Յօդուածներ

Զ. Քէշիշեան. «Եկել Էի Մի Մոմ Էլ Ինքս Վառելու, Մի Քար Էլ Ինքս Դնելու…»

Զ. Քէշիշեան. «Եկել Էի Մի Մոմ Էլ Ինքս Վառելու, Մի Քար Էլ Ինքս Դնելու…»

Սեպտեմբեր 4-ին Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Վարանդա» պատանեկան եւ երիտասարդական երգչախումբերու համերգը` խումբի անփոփոխ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով «Ազատ Արցախ»-ի անդրադարձն ու թերթին հարցազրոյցը Զաքար Քէշիշեանին հետ: Համերգը նուիրուած էր մի քանի յոբելենական տարեդարձերի` արցախեան շարժման 30-ամեակին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին, Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան 90-ամեակին: Պարզուեց,...

Լիբանանէն Նոր Ներդրումներ Կը Սպասուին

Լիբանանէն Նոր Ներդրումներ Կը Սպասուին

«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը, գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանի գլխաւորութեամբ, սեպտեմբեր 22-26 գործարարութեան առաքելութեամբ Լիբանան էր: Այցի ընթացքին Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներու մասին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են: Ասիկա երրորդ արտագնայ գործարար առաքելութիւնն է դէպի Լիբանան: «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը գործնական փուլ  տեղափոխած է նախորդ այցերու ընթացքին ներդրումներու մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ` նոր կապերու հիմք դրած: Շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են...

Մուսա  Լերան Ծուռ Հերոս.  Լեւոն Թաշճեան

Մուսա Լերան Ծուռ Հերոս. Լեւոն Թաշճեան

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Պէյրութ, Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ ապրող Հայ աւետարանական քոլեճի պատմութեան ուսուցիչ Ասպետ Տօնապետեանը զանազան անուններու շուրջ պիտակներ կը կպցնէր. լեւոններուն համար ալ կ՛ըսէր, որ անոնք «ծուռ» կ՛ըլլան, Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորներէն մինչեւ մերօրեայ Լեւոն Վարդանը, որ նոյնպէս պատմութեան ուսուցիչ եւ պատմութեան գիրքի հեղինակ էր: Այնճարի Լեւոնն ալ կարծես անոնց շարքէն էր: Շուրջ 45 տարիէ ի վեր Այնճար օդափոխութեան...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Էրտողանի Կողմնակից Հանրածանօթ Պոլսահայը Զբաղած Է Թրքամէտ Քարոզչութեամբ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Հակառակ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած հայկական մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն` Պոլսոյ մէջ կարգ մը հայեր կը գովաբանեն թրքական վարչակարգը եւ յատկապէս` անոր ֆաշիստ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Պետրոս Շիրինօղլու Էրտողանի կողմնակից այս փոքրաթիւ հայերը, որոնք կ՛օգտուին յատուկ արտօնութիւններէ եւ մուտք ունին բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու մօտ, իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ տեղւոյն...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Սպանիան Ալ Երթաք Բարով Ըսաւ Խստամբերականութեան

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 9 սեպտեմբեր 2018-ին լրացան Սպանիոյ ընկերվարական վարչապետ Փետրօ Սանչեզի կառավարման 100 օրերը: 2 յունիս 2018-ին Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Փետրօ Սանչեզը երդման արարողութիւն կատարեց` դառնալով Սպանիոյ առաջին վարչապետը, որ կը նշանակուի` անվստահութեան քուէ ներկայացնելով պահպանողական վարչապետ Մարիանօ Ռախոյին դէմ, անոր փտածութեամբ ամբաստանուելուն պատճառով: Սանչեզ Ռախոյին դէմ անվստահութիւն յայտնելու վերաբերեալ իր առաջադրանքին աջակցութիւնը ստացաւ արմատական ձախ «Փոտեմոս»...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Ազգային Գաղափարախօսութիւնը Հիմք` Անկախ Պետականութեան Յարատեւման

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Ազգային Գաղափարախօսութիւնը Հիմք` Անկախ Պետականութեան Յարատեւման

Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կը թեւակոխէ իր 27-րդ տարին: Չափակշռելով վերանկախացումէն ետք փորձութիւններու ուղին, կու գանք այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարին արդիւնքը, այսօրուան դրութեամբ, կարելի է նկատել նորանկախ պետութեան կազմաւորման նախափորձութեան ճանապարհի առաջին քայլերը: Անցող ժամանակահատուածին, հարցական կը մնայ, թէ գաղափարախօսականօրէն որքանո՛վ ազգային մտածողութեան վրայ դարբնուած յարացոյցի վերածեցինք անկախութիւնը, որովհետեւ, ի վերջոյ, Ազգային...

Պեթի Քեչեճեան Լուսանկարչական Առաջին Մրցանակ Կը Ստանայ

Պեթի Քեչեճեան Լուսանկարչական Առաջին Մրցանակ Կը Ստանայ

«Պիպլոս» դրամատունը «Պէյրութ արթ ֆեր»-ին մէջ 19-23 սեպտեմբեր կազմակերպած էր լուսանկարչական ցուցահանդէս-մրցանք մը, որուն մասնակցած են 150-էն աւելի նկարիչներ եւ` իրենց նկարները ներկայացուցած: Ընտրուած լաւագոյն 10-ին մէջէն առաջին մրցանակը ստացաւ Պեթի Քեչեճեանը: Մրցանքը տեղի ունեցաւ 25 սեպտեմբեր 2018-ին: Պեթի Քեչեճեանին «Համանուն» խորագիրով նկարները իր մեծ մօր շրջապատն են եւ իրերը. Պեթի զուգահեռ կատարելով իր կեանքի եւ մեծ մօր միջեւ` փորձած...

Ակնարկ.  Ռազմական Արդիւնաբերութեան  Շուկան Աշխուժ Պահելու Համար

Ակնարկ. Ռազմական Արդիւնաբերութեան Շուկան Աշխուժ Պահելու Համար

Պաշտօնական Պերլինը պարզ դարձուց, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վեհաժողովը, նուիրուած սուրիական Իտլիպի իրավիճակին, պիտի կայանայ հոկտեմբերին: Վեհաժողովի այս լրատուութիւնը ինքնին կը նախանշէ, որ սուրիական հակամարտութեան գլխաւոր հանգոյցին` Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը Թեհրան-Մոսկուա առանցքէն կը տեղափոխուի միջազգային հարթութիւն` նկատի ունենալով, որ այսպիսով բանակցութիւններուն մէջ կը ներգրաւուին Եւրոպայի ամէնէն հզօր պետութիւնները եւս: Պէտք չէ շտապել նկատելու համար Ուաշինկթընի բացակայութիւնը: Անգարան իր...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Ե. – Հայրենակերտում` Հողահաւաքի Եւ Հայահաւաքի Կամքով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը, անցեալի ոլորտներուն մէջ պտտելէ եւ արժեւորումներ կատարելէ աւելի, խթան է, որպէսզի դարաւոր փորձառութիւններուն եւ մեզի հասած աննիւթական ժառանգութիւններուն ուղեցոյցով նայինք դէպի ապագան` ի խնդիր հայրենակերտումի, հողահաւաքի եւ հայահաւաքի: Միացեալ Հայաստանի ժառանգութիւնը, որ անդրանիկ հանրապետութենէն մնացած գլխաւոր աւանդն է, հիմնաքարը կը կազմէ հողահաւաքի ու հայահաւաքի: Հողահաւաքը, որքան ալ անկեղծ ըլլան մեր բաղձանքներն ու քաղաքական կամքը,...

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր  Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեանց  27-րդ տարեդարձներուն առիթով  ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած  «Հայոց պետականութեան վերածնունդի  100  էջերը» ալպոմի  շնորհահանդէս եւ վաւերագրական  լուսանկարներու  ցուցադրութիւն: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին...

Վկայաբանութիւն Սուրբ Գէորգ Զօրավարի Եւ Նրանց, Ովքեր Նրա Հետ Նահատակուեցին (Ըստ Յայսմաւուրքի)

Վկայաբանութիւն Սուրբ Գէորգ Զօրավարի Եւ Նրանց, Ովքեր Նրա Հետ Նահատակուեցին (Ըստ Յայսմաւուրքի)

Գրաբարից թարգմանեց ԱՆՆԱ ԿԻՇԻՆԵՒՍԿԱՅԱՆ ՍԵԵՄ լրագրողական ակումբ Ս. Գէորգը` Քրիստոսի քաջամարտիկ մարտիրոսը, արի նահատակը, մարտիրոսների պարծանքի թագը եւ Քրիստոսի յաղթող զօրականը, կապադովկացիների գաւառից էր, որ հայերը Գամիրք էին կոչում: Նրա անունը թարգմանւում է «մշակ», «հողագործ»: Նա մեծատուն ծնողների առաքինի զաւակ էր` ազատների եւ քաջերի ազգից: Ս. Գէորգը տարիքով երիտասարդ էր, վայելուչ էր հասակով եւ տեսքով գեղեցիկ: Լինելով արեւելեան զօրագնդի զօրավար`...

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

Մեր Ազգային Կեանքի Որակական Բարեփոխման Ի Խնդիր

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան պարզած վիճակը եւ յատկապէս վերջին տարիներու Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայութեան պարզած պատկերը բոլորիս ծանօթ է: Այս կացութիւնը եւ անոր հետեւանքները աւելի քան մտահոգիչ են, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ երկար տարիներ Հայ դատի հետապնդման պայքարին մէջ առանցքային ի՛նչ կարեւորութիւն տուած ենք Միջին Արեւելքի հայկական համախումբ կեանքին: Մանաւանդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ու բռնագրաւեալ հայկական տարածքներուն մերձ...

«Մենք Խոնարհ Ժողովուրդ Ենք»

Ամէնէն Երկար Թռիչքը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»: Իմ աշխատանքային ասպարէզիս վերջին երեսուն տարիները, մինչեւ այսօր, եղած են ճամբորդութիւններով լեցուն: Եթէ ճամբորդութիւնները ընդգրկեցին աշխարհի տարբեր կողմերը` ներառելով թռիչքներ տարբեր ուղղութիւններով եւ ժամերով, բայց չէի կրնար պատկերացնել, որ նաեւ պիտի կատարէի ամէնէն երկար թռիչքը` ըստ վիճակագրական տուեալներու: Քաթարէն մինչեւ Նոր Զելանտա` աւելի քան տասնութ ժամ: Այս...

Անդրադարձ.  Կանաչ Լոյսն Ու Թրամփեան Այլ Կեցուածքներ

Անդրադարձ. Կանաչ Լոյսն Ու Թրամփեան Այլ Կեցուածքներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն կարելի է վերջ տալ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ նուազագոյն կորուստներով: Ան ըսաւ, թէ Փոմփէոյին եւ Պոլթընին հրամայած է միլիոնաւոր քաղաքային զոհերու արձանագրումը չարտօնել` ընդգծելով. «Ատիկա չի նշանակեր, թէ սուրիական բանակը չի կրնար զգուշ կերպով վարուիլ, այդտեղ մուտք գործել եւ ահաբեկիչներուն...

ԶԱՒԷՆԸ

ԶԱՒԷՆԸ

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Զաւէնին հետ առաջին հանդիպումս եղած  է 1956-1957 թուականներուն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա.  հովուական այցելութիւն մը պիտի տար Թրատ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Կաթողիկոսական պատուիրակութիւնը պիտի անցնէր Թոմարզա թաղէն, մեր տան առջեւէն, եւ ուրեմն սովորութիւն էր  բարի գալուստի կամարներով դիմաւորել ազգի առաջնորդը, որ նախագահի կամ թագաւորի հանգամանք ունէր  այդ օրերուն: Հայրիկս շինեց շատ գեղեցիկ բարձր...

Զաւէն Խտըշեանի Անդարձ Մեկնումին Առիթով.  «Յաւերժութեան Ճամբորդ»-ը

Զաւէն Խտըշեանի Անդարձ Մեկնումին Առիթով. «Յաւերժութեան Ճամբորդ»-ը

Անդարձ մեկնումը Զաւէն Խտըշեանի նման կայացած քանդակագործի մը` խիստ ցաւալի է անշուշտ: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ անոր արուեստը իր բնոյթով ու վեհաշուք ուրոյն գեղեցկութեամբ հպարտութիւն կ՛առթէ թէ՛ մեզի` լիբանանահայերուս, եւ թէ՛ առհասարակ Լիբանանի հասարակութեան, ան արժանի էր արժանապատիւ ու առնուազն համագաղութային հրաժեշտի: Եւ տրուած ըլլալով, որ այս տաղանդաշատ կերպարուեստագէտը թէեւ ունէր զարտուղի նկարագրային գիծեր ու շեղումներ, այնուամենայնիւ ան խիստ մարդկային...

Ինչպէ՞ս Յիշել…

Ինչպէ՞ս Յիշել…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ուսումնական տարեշրջանի առաջին մտահոգութիւնը ծնողներուն համար, անշուշտ, կրթաթոշակի ծախսերն են, որոնք հետզհետէ շատերու համար մղձաւանջ կը դառնան: Նոյնպէս հրատապ է աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կեդրոնացումը, յիշողութեան թարմացումը, մանաւանդ` արհեստագիտական սարքերով ողողուած մեր այս ժամանակներուն մէջ, երբ գրեթէ ամէն ոք կը ձգտի դիւրինին, որ ի վերջոյ աւելի հաճելի կը թուի: Սակայն միշտ չէ, որ դիւրինն ու հաճելին օգտակար կ՛ըլլան:...

Հայ Դպրոցը` Հայակերտման Ամրոց

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ապագայ լրագրող Հայ դպրոցին առաքելական դերը հայկական գաղութներուն մէջ միշտ եղած է ու պէ՛տք է մնայ անմիջական: Հայ դպրոցը հարազատ տունն է հայ մանուկին: Հայ դպրոցը տունն է նաեւ միա՛յն նուիրեալ հա՛յ ուսուցիչին եւ ո՛չ թէ հայկականութենէ զուրկ ու միայն նիւթական շահեր հետապնդող «ուսուցիչ»-ին: Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ, հայ դպրոցը հայակերտման...

«Նէլսըն Մանտէլան Խորհրդանիշ Կը Մնայ Բռնութիւնը Ոչ Բռնի Միջոցներով Յաղթահարելու Քրիստոնէական Սկզբունքին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նէլսըն Մանտէլան Խորհրդանիշ Կը Մնայ Բռնութիւնը Ոչ Բռնի Միջոցներով Յաղթահարելու Քրիստոնէական Սկզբունքին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քանի մը օրեր առաջ, ՄԱԿ-ի կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Նէլսըն Մանտէլայի յիշատակին նուիրուած համագումար մը` իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անձնապէս ճանչցած Նէլսըն Մանտէլան եւ հանդիպում ունեցած է անոր հետ, Cilicia TV-ն դիմեց վեհափառ հայրապետին` որոշ տեղեկութիւններ քաղելու ու իր տպաւորութիւնները ունենալու ափրիկեան այս մեծ անձնաւորութեան մասին: Նորին սրբութիւնը հետեւեալը...

Սիրոյ Բացակայութեան

Մերն Ուրի՜շ Է…

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ 1982 ապրի՞լ. ժամը երեքին կը սկսի պատերազմը, եթէ... Իսրայէլ վերջնագիր տուած է Սուրիոյ... Այսքան բան կը յիշեմ: Գիւղի պահակ տղաքը ինքնաշարժներով կը շրջին Այնճարի փողոցները եւ բարձրախօսներով կը յիշեցնեն մեզի, որ պէտք է տուներուն մէջ փակուիլ: Փողոցները ամայացած են, ամէն մարդ կը սպասէ ժամը երեքին... Ժամը երեք. ահաւոր հռնդիւնով իսրայէլեան օդանաւերը կը յարձակին` ոչնչացնելով սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան մեծ...

Page 654 of 1111 1 … 653 654 655 … 1,111

Արխիւներ