Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 26, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մեծ Թաղեր Գիւղին Մէջ Արցախեան Պատերազմի Զէնքերու Թանգարան Պիտի Բացուի

Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի Մշակոյթի տան մէջ պիտի բացուի արցախեան պատերազմի զէնքերու թանգարան:

Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին փոխվարչապետ, Արցախի հերոս, Արցախի նախագահի խորհրդական Արթուր Աղաբեկեանը:

Անդրադառնալով Մեծ Թաղեր գիւղի Մշակոյթի տան պատմութեան` ան նշած է, որ անիկա` իբրեւ ծխական դպրոց, կառուցուած է 1840-1850 տարիներուն, բարերար Լալաբեկեանի կողմէ (Լալաբեկեան Մեծ Թաղերու մէջ 1840-ին գործող մետաքսի վերամշակման գործարանի սեփականատէրն էր), անիկա կը գտնուի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ:

«1905-ին, Ռուսիոյ ցարին կողմէ եկեղեցւոյ կից դպրոցները փակուելէ ետք, անիկա դարձած է օրիորդաց դպրոց, իսկ գիւղին մէջ սկսած է գործելու քառամեայ պետական դպրոցը: Օրիորդաց դպրոցը փակուած է 1920-ին: Թաթարներու կողմէ Շուշիի հրկիզումէն ետք Շուշիէն գիւղ եկածները տեղաւորուած են պետական դպրոցի շէնքին մէջ, իսկ դպրոցը տեղափոխուած է ծխական դպրոցի շէնքը», գրած է Աղաբեկեանը:

Անդրադառնալով Մշակոյթի տան ներկայ վիճակին մասին` Աղաբեկեան կը տեղեկացնէ, որ անիկա կը վերակառուցուի պետական միջոցներով, ուր պիտի գործէ գիւղի Մշակոյթի տունը եւ իր երկար տարիներու երազներէն մէկը` արցախեան պատերազմի զէնքերու թանգարանը:

«Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Հայ» Ցուցահանդէսը Նուիրուած Է Քաջազնունիին Եւ Թումանեանին

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակներուն նուիրուած ցուցադրութեան դէմ դիմաց ներկայացուած են երկու մեծ հայերու ընդհանրութիւններուն եւ ճակատագիրներուն համընկնումներուն մասին պատմող ցուցանմուշներ` իբրեւ ընտանիքի հայրեր, եւ` զինուորներու:

«Երկու Յովհաննէս` երկու մեծ հայ» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսին  բացումը կատարուեցաւ 18 սեպտեմբերին, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մօտ:

«Անոնք լաւ բարեկամներ եղած են, սակայն շատ տարբեր բնաւորութիւններ ունեցած են: Անոնց ճակատագիրները շատ կը նմանին` իրենց ծննդեան օրէն սկսեալ մինչեւ մահ: Երկուքին հայրերն ալ քահանաներ էին: Անոնք մեծցած են Խաչատուր Աբովեանի գաղափարախօսութեամբ, երկուքն ալ ընդյատակեայ գաղտնի քաղաքական կազմակերպութիւններու անդամներ եղած են, ձերբակալուած են երիտասարդ տարիքի մէջ եւ ընտանիքի հրաշալի հայրեր եղած են», ըսաւ թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանը:

Թուխիկեանը նշեց նաեւ, որ երկուքին համար ալ հայրենիքը գերագոյն արժէք էր:

«Անոնց կեանքի ողբերգական մասը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Քաջազնունին մուտք գործեց քաղաքականութիւն: Թումանեանը պաշտօններ չունէր, բայց անոր «պաշտօն»-ը ամենաբարձրն էր. ան Ամենայն Հայոց բանաստեղծն էր: Մինչեւ Ա. հանրապետութեան ծնունդը` ստանձնեց հայութիւնը առաջնորդելու գործը: Իբրեւ քաղաքացի` Թումանեանը շատ հզօր էր: Քաջազնունին ալ հզօր վարչապետ էր: Ան բացառիկ բարոյական կերպար էր, եւ Քաջազնունիէն ետք ես չեմ յիշեր ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ, որ այդքան բարոյական արժէք ունենար», շեշտեց թանգարանին տնօրէնը:

Ճանաչողական Այցելութեամբ Հայաստան Եկած Վիրահայ Պատանիները Այցելած Են «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կառավարման եւ սպասարկման մշակոյթը յաջողած օրինակ դարձած է նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս ապրող հայ պատանիներուն համար: Ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ այս անգամ հիւրընկալուած են Ջաւախքի Նորշէն գիւղի աւագ դասարանի աշակերտները:

Տարբեր ոլորտներու իւրայատկութիւններուն ծանօթացող պատանիները հեռահաղորդակցութեան առնչուող հատուածին մէջ բացայայտած են կարեւոր գիտելիքներ: Մասնաւորապէս ծանօթացած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի առեւտրա-գործունէութեան պատմութեան, մեկնարկային քայլերուն, պատասխանատու կառավարման ձեւի առանձնայատկութիւններուն, ընկերութեան արժեհամակարգի առաւելութիւններուն, սպառողին առաջարկուող նորարարութիւններուն եւ այլն:

«Գոյութիւն ունին կառավարման տարբեր ձեւեր: Ամէն ընկերութիւն ազատ է ընտրութիւն կատարելու հարցին մէջ, սակայն յաջողած կարելի է համարել այն ձեւը, որուն հիմքին մէջ պատասխանատուութիւնն է, շուկային մէջ ճկուն եւ առողջ մրցակցութիւն ապահովելու կարողութիւնը, սպառողին օրէ օր աճող պահանջները վերլուծելն ու առաջարկներ ներկայացնելը: Պահանջները այսքանով չեն սահմանափակուիր: Այս բոլորին հիմքին մէջ յարգանքի վրայ ձեւաւորուած արժեհամակարգն է», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Ճանաչողական այցելութիւն նախաձեռնողները համոզուած են, որ ստացած գիտելիքները աշակերտներուն համար կարեւոր հիմք պիտի հանդիսանան հետագային աշխատանքային ուղիներու վերաբերեալ տեղեկացուած որոշումներ կայացնելու ժամանակ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի հետ հանդիպման ընթացքին պատանիները ծանօթացած են նաեւ նորարարութիւններու խթանման քայլերուն եւ շարունակաբար ներդրուող արհեստագիտութիւններուն: Այցելութիւնը աւարտած է քննարկման մթնոլորտի մէջ:

Սփիւռքի Նախարարը Ներկայ Գտնուած Է «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» Ցուցահանդէս-Տօնավաճառի Բացման

Չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2018-ին, սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է սուրիահայերու ձեռային աշխատանքներու «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տօնին:

Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ գտնուած են սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատար եւ հիւպատոս Պաշշար Սաֆին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ո՛չ միայն համեղ եւ բազմատեսակ ուտեստներ, այլեւ` ձեռային աշխատանքներ, բնական քարերով եւ արծաթով պատրաստուած զարդեր:

Մխիթար Հայրապետեանը այցելած է բոլոր տաղաւարները, ծանօթացած է մասնակիցներուն եւ լսած` անոնց հարցերը: «Այսօրինակ ձեռնարկները պէտք է շարունակական բնոյթ կրեն, իսկ սփիւռքի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ստեղծէ ընդհանուր հարթակ մը, ուր այս մարդիկ պիտի կարենան ներկայացնել իրենց ձեռային աշխատանքները», ըսած է նախարարը:

Մասնակիցները դիտել տուած են, որ առեւտուրէն դժգոհութիւն չունին, սակայն կարելիութիւն չունին առանձին խանութներ վարձելու: Մխիթար Հայրապետեանը յայտնած է, որ նախարարութիւնը այս հարցը լուծելու համար աշխատանքներ կը տանի:

Ստեղծուած Են Յովհաննէս Թումանեանի Եւ Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակները Նշող Յոբելենական Յանձնախումբեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով ստեղծուած են Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակները նշող յոբելենական յանձնախումբեր, եւ ընտրուած են անոնց մաս կազմողները:

Յոբելենական յանձնախումբերուն յանձնարարուած է միամսեայ ժամկէտի մէջ մշակել յոբելենական ձեռնարկներու ծրագիր` ծախսերու նախահաշիւները համաձայնեցնելով Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարին հետ:

Նշենք, որ յանձնախումբերուն նախագահ նշանակուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:

Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբը Քառամեայ Ընդմիջումէ Ետք Ներկայացուց Շոսթաքովիչի Թիւ 8 Սիմֆոնիան

Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի 2018-2019 համերգաշրջանի բացման արարողութիւնը: Նուագախումբի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն հաղորդեցին, որ նուագահանդէսին ընթացքին նուագախումբը, երգահան Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, կատարեց Տմիթրի Շոսթաքովիչի թիւ 8 սիմֆոնիան:

Անիկա աշխարհի մէջ հազուադէպ կատարուող ստեղծագործութիւններէն է, ունի սահմանափակ թիւով ձայնագրութիւններ, եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը քառամեայ ընդմիջումէ ետք իր ունկնդիրին ներկայացուց այս գեղեցիկ, հզօր եւ Շոսթաքովիչի արուեստին բոլոր նրբերանգները ընդգծող գործը:

Սարեանի Պուրակին Մէջ Տեղադրուած Դաշնակը Պիտի Աշխուժացնէ Մշակութային Կեանքը

Այսուհետեւ Մարտիրոս Սարեանի պուրակին մէջ կարելի է ո՛չ միայն զբօսնելու, դիտել նկարիչներու գործերը, այլեւ` դաշնակ նուագել: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ «Փուշ» նախագիծը սեպտեմբեր 19-ին պուրակին մէջ տեղադրած են դաշնակ մը, որմէ կրնան օգտուիլ բոլորը: Այս մասին կը գրէ «Մետիամաքս»-ը:

«Երեւանի մէջ կան դաշնակներ, որոնց վրայ գրուած է` ձեռք չտալ: Մեր դաշնակը բաց է բոլորին համար: Մարդիկ միշտ կրնան գալ այստեղ ու նուագել: Այսպիսով, կը փորձենք հանրութիւնը աւելի ներգրաւել քաղաքի մշակութային անցուդարձին մէջ», ըսած է «Փուշ» նախագիծի տնօրէն Սոնա Ասատրեանը:

Ձմրան, հաւանաբար, դաշնակը տեղափոխուի զբօսայգիէն, սակայն անիկա պատուած է յատուկ նիւթերով, որպէսզի եղանակի փոփոխութենէն չվնասուի: Գործիքին մէջ ջրահեռացման համակարգ տեղադրուած է, անիկա նաեւ տեսախցիկով պիտի հսկուի: Նախաձեռնութեան հեղինակները դաշնակը «խելացի» դարձուցած են, տեղադրած են Wi-Fi ու հեռախօսները լիցքաւորելու սարքեր:

Երաժշտական գործիքը դարձած է նկարիչ Վահէ Յակոբեանի «կարմիր» շարքի գործերէն մէկը: Երիտասարդ արուեստագէտին առաջարկած են նկարել գործիքին վրայ: Վահէն ալ որոշած է 4 կտաւէ բաղկացած իր շարքը ամփոփել դաշնակին վրայ նկարելով:

Պուրակին մէջ տեղադրուած դաշնակին առաջինը մօտեցած է աշխարհահռչակ երաժիշտ-երգահան Տիգրան Մանսուրեանը: Կատարած է հատուած մը «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնի յայտնի երաժշտութենէն:

«Երիտասարդներ, երեխաներ կու գան երեկոյեան, կը նստին զբօսայգիի մէջ: Պատկերացուցէք` ոեւէ երիտասարդ իր ընկերուհիին համար մեղեդի նուագէ: Ի՜նչ հրաշք է», նկատել տուած է Մանսուրեանը:

«Փուշ»-ը «Այբ» դպրոցի շրջանաւարտներու նորաստեղծ նախագիծն է: Որոշած են 7 դաշնակ եւս տեղադրել քաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ ու զանոնք դարձնել մշակութային ձեռնարկներ իրականացնելու վայր:

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշին Աճը Կը Կազմէ 7,7 Տոկոս

2018-ի յունուարէն օգոստոս ամիսներուն Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին աճը, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած, կազմած է 7,7 տոկոս:

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն, արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը աճած է 4,4 տոկոս, շինարարութեան ծաւալը` 8,5 տոկոս, առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը` 9,7 տոկոս: Զգալի աճ արձանագրուած է ծառայութիւններու ոլորտին մէջ` կազմելով 18,9 տոկոս: Քիչ չափով նուազում կը նկատուի գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ. մասնաւորապէս գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքին ծաւալը 2017-ի յունուար-օգոստոս ամիսներուն հետ համեմատած` նուազած է 1 տոկոս:

Ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտին մէջ 2018-ի յունուարէն օգոստոս ամիսներուն ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճած է 1,3 տոկոս, իսկ սպառողական գիներու ցուցանիշը աճած է 2,5 տոկոսով:

2018-ի առաջին 8 ամիսներուն Հայաստանի մէջ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը կազմած է 168 հազար 467 դրամ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճած է 3,7 տոկոս: Պետական հիմնարկներու մէջ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 1,8 տոկոս, ոչ պետականինը` 3,7 տոկոս:

Արտաքին առեւտրական շրջանառութեան ծաւալին աճը ընթացիկ տարուան առաջին 8 ամիսներուն կազմած է 26,4 տոկոս. մասնաւորապէս արտածումը` 16,5 տոկոս, ներածումը` 32 տոկոս:

Դրամի փոխարժէքը ամերիկեան տոլարին նկատմամբ 2018-ի յունուարէն օգոստոս ամիսներուն եղած է 482.01:

Հայկական «Պլանշեթ»-ներու Արտադրութիւնը Աճած Է 6,6 Անգամ

Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ 2018-ի յունուարէն յուլիս ամիսներուն արտադրուած են 724 համակարգիչներ, որ 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 2,2 անգամ:

2017-ի յունուարէն յուլիս ամիսներուն հանրապետութեան մէջ արտադրուած էին 322 համակարգիչներ:

Ըստ վիճակագրութեան, Հայաստանի մէջ այս տարուան եօթը ամիսներուն արտադրուած են 364 «պլանշեթ»-ներ`  2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճելով 6,6 անգամ:

Նոյն վիճակագրութեան մէջ կը յայտնուի, որ այս տարի հայկական հեռաձայններ չեն արտադրուած, իսկ 2017-ի ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ արտադրուած էին 330 բջիջային հեռաձայններ:

Նշենք, որ հայկական «Արմֆոն» (Armphone) հեռաձայններու վաճառքը սկսած էր յունիս 2016-ին: Կառավարութեան 4 յուլիսի նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրած էր բոլոր քաղաքացիներուն` գնումներ ընելու ընթացքին նախապատուութիւն տալու հայկական արտադրութեան: «Անիկա ե՛ւ հաճելի է, ե՛ւ շահաւէտ, ե՛ւ կը մեծցնէ տեղական արտադրութեան ու արտադրողներու կարելիութիւնները», ըսած էր վարչապետը:

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Ազդանշանը Տրուեցաւ Կրթական Դրութեան Բարեփոխման Եռամեայ Ծրագիրին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?