Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլի Տարի. Հայ Մամուլը Եւ Մենք` Այսօր Եւ Վաղը

Փետրուար 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Հայ մամուլի տարի»-ն պարտաւոր է քննել դեռ շարունակուող հայկական դասական մամուլի եւ հաղորդակցական նոր եւ համատարած միջոց դարձած թուայնացման եւ համացանցային լրագրութեան փոխյարաբերութեան բազմերես խնդիրները: Դասական բառը չեմ գործածեր բացասական իմաստով: Հարցը քննութեան առարկայ է բոլոր երկիրներուն մէջ: Մամուլի հարցը առանձին չէ: Թուայնացման եւ համացանցային կարելիութիւնները կը վերաբերին նաեւ գիրով յատկանշուող բոլոր մարզերուն. պատմութիւն, ընկերաբանութիւն, գրականութիւն, հրատարակութիւններ, տնտեսութիւն, գիտութիւններ, արուեստ: Տեղի կ’ունենան հանդիպումներ եւ գիտաժողովներ:

Համացանցային հայկական մամուլի հարցի քննութիւնը ուշագրաւի, արդիականի, խնայողութեան եւ այլ նկատումներով միայն պէտք չէ կատարուի: Հայ մամուլը բարդ իրողութիւն մըն է` ըլլալով հայերէն եւ բազմալեզու: Ինչպէ՞ս ան պիտի ըլլայ եւ մնայ նոյն, իր բազմագոյն տարբերութիւններով: Հայ մամուլի պատասխանատուներ, լրագրողներ, խմբագիրներ, ստիպուած են լրջօրէն խորհիլ ստեղծուած նոր կացութեան մասին եւ մնալ անոր մէջ` պատշաճեցումներով, կազմակերպութեամբ, խմբագրական թէ նիւթական, որմէ կախում պիտի ունենայ նաեւ հայ մամուլի ուղղութիւնը, բնոյթը եւ վաղուան որակը: Համացանցային մամուլը խմբագրուած եւ ուշացումով պիտի չհասնի իր ընթերցողին, այլ` անմիջականութեամբ, որ չի կրնար մտածման եւ հասունացման ժամանակ տալ: Դասական` տպուած թուղթի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի լրագրութիւնը ստիպուած է խորհիլ նոր կացութեան մասին, որ կը յատկանշուի webjournalisme նոր յղացքով:

Կանգնած ենք լուրջ խնդիրներու առջեւ. ի՞նչ պիտի ըլլայ տպագիր հայ մամուլի ապագան, ան պիտի անհետանա՞յ, նոյնհետայն պիտի անհետանա՞յ հայաբարբառ հայ մամուլը, ան ըլլայ տպագիր թէ թուային-համացանցային, նաեւ յիշողութիւն եւ վկայութիւն հայ մամուլի անհետացումը ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ հայու տեսակի ինքնուրոյն գոյապահպանման տեսակէտէն: Տպագիր հայ եւ հայերէն մամուլի անհետացումը, նպարավաճառային նկատումներով, խնայողական կրնայ թուիլ, բայց ինչպէ՞ս ան սերունդներու միջեւ կապ պիտի ըլլայ:

Ի հարկէ պէտք է քննել տպագիր հայերէն մամուլի անհետացման հետեւանքները` հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթին յարաբերաբար: Youtube-ով հայ մամուլը հետաքրքրաշարժը պիտի փոխանցէ: Տեւաբար փոփոխուող արհեստագիտական նորութիւններուն պատշաճելով` այսօրուան պատշաճեցումը վաղը ժամանակավրէպ եւ հին պիտի ըլլայ: Մեր իւրայատուկ կացութեան համար հայկական մամուլի համար գոյութենական ռազմավարութիւն մը պիտի ունենա՞նք, թէ՞ տարուինք արագօրէն վերանորոգուող եւ յորդող հոսանքներով: Հայ մամուլը սոսկ ընթացիկ լրատուութիւն չէ, հեռագլալուրերու սիւնակ, կէսօրին ըսուած երեկոյեան արդէն հինցած, ան մեր կացութենէն բխած խօսքի եւ յիշեցման բեմ է:

Այս խնդիրները եթէ այսօր չքննուին, եւ պատշաճ լուծումներ չգտնուին, չորդեգրուին, հետեւանքը միայն թերթի մը կամ լրատուամիջոցի մը անհետացումը չ’ըլլար, եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն մը, մեր համայնքը, մեր ազգը կ’ընկղմի մեծ ամբողջներու մէջ:

Ինչպէս արհեստները եւ ընդհանրապէս արհեստագիտութիւնը արագ եւ արմատական փոփոխութիւններու մէջ են, մամուլն ալ նոյն ընթացքը ունի, եւ հայ մամուլը երկար չի կրնար ինքզինք պահել լուսանցքի վրայ: Մամուլի եւ լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը ինքնին արհեստագիտութիւն է` լրահաւաքէն զտում, կազմութիւն, մինչեւ տարածում: Մենք պէտք է որոշենք, գիտնանք, թէ ի՛նչ բան օրուան եւ ժամանակին հարկատու է` ի՛նչ բան կոճղն է հայ մամուլի ռազմավարութեան: Այսինքն պէտք է մշակենք մնայունի եւ փոփոխութիւններու միջեւ եղած կապակցութիւնները, եթէ հետեւինք տպաւորելու մարմաջի, կ’ըսենք տիալեքթիքի, որպէսզի ռազմավարական մնայունը արդիականութեան մակերեսայնութեան զոհ չերթայ:

Ի հարկէ, հայ մամուլի կազմակերպութիւնը, առանձին պարագաներու, եւ քիչ մըն ալ իմաստութեամբ, նկատի պիտի ունենայ խմբագրութիւնները, ասպարէզի իրական պահանջներու բաւարարումը, որպէսզի մամուլի աշխատանքը չըլլայ քմայք կամ պատահականութիւն, այլ` ստեղծուած նոր կացութեան պատշաճ գիտութիւն եւ ճարտարութիւն: Իսկ եթէ հայ մամուլը թուայնանալով եւ համացանցային դառնալով` դադրի վճարովի ըլլալէ, ոչ մէկ որակի պահանջ եւ ակնկալութիւն կրնանք ունենալ:

Թերեւս պէտք է մտածել նաեւ ընթերցողի մասնակցութեամբ հայ մամուլի մասին, այսինքն զայն դուրս բերելով իր կրաւորականութենէն, լսել` որպէս քաղաքացի, որպէս համայնքի կամ ազգի անդամ: Այս ձեւով մամուլը կը դառնայ իրապէս արդիական, ոչ թէ մաշկով, այլ` խորքով, քաղաքացին եւ ընկերութիւնը բերելով նպատակի եւ ուշադրութեան կեդրոնը: Այսպէս պիտի ըլլան ապագայի մամուլը եւ մամուլի աշխատաւորը:

Թուայնացումը եւ համացանցը լաւատեսութիւն ներշնչեցին, քանի որ հողորդակցութիւն եւ լրատուութիւն ազատ դաշտ կը գտնէին, կրնային նպաստել ժողովրդավարութեան զարգացման եւ թարմացման: Բայց այս պարագային միջոցը օգտագործուեցաւ այլ նպատակներու համար` անոնց կողմէ, որոնք անոր օգտագործման ճարտարութիւնը ունէին:

Ցարդ կը խօսուէր արհեստավարժ լրագրողի մասին: Այժմ ան նաեւ մասնագէտ պէտք է ըլլայ արդիական համակարգչային արհեստագիտութեան, պէտք է գիտնայ ծրագրաւորել, նաեւ` արուեստով, որպէսզի հրատարակուածը հրապուրող ըլլայ: Այսպէս, լրագրողը ոչ միայն լրահաւաք, ընտրող եւ խմբագրող պիտի ըլլայ, այլ նաեւ վարժ` համակարգչային ծրագրաւորումի: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ մամուլին իմաստը, եթէ ան դադրի ասպարէզ ըլլալէ: Ան պիտի իւրացուի՞ սիրողներու եւ համբակներու կողմէ, որոնք խաղ պիտի սարքեն ցանցերու վրայ: Ասպարէզը պիտի արժեզրկուի:

Հարցում մը. համացանցային մամուլը, անիշխանական, խառնիճաղանճային, կամ պարզապէս` առեւտրական եւ քաղաքական խմբակցութիւններու կողմէ հակակշռուած, հեռանալով իր առարկայական ըլլալու եւ ծառայելու կոչումէն, պիտի չդատապարտուի՞ բարոյական անհետացման` գոհանալով մանր եւ այս կամ այն նպատակի համար գրուած-սփռուած լուրերով:

Յոռետեսութի՞ւն պիտի ըլլայ ենթադրել, որ թուայնացեալ «մամուլ»-ը, թէեւ այլեւս բառը իմաստ փոխած կ’ըլլայ, եւ պէտք է ըսել webjournalisme, մահն է դասական մամուլին, թերեւս նորի մը սկիզբ, որ նախկինի շարունակութիւնը պիտի չըլլայ, նոր (չ)առաքինութիւններով:

Նոր արհեստագիտութիւնը կը հմայէ, բայց անպայման խորք չի փոխանցեր, արժէքներով չի հետաքրքրուիր:

Կը մնայ պատշաճեցումը` առանց զոհելու կոչումը, խորքը, նպատակը, ծառայութիւնը, տարուելով նորութեան եւ ինքզինքին ամէն բան թոյլատրելու մեղանչումով, օրինակ` անհատական webjournal հրատարակելով:

Ինչպէս օտար տպագիր մեծ թերթերը, նաեւ` հայկական տպագիր թերթեր, ունին իրենց ելեկտրոնային տարբերակը, յաճախ` ձրի, ինչ որ թերթի սպառման վնաս կը պատճառէ, ան կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը, կը խճողուի ճաշարաններու, առուծախի կեդրոններու, հիւրանոցներու ծանուցումներով:

Webjournalisme-ի անպատեհութիւնը այն է, որ ինքզինք առարկայական դարձնելու ճիգի պէտք չունի: Հաշուետու չէ: Անհատը լուր կը հաղորդէ Twitter-ով, կ’ըսէ ու կ’անցնի, լրատուութիւն: Blog-ները գրեթէ թերթեր են, անհատական, բայց` ուղղուած հանրային կարծիքին, առանց որեւէ պատասխանատուութեան:

Ընկերային ցանցերու (réseaux sociaux) տեղեկութիւնները կը շրջին արագ, կը հասնին ամէն տեղ, անոնց գործածութեան համար հասարակաց ոչ մէկ սահմանափակում, օրէնք, բարոյական ճշդուած եւ ընդունուած է: Հայ մամուլը արդէն այս կացութիւններուն մէջ է, եւ եթէ իմաստուն քաղաքականութիւն մը չճշդուի, անխուսափելի է վաղուան խառնիճաղանճը:

Այս պայմաններուն մէջ, երբ օրէնք է արագութիւնը, հայ մամուլը պէտք է մտածէ իր խորքին եւ ձեւին վերադասաւորման մասին: Ինչպէս ընդհանրապէս կ’ըսուի, ելեկտրոնային մամուլի ճնշման ներքեւ օրաթերթերը ընթերցողի դժուարութիւն պիտի ունենան, պիտի կանգնին տպաքանակի նուազման առջեւ եւ չշարունակեն լոյս տեսնել` այլ նպատակներու ծառայող նպաստներէ զրկուելով: Այս պատճառներով ալ հաւանօրէն պէտք է խորհիլ, որ ընդհանրապէս օրաթերթերու, հետեւաբար նաեւ հայկական օրաթերթերու ապագան շաբաթաթերթի վերածուելու մէջ է, ուր լուրերը կը տրուին համակարգուած, բաղդատուած, մեկնաբանուած, որոնց կ’ընկերանան նաեւ վերլուծական յօդուածներ:

Թերթը եւ թերթի աշխատաւորի ապագան լճացման մտայնութեամբ չի կրնար գծուիլ:

Նաեւ մեզի համար, մանաւանդ` հայ մամուլի: Այս տարին կ’ըլլա՞յ մտածման եւ նախատեսութիւններու տարի` առանց ենթարկուելու սովորութեան եւ աւանդութեան ուժին, առանց գերին ըլլալու կապկումներու հմայք պարտադրող իրաւ-կեղծ-չափազանցեալ արդիականութիւններու:

Նախ պէտք է խօսիլ` գիտնալով, որ ճշմարտութիւնը եւ լաւը ոչ ոքի մենաշնորհ են, որ` առանձին չենք ո՛չ ազգերու եւ ո՛չ ալ ազգին մէջ:

Ըսուեցաւ` «Հայ մամուլի տարի»: Այսինքն` հայ մամուլը, անոր դերը, ժողովուրդը եւ բոլորին համատեղ` ապագա՞ն:

18 յունուար 2019, Նուազի-լըԿրան

Նախորդը

Տեւական Տեղապտոյտ Հակամարտութեան Կարգաւորման Ճանապարհին

Յաջորդը

Մեզի Համար Առաջնահերթը Հայաստանի Եւ Հայութեան Շահերն Են. Վաչէ Բրուտեան

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?