ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«Մեր պատմութեան գանձերը պէտք է ա՛յս հողին վրայ հաւաքուին: Մեր պատմութեան բոլոր գանձերը հայրենիք թող բերեն: Սփիւռքի մէջ մենք կը կորչինք, եւ մեր պատմութեան ու մշակոյթի արժէքներու պահպանման ամենաանվտանգ վայրը Հայաստանն է: Մեր գանձերը հայրենի հողին վրայ պէտք է պահենք», այս համոզումի վրայ է նորջուղայեցի ականաւոր հայագէտ, մանկավարժ ու մտաւորական Լեւոն Մինասեանին դուստրը` Արմինէ Մինասեանը:
Նախորդ տարի Արմինէ Մինասեանը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրեց 21 միաւորէ բաղկացած 1668-1912 թուականներու հնատիպ արժէքաւոր գիրքեր եւ հայագիտական գրականութիւն, որոնք լայն աշխարհագրութիւն կ՛ընդգրկեն, ինչպէս պատմութեան ընթացքին ստեղծուած մեր հռչակաւոր մշակութային օճախները` Մատրաս, Վենետիկ, Ամսթերտամ, Կ. Պոլիս, Էջմիածին, Հռոմ, Մարսէյ… Գիրքերու շարքին առանձնայատուկ տեղ ունին յատկապէս քանի մը հատը` Մովսէս Խորենացի, «Գիրք աշխարհաց եւ առասպելաբանութեանց», Ամսթերտամ, 1668», Դաւիթ Անյաղթ, «Գիրք սահմանաց», Մատրաս, 1797, Եղիշէ, «Պատմութիւն Վարդանանց», Կ. Պոլիս, 1764, Պաղտասար դպիր, «Քերականութիւն», հտ 1-2, Մատրաս, 1791, «Տօմար», Վենետիկ, 1685… Հաւաքածոյի գիրքերու շարքին կան այնպիսիք, որոնք միակ պահպանուած օրինակները կը հանդիսանան Մատենադարանին մէջ: Գիրքերու հաւաքածոն նաեւ այս տեսանկիւնէն արժէքաւոր է:
Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը , կարեւոր նկատելով Արմինէ Մինասեանի արժէքաւոր նուիրատուութիւնը, նախեւառաջ ընդգծեց այն մեծ դերը, որ Լեւոն Մինասեանը կատարած է հայագիտութեան մէջ: Անոր խօսքով Լեւոն Մինասեանը եղած է այն մեծագոյն գիտնականը, որուն գործունէութիւնը հաւասարապէս բարձր գնահատած են թէ՛ աշխարհիկ եւ թէ՛ հոգեւոր իշխանութիւնները:
«Կ՛ուզեմ անոր մասին խօսիլ` որպէս մեծ բարերարի: Լեւոն Մինասեանը մինչեւ օրս եղած է Մատենադարանի մեծ բարերարներէն մէկը: Ան տարիներու ընթացքին Մատենադարանին նուիրած է 54 արժէքաւոր ձեռագիրներու հաւաքածոյ մը: Ան այն մարդու կերպարն էր, որ անմնացորդ նուիրուած էր դպրութեան, հայագիտութեան եւ կրթութեան», ըսաւ ան:
Վահան Տէր Ղեւոնդեանի բացման խօսքին մէջ ներկաներէն շատերը բացայայտեցին Լեւոն Մինասեան հայագէտը: Իմացան, որ Նոր Ջուղայի մէջ մօտ ինը տասնամեակ ապրած ու արարած է մեծ հայորդի մը, որ տարիներ շարունակ բծախնդրօրէն դասաւորած է Ս. Ամենափրկիչ վանքի դարաւոր արխիւը` 1606-1983 թուականներուն: Կազմած է վանքին մէջ պահուող հնագոյն հայկական ձեռագիրներու մատենագիտական ցուցակը: Տաղանդաւոր գիտնականը հեղինակած է 60-է աւելի մեծածաւալ աշխատութիւններ, մենագրութիւններ, հազարաւոր յօդուածներ, որոնք սերունդներուն կը ժառանգեն Ջուղայի հարուստ պատմութիւնը: Անոր ուսումնասիրութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ, օրինակ, Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին տպարանը հիմնած են հայերը` 1636-ին, իսկ երկու տարի անց` 1638-ին Խաչատուր վրդ. Կեսարացիին տպագրած գիրքը` «Սաղմոս Դաւթի, որ եւ կոչի սաղմոսարան», եղած է առաջինը ամբողջ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Լեւոն Մինասեանի աշխատութիւններու շարքին կարեւոր տեղ ունին` «Ցուցակ ձեռագրաց Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանաց թանգարանի» գիրքին երկրորդ հատորը, «Պատմութիւն Փերիայի հայերի. 1606-1957 թուականներուն», «Փերիայի հայ աշուղները», «Իրանի հայկական վանքերը», «Տպագիր գիրքը Իրանում. 1638-2000 թուականներուն» մենագրութիւնները:
Հանդէս եկաւ նաեւ մատենադարանի գլխաւոր ֆոնտապահ Գէորգ Տէր Վարդանեանը : Հայեացք նետելով Լեւոն Մինասեանի ձգած գիտական ժառանգութեան վրայ` ան յատկապէս առանձնացուց աշխատութիւնները, հայագիտական յօդուածները.
«Ես բախտ ունեցած եմ առնչուելու Լեւոն Մինասեանին հետ: Մենք պարտաւոր ենք կազմելու Լեւոն Մինասեանին մատենագիտութիւնը եւ անոր երկերը հրատարակել ծաւալուն հատորներու տեսքով: Գիտութեան իմաստով, ան 20-րդ դարու իրանահայ ամենաերեւելի մտաւորականն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` Երուսաղէմի հայկական կաճառի լաւագոյն գործիչ Նորայր արք. Պողարեանը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ այս հաւաքածոն Արմինէ Մինասեանին միակ նուիրատուութիւնը չէ Հայաստանին: Լեւոն Մինասեանի հնագոյն ձեռագիրներու ու գիրքերու հաւաքածոն կազմած է շուրջ 3000 միաւոր, որոնք կը թուագրուին 15-16-րդ դարերով: Անոնց մէկ մասը նուիրաբերուած է Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանին: Իսկ մնացածը մօտ երկու տարի առաջ Արմինէ Մինասեանը տեղափոխած է Հայաստան եւ ի պահ տուած` Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, որոնց մէջ` արժէքաւոր գեղանկարներ: Նիւ Եորքի իր տան մէջ դեռ շատ հնատիպ գիրքեր ու ձեռագիրներ կան: Կը խոստանայ յաջորդ տարի մնացեալ գանձերը եւս բերել Հայաստան, ինչպէս նաեւ` հայ մշակոյթի համար կարեւոր արժէք ունեցող գիրքեր, արուեստի գործեր:
«Ինծի համար շատ դժուար է բաժնուիլ այս գիրքերէն: Բայց ամենաապահով վայրը, ուր պէտք է պահպանուին մեր պատմութեան նշխարները, այս սուրբ կառոյցն է` Մատենադարանը», ըսաւ Արմինէ Մինասեանը:
«Ես միայն կատարած եմ պարտքս իմ ազգի, իմ մշակոյթի եւ հօրս առջեւ: Մեր պապերը դարեր շարունակ ջանք թափած են պահպանելու հայ ինքնութիւնը: Եւ եթէ մենք այսօր կորսնցնենք մեր մշակոյթը, լեզուն, կը կորսնցնենք մեր ազգութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր հայրս կը ժպտի վերէն», ըսաւ ան: