Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Գտնուի Ցեղասպանութիւն Գործելու Յաւակնութիւն Ունեցող Երկիրներու Առաջին Տասնեակին Մէջ

Յունուար 21, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի վաղ նախազգուշացման ծրագիրին, Թուրքիա ութերորդն է զանգուածային սպանութիւններու իրականացման ամէնէն բարձր վտանգը ունեցող երկիրներու շարքին: Ազրպէյճան անճշդօրէն աւելի ցած` 87-րդ դիրքի վրայ է, իսկ Հայաստան իրաւամբ կը զբաղեցնէ նոյնիսկ աւելի ցած` 102-րդ դիրքը: Թուրքիա կը գնահատուի իբրեւ 11,2 տոկոս կամ  իննէն մէկ հնարաւորութիւն ունեցող երկիր` 2019-ին զանգուածային նոր սպանութիւններ իրականացնելու առումով:

Վաղ նախազգուշացման ծրագիրը յայտարարած է, որ` «Ցեղասպանութիւնները երբեք ինքնաբուխ չեն, անոնց միշտ կը նախորդեն վաղ ահազանգումի շարք մը նշաններ: Եթէ այդ նշանները յայտնաբերուին, անոնց պատճառները կրնան ջնջել` կանխելով աղէտալի յառաջընթացի հնարաւորութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի հիմնադրման կանոնադրութեան մէջ, զոր գրած է Ողջակիզումը վերապրած Էլի Վիզել, կ՛ըսուի, որ` «Միայն անցեալի սխալներէն սորվելու գիտակցուած, ջանադիր փորձը կրնայ կանխել անոնց կրկնութիւնը` ցեղային, կրօնական, ցեղային կամ ազգային որեւէ խումբի նկատմամբ: Եթէ որեւէ յուշահամալիր չ՛արձագանգեր ապագայի դէպքերուն, կը նշանակէ, որ կ՛ոտնահարէ անցեալի յիշողութիւնը»:

Թուրքիոյ կողմէ կրկին ցեղասպանութիւն իրականացնելու բարձր վտանգը հիմնուած է անոր անցեալ եւ ներկայ գործողութիւններուն վրայ: Թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն մէկ դար առաջ իրագործած է ցեղասպանութիւն` հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, այլեւ կը շարունակէ զանգուածային սպանութիւններ կատարել իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւն հանդիսացող քիւրտերու դէմ: Աւելի մտահոգիչ է այն փաստը, որ Թուրքիոյ ղեկավարները կը ժխտեն զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ անամօթաբար կը մնան չապաշխարած, ինչ որ կը յանգեցնէ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կատարման…

Թուրքիոյ` ցեղասպանութիւն գործելու վտանգը թերագնահատուած է, քանի որ ուսումնասիրութիւնը կը ներառէ միայն երկրին ներսը կատարուած զանգուածային սպանութիւնները` բացառելով միջպետական հակամարտութեան զոհերը: Քանի որ Թուրքիա ներգրաւուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին քիւրտերու դէմ զինուած լայնածաւալ յարձակումներու մէջ եւ կը սպառնայ ընդլայնել ռազմական գործողութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, ապա զանգուածային ոճրագործութիւններու վտանգը շատ աւելի բարձր է, քան ինչ որ նշուած է ուսումնասիրութեան մէջ:

Վաղ նախազգուշացման ծրագրին մէջ կը բացատրուի, որ 2016-ին Թուրքիոյ մէջ ձախողած յեղաշրջման փորձը բարձրացուցած է զանգուածային սպանութիւններու հնարաւորութիւնը: Աւելի քան 100 հազար զինուորական եւ քաղաքացիական աշխատողներ հեռացուած են, իսկ տասնեակ հազարաւորներ` բանտարկուած, շատերը` առանց դատավարութեան: «Այլ [թրքական ցեղասպանութեան] վտանգի գործօնները կը ներառեն մարդոց շարժման ազատութեան բացակայութիւնը, երկրին անոքրաթիք վարչակարգի տեսակը [բռնատիրական եւ ժողովրդավարական յատկանիշներու խառնուրդ], մեծաթիւ բնակչութիւնը, զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ շարունակուող հակամարտութիւնը կառավարութեան ու քիւրտ ապստամբներու միջեւ»:

Թուրք լրագրողը բանտարկուած է ճշմարտութիւնը ըսելուն համար

Պոլսոյ դատարանը թուրք լրագրող Փելին Ունքերը դատապարտած է 13,5 ամսուան բանտարկութեան` զայն մեղադրելով երկրի նախկին վարչապետն ու անոր երկու որդիները զրպարտելու յանցանքով: 2018 յունուար 8-ին ան նաեւ 1615 տոլար տուգանքի ենթարկուած է:

Ունքեր յօդուած մը գրած է թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ` բացայայտելով, որ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը եւ անոր երկու որդիները Մալթայի մէջ ունին նաւային հինգ ընկերութիւններ: Երկու տարի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնելէ ետք Եըլտըրըմ դարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ: Ան ներկայիս թեկնածու է Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին` նախագահ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ:

Եըլտըրըմի ընտանիքին ընկերութիւններու սեփականութիւնը Մալթայի մէջ բացայայտուած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»-ու (Paradise Papers) կողմէ եւ տպագրուած է աշխարհի տարբեր թերթերու մէջ: Ինչպէս որ ես տեղեկացուցած էի 2017 յունիսին գրած իմ յօդուածիս մէջ, Եըլտըրըմի ընտանիքին կը պատկանին 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ հետեւեալ նաւային եւ այլ օտարերկրեայ ունեցուածքներ.

– 18 նաւ (հոլանտական խտացած ընկերութիւններ` մասամբ կամ ամբողջութեամբ սեփականացուած),
– 1 նաւ (Հոլանտական Անթիլեան ընկերութիւն),
– 4 մալթական ընկերութիւն,
– 7 սեփականութիւն Հոլանտայի մէջ,
– 8 նաւ Հոլանտայի մէջ,
–  3 նաւ Մալթայի մէջ:

Տարօրինակ է, որ Եըլտըրըմին ունեցուածքի բացայայտման համար Փելին Ունքերը միակ պատժուած լրագրողն է: Ունքերը յայտարարած է, որ պիտի բողոքէ անարդար դատավճիռին դէմ, քանի որ Եըլտըրըմ դատարանին մէջ խոստովանած է, որ ստուերային տուրքերէ ազատ գօտի գտնուող այդ ընկերութիւնները կը պատկանին իրեն: 2017 նոյեմբերին նախկին վարչապետը եւ անոր որդիները դատ բացած էին  Ունքերի դէմ` զայն մեղադրելով «պետական պաշտօնեան վիրաւորելու եւ զայն զրպարտելու յանցանքով»:

Անկախ լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան (ICIJ) տնօրէն Ճերըրտ Ռէյլ դատապարտած է Ունքերի նկատմամբ արձակուած վճիռը` որպէս «եւս մէկ խայտառակ յարձակում խօսքի ազատութեան վրայ, Թուրքիոյ մէջ»: Ռէյլ աւելցուցած է. «Դատավճիռը անտեսած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»-ու հետաքննութեան ճշմարտութիւնը եւ կրնայ ճնշիչ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ մէջ մնացած մամուլի չնչին ազատութեան վրայ: Այս անարդար դատավճիռը կայացուած է արդարացի եւ ճշմարիտ լրագրութիւնը լռեցնելու համար: Ուրիշ ոչինչ: ICIJ կ՛ողջունէ Փելին Ունքերի հետաքննութեան մասին խիզախ եւ ճշմարիտ հաշուետուութիւնը եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բռնակալ իշխանութեան ներքոյ լրագրողական ազատութեան այս վերջին յարձակումը»:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան  2018-ի աշխարհի ազատ մամուլի ցանկին վրայ, Թուրքիա` 180 երկիրներու շարքին, գրաւած է 157-րդ դիրքը: Այդ կազմակերպութիւնը Թուրքիան բնութագրած է իբրեւ` «մասնագէտ լրագրողներու համար աշխարհի ամէնէն մեծ բանտը»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Հայրենադարձ Գանձեր. Արժէքաւոր Նուիրատուութիւն Մատենադարանին

Յաջորդը

Դեկտեմբերի Այս Ցուրտ Երկուշաբթին Փինար Սելեքի «Քանի Որ Հայ Էին» Գիրքը Բերին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?