Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Օգնութեան Միութեան «Հայ Սիրտ» Պարբերաթերթի 80-ամեակին Առիթով

Փետրուար 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամիս մը առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը  2019-ը հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»: Ակնարկելով հայ մամուլի ծագման ու պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներուն` անկասկածօրէն կը տեսնենք մամուլին արժէքը, որ իր աննախընթաց եւ ազդու դերը ունի հայ կեանքէն ներս:

2019 թուականը նաեւ կը զուգադիպի Հայ օգնութեան միութեան «Հայ Սիրտ» պարբերաթերթի 80-ամեակին, որ իր կարգին որպէս հրատարակութիւն իր եզակի դերը խաղցած է հայ կնոջ զարգացման եւ ծաւալումին մէջ: Յունուար 1939 թուականին «Հայ Սիրտ»-ի առաջին թիւը կը հրատարակուի, ուր կ՛ընդգծուի պարբերաթերթին 5 ձգտումները.

Ա.- Պատրաստել հայ գիտակից մայրեր,
Բ.- Զարկ տալ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան,
Գ.- Առողջ պահել հայ ընտանիքը,
Դ.- Մղել հայ կինը հաւաքական աշխատանքի,
Ե.- Զարգացնել հայ կնոջ մէջ ձեռներէցութեան ոգին:

80 տարիներու ընթացքին հրատարակուած է 162 «Հայ Սիրտ»-ի թիւեր, որոնց էջերէն հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս հայ կինը կը սկսի ծանօթանալ կիները յուզող հարցերու մասին, կը ստանայ դաստիարակչական, կազմակերպչական, մանկավարժական եւ առողջապահական նիւթերու վերաբերեալ գիտելիքներ, կը հաղորդուի Հայ օգնութեան միութեան համաշխարհային գործունէութեան աշխատանքներով, կը ծանօթանայ գաղութի վաստակաւոր դէմքերուն եւ պարբերաբար կը սորվի խոհանոցային գիտելիքներ, կատակներ եւ հանելուկներ:

Սոյն առիթով 1939 տարուան 4 հրատարակութիւնները տեղադրուած են սոյն կայքէջին վրայ եւ հասանելի են բոլորին այս հասցէով` https://issuu.com/ars19106:

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ այս տարի լոյս պիտի տեսնէ «Հայ Սիրտ»-ի 163-րդ թիւը:

Հարկ է նաեւ հոս շնորհակալութիւն յայտնել սփիւռքահայ գաղութի եւ հայրենիքի մէջ գործող հայ մամուլի օրաթերթերուն եւ շաբաթաթերթերուն, որոնք միշտ ալ սիրով իրենց էջերուն մէջ կը տեղադրեն Հայ օգնութեան միութեան մասնաճիւղերու եւ շրջաններու մէջ կատարուած տեղական կամ համահայկական լուրերը: Քաջ կը գիտակցինք, որ համաշխարհայնացած ներկայ այս աշխարհին մէջ երբեմն դժուար պայմաններու տակ կը գործեն հայկական թերթերը: Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր անդամներուն, առեւտրական հիմնարկներուն ու հաստատութիւններուն, որ շարունակեն սատարել հայ մամուլին` թէ՛ բաժանորդագրուելով եւ թէ՛ նուիրատուութիւններ կատարելով:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Զարթի՛ր, Որդեա՛կ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?