանկագինը թանկագիններուն, այսինքն` կորսնցնել մեր...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Ինչո՞ւ Կ՛առարկենք

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արամ Մանուկեանի յուշարձանի նախագծին շուրջ ծաւալող հրապարակային վէճը կը բխի բարոյական այն նորմերէն, որոնք կը սահմանեն էութիւնը հայ անկախ պետականութեան գաղափարին: Արամը Հայաստանի Հանրապետութեան  հիմնադիր հայրը չէ միայն: Ան հարազատ խորհրդանիշն է բոլոր ժամանակներու մեր ինքնիշխան պետականութեան: Եւ ան վերջնական չափանիշն է, որով պիտի չափուին բոլոր ներկայ եւ ապագայ սերունդները  հայրենիքի եւ սփիւռքի մեր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին: Հայ...

Կարօտի Նամակ Յովսէփ Էսկիճեանին (Մահուան Տարելիցին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յովսէփ Էսկիճեան Սովորաբար կ՛ըսեն, որ ժամանակի թաւալքին հետ յիշատակներն անգամ կը խամրին, կարօտի զգացումները կը շիջին, իսկ ապրումներու խայտանքը` տակաւ կը նուաղի, այսպէս ասած, մեզ շրջապատող անծայրածիր ոլորտին մէջ: Այլ խօսքով, կեանք ըսուած իրականութիւնը իր թեւերը լայն բացած, կը սլանայ դէպի անհունը տիեզերքին` յաճախ յիշեցնելով, որ «յաւերժի ճամբորդ»-ներն ենք երկրագունդին, մահկանացուները` թաւալող ժամանակին: Նման մտածումներ մեզ պատեցին, երբ...

Դամբանական` Պօղոս Ղուկասեանի Մահուան Առիթով

Դամբանական` Պօղոս Ղուկասեանի Մահուան Առիթով

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Պօղոս Ղուկասեան Ձմրան շարունակուող տերեւաթափը չխնայեց խլելու վարժարանիս ծառէն ոսկեայ տերեւ մը… Յանկարծակի կորուստը ընկեր Պօղոս Ղուկասեանի` խայթող կսկիծ մը պիտի մնայ վարժարանի ընտանեկան յարկին տակ: Տակաւին երէկ էր, երբ ընկեր Պօղոսը, խնամակալութեան վերջին նիստին, խանդավառութեամբ կը զեկուցէր վարժարանի ամրապնդման ուղղութեամբ իր մէկ նախաձեռնութեան տարբեր խոչընդոտներու վերացումին մասին: Այնուհետեւ, կը յիշեցնէր, որ տարի մը առաջ իր մշակած այլ...

Վերադարձ Արմատներին. Պատմութիւններ` Ծպտեալ Հայերի Մասին

Վերադարձ Արմատներին. Պատմութիւններ` Ծպտեալ Հայերի Մասին

ՐԱՖՖԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Տարիներ շարունակ Թուրքիայի տարբեր շրջաններում հանդիպել եմ բազմաթիւ ծպտեալ հայերի: Նրանցից իւրաքանչիւրի պատմութիւնն առանձնայատուկ է. այդ պատմութիւններից իւրաքանչիւրի շուրջ կարելի է յօդուած կամ գիրք գրել: Որոշ պատմութիւններ կարելի է տարածել, որոշները` ոչ: Որոշ պատմութիւններ ուրախ են, որոշները` տխուր: Վերջերս բազմաթիւ ծպտեալ հայեր, իմանալով իրենց հայկական ծագման եւ  իրենց պապերի` Ցեղասպանութիւնից փրկուելուց յետոյ բռնի իսլամացման, թուրքացման կամ քրդացման ենթարկուելու...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Նոր Կենսագրականին Մէջ Ոչ Թէ Թրամփ, Այլ Քըրք Քըրքորեանը Ներկայացուած Է Իբրեւ «Ամէնէն Մեծ Գործարար»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Վերջերս փորձառու հետաքննող-լրագրող Ուիլիըմ Ռեմփըլ գրեց գործարար եւ բարերար Քըրք Քըրքորեանի ընդարձակ կենսագրութիւնը, որ հրատարակած է «Հարփըր Քոլինզ» հրատարակչութիւնը: Գիրքը վերնագրուած է` «Խաղացողը. ինչպէ՞ս առանց դահեկանի մնացած Քըրք Քըրքորեան դարձաւ դրամատիրութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ գործարարը»: Ռեմփըլ Քըրքորեանի արտասովոր եւ խիստ անձնական կեանքի մանրամասնութիւնները մանրակրկիտ կերպով հաւաքած է ռազմական գրառումներու,...

Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994) Եթէ Մեռնելու Ենք, Աւելի Լաւ Է Մեռնինք Կռուելով Ու Պատուով

Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994) Եթէ Մեռնելու Ենք, Աւելի Լաւ Է Մեռնինք Կռուելով Ու Պատուով

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ «Եթէ մեռնելու ենք, աւելի լաւ է մեռնենք կռուելով ու պատուով».Ղարաբաղեան շարժման երրորդ տարին էր: Կարծես պատմութեան գիրկն էին անցնում այն փոթորկայոյզ օրերը, երբ հրապարակները ալեկոծող ծով բազմութիւնը միահամուռ ձեռք բերեց «Ղարաբաղ», «Միացում» բառերը: Ստեղծուել էր մի այնպիսի իրավիճակ, երբ ժողովրդի հոգում աստիճանաբար խամրում էր պայքարի այն ուժգնութիւնը, որ ցայտուն կերպով դրսեւորուել էր շարժման առաջին օրերում ու ամիսներում: Իսկ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Դ. – Ձիթենիի Թրքական Ճիւղը Խաղաղութիւն Չի Խոստանար

Սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր Թուրքիա յարձակողական իր նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ: Պատերազմի սկզբնական փուլերուն, սուրիական քաղաքներու ու աւաններու վրայ յարձակումներ հրահրելով, Թուրքիա կը սպառնար երկրի ինքնիշխանութեան, ան չէր վարաներ իր ախորժակները յայտնելու, նոյնիսկ երկրի առաջին դէմքին` Էրտողանին Դամասկոս հասնելու եւ Օմայատ մզկիթին մէջ աղօթելու յաւակնութեամբ: Թուրքիոյ յաջորդ դաւը սուրիական հողերուն վրայ 30 քմ երկարութեամբ ապահով գօտիի մը  հաստատման նկրտումն...

ՍԱՐՖ-ի Զեկոյցն Ու Կոչը

ՍԱՐՖ-ը 175.000 Տոլար Կը Տրամադրէ Հալէպի Գործատեղիներու Վերականգնումին

Վերջին շրջանին, Սուրիոյ մայր գաղութի խաղաղութեան բարի լուրերը որոշ չափով կը տարածուին համայն հայութեան առօրեայէն ներս, երբ անցնող վեց տարիներուն սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքին մէջ, դաժան պատերազմին հետեւանք, ունեցանք բազմաթիւ որբեւայրի,հաշմանդամ եւ կորուսեալ անհատներով լի ընտանիքներ, կիսակործան ու քանդուած կալուածներ, բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, կեդրոններ եւ գործատեղիներ եւ, աւելի՛ն, երկիրն ու հայկական թաղամասերը պաշտպանող երիտասարդ անգին զոհեր... Հիմնուելով անցեալ տարուան ապրիլին...

«Բացառիկ Զգացում Կ՛ունենաս, Երբ Կը Տեսնես, Որ Ժողովուրդը Խնդացնելու Կարողութիւն Ունիս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վահէ Պէրպէրեան

«Բացառիկ Զգացում Կ՛ունենաս, Երբ Կը Տեսնես, Որ Ժողովուրդը Խնդացնելու Կարողութիւն Ունիս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վահէ Պէրպէրեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ Վահէ Պէրպէրեան ինը ելոյթներով ներկայացուց իր «Ուրեմն» մենաթատրոնը: Ինը օրերու ընթացքին Վահէ Պէրպէրեանը յաջողեցաւ գերել լիբանանահայ հանդիսատեսը` ծիծաղով ու ժպիտով երեկոներ շնորհելով անոնց հեռու առօրեայ հոգերէն ու նեղութիւններէն: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ` մօտէն իմանալու անոր աշխատանքներուն ու գործունէութիւններուն մասին: «ԱԶԴԱԿ».- Որքա՞ն ժամանակ առաւ «Ուրեմն» մենաթատրոնը պատրաստելը: Ինչպէ՞ս կը հաւաքէք, կը...

«ԶՈՄ-Թոքզ»- Վահէ Պէրպէրեան Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Յարկին Տակ

«ԶՈՄ-Թոքզ»- Վահէ Պէրպէրեան Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Յարկին Տակ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան` «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի հանդիպումներուն ծիրին մէջ հետաքրքրական դասախօսութիւն-զրոյց մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ բազմաթիւ երիտասարդ եւ տարեց բազմութեան: «ԶՈՄ-Թոքզ»-ը կը ձգտի ստեղծել միջավայր մը, ուր ոեւէ անձ, մասնագէտ կամ ոչ, կարենայ իր գիտելիքները փոխանցել նիւթի մը մասին, որ զինք կը հետաքրքրէ: «Talk»-երը կրնան արծարծել տարբեր տեսակի նիւթեր`...

Ասիան Թրամփի Նախագահութեան Շրջանին. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ Տարածաշրջանը Կը Զիջին Չինաստանին

Ասիան Թրամփի Նախագահութեան Շրջանին. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ Տարածաշրջանը Կը Զիջին Չինաստանին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միայն տարուան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխած է Միացեալ Նահանգներուն նայելու Ասիոյ ձեւը: 2017-ին ամերիկեան ուժի հիմնաքարերը Ասիոյ, Ճափոնի, Աւստրալիոյ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ աւելի նուազ կը վստահին իրենց երկարամեայ մտերիմ դաշնակիցին եւ պաշտպանին: Ո՛չ զինուորական խարիսխները վերցուեցան, ո՛չ դեսպանատուները փակուեցան, բայց ամերիկեան նախագահութեան կողմէ արտայայտուած հետաքրքրութեան նուազումը, կեդրոնանալով «Առաջ Ամերիկան» սկզբունքին վրայ, խորապէս...

Լիբանան – Վերադարձի Երկիր

Լիբանան – Վերադարձի Երկիր

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ Վայրեր կան, որոնցից միշտ ափսոսանքով ես բաժանւում եւ հեռանալուց յետոյ ուզում ես անմիջապէս վերադառնալ: Դրանք ձգողական անդիմադրելի ուժով, անբացատրելի հմայք ունեցող վայրեր են, ուր միշտ ուզում ես վերադառնալ: Ինձ համար այդպիսի վայր, այդպիսի երկիր է Լիբանանը... * * * Իրերի պատեհ բերումով սրանից մօտ երկու տասնամեակ առաջ երեւանեան ձմեռից դուրս գալով` ես յայտնուեցի Լիբանանում: Մինչեւ Լիբանանը տեսնելը...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ը Մահ Ու Աւեր Կը Սփռէ Սուրիոյ Անքակտելի Հողատարածք Աֆրինի Մէջ

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ 20 յունուար 2018 թուականին, Աֆրինի շրջանը ճակատագրական դարձակէտի մը հանդիպեցաւ, երբ Թուրքիա Աֆրին շրջանին դէմ շղթայազերծեց զինուորական գործողութիւն մը, զոր կոչեց «Ձիթենիի ճիւղ»: Թրքական բանակը սուրիական ազատ բանակի ուժերուն հետ միատեղ ներխուժեց Աֆրին` ապահովական գօտի մը ստեղծելու պատրուակով: Թրքական բանակը, օդուժն ու ցամաքային ուժերը իրենց շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ բուռն կերպով կը ռմբակոծեն քիւրտ զինեալներուն դիրքերը:...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիա Եւ Քրտական Անդունդը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Ամիսներ տեւած եւ բազմաթիւ սպառնալիքներէ ետք թրքական բանակը, իրեն հետ ունենալով Սուրիական ազատ բանակը, յարձակում գործեց Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին քաղաքին վրայ, որ կը գտնուի քրտական հսկողութեան տակ: Մօտ երկու շաբաթ անցաւ, եւ տակաւին թրքական կողմը յաղթական արդիւնքներ չէ արձանագրած, երկու կողմերը կը կռուին քաղաքի հիւսիսային շրջաններու գիւղերուն մէջ, ուր պահ մը կը լսենք, որ թրքական եւ ընդիմադիր...

Page 729 of 1110 1 … 728 729 730 … 1,110

Արխիւներ