Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղանդաւորները Եւ Մենք. Մեր «Անկոչ Հիւրերը»

Յունուար 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Գարնանային պայծառ եւ արեւոտ օր մըն էր: Արեւուն ճառագայթները ներս թափանցելով լայն պատուհաններէն` ջերմացուցած էին սենեակին մթնոլորտը: Պատշգամին բաց դռնէն տաղտկալի աղմուկ մը պատճառ դարձաւ, որ փութամ եւ ստուգեմ` ի՛նչ բան տուն տուած էր այս ժխորին: Լա՞լ, թէ՞ խնդալ: Շէնքին հանդիպակաց լայն պողոտային վրայ երկու ուղղութեամբ երթեւեկող հարիւրաւոր ինքնաշարժներու հսկայ թափօր մը դէմ-դիմաց քարացած էին, որպէսզի բադերուն առիթ տան մէկ մայթէն միւսը անցնելու: Հարիւրեակ մը բադերը օրօրալէն շորորալէն վերջապէս անցան բարեացակամ վարորդներու ջղային նայուածքներուն առջեւէն, տասը վայրկեան ընդմիջումէ մը ետք: Օրէնքի երկիր է, պիտի հնազանդիս, նոյնիսկ` կենդանիներու պարագային: Միջանկեալ ըսեմ, որ քանի մը տարի առաջ Ամերիկայի մէջ առանձին ապրող կին մը իր տասնեակ մը կատուները անօթի ձգելուն համար վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:

Այս տարօրինակ բեմադրութենէն հազիւ ձերբազատած` աչքերս յարեցի դէպի կաս-կապոյտ երկինքը, որ իր թեւերուն տակ առած էր ամբողջ հորիզոնը: Տասնեակ հազարաւոր թռչնազգիներու զանգուած մը կը ճախրէր երկնակամարին տակ, ներդաշնակօրէն: Փառատօն մըն էր կարծես անոնց համար այդ օր:

Այդ օր, կէսօրէ ետք, կինս ու տղաս մեր բնակած շէնքին դիմաց գտնուող «Մոլ»-ը գացին: Իսկ ես բազկաթոռին վրայ երկարած` հեռատեսիլէն կը հետեւէի մարզական հետաքրքրական խաղի մը: Ճիշդ այդ միջոցին մէկը դուռը թակեց, տեղէս չշարժեցայ, որովհետեւ մեզի եկողը պէտք է շէնքի մուտքէն հեռաձայնէ, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՛վ է այցելուն կամ եկողը: Երկրորդ եւ ուժգին կերպով թակեցին դուռը այս անգամ, ուստի, ստիպուած, տեղի տուի: Բացի դուռը: Ի՞նչ տեսնեմ: Երկու երիտասարդներ, մէկը երկար, միւսը` միջահասակ:

– Այո՛,- ըսի,- ի՛նչ կրնամ ընել ձեզի համար:

– Ճի՛շդ ըսիր,- ըսին միաբերան: – Կրնա՞նք ներս մտնել:

-Հրամեցէք,- ըսի` դուռը լայն բանալով: Երկուքն ալ ներս մտան հապճեպ կերպով եւ ուղղուեցան տան սրահը: Հետախուզական ակնարկ մը նետելով սրահին չորս կողմերը, հիանալով, ըսին` այս ի՛նչ աղուոր տուն է, ամէն բան կոկիկ»:

Յանկարծ երկար երիտասարդը (ղեկավար) վիզի դերասանական արագ նայուածքով մը` «Բանի պէտք ունի՞ս, խնդրե՛մ, մի՛ շուարիր, բանի պէտք ունի՞ս»,- ըսաւ` զիս անակնկալի բերելով:

– Ո՛չ, ո՛չ, ես բանի պէտք չունիմ երբեք,- ըսի: – Ի՞նչ է ձեր այցելութեան նպատակը,- հարցուցի սրտնեղած:

– Մեր այցելութեան նպատակը այս գիրքը քեզի յանձնել է:

– Ի՞նչ է ասիկա,- յարեցի:

– Այս գիրքը մորմոններուն գիրքն է:

Քրիստոնէակա՞ն է,- հարցուցի:

– Այո՛,- ըսաւ` կմկմալով:

Շատ լաւ կ՛ըլլար, որ այս գիրքը ոչ քրիստոնեայի մը տայիք, քան թէ ինծի պէս մէկու մը: Ես զաւակն եմ ազգի մը, որ առաջինը եղաւ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ճանչցող երկիր, որ Հայաստանն է:

Զարմացած` իրարու երես նայեցան:

– Մենք` հայերս առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք եղած:

– Դուք Հայաստանէ՞ն եկած էք հոս:

– Ո՛չ,- ըսի,- մենք Լիբանանէն եկած ենք:

– Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, երբ կ՛ըսէք հայ էք ու կու գաք Լիբանանէն:

– 1915-ին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ դարձած ազգը եղած ենք: Թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայերը աներեւակայելի ջարդերով ու աւերակի վերածելով իրենց տուներն ու կալուածները` տէր դարձան Հայաստան աշխարհին, որուն 65 առ հարիւրը տակաւին թուրքերը գրաւած են: Այս բոլորը` քաղաքակիրթ կոչուած ազգերու աչքերուն առջեւ, որ անպատիժ կը մնայ տակաւին:  Իրարու նայեցան երկուքը` կարծես ըսել ուզելով, որ սխալ դուռ թակեր են:

– Դուն ըսիր, որ դուք Լիբանանէն եկած էք: Մենք յաճախ լսած ենք, որ լիբանանեան կերակուրները շատ համբաւաւոր են: Քանի որ դուք Լիբանանէն էք, հրաւիրեցէք մեզ օր մը, որ ճաշակենք ձեր համբաւեալ կերակուրները:

– Ինչո՞ւ չէ,- ըսի,- գալ շաբաթ այսօրուան պէս մեզի կու գաք, երեկոյեան:

Ասոր վրայ ոտքի ելան մեկնելու: Այդ միջոցին յանկարծ կինս ու տղաս վերադարձան «Մոլ»-էն: Ծանօթացուցի զիրենք այս «անկոչ հիւրեր»-ուն, լաւ չտպաւորուեցան: «Հիւրերը» մեկնեցան մինչ այդ:

– Անի՛,- ըսի,- գալ շաբաթ այսօրուան պէս այս մարդիկը մեզի հրաւիրուած են, լիբանանեան համադամ կերակուրները համտեսելու համար` ըստ իրենց բուռն փափաքին:

– Ի՞նչ,- ըսաւ կինս,- չէր բաւեր զիրենք ներս ընդունած եմ, հիմա ալ զիրենք ճաշի՞ կը հրաւիրես: Մարդ այսքան միամիտ կ՛ըլլա՞յ: Շո՛ւտ ըսէ իրենց, որ մենք այդ օր զբաղած ենք եւ չենք կրնար հիւր ընդունիլ:

– Լա՛ւ, լա՛ւ,- ըսի,- հիմա որ իրենց տունը հասնին, կը հեռաձայնեմ:

Հեռաձայնի թիւը գրուած էր գիրքին մէկ անկիւնը: Մէկ ժամ ետք հեռաձայնեցի եւ ըսի, որ դժբախտաբար այդ օր մենք շատ զբաղած ենք, ուստի պիտի չկարենանք ընթացք տալ ձեր փափաքին:

Երկարահասակ երիտասարդը ըսաւ. «Ո՞վ ըսաւ այդ մէկը, կնի՞կդ»:

– Ո՛չ,- ըսի,- կինս գործ չունի ասոր մէջ:

– Ամէն պարագայի, դուն կարդա՛ այդ գիրքը, շատ պիտի սիրես զայն, ըսաւ:

Քանատա
25-10-2018

Նախորդը

Թափանցիկ Մտահոգութիւններ

Յաջորդը

Մինչեւ Ե՞րբ, Դեռ Մինչեւ Ե՞րբ…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?