Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Փետրուար 6, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս Խրիմեանի Հրաժարումը
Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութենէն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեանի կողմէ «սահմանադրութեան վերաքննելի յօդուածոց մասին» վերաքննիչ յանձնաժողովին ուղղուած նամակէն ետք, վերաքննիչ յանձնաժողովը գործի լծուեցաւ:

Պոլսոյ պատրիարքարանի շէնքը Գում Գափուի մէջ

Նոյն օրերուն, պատրիարքին հրամանով Պայազիտի Սուրբ Յովհաննու վանքը աքսորուած Վանի նախկին առաջնորդ Պօղոս վարդապետ խնդրագիր մը ուղարկեց Պոլիս` պատրիարքարան, եւ Ազգային վարչութենէն քննութիւն ու դատ պահանջեց:

Ազգային վարչութիւնը բանաւոր Պօղոս վարդապետին խնդրագիրը եւ որոշեց դատաստան տեսնել: Ազգային վարչութեան որոշումը պատրիարքին հեղինակութիւնը կասկածի ենթարկելու  քայլ մըն էր:

«Ղալաթիոյ օճախ»-ը կրկին գործի լծուեցաւ: Մատթէոս վարդապետ Իզմիրլեան եւ Ստեփան Փափազեան նոր եւ կատաղի պայքար մը շղթայազերծեցին Մկրտիչ պատրիարքին դէմ:

Իր կարգին Քաղաքական ժողովը յամառեցաւ պատրիարքին ընդդիմադիր մնալու իր ընթացքին մէջ եւ փորձեց ժողովուրդը գրգռել Խրիմեանի դէմ:

Ազգային ժողովի 24 եւ 26 յուլիս 1873-ի նիստերուն պատրիարքը Քաղաքական ժողովի անպատշաճ յարձակումներուն նշաւակ դարձաւ:

Գաւառացի պանդուխտները, որոնք պատրիարքին խանդաղատանքը եւ բարիքները կը վայելէին, իրենց սիրելի Հայրիկը պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, տարբեր թաղերէ հաւաքուելով, 30 յուլիս 1873-ին ահագին բազմութեամբ խուժեցին պատրիարքարան եւ Քաղաքական ժողովի անդամներուն վրայ յարձակելով սկսան սոսկալի կերպով ծեծել զանոնք:

Մկրտիչ պատրիարք վրայ հասնելով դժուարութեամբ կրցաւ զսպել գազազած ամբոխը:

Գաւառացիները սպառնացին ջարդ ու փշուր ընել բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակէին իրենց սիրելի եւ պաշտելի Հայրիկի դէմ դաւեր լարել:

Խրիմեան Հայրիկ դառնօրէն արտայայտուեցաւ.

– Օրինաց խստիւ եւ տառական գործածութենէն հետեւեցան այսքան աղմկայոյզ խռովութիւնք` Պոլսոյ թաղերուն եւ գաւառներուն մէջ, թո՛ղ ապագային վկայ լինի հազար ութ հարիւր եօթանասուն եւ երեք յուլիս 30 հայոց պատրիարքարանի դժպատեհ դէպքը: Միթէ կարելի՞ է ընդդէմ գիտակցութեան մեղանչելով այս խօսքերէն թիւր հետեւութիւն մի հանել եւ ասել` ուրեմն պատրիարքն իբրեւ հսկող օրինաց, իւր պարտիք չճանաչելով` սահմանադրութեան դէմ կը խօսի եւ նորա տրամադրած օրէնքները ճշդիւ կատարելու փոյթ չունի:

Կիրքերը սաստիկ լարուած էին: Մէկ կողմը մայրաքաղաքի եւ գաւառական քաղաքներու աղաներն ու էֆենտիներն էին, միւս կողմը` գաւառաբնակ ամբողջ հայութիւնը եւ Պոլսոյ ազատամիտ ու հայրենասէր զանգուածը: Լրագիրներն ալ իրենց կարգին երկու հոսանքի բաժնուած էին: Կարգ մը թերթեր պատրիարքին դէմ անվայել հրատարակութիւններու սկսած էին, կիրքերը կը յուզէին եւ կրակի վրայ իւղ կը թափէին: Կարգ մը թերթեր ալ պատրիարքը կը պաշտպանէին:

Բարձրագոյն դուռը վարագոյրի ետեւէն պատրիարքի հակառակորդներուն ուղղութիւն կու տար:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեան որոշեց իր հրաժարականը ներկայացնել Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ Բարձրագոյն դրան:

Հայրիկի համակիրներ եւ մանաւանդ գաւառացիները շատ խնդրեցին սրբազան պատրիարքէն որ մնայ եւ չհրաժարի, բայց վշտահար Հայրիկ ըսաւ, որ իրեն համար այլեւս անհնար է մնալ Պոլսոյ աթոռին վրայ:

***

Մկրտիչ պատրիարք Խրիմեան 31 յուլիս 1873-ին Ազգային երեսփոխանական ժողովի նիստի հրաւիրեց:

Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին

Ազգային երեսփոխանական ժողովի 64-րդ նիստը գումարուեցաւ 3 օգոստոս 1873-ին, Պոլսոյ աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին բոլոր երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ պոլսեցի եւ գաւառացի խուռներամ ժողովուրդ:

Խորհրդաւոր լռութեան մէջ պատրիարք Հայրիկը բեմ բարձրացաւ եւ յուզուած ու վշտալի ձայնով սկսաւ կարդալ «Խօսք հրաժարման»-ը:

«Երեսփոխանք հայոց.

«Այսօր իմ արձակման օրն է. կ՛աղաչեմ, որ թոյլ տաք այս տաճարին մէջ, հայոց երեսփոխանութեան առաջ, մի քանի խօսք խօսիմ եւ արձակում խնդրեմ այն ատենէն, որ 1869 թուոյն սեպտեմբեր 4-ին իւր քուէի ազատ ընտրութեամբ զիս կապեց եւ Տարօնէն վարեց եւ մինչեւ ցայս վայր. նոյն տարւոյ նոյեմբեր ամսոյ սկիզբը, Պոլսոյ մայր եկեղեցւոյ բեմին վրայ մեր գահակալութեան հանդէսն կատարուեցաւ: Չգիտեմ, կը յիշէ՞ք, այն իմ Ծաղկազարդի օրը, ես խօսք տուի ձեզ եւ ուխտեցի:

«… Այո՛, մեծ ակնկալութեամբ ընտրեցիք զիս ու բերիք. գիտե՛մ, դժուարին է դիւրութեամբ թողուլ: Ի՞նչ էր արդեօք ձեր եւ հանուր Թուրքիոյ հայոց ակնկալութիւնը: Ահաւասիկ. կ՛ակնկալէիք, որ Խրիմեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ փառք մը յաւելուր: Կը յուսայիք, թէ նա եկեղեցւոյ պաշտօնէից աղաւաղ դրութիւնը կը վերանորոգէր: Կը հաւատայիք, որ նա անդադար քարոզելով` դպրոց, դաստիարակութիւն, լոյս եւ այլն, ազգային յառաջդիմութեան կառքը կը վարէր եւ դէպ ի իւր նպատակ կը տանէր: Թո՛ղ այս մեծ ակնկալութիւն, մի եւս այն էր, թէ Խրիմեան, իբրեւ սահմանադրասէր պատրիարք նա ինքն ձեռնհաս պիտի լինի շոյտ եւ արագապէս իւր արծուի թեւերով սահմանադրութիւնը բառնալ ու տանել սփռել հայոց աշխարհին վերայ, քաղաքացին եւ շինական, գիտուն եւ ռամիկ առ հասարակ միահամուռ մկրտել` լուսաւորել եւ նոր սահմանադրական ժողովուրդ կազմել: Առաւել քան զայսոսիկ, ամենամեծ ակնկալութիւն գաւառացի ժողովրդոց այն էր, թէ Խրիմեան պատրիարք եղաւ, ուրեմն աւետի՜ս, պէտք է որ ազատուինք հարստահարութեան ամէն ճնշումներէ: Զարմանքս այս է, որ ես էլ ճիշդ ձեզ նման կը հաւատայի, թէ կարող եմ այդ մեծամեծ հրաշքները գործել եւ արդիւնաւորութեամբ պսակել այդ նախաթուեալ մեծամեծ ակնկալութիւնք:

«… Վաթսուն երեքերորդ անգամ երեսփոխանական ժողովյդ նախագահեցի. ի սկզբան` երբ առաջին նիստն կազմուեցաւ, ատեան բացուեցաւ, ի՞նչ էր նախադաս եւ կարեւոր խնդիրն – վերաքննութիւն սահմանադրութեան: Չորս տարուան շրջանին մէջ, այս ամենակարեւոր խնդիրը խնդրոց կարգին մէջ անլուծելի մնաց. յանձնաժողովի նախապատրաստեալ ծրագիրը մերժուեցաւ, որպէս զի լաւագոյն եւս ծրագրուէր:

«… Իմ հրաժարելուս առաջին պատճառն ձանձրութիւն եւ յուսահատութիւն է. գործելու համար եկայ, եւ բան մի չգործեցի. մէկ երկու տարի իբրեւ անփորձ, հազիւ թէ փոքր ի շատէ խելամուտ եղայ ազգային գործոց եւ ընթացից:

«… ժամ է արդ որ խօսիմ ու բացատրեմ իմ հրաժարելոյս երկրորդ պատճառը. այն  եկեղեցւոյ վիճակն, որ ամենամեծ եւ կարեւորագոյն է այնչափ որչափ Աստուած, իւր Աւետարան եւ եկեղեցին բարձրախորհուրդ են:

«… Ողբամ զքեզ եկեղեցիդ Հայաստանեայց խրթնացեալ ի բարեզարդութենէ բեմին, զրկեալ ի քաջ հովուաց եւ հովուակցաց:

«… Ահաւասիկ իմ իրաւացի պատճառներ: Երեսփոխա՛նք հայոց, զոր կ՛աղաչեմ բարձր ուշադրութեան առնուք եւ նորա խորը թափանցէք պիտի տեսնէք, թէ Խրիմեան ոչ միայն անկեղծ գիտակցութեամբ այլ եւ փորձառական ճշմարտութեամբ գրած է, իբրեւ կտակ կ՛աւանդեմ ձեզ, շոյտ եւ արագ փութացուցէք վերաքննութիւն սահմանադրութեան:

«… Ներողութիւն կը խնդրեմ, այն ամէն թերութեանց համար, զոր իբրեւ սխալական մարդ գործած եմ: Ներողութիւն կը խնդրեմ համայն երեսփոխանական դասէն: Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ վաստակակից Կրօնական ժողովոյ սուրբ հարց դասէն: Ներողութիւն կը խնդրեմ Քաղաքական ժողովոյ մեծապատիւ անդամներէն: Ես զձեզ չամբաստանեցի, այլ դրութիւնն ամբաստանեցի, որոյ ուղղութիւնն եւ փոփոխութիւնն Օրէնսդիր ժողովոյն կը պատկանի:

«… Թոյլ տուէք այս աթոռէն ելնեմ եւ հոն նստիմ. թերեւս այսու խաղաղութեան օրինակ մի ընծայեմ իմ յաջորդիս: Թո՛յլ տուէք, եթէ իբրեւ պատրիարք չի կարացայ` իբրեւ Խրիմեան վարդապետ գործել, թերեւս իբրեւ Խրիմեան` կարենամ իբրեւ պատրիարք գործել:

«Երթա՛ս բարեաւ, Արծուի՛, ասացէք, գնա՛ գտիր Վարագ քու սիրած խուցն ու գրիչ եւ սակաւիկ մի թանապուր: Հո՛ն մնացիր, զի նաւ խռովեալ փութայ ի նաւահանգիստ»:

Յուզումէն դողդղացող ձայնով եւ արտասուաթոր աչքերով Հայրիկ աւարտեց ընթերցումը:

Ժողովուրդին մէջէն ալ շատեր կու լային եւ անոնց լուռ հեկեկանքները կը խառնուէին Հայրիկի ձայնին:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնամասը

Հայրիկ երբ բեմէն վար պիտի իջնէր բուռն եւ որոտալից ծափահարութիւն մը թնդացուց եկեղեցին: Ամէն կողմէ ծայր առին ձայներ եւ աղաղակներ:

– Հրաժարականդ չենք ընդունիր Հայրի՜կ:

ժողովուրդը քեզ հետ է Հայրի՜կ: Պիտի մնա՛ս, չհրաժարի՜ս:

Ազգային ժողովի ատենապետ Գրիգոր Օտեան ջանաց լռութիւն պահել, բայց անհնար եղաւ:

Խրիմեան Հայրիկ ժողովուրդէն խնդրեց հանդարտիլ.

– Ժողովուրդ հայոց, կ՛աղաչեմ լռութիւն պահեցէք, որ ժողովը շարունակէ իւր զբաղմունքները:

Պէկեան էֆենտի ոտքի ելլելով քննադատեց Հայրիկի հրաժարական ճառը:

Ատենապետ Գրիգոր Օտեան ըսաւ.

– Պէկեան էֆենտի սրբազան պատրիարքին ատենաբանութիւնը դատափետելու ելաւ, բայց վիճաբանութեան սահմանէն դուրս է առայժմ այդ կէտը, վասնզի ժողովը դեռ չորոշեց անոր վրայ վիճաբանիլ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ, նոյն պահուն, Քաղաքական ժողովի տասնչորս անդամներէն վեցը` Սենեքերիմ Մանուկեան, Բարսեղ Հալաճեան, Քրիստոստուր Ղազարոսեան, Ալիքսան Խորասանճեան, Ստեփան Փափազեան եւ Բարթող Քիւրքճիպաշեան, իրենց հրաժարականները ներկայացուցին:

Ազգային ժողովի կարգ մը անդամներ դիտել տուին ըսելով. «Թէ սրբազան պատրիարք եւ թէ Քաղաքական ժողովոյ հրաժարեալ անդամները ամբաստանեցին Ազգային ժողովը»:

Գրիգոր Օտեան պատասխանեց.

– Ոչ սրբազան պատրիարքին հրաժարագիրը, եւ ո՛չ ալ Քաղաքական ժողովոյ անդամոց ոմանց հրաժարագիրը, երկուքն ալ ամբաստանութիւն չեն ըստ իս: Սրբազան պատրիարքն այնպիսի խօսքերով` որ իր սրտէն կը բխէին եւ զորս ինծի չափ սրտայոյզ ունկնդրութեամբ մտիք ըրիք,

յայտարարեց թէ` ոչ զոք կ՛ամբաստանեմ. ինչպէս որ խաղաղութեամբ եկայ պատրիարքական գահը բազմեցայ, նոյնպէս կ՛ուզեմ խաղաղութեամբ ձգել այս գահը, իմ մենաստանս դառնալ եւ իմ բահս ու գրիչս նորէն ձեռքս առնուլ: Ըսել է որ սրբազան պատրիարքին տուած հրաժարականին մէջ չկայ ամբաստանութիւն մը:

***

Սրբազան պատրիարքի եւ Քաղաքական ժողովի վեց անդամներու հրաժարականներուն հիման վրայ Ազգային ժողովը քննիչ յանձնաժողով մը կազմեց, հրաժարականներուն պատճառները քննելու համար:

Քննիչ յանձնաժողովը առաջին հերթին դիմեց հրաժարեալ պատրիարքին, որպէսզի ան իր հրաժարականը ետ առնէ, բայց Հայրիկ մերժեց:

Այնուհետեւ յանձնաժողովը դիմեց Քաղաքական ժողովին, խնդրելով ցոյց տալ այն պատճառները, որոնք անհամաձայնութիւն յառաջ բերած էին պատրիարքի եւ ժողովի յարաբերութեանց եւ գործերուն մէջ:

Քաղաքական ժողովի հրաժարեալ վեց անդամները, որոնք «Ղալաթիոյ օճախ»-ին պարագլուխներն էին, 9 օգոստոս 1873 թուակիր գրութեամբ յայտնեցին իրենց հրաժարման պատճառները եւ պատրիարքը ամբաստանող շարք մը պարագաներ մատնանշեցին:

Ա) Սրբազան պատրիարքը Վանայ խնդրոյն մէջ առանց քննութեան եւ առանց դատաստանի Պօղոս վարդապետ պաշտօնէ կը դադրեցնէ եւ առանց Կրօնական ու Քաղաքական ժողովոց գիտութեանց կ՛աքսորէ:

Բ) Գատըգիւղի թաղական խնդրոյն մէջ հակառակ որոշման Քաղաքական ժողովոյ` սրբազան պատրիարքը հրաժարական կ՛ընդունի եւ յետոյ ալ Քաղաքական ժողովոյ որոշումը չի գործադրեր:

Գ) Բարձրագոյն դրան նախարարաց որոշուած այցելութիւններ մեծաւ մասամբ եւ ժամանակին չը կատարելը:

Դ) Սրբազան պատրիարք հայրը 1 մայիս ներկայ տարւոյս (1873) 28390 ղրուշ պարտական է կեդրոնական սնտուկին:

Ե) Սկիզբէն մինչեւ վերջը սրբազան պատրիարք հայրը նախատանօք կը վարուէր ժողովականաց եւ ժողովոյ դէմ, մինչեւ օտարին ըրած անարգանաց իրաւունք տալէ զատ, նորին սրբազնութիւնն ալ սկսաւ անարգել եւ խարդախ անուանել Քաղաքական ժողովը. Քաղաքական ժողով մը ժողովարանէն դուրս ալ կը վռնտուի կը ծեծուի ալ»:

Քննիչ յանձնաժողովը ձեռնարկեց փոխադարձ մեղադրանքները անաչառ քննութեան ենթարկելու աշխատանքին, եւ միաժամանակ փորձեց հաշտութիւն եւ համաձայնութիւն կայացնել եւ հրաժարականները ետ առնել տալ, բայց երկու կողմերն ալ պնդեցին իրենց հրաժարականներուն վրայ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 8, 2025
Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները
Պատմական

Արցախի Թեմին Փակումը Եւ Էջմիածնի Պարտադրուած Ծանրագոյն Պայմանները

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?