Հաղորդագրութիւն
Կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ՀՄԸՄ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Նահտա Պար Էլիաս ֆութպոլի խումբի պատասխանատուներուն: Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր` Շրջանային վարչութեան անդամներէ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէ, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչէն, գլխաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի: Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին երկկողմանի լուսաբանութիւններ տրուեցան Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի 2-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ ՀՄԸՄ-ի...


















