Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ե՞րբ, Դեռ Մինչեւ Ե՞րբ…

January 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Ասպարէզ» օրաթերթս կը բանամ ու նախընտրած էջերս կարդալէ ետք, առանց վերջաւորութեան տեղադրուած մահուան ու հոգեհանգիստի յայտարարութիւններուն հասնելու, զայն մէկ կողմ կը դնեմ` ի տարբերութիւն մօրս, որ առաջին հերթին բոլոր մահազդները մէկիկ-մէկիկ, ծանօթ թէ անծանօթ, իրենց նկարներով դիտելէ ու կարդալէ ետք, երբեմն ալ այնքան յուզուած` ինծի ցոյց տալով` «տե՛ս, ասիկա ինծի տարեկից է, աղջի՛կս, իսկ այդ միւսը` ինձմէ շա՜տ շա՛տ պզտիկ», կ՛ըսէ ու ուրիշի կեանքի հաշուոյն ապրողի մը պէս, կարծես ինքզինք յանցաւոր զգալով, խոնաւ աչքերով, հոգ չէ, թէ հակառակ ուղղութեամբ, կը շարունակէ օրաթերթը կարդալ: Ընթերցանութեան այս ձեւը տարի՞ք է, թէ՞ սովորութիւն, չեմ գիտեր, բայց եթէ կեանքի վերջին օրերուն մօրս մօտ առաջինն էր, ուրիշներու համար, վստահ եմ, երկրորդն է. իսկ իմ պարագայիս, ունեցած անտարբերութիւնս այդ էջին հանդէպ կու գար հարազատներուս` մայր, քոյր ու եղբայր իրարմէ ոչ այնքան հեռու ընդհատումով մը կորսնցնելէ ետք, որեւէ մահազդի նկատմամբ, ըլլայ ան ծանօթ թէ անծանօթ, գերզգայուն դարձած, որոշեցի այլեւս այդ էջին չմօտենալ. վերջերս էր միայն, երբ պատահմամբ ձեռքերուս մէջ բացուած թերթը գետին իյնալով, էջերու տեղափոխութեամբ, բարեկամուհիի մը իմ կողմէ ոչ այնքան մօտէն ճանչցուած մօր մահուան լուրը կարդացի, ու հարազատ կորսնցնելու դառնութիւնը նախապէս համտեսած, ամէն ինչ մէջս նորոգուելով, որոշեցի անպայման թաղման արարողութեան ներկայ գտնուիլ:

Ընկերներու, բարեկամներու ու ծանօթներու ուրախ առիթները բաժնելէ աւելի` անոնց ունեցած հարազատի կորուստին համար իրենց հետ սգակիր դառնալու իմ զգացած անհրաժեշտութիւնն էր, որ որոշուած օրը եղբօրս` Յակոբին հետ միասին գացի եկեղեցի, ուր բոլորիս ծանօթ նախնական ձեւակերպութիւններէն անցնելով, գրակալի մը վրայ դրուած արձանագրութեան տետրակի մը մէջ մեր անունը արձանագրելէ ու մէկական մոմ վառելէ ետք, առանց ուշացած ըլլալու, եկեղեցիի վերջին նստարաններէն մէկուն վրայ նստանք: Ուղեղս ամէն ինչէ ու ամէն մարդէ անջատած կը սկսիմ  միայն ու միայն  աղօթելու. եկեղեցական շարականներու աղուորութիւնը զիս ուրիշ աշխարհ փոխադրած էր, մինչեւ այն ատեն, երբ ամուր քայլերով իրարու ետեւէ քանի մը հաւատացեալներ, պարապ նստարաններու քովէն անցնելով եւ դէպի յառաջ ընթանալով, եկեղեցիին առաջին նստարանին վրայ կը տեղաւորուին. իրե՞նց համար վերապահուած էր այդ տեղը, իրե՞նք էին սգաւոր հարազատները. բայց ո՛չ, իր ու իր նմաններուն համար մահուան առիթներով վերապահուած եկեղեցիի առաջին նստարաններէն հեռու, մեզմէ միայն քանի մը կարգ առաջ իր զաւակներով միասին նստած էր բարեկամուհիս, զարմանա՞մ, ես ինքս ալ տարիներ առաջ նոյնը ըրած էի, հարազատի չափ մօտիկ սգակիրնե՞ր էին անոնք… բայց այդպիսիները արարողութեան գրեթէ վերջաւորութեան չէ, որ կը հասնին. ու «արդեօք որո՞նք են»` ես ինծի հարց տալով, եղածը զիս զարմացուցած, բացատրութիւն մը փնտռելով, կը հասնիմ այն եզրակացութեան, որ առաջին կարգ նստելու մոլուցքը կարծես ընկերային կեանքի սահմաններէն դուրս գալով` Աստուծոյ տան դռներն ալ հասած է: Եկեղեցին բոլորիս համար հաւասար է, հոն հրաւիրող ու հրաւիրուող չկայ, ու անոր առաջին կամ վերջին աթոռին վրայ նստելով` ո՛չ մեր հանգամանքէն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքէն բան մը կ՛աւելնայ կամ կը պակսի:

Աննախընթաց այս մտածումներով ուրտեղե՜րը հասած` յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ թաղման եկեղեցական արարողութիւնը հասած էր իր աւարտին, ու դուրս ելլելու վրայ էինք, երբ եկեղեցիի դրան մօտ, աչքառու կարմիր յատակով կօշիկ հագուած ու սեւ հագուստին լայն բացուածքէն կռնակին դաջուածքը ցուցադրող կին մը անցաւ. հարսնեւո՞ր էր, թէ՞ սգաւոր, չկրցայ գիտնալ. ու ճամբաս շարունակելով եւ ժողովուրդին հետեւելով` քանի մը սգակիրներու հետ միասին կ՛ուղղուինք այն սրահը, ուր հոգեճաշ պիտի մատուցուէր: Դրան մուտքին հիւրընկալող կար:

– Ա՞յս սեղանը,- կը մատնանշեմ:

– Ո՛չ, միւսը:

– Բոլո՞րս միասին:

– Ո՛չ, երկուքդ միայն:

Հո՞ս ալ տեղի հարց, գոնէ այս պարագային միայն հանգուցեալին յիշատակը ամէն ինչէ վեր դասելով եւ բացուած դռնէ մը ներս մտնելով` ոեւէ մէկը որեւէ տեղ նստեր, բայց այդպէս չեղաւ, որոշեալ «10» հոգինոց սեղանի մը շուրջ, մահուան սառ գաղափարին առջեւ, ուտելիքներու առատութեան մէջ ուտելու ախորժակ իսկ չունենալով կը մտածեմ, որ միջավայրի քննադատութիւններուն առաջքը առնելու մտահոգութեա՞մբ է, որ նոյնիսկ ի գին ամէն զոհողութիւններու, մէկը միւսին նայելով, նման տխուր առիթներու «սեղանն է առատ»-ն կը սարքուի: Ուտելիքներու զանազանութեան փոխարէն` նախընտրելի չէ՞, որ հանգուցեալին սիրած ճաշերէն մէկը միայն հրամցուի, նոյնիսկ այս պարագային, վստահ եմ, ո՛չ ոք սոված պիտի մնայ…»:

Ուտել կամ չուտել` ինծի համար հարց չէ. հիմնականը հանգուցեալի կեանքի մասին, որպէս մայր, քոյր ու բարեկամ ըսուած լաւ խօսքերն էին, որոնք ծաղկեփունջի մը քով դրուած իր նկարէն թելադրուած բարի նայուածքին ու համեստ ժպիտին հետ, լսածներուս համար որպէս փաստ, ինծի ու ինծիպէսներուն մտքին մէջ, հոգ չէ թէ` մահէն ետք, գրեթէ անծանօթ հանգուցեալը դարձաւ անփոխարինելի կորուստ:

Ժամանակը բաւական անցած էր, երբ ցաւակցութիւն յայտնելով, ներկայութեանս համար, որպէս սգակիր, ես ինձմէ գոհ, բայց նոյնքան դժգոհ մեր միջավայրին մէջ տարածուած` երէկ, այսօր ու նոյնիսկ վաղը, սուգի առիթներով հարսանեկան սեղանները գերազանցող սեղաններէն, որոնց չգոյութեան պարագային` «հանգուցեալը ճաշի՞ մըն ալ արժանի չէր» մեղադրական խօսքը չլսելու համար էր, որ ես ինքս ալ տարիներ առաջ նոյն սխալը ըրի: Ոեւէ հանգուցեալ պապենական ճաշի մը արժանի է, այո՛. բայց այս օրերու ճաշերու տեսականիի ցուցադրութեան` ո՛չ: Սովորութիւնները, ըլլան անոնք կապուած` ուտելիքի թէ հագուածքի հետ, մենք ենք ստեղծողը ու մենք ենք կրկնութեամբ զիրենք ամրացնողը, զօրացնողը: Նախընտրելի չէ՞, որ օր առաջ անոնց դիմաց չտկարացած` փոխենք, կրճատենք, կամ նոյնիսկ բոլորովին ջնջենք. առանձին գործնականօրէն ոչինչ կրնանք ընել, հաւաքական որոշումի կամ եկեղեցական հրահանգի պէտք ունինք. այլապէս ամէն ինչ նոյնը մնալով իւրաքանչիւր սգակիր օրուան կորուստին մասին խօսելու փոխարէն` հոգեճաշի սեղաններէն ամէն անգամ քիչ մը աւելի դժգոհ, «մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ե՞րբ» խօսքը ակռաներուն մէջ սեղմած, տուն պիտի վերադառնայ:

 

 

Նախորդը

Աղանդաւորները Եւ Մենք. Մեր «Անկոչ Հիւրերը»

Յաջորդը

Կու Գամ Պոլիս Կամ Պոլիսէն

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.