Սօսի Պալեան Ներկայացուց «Առողջապահական Կարգ Մը Հարցերու Բարոյական Գնահատականը» Նիւթը
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Առողջապահական կարգ մը հարցերու բարոյական գնահատականը»: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ մեր կեանքին մէջ թապու նիւթեր կան, որոնց մասին կարելի չէ բարձրաձայնել եւ կարելի չէ...




















