
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Կ’ապրինք այնպիսի ժամանակներ, երբ ամէն ինչ արտօնուած կը թուի ըլլալ, երբ արագ եւ յառաջատար ըլլալը աւելի կարեւոր կը նկատուի, քան` ճշգրիտ ու վստահելի ըլլալը, երբ համացանցային բազմաթիւ հարթակներու վրայ սովորական անհատներ կը տեղադրեն լուրեր, նկարներ, տեղեկատուութիւն, որոնք կը տարածուին, կը հասնին աշխարհի չորս ծագերուն` առանց սահմանափակումի եւ ստուգումի: Այս բոլորին լոյսին տակ լրատուամիջոցներուն առաքելութիւնը սովորականին կողքին տարբեր բնոյթ կը ստանայ` հիմնականօրէն առաջնորդուելով այն սկզբունքով, որ արագ ըլլալու կողքին, նաեւ պէտք է ըլլալ ճշգրիտ, հաւաստի եւ վստահելի:
Ճիշդ է, որ այս իրողութիւնը նոր չէ, անոր դէմ յանդիման կանգնած է տպագիր մամուլի մէկ ներկայացուցիչը հանդիսացող «Ազդակ» օրաթերթը, բայց եւ այնպէս օրէ օր աւելի կը շեշտուի այս մարտահրաւէրը, անոր դէմ կանգնելու եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու պարտականութիւնը կը ծանրանայ, որովհետեւ աւելի քան տիրական դարձած է մարդոց տենչը` ճիշդ կամ սխալ տեղեկութեան առաջին հաղորդողը ըլլալու:
«Ազդակ» կը շարունակէ 91 տարի առաջ բացուած իր ուղին, կը մնայ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, անշուշտ կը փորձէ ընթացիկին կողքին նորութիւններ բերել, թէեւ մերօրեայ պայմաններուն մէջ քիչ մը դժուար է ատիկա ընել, որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս սկսած են հեռանալ ընթերցանութենէն, բայց եւ այնպէս մեր հաւատքը կը մնայ նոյնը, թէկուզ` քիչ մը ուշացած, սակայն ճիշդն ու հաւաստին դնել մեր յարգելի ընթերցողներուն տրամադրութեան ու հասողութեան տակ:
«Ազդակ-Բացառիկ»-ներ եւ յատուկ թիւեր

– Փետրուարին «Ազդակ»-ի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»-ի միացեալ թիւը` արցախեան շարժման 30-ամեակին յատկացուած: Թիւը կը ներառէ այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն ուղերձները, Արցախի պետական, հասարակական գործիչներու, խմբագիրներու խոհերն ու վերլուծումները, արցախեան շարժման մասնակիցներու յուշերը, «Ազդակ»-ի եւ «Ապառաժ»-ի խմբագրակազմերու անդամներու ստորագրութիւնները կրող յօդուածները: Միացեալ հրատարակութենէն մեծաքանակ առաքում կատարուեցաւ Արցախ` հասանելի դառնալու համար արցախահայութեան:

– Նկատի առնելով, որ արաբական աշխարհի լրատուական միջոցներուն մէջ Արցախի մասին պատմական տուեալներու եւ վերլուծումներու հրապարակումները քիչ են կամ` ժխտական արձագանգներով լի, հետեւաբար «Ազդակ արաբերէն» կայքը նախաձեռնեց արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով յաջորդական ձեւով հրապարակել 30 նիւթ, որոնք առնչուեցան նախ Արցախի քաղաքակրթութեան եւ մշակութային զարթօնքին, ապա` իրաւական բնոյթ ունեցող նիւթերու, սկսած նախախորհրդային շրջանէն, ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ: Միւս կողմէ` նիւթերը անդրադարձան արցախեան շարժումի պատմականին եւ արխիւային պաշտօնական նիւթերու հրապարակումին: Պատրաստուած նիւթերը ուղարկուեցան արաբական տարբեր երկիրենրու մէջ գործող ուսումնասիրութեան կեդրոններ:
– Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով «Ազդակ» դիմեց յատուկ նախաձեռնութեան մը` երիտասարդական յաւելուածի մը պատրաստութեան եւ հրատարակութեան: Հոն տեղ գտան զուտ երիտասարդական մտորումներ, ապրումներ, տեսակէտներ ու հեռանկարներ: Առաջին անգամն ըլլալով ապրիլեան բացառիկին բովանդակութիւնը կազմուած էր բացառապէս երիտասարդ գրիչներէ` Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:
– Մայիսին տեղի ունեցած Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին «Ազդակ»-ի 3-րդ էջին մէջ հաստատուեցաւ «Ընտրական քրոնիք», որուն տակ տարբեր գրիչներ ստորագրեցին ընտրութիւններուն, Դաշնակցութեան կեցուածքներուն վերաբերող նիւթեր:
– Մայիս 28-ի 100-ամեակին առիթով «Ազդակ» հրատարակեց յատուկ բացառիկ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան` մայիսեան խորհուրդն ու առաջին անկախութեան կարեւորութիւնը, զայն յիշատակելու եւ անոր մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ բերելու անհրաժեշտութիւնը:

– ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով, 20 յուլիսին «Ազդակ» հրատարակեց յատուկ յաւելուած մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ` միութեան պատմութեան, կարեւոր դէմքերուն եւ դէպքերուն, տարած գործունէութեան եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն:

– Լիզպոնի հերոսական արարքին առիթով «Ազդակ», 27 յուլիսի թիւին առընթեր, հրատարակեց յատուկ յաւելուած: Բովանդակութեան առանցքային բաժինը կազմեցին մեր երիտասարդ աշխատակիցներու խոհերն ու մտածումները` Լիզպոնի արարքի պատգամներուն գաղափարախօսական ընկալումները շեշտելով:

– 19 նոյեմբերին լոյս տեսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն տեսաբաններէն Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին նուիրուած «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածը:

– Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն առիթով, դեկտեմբերին «Ազդակ» հրատարակեց ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը ներկայացնող յաւելուած մը:
Յայտնենք նաեւ, որ այս տարի բազմաթիւ առիթներով «Ազդակ»-ը լոյս տեսաւ գունաւոր:
100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթին նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ` Ա. հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու:
Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը:
Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն: Առաջինը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մասնակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած բացառիկ թիւի հրատարակութիւնն էր: Թիւին բովանդակութիւնը ներառած է Ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ մամուլի աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններ, մտածումներ, հրապարակախօսական յօդուածներ: Բացառիկէն որոշ քանակութիւն ուղարկուած է Ազգային ակադեմիա, որ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններու ներկայացման ծրագիրներուն մէջ ներառած է նաեւ «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը:

Ազգային գրադարանին հետ մեր համագործակցութիւնը յանգած էր Ա. հանրապետութեան օրերուն լոյս տեսած մամուլի նկարահանուած օրինակներու մեր կեդրոնին մէջ թուայնացման: Այսօր արդէն կարելի է ըսել, որ Ա. Հանրապետութեան մամուլի օրինակներու այն հաւաքածոն, որ կը գտնուի Ազգային գրադարանին մէջ, թուայնացուած իր վերջնական տեսքով տրամադրելի վիճակի մէջ կը գտնուի:
Այս երկու առաջադրանքներուն առընթեր, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող գրականութեան, ալպոմներու, լուսանկարներու թուայնացման եւ ելեկտրոնային արխիւացումի որոշ նախաձեռնութիւններ կայացած են` իբրեւ աշխատանքի առաջին փուլ: Շնորհիւ ընտանեկան արխիւներէ խմբագրութեան տրամադրուած լուսանկարներու`այսօր մեր ելեկտրոնային արխիւին մէջ կը գտնուին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետէն, կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարարէն, յատուկ բանագնացէն, Շիրակի նահանգապետէն, զինուորական նախարարէն եւ հանրապետութեան այլ կերտիչներէ եւ անոնց անմիջական մտերմութեան մէջ եղած ազգային-կուսակցական գործիչներու անտիպ լուսանկարներ: Լուսանկարներու ելեկտրոնային արխիւը համալրուած է նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ գիտաշխատողներու մեզի տրամադրած դարձեալ անտիպ լուսանկարներու նմուշներով: «Ազդակ» իր հերթին փոխադարձած է` անոնց ուղարկելով իր մօտ գտնուող անտիպ լուսանկարներու ելեկտրոնային օրինակները:
«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացած է այս առիթով Սիմոն Վրացեանի հաստափոր հատորով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: Ապա, իբրեւ նորագոյն հրատարակութիւն, արդէն աւարտած է այս ուղղութեամբ աշխատանքը Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը գեղատիպ լուսանկարներ ամփոփող ալպոմին, ուր լոյս տեսած են ոչ միայն Ա. հանրապետութեան առնչուող լուսանկարներ եւ համապատասխան բացատրութիւններ, այլ նաեւ` բնագրային ձեռագիրներ, վաւերաթուղթեր:
«Ազդակ» նպատակ ունէր այս առիթով Արամ Մանուկեանի վերաբերող երեք հրատարակութիւնները թուայնացնելու: Կը սպասէինք, որ լոյս տեսնէր «Արամ Մանուկեանի նամականի»-ն, որ համալրեց «Արամը» հատորն ու Արամ Մանուկեան փաստաթղթերի եւ նիւթերի հաւաքածոյ»-ն:
Այսպիսով, Հրաչ Տասնապետեանի, Ամատունի Վիրապեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Արամին նուիրուած հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները ունին թուային տարբերակներ:
Ինչպէս ըսուեցաւ, 100-ամեակը ո՛չ մայիս ամիսով, ո՛չ ալ յոբելենական տարիով կը սահմանափակուի. իսկ ժամանակի այս յղացքը մեզ կը մղէ շարունակելու մեր ոլորտին հետ առնչուած նախաձեռնութիւններու իրականացման աշխատանքները:
Ազգային գրադարանին կողմէ նկարահանուած եւ Ա. հանրապետութեան պետական գործիչներու յատկապէս յուշագրական գրականութեան թուայնացման հեռանկարը մեզ կը մղէ անդադար աշխատելու այս ուղղութեամբ, մինչ Ազգային արխիւի հրատարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պառլամենտի նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» արդէն ամբողջացուցած են թուայնացման աշխատանքի առաջին փուլը:
Բացառիկի հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նկարահանում, ելեկտրոնային գրադարանի համալրում, Ա. հանրապետութեան մամուլի թուայնացում, ընդհանրապէս Ա. հանրապետութեան հետ առնչուած հնատիպերու եւ յատկապէս Արամի նուիրուած հատորներու թուայնացում` գործակցութեամբ Ազգային ակադեմիայի, Ազգային գրադարանի, գիտահետազօտողներու եւ «Ազդակ»-ի բարեկամներու` մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:
Մամլոյ Լսարաններ
Այս տարի եւս շարունակուեցան «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին` մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, գրասէրներ, երիտասարդներ եւ ներկայացուած նիւթերով հետաքրքրուողներ:
– 26 նոյեմբեր 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 142-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր` «Հայկական ճարտարապետութիւնը` այսօր. Երեւանի կողմէ սփիւռքահայ ճարտարապետներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը», իսկ զեկուցաբերը` Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեանը:

– 10 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 141-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր` «Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մասին», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

– 9 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 140-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը ներկայացուց «Աւանդական եւ նոր լրատուութեան հատման կէտեր» նիւթով դասախօսութիւնը:

– 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 139-րդ լսարանը, որուն ընթացքին լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ Արա Օշականը ներկայացուց «Լուսանկարչութիւն եւ ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)» նիւթը:
– 2 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 138-րդ մամլոյ լսարանը, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեանը ներկայացուց «Հայերէնի արդի խնդիրները» նիւթով դասախօսութիւնը:
– 1 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 137-րդ լսարանը, որուն ընթացքին գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի գրողի ուրոյն հայրենասիրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը:

– 8 յունուար 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 136-րդ լսարանը` «Ցեղասպանագիտութեան նոր ուղղութիւնները արխիւներէն դէպի իրաւական դաշտ» նիւթով: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը:
Գործուղում

– 22 փետրուար 2018-ին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ հոկտեմբեր 11-ին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ընդհանրապէս եւ նախագահ Աունի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքներուն յատկապէս հետեւելու եւ ուղղակիօրէն անոնց լրատուութիւնը կատարելու նպատակով Հայաստան գործուղուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանը:
Համացանցային Հարթակներ
Ելեկտրոնային աշխարհին մէջ «Ազդակ» առաւել եւս տիրական դարձուց իր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը` շնորհիւ համացանցային տարբեր էջերու, ծրագիրներու, որոնց միջոցով աշխարհի որեւէ վայրը գտնուող հայորդիներ տեղեակ եղան հայկական, շրջանային, միջազգային, գաղութային, Հայ դատի եւ ազգային տարբեր լուրերու եւ զարգացումներու մասին:
– «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքը` www.aztagdaily.com-ը, «Ազդակ»-ի կայքի արաբատառ բաժանմունքը` www.aztagarabic.com-ը կը շարունակեն իրենց աշխուժ աշխատանքները:
– «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի է թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն: Նաեւ կայ «Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազը:
– Մեր ընթերցողները աշխարհի տարբեր շրջաններէ, տարբեր ժամերու կը հետեւին մեզի, յատկապէս` կայքին, Դիմատետրի, «Թուիթըր»-ի, «Էփլիքէյշըն»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի էջերուն` քաջալերող եւ պահանջող ըլլալու արդարացի իրաւունքով:
– Աշխուժ կերպով կը շարունակեն գործել վայրկեանը վայրկեանին, երբեմն նոյնիսկ տեղական թերթերէն ու կայքերէն աւելի արագ «Ազդակ»-ի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ օգտատէրերուն ուղարկուող «նշումներ»-ը (notifications):
Շնորհահանդէսներ

– 29 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Խօսք առին` «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանը, Խաչիկ Տէտէեանը, Ահարոն Շխրտըմեանը, հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան եւ հատորի հեղինակ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Սրտի խօսքով հանդէս եկան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

– Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, ուրբաթ, 28 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գործ եւ գանձ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը ներկայացուց Սիլվի Աբէլեանը: Խօսք առաւ հատորին հեղինակը` Լեւոն Զաքի Ետալեանը, նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը:

– 12 սեպտեմբեր 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմին շնորհահանդէսը եւ վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ալպոմը կազմած են Սեդա Գալստեանն ու Գաբրիէլ Փանոսեանը: Խօսք առին` Եսայի Հաւաթեանը, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ Սեդա Գալստեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը:

– 28 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարին անդրանիկ հրատարակութիւններու` Կարօ Յովհաննէսեանի «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960» եւ Վիգէն Աւագեանի «Խրիմեան Հայրիկ. գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը» գիրքերուն շնորհահանդէսը: Զոյգ հատորները ներկայացուց եւ անոնց կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առաւ Համբիկ Պիլալեանը. խօսքը տրուեցաւ Կարօ Յովհաննէսեանին եւ Վիգէն Աւագեանին: Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:
Նշենք, որ այս շնորհահանդէսներուն բացման խօսքերը կատարեցին «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողները:
(Շար. 1)


