Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկիւռներու Օգնութեան Առաջարկը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

January 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Ամիսներ առաջ Ամանորի պատրաստութեան աշխատանքները արդէն իրենց հունին մէջ էին: Ինչպէս միշտ, Կաղանդ պապուկը, կարդալէ ետք փոքրիկներուն կողմէ իրեն ուղարկուած բոլոր նամակները, լծուած էր նուէրներու ցանկագրումին:  Պէտք է ըսել, որ այդքան ալ դիւրին գործ չէր ատիկա, որ սակայն սիրով եւ ծով համբերութեամբ կը տանէր Կաղանդ պապուկը:

Այո՛, դիւրին չէր նման գործ, որովհետեւ տարուէ-տարի ոչ միայն կ՛աւելնար փոքրիկներուն ակնկալած նուէրներուն այլազանութիւնը, այլեւ աշխարհի տարածքին սկսած էր շատնալ աղքատ ու անտէր փոքրիկներուն թիւը:

Թէեւ Կաղանդ պապուկը վարժ էր նման դառն վիճակներու, յատկապէս Նոր տարուան գիշերը` ծանրաբեռնուած շրջելու եւ նուէրները բաժնելու, այդուհանդերձ զգալի էր, որ անոր հոգիին ու մտքին մէջ կը խլրտային բազում մտահոգութիւններ եւ բազմաբնոյթ հարցեր:

Ինչպէս գիտենք, համաշխարհային հռչակ եւ հեղինակութիւն վայելող այս եզակի տիպարին բնակավայրը երկրագունտի բեւեռային շրջանն է եղած, հին ժամանակներէ ի վեր, ուր սառցադաշտերը, ձիւնածածկ լեռներ ու անտառները, տոկուն եւ մուշտակածածկ անասուններու տեսականին` կը գեղեցկացնեն հրաշալի բնութիւնը:

Ամանորը նախորդող օրերուն Կաղանդ պապուկը կ՛որոշէ իջնել մօտակայ քաղաք, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ շրջանին մէջ ապրող երեխաներուն կեանքին ու անոնց հետաքրքրութիւններուն:

Քաղաքը, թէեւ ուղղակի ազդեցութեան տակ էր բեւեռային կլիմային, բայց այդ օր յարաբերաբար բարեխառն օդ ունէր: Բնակչութիւնը, իր կարգին, օգտուելով երկինքի պայծառութենէն, հաւաքուած էր հանդիպակաց զբօսավայրերու մէջ` առիթ մը տալով իրենց զաւակներուն բացօթեայ խաղալու եւ վայելելու բնութեան ընձեռած բարիքը:

Այդ օր Կաղանդ պապուկը չէր հագած իր ամանորեան զգեստը: Ան ձեւով մը հանրութեան կը ներկայանար իբրեւ սպիտակ մօրուսաւոր մը, որ հանդարտ կը ճեմէր ու ակնդէտ կը նայէր շուրջ բոլոր` զննելով իւրաքանչիւրին դէմքը, խօսակցութիւնն ու շարժուձեւերը:

Ան կը նկատէ, որ հակառակ Ամանորի մօտալուտ ըլլալուն, թէ՛ ծնողքի, եւ թէ երեխաներու վերաբերումը սովորական էր, այսինքն` անոնց համար տօնական օրերը այդքան ալ խանդավառութիւն չէին ներշնչեր: Փաստօրէն կը տիրէր անտարբերութիւն մը, որ պատճառ կը դառնար Կաղանդ պապուկի, այսպէս ըսած, յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան:

Ճիշդ է, որ քաղաքի փողոցներն ու հրապարակները զարդարուած էին Ամանորի տօնածառերով, սակայն, ընդհանրապէս, ժողովուրդին հոգեվիճակն ու խօսակցութիւնը տարբեր բան կը յուշէին: Ըստ երեւոյթին, Կաղանդ պապուկը կ՛ակնկալէր, որ մեծերն ու փոքրեր աւելի մօտէն եւ հարազատութեամբ հետաքրքրուէին, թէ տօնական օրերը որքանո՞վ ուրախութիւն եւ բարօրութիւն պիտի պարգեւեն, կամ` երեխաներու խօսակցութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ ոչ Կաղանդ պապուկին բերելիք նուէրները եւ այլն:

Սակայն իրականութիւնը այլ էր. մեծերու խօսակցութեան առանցքը իրենց առօրեայ կեանքին կը վերաբերէր, իսկ փոքրերու համար, կարծես թէ, սովորական երեւոյթ մըն էր` ամանորեան ստանալիք նուէրները:

Ի դէպ, այդ պտոյտին ընթացքին Կաղանդ պապուկը նկատած էր, որ բազմաթիւ երեխաներ, հակառակ անոր որ իրենց ծնողքին հետ կը գտնուէին խաղավայրերու մէջ, բայց եւ այնպէս անոնց մէջ կային որոշ թիւով երեխաներ, որոնք մասնակից չէին վազվռտուքի, ֆիզիքական մասնակցութիւն պահանջող խաղերու կամ նմանօրինակ մանկական շարժուձեւերու: Փաստօրէն, անոնք իրենց ձեռքին ունէին փոքրիկ սարքեր, այսպէս ըսած, բջիջային հեռաձայներ, որոնցմով կլանուած էին եւ «ընկղմած» տուեալ սարքին պաստառին մէջ… կարծես մոռացութեան տուած էին մանկական տարիքի չարքաշութիւնն ու խաղ-ձայներու հանդէսը:

Միւս կողմէ, ծնողներ, իրենց կարգին, հմայուած ըլլալով նման սարքերով, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տային իրենց երեխաներուն հանդէպ, այլ ձգած էին զանոնք իրենց ճակատագրին եւ յանձնած դաժան բախտին:

Ի տես այս բոլորին, Կաղանդ պապուկին ներաշխարհը կ՛ալեկոծէր, եւ արդէն անոր դէմքին վրայ տեսանելի էր սրտնեղութեան ամենախոր արտայայտութիւնը:

Անոր մղձաւանջին պատճառը յստակ էր. արդի ժամանակներու երեխաներ սկսած էին կորսնցնել իրենց մանկութիւնը: Այլ խօսքով եւ տարբեր բացատրութեամբ մը, անոնք մեր օրերու մանկութիւն չունեցող երեխաներն էին:

Քաղաքին մէջ երկար թափառելէ ետք Կաղանդ պապուկը կ՛որոշէ նստիլ հսկայ ծառի մը տակ` ծաղկած մարգագետինի մը հանդիպակաց: Ան, թիկունքը ծառին տուած, կը սկսի երգել իր կաղանդի հոգեգրաւ երգերը: Ճիշդ է, որ ուրախութեան եւ խանդավառութեան երգեր էին անոնք, որոնք Կաղանդ պապուկին շրթներուն հաճելի մեղեդիութիւն մը ունէին, այդուամենայնիւ, Նոր տարին խորհրդանշող պապուկին սիրտը կը թրթռար անսովոր տխրութեամբ եւ ներքին տառապանքի մը ցաւով:

Ըսինք, որ բեւեռային շրջաններու թէ քաղաքներու մէջ հանրածանօթ են տարբեր տեսակի անասուններ, որոնք կը յատկանշուին իրենց գեղեցիկ եւ պսպղուն  մուշտակով, ինչպէս` սպիտակ արջեր, վայրի նապաստակներ, աղուէսներ, սկիւռներ, թռչնազգին տեսականի եւ այլն, որոնցմէ շատեր արդէն ընտանիացած են քաղաքի կեանքին եւ կ՛ապրին ժողովուրդին հետ:

Փաստօրէն, գունաւոր մուշտակով սկիւռներ արդէն իրենց գոյութիւնը պարտադրած են հանրային պարտէզներու մէջ, ուր մեծեր ու փոքրեր կու գան եւ կը կերակրեն զանոնք: Անոնք ձեւով մը դարձած են հանրութեան մտերիմները եւ բերկրանք պատճառող անասունները:

Հսկայ ծառին վրայ բոյն հաստատած սկիւռներ յանկարծ կը դադրեցնեն իրենց ճռուողիւնը, երբ կը լսեն բարձրացող երաժշտութիւնը: Անոնք ծանօթ էին եղանակին, սակայն չէին գիտեր, թէ ո՞վ էր երգողը, որ նստած էր իրենց ծառին տակ:

Առ ի հետաքրքրութիւն, սկիւռները իրար ետեւէ ծառէն կ՛իջնեն եւ ապշած կը նային սպիտակ մօրուսաւորին, որուն այտերու կարմրութիւնը, սեւ ու փայլուն աչքերուն ցոլքերը, խանդաղատանքով առլցուն ձայնը եւ հեզահամբոյր հոգին անմիջապէս կը կախարդեն զիրենք: Սկիւռները մարդամօտ ըլլալով, անմիջապէս կը շրջապատեն Կաղանդ պապուկը, առանց ճանչնալու զինք:

Երբ քնքուշ ձայնը կը դադրի երգելէ եւ մօրուսաւորը իր նայուածքը կ՛ուղղէ  շրջապատին, անմիջապէս ներքին ուրախութիւն մը կը պատէ զիրենք: Թէ՛ ինք եւ թէ սկիւռները կ՛անդրադառնան, որ մտերմութիւն մը ստեղծուած է իրենց միջեւ:

Տարիքով քիչ մը մեծ սկիւռ մը հարց կու տայ Կաղանդ պապուկին, թէ ինչո՞ւ անոր երգերը տխուր կը հնչէին, հակառակ անոր որ անոնք տօնական օրերու նուիրուած էին: Աւելի՛ն. ան կը համարձակի ըսել, որ յուսահատութիւնն ու ընկճուածութիւնը կ՛արտացոլային սպիտակ մօրուսաւորին դէմքէն. արդ, ի՞նչ էր պատճառը:

Իր կարգին, Կաղանդ պապուկը, ի տես սկիւռներու բարի վերաբերումին ու ազնիւ հետաքրքրութեան, կը բացայայտէ ինքզինք եւ կը պատմէ իր տխրութեան բուն պատճառը` անոնցմէ օժանդակութիւն խնդրելով:

Ընդունուած է ըսել, որ կենդանական աշխարհին մէջ սկիւռները, թէեւ փոքր են մարմնով, սակայն տոկուն են ֆիզիքապէս եւ շատ արագաշարժ: Անոնք օժտուած են երկու յատկութեամբ` աշխուժ են, գործունեայ եւ իրենց սեւ ու փայլուն աչքերով  դիմացինին  հոգեկան աշխարհը մուտք գործելու կարողութիւնը ունին:

Սկիւռները երբ կը լսեն Կաղանդ պապուկին տխուր պատմութիւնը, ինչ կը վերաբերի ծնողաց եւ երեխաներու պարզած վիճակին, անմիջապէս կը հաւաքուին, կը խորհրդակցին, եղելութիւնը կը վերլուծեն, կը ծրագրեն եւ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարեն Կաղանդ պապուկին:

Առաջին հերթին անոնք իրենց պատկերացումը կը յայտնեն Կաղանդ պապուկին` ըսելով, որ ան երբեք պէտք չէ յուսահատի, այլ շարունակէ իր բարերար ու ազնիւ աշխատանքը: Փաստօրէն, Կաղանդի պապուկին նուէրները գրեթէ շինուած կ՛ըլլային փայտի տեսակներէ, որոնք հաւաքուած էին անծայրածիր անտառներու ծառերէն: Ան դարեր շարունակ մեծ համբերութեամբ շինած էր այնպիսի գեղեցիկ ու դաստիարակիչ խաղալիքներ, որոնք միշտ ալ հիացումի առարկայ դարձած են աշխարհի փոքրիկներու կողմէ: Ան ձեռամբ շինած է այդ բիւր տեսականի նուէրները եւ հերթաբար բաշխած աշխարհի փոքրիկներուն:

Կը պատմուի, թէ Կաղանդ պապուկին բնակարան-դղեակը կը գտնուէր անտառին կեդրոնը, որ, ձիւնով ծածկուած ըլլալով հանդերձ, լուսաւոր կը մնար ամբողջ տարուան ընթացքին: Դղեակին մօտ կար հսկայ տարածքով ագարակ մը, ուր ան կը բուծանէր հարիւրաւոր տեսակի անասուններ, մասնաւորաբար` եղջերուներ, որոնք իր ամէնէն սիրելի կենդանիներն էին:

Այս եղջերաւոր անասունները կը յատկանշուէին իրենց ուժեղ կազմուածքով եւ արագաշարժ յատկութեամբ: Փաստօրէն, Կաղանդ պապուկը, շնորհիւ անոնց եւ արագասոյր սահնակին, կարողութիւնը կ՛ունենար ի հարկին թռչելու երկինքն ի վեր եւ մէկ օրուան ընթացքին պտտելու աշխարհով մէկ:

Եւ ահա, նման մթնոլորտի մէջ, սկիւռները կը լծուէին աշխատանքի: Անոնք, ըլլալով բնութեան սիրահարներ եւ դաստիարակութեան հաւատացող անասուններ, կը սկսին մտածել, թէ ինչպիսի՞ ձեւերով պիտի կարենան շինել արդի շունչով նոր խաղալիքներ, որոնք իրենց գունաւոր, աչքառու եւ հետաքրքրաշարժ յատկութեամբ պիտի կարենային երեխաներու ուշադրութիւնն ու միտքը գրաւել:

Ճիշդ է, որ շատ ժամանակ չունէին, սակայն անոնք խոստացած էին իրենց նուիրական օժանդակութիւնը բերել Կաղանդ պապուկին, որպէսզի Նոր տարուան գիշերը կարենար նուէրները բաժնել եւ գոհունակութեամբ վերադառնար իր տունը:

Հեքիաթագիրներ կը պատմեն, որ հազարաւոր սկիւռներ կը հաւաքուին եւ կը շրջապատեն Կաղանդ պապուկը: Անոնք նեցուկ կը կանգնին անոր, որպէսզի ան իր լրումին հասցնէ ամէնամեայ իր սրբազան առաքելութիւնը:

Պահ մը, սկիւռները կը մոռնան իրենց առօրեայ խաղերն ու ժամանցը, եւ տիւ ու գիշեր կ՛աշխատին պատրաստելու անհամար խաղալիքներ, որոնց մէկ ստուար մասը կը յատկանշուի արդիականութեամբ եւ առաւել գեղեցկութեամբ:

Կը պատմուի նաեւ, որ բեւեռային քաղաքներու բնակիչները, որոնց վարժ էր սկիւռներու ամէնօրեայ ներկայութիւնը` պարտէզներու, բնակարաններու թէ բացօթեայ վայրերու մէջ կը նշմարեն, որ Ամանորի նախօրէին, սկիւռները կարծես լքած ու հեռացած էին քաղաքներէ. անոնք տեսակ մը շփոթի մատնուած էին եւ չէին գիտեր պատճառը:

Այդուհանդերձ, կը պատմուի, որ գիւղացիներ, որոնք կ՛աշխատէին հեռաւոր անտառներու մէջ փայտահատութեամբ, ագարակաբանութեամբ կամ կը զբաղէին անասնաբուծութեամբ, նկատած են, որ հեռաւոր ձիւնածածկ անտառներու կեդրոնը, արեւու զօրութեամբ լոյս մը անընդմիջաբար կը լուսաւորէր այդ հողատարածքը: Անոնք զարմացած էին ի տես այս երեւոյթին, սակայն բացատրութիւն չունէին:

Հետագային, երբ սկիւռները համախումբ կը վերադառնան քաղաքներ, անոնք կը պատմեն բնակիչներուն, թէ այդ լուսաւոր հողատարածքը խորքին մէջ Կաղանդ պապուկի բնակարանն էր, որ վերածուած էր հսկայ աշխատանոցի, ուր աշխարհ կու գային տեսականի խաղալիքներ: Սկիւռներն անգամ հրաշքի համազօր կը նկատէին երեւոյթը եւ մեծ յարգանքով կը խօսէին Կաղանդ պապուկի տիպարին մասին:

Առանց չափազացութեան կարելի է ըսել, որ մարդամօտ եւ ազնուասիրտ սկիւռները գրեթէ ամբողջութեամբ եւ հիանալի յանձնառութեամբ կատարած էին իրենց խոստումը` թեւ եւ թիկունք ըլլալով Կաղանդ պապուկին, որուն հետ որոշակի ժամանակ մը ապրելէ ետք, համոզուած էին անոր բացառիկ ուժին, կարողութեան, մարդկային ըմբռնումներուն, խոր գիտակցութեան եւ անսահման նուիրումին:

Նոր տարուան գիշերուան մնացած էր քսանչորս ժամ: Սկիւռները աւարտած էին իրենց անգնահատելի աշխատանքը: Անհամար խաղալիքներ պատրաստուած էին եւ ցանկագրուած, այլապէս ալ անոնք զետեղուած էին գոյնզգոյն տուփերու մէջ եւ բաժնուած, ըստ նախասիրութիւններու եւ երկիրներու:

Ճիշդ է, որ Կաղանդ պապան յոգնած էր. ան լուսցուցած էր բազում գիշերներ, որպէսզի օրին հասցներ իր խաղալիքները եւ պատրաստուէր ճամբորդութեան:

Սկիւռները դադրեցնելէ ետք իրենց աշխատանքը, կը համախմբուին եւ կ՛որոշեն առաջարկով մը ներկայանալ Կաղանդ պապուկին: Անոնք կը մտնեն դղեակ, ուր կրակարանին մօտ նստած էր Կաղանդ պապուկը: Այլապէս ալ կը զարմանան բնակարանի լուսաւոր ու շէնշող երեւոյթին: Ամուր գերանէ շինուած բնակարանը զարդարուած էր գունաւոր լոյսերով, պատկերներով եւ գեղեցիկ կահ-կարասիով: Անոնք կը նշմարեն, որ պատերէն կախուած էին դարձեալ գունաւոր գուլպաներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին փոքրիկներու եւ երկիրներու անուններ:

Սկիւռները, իրենց օժանդակութիւնը իր լրումին հասցնելու գոհունակութեամբ, կ՛առաջարկեն, որ երկու սկիւռ միանան Կաղանդ պապուկի ճամբորդութեան, որպէսզի իրենք ալ տեսնեն տարբեր երկիրներու երեխաներու ուրախութիւնը, մօտէն ճանչնան աշխարհի տարածքին զանազան երկիրներու բնակիչները, տեսնեն Նոր տարուան աւանդական խրախճանքները եւ վերադառնան իրենց բնակավայրը:

Կաղանդ պապուկը ուրախութեամբ կ՛ընդառաջէ եւ կը սկսի սահնակի ու եղջերուներու պատրաստութեան: Ան կը հագնի կարմիր զգեստը, կը կապէ փայլուն գօտին, կը մաքրէ սեւ մոյկերը, գլխուն կը դնէ գլխարկը եւ նուէրները կը բեռցնէ հարիւրաւոր սահնակներու վրայ: Յատկանշական է, որ եղջերաւոր անասունները կարօտով կը սպասէին այդ օրուան, որպէսզի ազատ ու համարձակ թռչէին երկինքի բաց տարածքին` իրենց ուղղութիւն ունենալով պսպղուն աստղերը:

Կաղանդ պապուկը ամբողջացնելէ ետք պատրաստութիւնը, մէկիկ-մէկիկ կը փաթթուի եւ կը համբուրէ եղջերաւոր անասունները եւ իր քով նստեցնելէ ետք սկիւռները` կը սկսի հեռաւոր ճամբորդութեան:

Կը պատմուի, որ Նոր տարուան գիշերը մեծեր ու փոքրեր զարմանքով կը լսեն երկինքի վրայ սուրացող սահնակին ձայնը: Այս անգամ Կաղանդ պապան իրեն հետ ունէր նաեւ սկիւռներ, որոնք մեծ ուրախութեամբ կ՛երգէին կաղանդի երգեր եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու` նուէրներու տուփեր կ՛իջեցնէին ծխնելոյզերու մէջ, զանոնք կը տեղաւորէին տօնածառերու կողքին, կը համբուրէին քնացած փոքրիկներու այտերը եւ խանդավառութեամբ կը շարունակէին ճամբորդութիւնը:

Զարմանալի տօնախմբութիւն կը տիրէր երկրագունտի ամբողջ տարածքին: Մարդիկ հրաշքի համազօր երեւոյթ կը նկատէին, ի տես պատահածին եւ նորարար նուէրներուն, որոնք թէեւ աւանդական փայտով շինուած էին, սակայն կ՛ընդգրկէին արդի շունչով դաստիարակչական խաղալիքներ:

Իրօք, երեխաները հասկցած էին Կաղանդ պապուկին պատգամը, եւ շատեր կը յիշէին այն սպիտակ մօրուսաւորը, որ ժամանակ մը, այցելած էր իրենց քաղաքը եւ որոշած փոխել արդի մարդու մեքենայացած կեանքը:

Կարմիր այտերով եւ սպիտակ մօրուսով Կաղանդ պապուկը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ:

27-12-2018

Նախորդը

Թրքական Տարօրինակ Լուրեր` Տօնական Օրերուն Ընթերցողները Զուարճացնելու Համար

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Միշտ Առաւելագոյնը Տալով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.