ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ու կը շարունակենք հոգեպէս բարձրանալ արարատագնացներուն հետ.
«Յուլիս 11 – Աւելի ցից ու ժայռոտ էր ճամբան, գրեթէ 5 ժամ քալեցինք ու բարձրացանք 3200 մեթրէն մինչեւ մօտաւոր 4200 մ, օդը արեւոտ էր, կապոյտ երկինք, քիչ մը աւելի ցուրտ: Հակառակ ցից ըլլալուն` աւելի դիւրին կրցանք բարձրանալ: Հասանք 2-րդ բանակավայրը, քիչ մը հանգիստ ըրինք, եւ հոն մեզի ըսուեցաւ, որ պէտք էր կանուխ քնանայինք ու պատրաստ ըլլայինք գիշերուան արշաւին: Աւելի՛ն. երկու խումբի պիտի բաժնուէինք, մեզմէ ոմանք արագ կը քալէին, իսկ ուրիշներ` աւելի դանդաղ: Բացատրուեցաւ, որ կամաց քալողները ժամը 12:00-ին պէտք էր սկսէին քալել, իսկ ժամ մը ետք` 1:00-ին, արագ քալողները:
Թէեւ պէտք էր հանգիստ ընէինք, սակայն ինչպէ՞ս կարելի էր քունի անցնիլ, երբ գիտես, թէ որքան մօտեցած ես գագաթին: Բաւական ցուրտ էր, նախքան մեր քնանալը` տեղատարափ անձրեւ եկաւ, մեր առաջնորդները ըսին, որ այդպէս շարունակուելու պարագային, պիտի չկարենայինք շարունակել մեր երթը:
Բարեբախտաբար բարելաւուեցաւ եղանակը, սակայն մեր հոն գտնուած ժամերուն կը լսէինք, թէ ինչպէ՛ս ժայռերը կը սահին ու դէպի վար կը գլտորին: Ճշդուած ժամերուն գլխու լոյսերով սկսանք քալել, հետաքրքրական էր այդպէս բարձրանալ, ամէն բան չես կրնար տեսնել, կը զգաս ցից մասեր կան, այլ տեղեր ձիւն կար, եւ զգուշ պէտք էր յառաջանալ: Մեր ճամբայ ելլելէն առաջ մեր առաջնորդը ըսած էր, որ եթէ մէկը զգայ, թէ ալ չի կրնար շարունակել, ինք անոր հետ պիտի չվերադառնայ, այլ ան առանձին պիտի իջնէր երկրորդ հանգստավայր, ուր վրանները եւ խոհանոցը պիտի պահուէին, լոյսերը վառած պիտի մնային:
Արտային փորձառութիւնը բաւական հակասական եղած է այս հանգրուանին. «Ես մարզիկ չեմ, լաւ ալ չէի մարզուած գագաթ ելլելու, առաջին օրէն ունէի այն մղձաւանջը, որ պիտի չհասնիմ գագաթ: Քիչ մը քալելէ ետք, 4700 մեթրէն քիչ մը վար էինք, զգացի, որ չափազանց յոգնած եմ ու ես ինծի ըսի, թէ երկու փուլ արդէն անցայ, լաւ է, որ հրաժարիմ, մանաւանդ որ, ըստ ինծի, կարելիէս աւելին ըրած եմ արդէն: Առաջնորդը ըսաւ, որ եթէ պիտի հրաժարիմ, ուրեմն առանձինս պիտի վերադառնամ: Զիս փորձեց համոզել Մենարը, բայց բաւական լարուած էի: Բոլորը անցան, առաջնորդը երբ քովս հասաւ, ըսաւ. «Արտա՛, կրնաս ընել, ինչո՞ւ կանգ առիր»: Պատասխանեցի, որ իսկապէս շատ յոգնած եմ, կարելիութիւն չունիմ շարունակելու: Մնացի առանձին, անգամ մը վեր նայեցայ եւ տեսայ ընկերներս, որոնք դանդաղ-դանդաղ կը բարձրանային, նայեցայ վար, ուր վրաններուն լոյսերը կ՛երեւէին, ու ես ինծի ըսի. «Արտա՛, փոխանակ դէպի վար քալելու, բարձրացիր ու միացիր ընկերներուդ: Վրաս տարօրինակ ուժ մը եկաւ, ինքզինքս հաւաքեցի ու սկսայ ելլել: Քիչ անց տեսայ Աննան, Մենարը, որոնք յոգնած ու դանդաղած էին, ինչպէս նաեւ` Թամարը, որ ըսաւ, թէ անհանգիստ է ու պիտի չկարենայ շարունակել: Ըսի իրեն, որ ես ալ կանգ առած էի, բայց ուժ առի ու քալեցի, ուստի իրենք եւս կրնան ընել: Ըսի ու քալեցի, կանգ չառի իրենց քով, մինչ այդ Թամարը կը փորձէր բացատրել, որ լուրջ է իր պարագան եւ, հակառակ իր կամքին, կ՛ուզէին զինք վերադարձնել: Սակայն այդ պահուն չընկալեցի ըսուածը եւ շարունակեցի քալել»:
Պետիկը տուաւ յաւելեալ տեղեկութիւններ. «Վերջին գիշերը կը ծրագրուի կանուխ ճամբայ ելլել` ժամը 12:00-1:00-ին, որպէսզի գագաթ հասնիս ամէնէն լաւ ժամուն` առաւօտեան 6:00-ին, երբ խաղաղ կ՛ըլլայ, արեւուն ճառագայթները ողողած կ՛ըլլան գագաթը, ուստի ջերմաստիճանը աւելի լաւ ու տաք կ՛ըլլայ, իսկ եթէ կէսօրին ճամբայ ելլես վերջին փուլին, գագաթ պիտի հասնիս կէսօրէ ետք, երբ արեւը մար մտնելու մօտեցած է, եւ սառնամանիք է, չես կրնար տոկալ: Ես միացայ աւելի ուշ ճամբայ ելլող խումբին, որովհետեւ միւսներուն հետ էին առաջնորդն ու Կարինէն, որ նախապէս Արարատ բարձրացած էր: Միշտ ալ կը կրկնէինք, որ միասնաբար պիտի հասնինք գագաթ, այս էր մեր հիմնական նպատակը:
Ժամը 11:00-ին, երբ առաջին խումբը ճամբայ ելաւ, արթուն էի, միասին «Հայր Մեր»-ը ըսինք ու քալեցինք: Գեղեցիկ էր տեսարանը, մութին մէջ լոյսերով կը քալէինք. երբ երկրորդ խումբը արթնցաւ, եկան բոլորը քովս, ու միասնաբար դիտեցինք տպաւորիչ լոյսերու գիծը, որ կազմուած էր մեր ընկերներէն, իսկ աւելի անդին գագաթը կ՛երեւէր արդէն: Այսքան ատեն բարձրացած եմ Արարատ, սակայն ոչ մէկ անգամ առիթ ունեցած եմ հեռուէն դիտելու բարձրացողներուն երթը, մանաւանդ որ մեր խումբի անդամներն են անոնք»:
Թամար Քէշիշեանը բաւական անհանգստացած է, 4 առաջնորդներէն մէկը որոշած է անոր հետ վերադառնալ, թէեւ նախապէս ըսուած էր, որ առաջնորդ չկորսնցնելու համար վերադառնալ ուզողը առանձինն պիտի իջնէր: Երբ լսած են, որ առաջնորդը ինք ընկերակցած է Թամարին, գիտցած են, որ իրենց ընկերուհիին վիճակը իսկապէս վատ է: Բուն առաջնորդն է, որ որոշած է վերադառնալ, որովհետեւ բարձրութեան հիւանդութիւնը (ալթիթիուտ սիքնըս) հարուածած է զայն, հակառակ դէպի վար քալելուն` կարծած է, որ լեռ կը բարձրանայ, եւ` այլ ախտանշաններ, որոնք մարդու կամքէն ու գիտակցութենէն դուրս են. այլ խօսքով, ան իր անձին տիրապետելու կարողութիւնը կորսնցուցած է այդ պահուն, ուստի անկարելի է առանձին ձգել զայն, որովհետեւ չէր կրնար երկրորդ կայանը վերադառնալ:
«Մենք շարունակեցինք մինչեւ լուսածագ, երբ արդէն սկսանք տեսնել գագաթը: Արագ քալողները արդէն հանգիստ կ՛ընէին, միւսներուն մէջ կրկին կար այդ խարխափումը` հասնիլ-չհասնելու: Պետիկը կը փորձէր օգնել բոլորին եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր, որ բոլորը միասին հասնին գագաթ:
«Ես ըսի, որ եթէ բոլորը չհասնին, ես ալ պիտի չբարձրանամ: Արագ քալողները սկսան ըսել, որ արդէն շատ ցուրտ է, կ՛ուզեն բարձրանալ, իսկ ես կ՛ուզէի, որ բոլորս միանանք, թէեւ, միւս կողմէ, եթէ մէկ մասը հասնէր լեռ, պիտի կարենային դանդաղողներուն ըսել, որ արդէն հասնող եղաւ, եւ իրենք ալ կրնան ընել ատիկա», ըսաւ Պետիկը:
Արարատագնացները խոստովանեցան, որ շատ դժուար էր Արարատը նուաճելը, սակայն մէկը միւսին ուժ տալով, քաջալերելով, ներշնչելով` կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել երազի նմանող ծրագիր մը: Բոլորն ալ ապրած են պահեր, երբ կարծած են, որ ա՛լ չեն կրնար յառաջ ընթանալ, սակայն միշտ ալ եղած է խայծ մը, խօսք մը, արարք մը, ձայն մը, երաժշտութիւն մը, որ ուժ տուած է, ոտքի հանած է եւ մղած է դէպի վեր` դէպի լեռն անմահական:
Գրեթէ բոլորը միասին իրենց ոտքը դրած են սրբազան լերան կատարին, որուն ամէնէն վերի բաժինը գտնուող փոքր ու ցից բլուրին հասնելու համար կարիք կար յատուկ երկաթներու, որոնք կ՛ամրացուէին կօշիկներուն տակ, սակայն անոնցմէ բաւարար թիւով չկար բոլորին համար, ուստի փոխն ի փոխ յաւելեալ ուժ ունեցողները բարձրացած են նաեւ հոն, ուր հազիւ երեք-չորս հոգի կը բաւէ: Մեծամասնութիւնը կրցած է այդ ալ ընել:
Այս պարագային, բախտը ժպտացած է Մենարին. «Ես չունէի այդ երկաթներէն. ամբողջ լերան վրայ, մեզմէ բացի, կային չորս պարսիկներ, որոնք մէկ առաջնորդով բարձրացած էին: Անոնք մեզմէ առաջ ելած էին ու կը վերադառնային: Բախտը ժպտաց ինծի, անոնց առաջնորդը պատրաստակամ էր այդ երկաթներէն մէկը տալու, մեր տղոցմէ մէկը ոտքը երկարեց, որպէսզի իրեն անցընեն, սակայն անոր ոտքի չափին յարմար չէր, փոքր էր: Ես երկարեցի ոտքս, որուն յարմար էր այդ երկաթը, ուստի աւելի վճռական դարձայ` այդ բլուրն ալ բարձրանալու: Ինծի հետ էր Հայաստանէն մեզի հետ եկած առաջնորդ մը: Մինչեւ հոն ո՛չ դուրս տուած էի, ո՛չ ալ` գլխացաւ ունեցած, պարզապէս անտանելիօրէն յոգնած էի: Հազիւ սկսայ յառաջանալ, 5000 մեթրի վրայ, դուրս տուի, վերէն եկող առաջնորդը միացաւ ինծի, հազիւ քանի մը քայլ եւս քալած` կրկին դուրս տուի: Թէյ տուաւ, չամիչ կերայ, քիչ մը հանգիստ ընելէ ետք ըսաւ, որ ինք պիտի սկսի քալել եւ թելադրեց, որ իրեն բռնուիմ, ու միասին քալենք: Բաւական տեղ այդպէս բարձրացանք, սակայն անկէ ետք ձգեցի առաջնորդին ու առանձին շարունակել որոշեցի, հազիւ քանի մը քայլ ալ նետած` ինկայ եւ զգացի, որ այլեւս անկարելի է ոտքի կանգնիլ, ուստի սկսայ սողալ, այն ատեն իմ ընկերներս անդրադարձան, որ մօտեցած եմ իրենց ու քաջալերեցին, որ հասնիմ իրենց քով: Հասայ, այդ բաժինն ալ ունէր իր անուշութիւնը»:
Արարատին գագաթին ՀՄԸՄ-ականները վերանորոգած են իրենց երդումը, բոլորը պարզած են դրօշակներ` եռագոյնը, ՀՄԸՄ-ի եւ տարբեր երկիրներու, ուրկէ եկած էին լեռնագնացները: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի դրօշակը եւս ծածանած է եւ հնչած` «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը, ինչպէս նաեւ վառած է այն ջահը, որ աւելի ուշ հասցուած է Երեւան` Ծիծեռնակաբերդ: Խորհրդաւոր պահ մը, որ ապրելու համար արժէ պայքարիլ, յոգնիլ ու չյուսահատիլ:
«Թէեւ արեւոտ էր, սակայն սաստիկ հով կար, որ կը հասնէր մեր ոսկորներուն եւ կը սառեցնէր մեզ: Բարձրանալու մասին կը մտածէինք միշտ, հասնելու, սակայն երբեք չէինք մտածած այն մասին, որ իջնելը նոյնքան արկածախնդրական եւ դժուար էր: Այդ ձիւնի բաժինը իջնելը բաւական վտանգաւոր էր, կային ցից բաժիններ, ձիւներուն մէջ մնալու կամ մէջը մխրճուելու վախ, գլորող սառոյցի կտորներ: Այս անգամ չկային հանգրուաններ, այլ առանց դադարի պիտի վերադառնայինք ստորոտ: 26 ժամ քալեցինք ու քալեցինք, չափազանց յոգնած էինք, մեր միակ նպատակն ալ հասնիլ ու հանգիստ ընելն էր», իրենց ուխտագնացութեան պատմութիւնը եզրափակեցին անոնք` նշելով, որ բաւական ատեն տակաւին անհաւատալի կը թուէին այս բոլորը, կարծէք` ուժգին ցնցումէ արթննալ չէին կրնար:
Խումբը փորձառութիւն մը ապրած է նաեւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր այցելած է իբրեւ վերջին հանգրուան: Պետիկ Գասպարեանի համաձայն, ինք միշտ ալ մտքին մէջ ունեցած է, որ միասնաբար աղօթեն եկեղեցւոյ մէջ, սակայն ոչինչ ըսած է ընկերներուն, մանաւանդ լաւապէս գիտնալով, որ ատիկա արգիլուած է: Միասնաբար մտած են եկեղեցի, առանց իրարու բան մը յուշելու:
Պետիկը, որ որոշ փորձառութիւն ունի, պատմեց. «Երբ կղզի հասանք, Կարինէն ինծի ըսաւ, որ Ուրուկուէյէն Միքայէլը կը փափաքի Եռագոյնով նկարուիլ, սակայն կը մտածէ, թէ արգիլուած է, եւ հարց կրնայ ծագիլ: Այս առաջարկը մտքիս մէջ դրոշմուեցաւ, եւ չուզեցի, որ Միքայէլը առանց այդ երազը իրականացնելու վերադառնայ հեռաւոր Ուրուկուէյ: Բացատրեցի իրենց, թէ ուր կանգնած են ոստիկանները, խնդրեցի, որ կղզին պտտին, ապա ժամ ճշդեցինք եկեղեցւոյ առջեւ հաւաքուելու, ներսը աղօթելու»:
Ու կը շարունակեն` մէկը միւսին միտքը ամբողջացնելով. «Ճշդուած ժամուն հաւաքուեցանք ու երկու-երկու սկսանք եկեղեցի մտնել, ոստիկանը եկեղեցւոյ մէջ տեղեկութիւններ սկսաւ տալ մեզի, անբնական ոչինչ նկատեց: Փորձեցինք գրաւել զինք. երբ քիչ քիչ բոլորս եկեղեցին լեցուցինք… «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»-ին ու խաչակնքելուն հետ, արդէն իսկ Միքայէլը ձայնը բարձրացուց եւ սկսաւ Հայր Մերը երգել, բոլորս միացանք անոր եւ տէրունական աղօթքը լեցուց եկեղեցին: Եթէ նախապէս ծրագրած ու որոշած ըլլայինք, այսքան գեղեցիկ պիտի չըլլար, ինքնաբուխ էր ամէն բան ու բնական… Մեր եկեղեցիներուն մզկիթի վերածուիլը տեսած էինք, Անիի մէջ մեր քարուքանդ եկեղեցիներուն կսկիծը կար մեր սրտին մէջ, ուստի բնական էր, որ աղօթքը բարձրանար մեր սրտերէն: Ոստիկանները իրար անցան, նկարեցին մեզի, փորձեցին արգիլել, լռեցնել, սակայն մենք շարունակեցինք, աւարտեցինք մեր աղօթքը եւ դուրս ելանք: Այս բոլորը ըրինք, առանց մտածելու այն մասին, որ կրնայ ասիկա հետեւանքներ ունենալ, այդ վայրկեանին Ս. Խաչի մէջ բարձրաձայն աղօթելն էր կարեւորագոյնը»:
Պետիկի մտքին մէջ սակայն, տակաւին մնացած է Միքայէլին փափաքը. «Եկեղեցիէն դուրս ելանք եւ դէպի լիճ քալեցինք. մինչ այդ մեր նկարած բոլոր տեսերիզները եւ նկարները արդէն մեր ընկերներուն ղրկեցինք` մտածելով, որ եթէ ոստիկանները մեր բջիջայինները առնեն ու ջնջեն նկարները, գոնէ ուրիշի քով հասած ըլլան անոնք: Բոլորին ըսի, թէ շատ արագ պէտք է շարժիլ, համախմբուիլ, Եռագոյնը պարզել եւ շատ արագ լուսանկարուիլ: Բեկորը բջիջայինը պատրաստեց, մինչեւ տասը սկսայ հաշուել, 8-ին դրօշակը հանեցինք, նկարուեցանք, կրկին պահեցինք ու շարունակեցինք»:
Վերադարձին թրքական սահմանին վրայ քիչ մը աւելի մանրամասն խուզարկութիւն կատարուած է, բազմաթիւ հարցումներ ուղղուած են, բայց ի վերջոյ իրենց երազը իրականացուցած խումբը հասած է Վրաստան, ուրկէ Հայաստանէն վարորդ մը, որուն հետ նախապէս համաձայնած էին, եւ որ զիրենք օրեր առաջ տարած էր սահման, եկած է կրկին զիրենք վերադարձնելու: Պասին մէջ բաւական զգացական պահեր ապրած են բոլորը, յուզիչ եւ ազդեցիկ ժամեր անցուցած են հոն, իւրաքանչիւրը պատմած է իր ապրածը, զգացածը, երազածը: Երբ բոլորը լռած են, վարորդը` Արթիւրը, խնդրած է, որ իրեն ալ արտօնութիւն տրուի խօսելու. ան ըսած է. «Տղե՛րք, հաւատացէք, ձեզի հոս հասցնելէս մինչեւ ետ գալու պահս, աչքերս չեն փակուած: Կէսօրուան 12:00-ին պէտք է գայի սահման, սակայն առտուան 7:00-էն հոս էի, անհամբեր ձեզի կը սպասէի: Եւ այն գիշերը, երբ դուք լեռ պիտի բարձրանայիք, եւ ես գիտէի, որ այդ ժամերուն դուք հոն պէտք է ըլլայիք, պատշգամը նստայ ու հեռուէն դիտեցի, մտահոգ էի, կնոջս ըսի, որ հիմա այս տղաքը Արարատին վրայ են, գիտեմ, որ հոսկէ դիտելով զիրենք պիտի չկարենամ տեսնել, որովհետեւ հեռու ըլլալէ բացի, անոնք միւս կողմէն կը բարձրանան, բայց պիտի մնամ հոս, լուսցնեմ, թերեւս գագաթը երբ հասնին, կը տեսնեմ զիրենք…»:
Արարատ բարձրանալը երազ չէր այլեւս այս տղոց ու աղջիկներուն համար, այլ քաղցր իրականութիւն, անմոռանալի լուսանկար ու թարմացնող յիշատակ: Թանկագին ապրումներով, մտածումներով եւ Արարատի գագաթին վառած ջահով անոնք հասած են Հայաստան, ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն յանձնած են ջահը, որ միացած է Ծիծեռնակաբերդ բերուած միւս երեք ջահերուն, ինչպէս նաեւ բիւրեղ գագաթէն բերուած հողի տուփը, որ իր տեղը գտած է միւսներուն կողքին:
… Կը նայիմ տղոց ու աղջիկներուն, կը փորձեմ աւելի թափանցել անոնց մտքերուն եւ սրտերուն խորը, զգալ ու ապրիլ իրենց հետ, սակայն Արարատ բարձրացողն ու Արարատ բարձրանալուն մասին պատմութիւն լսողին միջեւ եղած տարբերութիւնը մեծ է անպայման, թէեւ սրբազան լերան հանդէպ սէրն ու պաշտամունքը կը մնայ նոյնը` իւրաքանչիւր հայու սրտին ու մտքին խորերը, իսկ զայն տուն բերելու կտակը` բոլորին պարտքը…
Արարատ Բարձրացողներուն
Տպաւորութիւնները
Թամար Քէշիշեան (Լիբանան)
Փոքր տարիքէս ծնողքէս, դպրոցէն, եկեղեցւոյ եւ ակումբի մէջ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած եմ: Փոքր տարիքի երազներէս մէկն էր Հայաստան երթալ, ապա` պատմական Հայաստան այցելել: Սրտիս մէջ տարբեր տեղ ունին Հայաստանն ու պատմական Հայաստանը: Երբ ինծի առաջարկուեցաւ Արարատ բարձրանալ, անմիջապէս համաձայնեցայ` առանց մտածելու որեւէ բանի մասին: Շատ ոգեւորուած էինք բոլորս. թէեւ անձնական նախաձեռնութեամբ կ՛երթայինք, բայց մեծամասնութիւնը ՀՄԸՄ-ական քոյրեր ու եղբայրներ էին, որոնք միասնաբար պիտի բարձրանային մեր շատ սիրելի լեռը` Արարատը, որ միշտ երազած ենք ՀՄԸՄ-ի մէջ. «Արարատ երթալ կ՛ուզենք, բանակում ընել կ՛ուզենք, Արարատի գագաթին եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»: Վերջին օրերուն սկսաւ զարգանալ այն գաղափարը, որ եթէ յարմար ըլլայ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին ջահավառութիւն ընենք եւ ջահը իջեցնենք Արարատ լեռէն եւ 100-ամեակի երդումնիս նորոգենք գագաթը: Երբ հասանք Արարատ լերան ստորոտը, շատ յուզուած էինք, որովհետեւ վերջապէս հասած էինք այն լեռը, որուն գեղեցկութեան, օդին մասին տարիներով լսած էինք. վերջապէս պիտի տեսնէինք լեռը պատմական Հայաստանի կողմէ:
Բոլորս շատ խանդավառ էինք եւ սկսանք երգել ազգային երգեր: Ճամբու ընթացքին գոյնզգոյն շատ ծաղիկներ տեսանք:
Գեղեցիկ էր նաեւ լսել հալող ձիւներուն ձայնը, որ լեռնէն կը հոսէր: Ճամբու ընթացքին գրեթէ բոլորս ունեցանք ֆիզիքական դժուարութիւններ, բայց միշտ իրարու կ՛օգնէինք, կը քաջալերէինք, որ մէկը չյանձնուի, եւ բոլորս միասին հասնէինք վեր: Մենք` ՀՄԸՄ-ական քոյրերս ու եղբայրներս, ազգային երգեր երգելով` կը բարձրանայինք մեր շատ սիրելի լեռը` Արարատը:
Ես դժուարութիւններու հանդիպեցայ առաջին օրը, որովհետեւ բաւական քալելու ճամբայ ունէինք, բայց միշտ կ՛ըսէի, որ պիտի հասնիմ վեր: Ինծի եւ բոլոր սիրելիներուս համար, մանաւանդ` ծնողքիս եւ հօրս համար, պիտի հասնիմ վեր: Դժբախտաբար 3-րդ օրը, 4700 մեթր բարձրութեան վրայ, անհանգստացայ եւ չկրցայ շարունակել. շատ յուզիչ էր, շատ ազդուած էի, որ 400 մեթր մնացած` չկրցայ գագաթ հասնիլ եւ ուխտս վերանորոգել սիրելի քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ: Քոյրերս եւ եղբայրներս իրենց ուխտը վերանորոգեցին: Յոյսով եմ, որ դարձեալ կ՛երթամ եւ այս անգամ կը հասնիմ գագաթ: Որքան խօսինք լերան գեղեցկութեան մասին, բացատրելի չէ, պէտք է ամէն հայ երթայ եւ իր աչքով տեսնէ: Կեանքին մէջ կը սորվիս, որ չկայ աշխարհի մէջ բան մը, որ կանգ առնել կու տայ քեզի նպատակներդ իրագործելէ:
Բեկոր Եագուպեան (Լիբանան)
«Խօսք չենք ուզեր, գործ կ՛ուզենք. Արարատ տեսնել կ՛ուզենք, Արարատի լանջերուն բանակում ընել կ՛ուզենք, Արարատի գագաթին եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»:
3 տարեկանէս ի վեր կը լսեմ ու կը կրկնեմ այս կանչը, որ մէջս շատոնց արթնցուցած է զայն իրողութիւն դարձնելու փափաքը:
Անսահման էր ուրախութիւնս 20 տարեկանիս եւ մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի առիթով իրագործելու կեանքիս մեծագոյն եւ ամէնէն դժուար նպատակներէն մէկը: Տարիներու ճիգի արդիւնք էր այս մէկը: Մեծ շնորհակալութիւն` Պետիկ Գասպարեանին, որ այս բացառիկ առիթը ստեղծեց: Շնորհակալ եմ իր վստահութեան, քաջալերանքին եւ խրատներուն:
Երանի Արարատը անկախ ըլլար, Արեւմտահայաստանը ապահով ձեռքերու մէջ ըլլար, որ կարենայինք գիշեր-ցերեկ վայելել մեր երկրի հողն ու ջուրը:
Այսօր ես աւելի կը հաւատամ, որ մեր գերագոյն նպատակին ուշ կամ կանուխ պիտի հասնինք, եթէ շարունակենք պահել մեր ամուր կամքը, եռանդն ու յարատեւ պայքարի ոգին:
Հիմա, երբ վայրկեան մը նստիմ եւ մտածեմ, թէ ճիշդ ամիս մը առաջ ո՛ւր էի եւ ի՛նչ կ՛ընէի, կ՛անդրադառնամ, որ այդ ամէնը իրականութիւն էր եւ ոչ` երազ: Օրին շա՛տ ոգեւորուած էի, կարծես երազի մէջ էի: Երբ գագաթ հասայ, գիտակցութիւնս կարծես պահ մը սառած էր: Այսօր կը զգամ, որ Արարատի մասին երազելը, հայրենիքի մասին երազելը աղուոր զգացում է, բայց երբ երթաս ու աչքերովդ տեսնես, հողին վրայ կոխես եւ վերադառնաս, անբացատրելի զգացում է:
Արարատէն վերադարձին այցելեցինք Վան քաղաքը: Ինծի համար այս մէկը մեծ նշանակութիւն ունէր, ես անհամբեր կը սպասէի այդ պահը, որովհետեւ արմատներուս մէկ մասը Վանէն են. մայրս վանեցի է, ան միշտ կը խօսէր մեզի Վանի մասին: Ես առիթ ունեցայ տեսնելու եւ զմայլելու Վանի գեղեցկութեամբ: Շատ ուրախ եմ, որ այս խումբին հետ բարձրաձայ Արարատ: Ես լեռնագնացութիւնը շատ կը սիրեմ: Նպատակ ունիմ աշխարհի տարածքին տարբեր լեռներ բարձրանալու սկսիլ, բայց միշտ ուզած եմ Արարատով սկսիլ եւ ուրախ եմ, որ այդ մէկը կատարեցի:
Ռոզալին Յարադուրեան (Շուէտ)
Անհաւատալի էր Արարատ բարձրանալը: Այդ ընթացքին շատ բաներ սորվեցանք: Դժուար պահեր եղան, երբ զգացինք, որ ա՛լ չենք կրնար դիմանալ, բայց մեր կամքը մեզ կը տանէր, որովհետեւ նպատակ ունէինք: Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ յաջողեցայ Արարատ բարձրանալ: Կեանքիս ամէնէն հպարտ օրերէն մէկն էր, որ բնաւ չեմ կրնար մոռնալ:
Կասիա Դիմիճեան (Լիբանան)
Բարձրացանք Արարատը, վերադարձանք Հայաստան, տակաւին արարատեան ամպերուն մէջ էինք կարծես: Հազիւ պանդոկ մտանք, մեր դիմաց տեսանք Արարատի գծանկարը… Այս անգամ տարբեր էր զգացումը Արարատի նկար տեսնելուն, անբացատրելի զգացում մը համակեց ողջ էութիւնս: Կարօտցած եմ այդ լեռն ու հոն գտնուողները:
Աննա Քէօմպեճեան (Լիբանան)
Բոլորիս համար երազ մըն էր, կը զգամ, որ ասիկա լռութեամբ խօսուն լեռ է իւրաքանչիւր հայու համար: Կը դիտես, կարծես` հետդ կը խօսի, սակայն դուն չես գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի բացատրես այս զրոյցը:
Երբ իջանք Արարատէն, հոն` ստորոտին, այն զգացումը ապրեցանք, որ կարծես մեր կեանքին մէջ ալ ոչինչ ունինք ընելիք:
Արտա Զէյթունլեան (Լիբանան)
Երազ էր, չէի երեւակայեր, որ օր մը կրնամ Արարատը մագլցիլ, հոն գտնուած պահերուն իսկ տակաւին չէինք հաւատար, որ Արարատին վրայ ենք:
Յատուկ փորձառութիւն մըն էր: Գագաթ հասնելու ճանապարհը բաւական դժուար էր ու յոգնեցուցիչ, բայց մեր խումբի անդամներու քաջալերանքն ու անպայման գագաթ հասնելու նպատակը մղեցին չյուսահատիլ ու շարունակել: Գագաթ հասնելէն ետք զգացումը հրաշալի էր եւ` նոյնքան անբացատրելի: Համոզուած էի, որ ա՛լ անկարելի բան չկար. եթէ կրցայ Արարատը մագլցիլ, ուրեմն չկայ բան մը, որ չեմ կրնար ընել, այդ զգացումը ամրապնդուեցաւ մէջս:
Մենար Պոյաճեան (Լիբանան)
Յաճախ կը կրկնէի, որ երկու բան անպայման կ՛ուզեմ ընել, մէկը սքայ տայվինկն էր, որ նախորդ տարի ըրի, իսկ երկրորդը Արարատ բարձրանալն էր, որ այս տարի իրականութիւն դարձաւ: Հիմա ի՞նչ ունիմ ընելիք…
Որքան ալ փորձեմ բացատրել, կը դժուարանամ ներաշխարհիս մէջ եղածը լիովին արտայայտել: Հրաշալի էր այն, որ լաւ ընկերներով շրջապատուած էինք, բոլորս զիրար չէինք ճանչնար, սակայն հանդիպումի առաջին վայրկեանէն իսկ այնպէս զգացինք, որ վաղեմի բարեկամներ ենք, թերեւս մեր նպատակը աւելի միաւորեց մեզ: Լաւ կը յիշեմ, որ երկրորդ օրուան մեր նշանաբանը եղաւ` «Պիտի չյանձնուիմ թուրքին», ընկերներուս ալ ըսի, որ եթէ կանգ առնեմ, յուսահատիմ, այս նախադասութիւնը կրկնեցէք անպայման: Թէեւ եղան պահեր, երբ մտածեցի, որ ինչո՞ւ այսքան դժուար բան մը ընելու որոշում տուի, որովհետեւ ատիկա իմ կարողութենէս վեր բան մըն էր, սակայն այդ ընկերութիւնը, իրարու ուժ տալը, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի հանգամանքը` բոլորը միասին տարբեր ուժ մը տուին:
Հաւանաբար ես վերջին անձն էի, որ խումբին միացայ, բոլորը 8 ամիս առաջ լուր ունէին, ես երկու ամիս առաջ տեղեկացայ ու որոշեցի միանալ, ֆիզիքապէս բնաւ չէի պատրաստուած, երկու անգամ դէպի Ճեմարան բարձրացայ: Մինչեւ այսօր ալ կը կրկնեմ, այդ լեռը եթէ Արարատը չըլլար, ես առաջին փուլը արդէն չէի ամբողջացներ:
Կայ նաեւ ուրիշ հակասութիւն մը, որ միշտ եղած է մէջս` ես կ՛ուզե՞մ Արեւմտահայաստան երթալ, թէ՞ ոչ: Երբ գործընկերներս գիտցան, որ Թուրքիա գացի, զարմացան, սակայն բացատրեցի, որ Թուրքիա չգացի, այլ մեր հողերուն վրայ էի: Միշտ կ’ըսէի, որ եթէ միայն Արարատ բարձրանալու համար մուտք կը գործեմ Թուրքիա, սակայն հիմա, որ Անիի եւ Աղթամարի փորձառութիւնն ալ ապրեցայ, այդ մտածելակերպս բոլորովին փոխուած է, եւ կ’ուզեմ անպայման երթալ ու մեր պատմական հողերը տեսնել, որովհետեւ հոն ըլլալն ու զգալը լիովին տարբեր է, քան ինչ որ կը լսես գացողներէն կամ կը կարդաս գիրքերու մէջ:
Ինծի համար Արարատը այլեւս նախ մեծ, ապա փոքր Մասիսն է… Արարատին վրայ նստիլ, ջուրերուն ձայնը լսել, ամէնէն փոքր ծաղիկն իսկ տեսնել, արծիւներուն սլացքը դիտել, այդ անուշութիւնը տարբեր է, շատ խորունկ եւ անբացատրելի… Այդ բոլորը թուրքին չեն, իմս է, ու ես անպայման կը վերադառնամ:
Պետիկ Գասպարեան (Լիբանան)
Տարբեր խումբերու հետ բարձրացած եմ Արարատ, առաջին անգամ հոն հասնելուս` 2012-ին, ուխտեցի, որ պիտի վերադառնամ եւ միշտ հետս ուրիշ հայեր պիտի բերեմ: Այդպէս ալ ըրի, 2014-ին գացի եւ այս տարի եւս: «Արարատը մերը չէ», կ՛ըսեն երբեմն, «Թուրքիոյ տարածքին մէջ է», բայց արդեօք ո՞ր հայը Արարատին նկարը չէ կախած իր տան պատէն, ո՞ր հայը իր սրտին մէջ չունի Արարատը: Կը սխալին նման մտածողները, Արարատը անպայման մերն է: Արարատ մագլցելու երազս իրականացաւ արդէն, հիմա նպատակս Արարատը Հայաստանին վերադարձնելու երազիս իրականացման համար ամէն ինչ ընելն է: Մեր հողերը դատարկ են, լքեալ են, մեզի կը սպասեն… Անոնցմէ հեռու ըլլալով ոչինչ կրնանք փոխել, պէտք է երթանք, մեր ոտքը դնենք հոն, ես այդպէս ըրի եւ պիտի շարունակեմ ընել, այնքան ատեն որ կը հաւատամ, թէ ջանքով կարելի է երազը իրականացնել: Կը փորձեմ այս մտայնութիւնս տարածել, պատրաստ եմ այլ խումբերու հետ կրկին բարձրանալ Արարատ, կրկին ապրիլ այս բոլորը:
Երրորդ անգամ ըլլալով Արարատ բարձրանալով իսկ նոր զգացումներ ունեցայ Արարատի գագաթին, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած էր մեր այս արարատագնացութիւնը, իսկ ես ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութեամբ հասակ նետած եմ, միութեան սկզբունքները խարսխուած են մէջս:
(Շար. 3 եւ վերջ)