ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Յարգելի՛ ընթերցող, սոյն յօդուածիս մէջ արտայայտուելիք տեսակէտս կրնայ վիճելի, թերեւս ալ քննադատելի թուիլ, բայց եւ այնպէս այս գրութեամբ կ՛ուզեմ բոլորին մտածելու նիւթ տրամադրել: Արդէն քանի տարիներէն ի վեր ականատես եւ ականջալուր կ՛ըլլանք հայրենադարձութեան եւ ներգաղթի կոչերուն: Այո՛, ամէն գիտակից եւ ազգային կեանքին կառչած հայուն փափաքն է օտար միջավայրի մաշեցնող ճիրաններէն ձերբազատիլ եւ նետուիլ հայրենիքին գիրկը, ուր այլեւս չստիպուի անդադար դժուար պայքար մղել` հայ մնալու նախանձախնդրութեամբ, այլ հանգիստ ապրի, նման մտահոգութենէն զերծ: Բայց արդեօք Հայաստան տեղափոխուիլը հայապահպանում կ՛ապահովէ՞:
Այս է գլխաւոր հարցը:
Տրամաբանական եւ ճիշդ էին ներգաղթի կոչերը 30-ական եւ 40-ական թուականներուն, երբ հայը իր արմատէն կտրուած եւ հողէն պոկուած կը ցրուէր աշխարհի չորս դին, եւ ապագայ կեանքի անորոշութիւնը, այլ մանաւանդ կորսուած օրրանի անյագ կարօտը զինք կը մղէր իր հայեացքը հայրենի բուռ մը հողին սեւեռել: Շատերը գացին եւ ի՞նչ եղաւ: Իրենց կարծած, իրենց երազած Հայաստանը չգտան: Աւելի՛ն. իրենց վառ հայրենասիրական ոգին տակաւ սկսաւ պղտորիլ եւ կաշկանդուիլ հայրենի ապազգային մթնոլորտին մէջ: Երեւակայեցէք, թէ ի՜նչ դառնութիւն պէտք էր ճաշակէր եւ յուսախաբութիւն ապրէր հայը, որ ոչ թէ թուրքին սուիններով, այլ իր իսկ կամքով իր հայրենիքը կրկին կը ձգէր եւ կը հեռանար: Կը տեսնենք արդիւնքը. գացողներէն ոմանք հեռացան, ուրիշներ մնացին եւ համայնավարացան: Այս է դառն գինը, որ վճարուեցաւ` երազին եւ իրականութեան միջեւ եղած մեծ տարբերութիւնը տեսնել չկարենալու իբրեւ հետեւանք:
Վերադառնանք մեր օրերուն: Այսօր ունինք Հայաստանը, մեր պատմական հայրենիքին կտոր մը հողը, մեր ազգային գոյատեւման հզօր երաշխիքը: Հարց մը կը ծագի սակայն, թէ ինչպէ՞ս կ՛ընկալենք Հայաստանը. իբրեւ հողի շե՞րտ, օտարութենէն, ձուլումէն, սփիւռքեան իր ապրած երկրի քաղաքական ցնցումէն կամ տնտեսական ճգնաժամէն յոգնած հայուն համար վերջին յո՞յս, թէ՞ հայկականութիւն արտադրող եւ ազգը յաւերժացնող հայրենիք: Առաջինին պարագային, հարկ չկայ մեր ապրած վայրերէն շարժելու եւ Հայաստան տեղափոխուելու` այլասերումէն փրկուելու յոյսով, քանի որ այսօրուան Հայաստանը դեռ չի համապատասխաներ իր բուն կոչումին` ազգային ոգիով համակուած հայրենիքին: Եթէ Հայաստանը կ՛ընդունինք իբրեւ մեր ազգային երթը ապահովող գրաւական, ապա, նախքան հայրենադարձութիւն քարոզելը, հարկ է հայկականացնել մեր հայրենիքը: Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանը այսօր սփիւռքէն ոչ նուազ հայապահպանման մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ: Ազգային կեանքին կապուած սփիւռքահայուն համար, որ հայրենադարձութեան քայլ կ՛առնէ, դիւրին չէ յարմարիլ հայաստանեան կեանքին, ուր հայերէնը «ռուսերէնացուելու» վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի, ուր ազատագրական պայքարի պատմութիւնները դասագիրքերուն բաժիններ են սոսկ, ոչ թէ` հոգեվիճակ եւ ներշնչման աղբիւր մարդոց համար, ուր Մուսա Լերան հերոսամարտին, Մարաշի աղէտին, Տարօնի, Վասպուրականի կամ Ուրֆայի ինքնապաշտպանութիւններուն տարեդարձները պատմական դրուագներ են միայն, ոչ թէ` ազգային ուխտը վերանորոգելու նուիրական առիթներ, ուր Սարդարապատը ճակատամարտ մըն է սոսկ, ոչ թէ երկրորդ Աւարայր, ուր եռագոյնը եւ զինանշանը լոկ պետական խորհրդանիշներ են, ոչ թէ` տասնամեակներ շարունակ թափած արեան եւ անթիւ զոհողութեանց արգասիք: Սխալ չհասկցուիմ: Չեմ ըսեր, որ մոռցուած եւ անտեսուած են այս բոլորը: Սակայն պիտի ընդունինք, որ հատուածաբար կը պահպանուին եւ կը քաջալերուին վերոյիշեալ արժէքները, մասնաւորաբար` կուսակցական մարմիններուն կամ մշակութային միութիւններուն կողմէ, մինչ պետական կամ համաժողովրդային պատշաճ մօտեցումը ցարդ կը բացակայի:
Սփիւռքահայը կ՛ակնկալէ, որ Հայաստան տեղափոխուելով` պիտի կարենայ գտնել այն մթնոլորտը, որուն մասին իրեն խօսուեցաւ դպրոցական տարիներուն, կը յուսայ հայրենիքի մասին պատմող դասագիրքերուն պատկերները կենդանի ձեւով տեսնել, ուր նախնեաց սրբազան հողը ի՛նք արդէն ազգային բարձր գիտակցութեան թելադրականութիւնը կը պարունակէ: Հայաստանը, վերջապէս, քաշողական հմայք պէտք է ունենայ, որ պայմանաւորուած չէ ժողովրդավարական կարգերով կամ գործի ծով առիթներով, այլ նախ եւ առաջ` ազգային հարազատ մթնոլորտով: Սփիւռքահայը կը սպասէ, որ վերանկախացած Հայաստանը վերահայացած հայրենիք դառնայ:
Թող ոչ ոք ըսէ, որ ազգային արժէքները, պատմութիւնը կամ պահանջատիրութիւնը կուսակցութեան մը կամ միութեան մը հետապնդելիք հարցերն են:
Անբնական է նաեւ, աւելին չըսելու համար, երբ ԼԵՄ-ական կամ ԶՈՄ-ական երիտասարդներ հայրենիք գործուղուին հայրենի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն իրենց իսկ ապրած երկրի պատմութեան եւ պահանջատիրութեան դասեր տալու, անոնց տեղեկացուածութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ հայրենասիրական ոգին բոցավառելու, անհեթեթութեան հասնող երեւոյթ մը, որ համազօր է այն բանին, որ ազգականներէս մէկը գայ եւ իմ իսկ տանս պատմութիւնը սորվեցնէ ինծի: Ճիշդ հակառակը պէտք է ըլլայ: Հայաստանէն սփիւռքի տարբեր գաղութներ մարդիկ պէտք է գան` հայրենիքի պատմութիւնը եւ արժէքները սորվեցնելու առաքելութեամբ, հոգեկան ամուր կամուրջ ստեղծելով հայ ազգի բեկորներուն միջեւ:
Հայրենադարձութեան իմաստը թիւին մէջ չէ, այլ` որակին: Հետեւաբար նախանձախնդիր եւ հետամուտ պէտք է ըլլալ, որ ամէն հայրենադարձ հայ շարունակէ բարձր պահել իր կորովը եւ հասարակական կեանքին իր աշխուժ մասնակցութիւնը, ոչ թէ յուսախաբ ըլլայ: Որքան ալ կ՛ուզենք տեսնել մեր հայրենիքը հզօր եւ ամուր` իր բանակով եւ տնտեսութեամբ, նոյնքան ալ ազգովին հետամուտ պէտք է ըլլալ երկրին ազգային եւ մշակութային միասնական դիմագիծի ձեւաւորման եւ զարգացման, քանի որ առանց ազգային ամբողջական արժեհամակարգի` կրնանք գոյատեւել իբրեւ հասարակութիւն, բայց ոչ թէ` իբրեւ հայութիւն: Այո՛, կրնանք մտածել, որ նախ փոխադրուինք, ներգաղթենք, անկէ ետք այս հեռանկարային ծրագիրին թափ պիտի տանք: Սակայն, եկէք, իրապաշտ ըլլանք: Իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ չենք կրնար տասնեակ կամ հարիւր հազարներով ելլել եւ Հայաստան գալ` գետնի վրայ ձեռք ձեռքի հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ իրականացնելով յիշեալ առաջադրանքը: Ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեամբ մեր ազգային երազը չի կրնար իրականանալ` առանց համազգային գաղափարախօսութեան, որուն հիմքը կը կազմեն երեք սիւներ` հզօր պետութիւնը, ծաղկուն տնտեսութիւնը եւ ազգային միասնական մշակոյթը: «Ոջիլի արեւելում»-ը, որուն մասին կը խօսէր Ռոստոմը, շատ այժմէական է եւ, ճիշդ գործադրման պարագային, կրնայ ազդու միջոց դառնալ` հայութիւնը գաղութներէն քաշելու եւ մէկտեղելու իմաստով: Զգուշ ըլլալու ենք սակայն, մինչեւ Հայաստանը իսկապէս ամէն իմաստով հզօր չդառնայ, թող փորձ չկատարուի սփիւռքէն ուշադրութիւնը շեղելու եւ զայն իր բախտին ձգելու. կազմակերպ, ամուր եւ չնօսրացած պէտք է պահել սփիւռքը տակաւին:
Հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրուի` միաժամանակ հզօրացնելով Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռքը, ատոր զուգահեռ` հայրենադարձութեան ուղին ուրուագծելով: Անցեալի սխալները պէտք չէ կրկնուին: Հայ կեանքին մէջ տասնամեակներ շարունակ կանգուն մնացած խտրութեան պատնէշը պէտք է քանդուի, եւ վերջ գտնէ «ախպար» եզրը, որպէսզի միանգամընդմիշտ վերանայ ներսի եւ դուրսի հայերուն տարբերութիւնը: Կը կարծեմ, որ ժամանակը հասունցած է, եւ ցանկալի պիտի ըլլար, որ 2019 թուականը հանդիսանայ սկիզբ` սփիւռքի եւ Հայաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր կառոյցներու սերտ եւ համակարգուած գործակցութեան, որով կարելի պիտի ըլլայ մշակել եւ հրապարակ բերել գործնական ու արդիւնաւէտ ծրագիր մը, ուր հայրենադարձութիւնը դադրի պարագայական երեւոյթ ըլլալէ, ուր հայրենադարձութեան դիմող հայը իր քայլը կ՛առնէ ոչ թէ իր ապրած երկրի քաղաքական վերիվայրումներուն եւ տնտեսական տագնապին պատճառով, այլ` գիտակից որոշումով, ուր ներգաղթը ո՛չ միայն կապուած պիտի ըլլայ պետութեան հզօրացման եւ տնտեսութեան ուռճացման, այլ մանաւանդ ազգային մշակոյթի համընդհանուր տարածման եւ ժողովրդականացման հետ: