Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջէն Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Ա.
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, հակառակ տիրող դժնդակ պայմաններուն` սով, համաճարակ, տասնեակ հազարաւոր որբեր եւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, հայոց լեզուի վերականգնումի աշխատանքներուն առընթեր, նոր թափով կը շարունակուէր հայկական մշակութային գործունէութիւնը Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ: Ստորեւ 1918-1920 մամուլին մէջ տեղ գտած կարգ մը մշակութային գործունէութեան կ՛անդրադառնամ ժամանակագրական կարգով եւ` արեւմտահայերէնի վերածուած: Նախ կ՛արժէ անդրադառնալ այժմու նոյնիսկ միջազգային չափանիշներով մշակութային երկու...




















