Յօդուածներ

Լուծման Ճամբու Քարտէս` Միայն Հայկական Ուղիով

Լուծման Ճամբու Քարտէս` Միայն Հայկական Ուղիով

Ա. Ա. Արցախի տագնապին առնչուած միջազգային փաստաթուղթերով ամրագրուած լուծման ճամբու քարտէսներու տարրերուն տրուած մեկնաբանութիւններն են ներկայիս խնդրոյ առարկան, որոնք ուշադրութեան կիզակէտի վերածուած են յատկապէս Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ որոնց համար տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին սկսումը պայմանաւորուած կը թուի ըլլալ այդ մեկնաբանութիւններուն շուրջ որոշ համախոհութեան կամ նոյնութեան առկայութեամբ: Ճիշդ է, որ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը յայտարարած է, որ մօտիկ ապագային վարչապետ Նիկոլ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Լեռնիկ Յովհաննիսեանին Հանդիպումները ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով, Արցախին նուիրուած ելոյթներուն մասնակցԵլու նպատակով, Յունաստան իր այցելութեան ծիրէն ներս, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը 18 մարտին այցելեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակը: ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանը իր խօսքին մէջ շեշտեց Արցախի ժողովուրդին մղած պայքարին կարեւորութիւնն ու դերը ոչ միայն Արցախի ապահովութեան ու...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հայաստանի Ժողովրդագրական Վիճակի Հիմնահարցը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Անցեալ ուրբաթ, 22 մարտին, վարչապետ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի ժողովրդագրական տագնապալի վիճակի  քննարկում տեղի ունեցաւ` մասնակցութեամբ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի, վիճակագրական վարչութեան նախագահ Ստեփան Մնացականեանի եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան եւ զարգացման հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Ծովինար Յարութիւնեանի, որոնք ներկայացուցած են ժողովրդագրական իրավիճակին ուղղութեամբ իրականացուած վերլուծութիւններ, ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներ: Այս նիստին տեղեկագրութենէն կը քաղենք...

«Քաոս»-ը Նոր Հորիզոններ Կը Բանայ

«Քաոս»-ը Նոր Հորիզոններ Կը Բանայ

ԴԱԼԱՐ ԳՈՍԱԳԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ Քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի «Առաջին ալիք» կայանէն Ալեքսանդր Շիրվանզադէի յայտնի վէպին` «Քաոս»-ին ֆիլմաշարի ցուցադրումին մեկնարկը կատարուեցաւ: Վէպը լոյս տեսած է 1898-ին: Հեղինակը` Շիրվանզադէ, իր վիպագրութեամբ կ՛արտացոլացնէ Պաքուի հասարակական կեանքը 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու կը ներկայացնէ այդ ժամանակուան մարդկային-ընկերային հարցերը: Ֆիլմաշարը իր դիտորդներուն 21-րդ դար, Երեւան կը տեղափոխէ ու կը տեսնենք, թէ վէպը ֆիլմաշարի վերածող հեղինակները...

Լոյս Տեսաւ  Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 11 – Դեգերումներ» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 11 – Դեգերումներ» Հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 11 - դեգերումներ» առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ 31 յօդուածներ` բաժնուած չորս գլուխներու` «Երթուդարձ», «Հեքիաթներ», «Ժամանակին հետ» եւ «Մուսայիս հետ», տարածուած` 100 էջերու վրայ:  «Մտնելով այս «Ոստայն»-ին մէջ...»` իր ներածութեան մէջ Վրէժ-Արմէն կը գրէ. «Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, թէ ինչո՛ւ իրերայաջորդ հատորներս միշտ կը կրեն «Ոստայն» վերտառութիւնը: Այո՛, պիտի անդրադառնայ, թէ անոնք իրարու շաղկապուած են կարմիր թելով...

Զոհրապի «Նայուածքը» Խորագիրը Կրող Անհատական Ցուցահանդէսը

Զոհրապի «Նայուածքը» Խորագիրը Կրող Անհատական Ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ «Էքզոտ» ցուցասրահին եւ «Զոհրապ» հիմնարկին, 18-27 մարտին «Էքզոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զոհրապի աքրելիք եւ փասթէլ գործերուն «Նայուածքը» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած էին մօտաւորապէս 50 պաստառներ: Աքրելիք գործերը կը ներկայացնէին քանի մը գիծերով գծագրուած իմաստալից դիմանկարներ, իսկ փասթել գործերուն թեման բնութիւնն էր: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան արուեստագէտներու միութեան տնօրէն Միշէլ Ռուհանա եւ միութեան անդամ Ֆուատ Շեհապ,...

Միսաք Թերզեան` Ուրախութեան Դեսպանը Իր «Անպաշտօն» Գեղանկարներուն Ընդմէջէն

Միսաք Թերզեան` Ուրախութեան Դեսպանը Իր «Անպաշտօն» Գեղանկարներուն Ընդմէջէն

Ամերիկահայ-լիբանանահայ այլաբանական արտայայտչապաշտական արդի արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, ծնած է Պէյրութ, 1949-ին, Մեծ եղեռնէ վերապրած ծնողներէ: Յաճախած է Կիւվտերի արուեստագիտական «էքոլ տ՛ար Կիւվտեր» դպրոցը` 1968-1969-ին եւ աւարտած է Լոնտոնի տպագրութեան «Լոնտոն քալեճ օֆ փրինթինկ» համալսարանը` 1971-ին: Իր առաջին մեծագոյն ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 1984-ին եւ այնուհետեւ մասնակցած է 133 ցուցադրութիւններու աշխարհի տարածքին: Թերզեանին գեղանկարները մաս կը կազմեն Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Միջին...

Անդրադարձ.  Մոնրոյի Եւ «Լինքէյճ»-ի  Սկզբունքներու Վերականգնումը

Անդրադարձ. Մոնրոյի Եւ «Լինքէյճ»-ի Սկզբունքներու Վերականգնումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 24 մարտին ռուսական օդուժին պատկանող երկու փոխադրական օդանաւեր հասան Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքաս` իրենց հետ բերելով շուրջ 100 ռուս զինուորներ, զինուորական խորհրդատուներ եւ 35 թոն բեռներ: Ռուսական քայլը ահազանգ հնչեցուց Ուաշինկթընի մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ անմիջապէս ռուսական կողմին կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու իր ոչ շինիչ վարքագիծը», ապա իր ռուս պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զգուշացուց....

Դուք Էք Որոշում

Տօներ Սահմանելուց Առաջ Արժէ Մի Փոքր Մտածել

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ Ես արդէն սկսել եմ կասկածել այն հանրայայտ ճշմարտութեանը, որ Նիկոլ Փաշինեանի ձախորդութիւնների բուն մեղաւորը նրա քաղաքական խմբակն է: Պարզւում է` դա այնքան էլ այդպէս չէ, եւ Փաշինեանն իր ծանրակշիռ ներդրումն ունի այդ գործում: Կառավարութեան վերջին նիստում ահագին հետաքրքիր բաներ տեղի ունեցան, որոնց մասին կարելի էր մէկ-երկու տող բան գրել Դիմատետրում ու ժողովրդին առաւել հասկանալի լեզուով բացատրել, թէ այդ...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Սլաք. Ստալինին Ուղեղը Ո՛ւր Հասած Է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Լսեցի՞ր վերջին լուրը,- հարցուց կատակասէր բարեկամս` հեռաձայնին միւս ծայրէն, ուշ յետմիջօրէին: - Նորէն ի՞նչ կայ...,- հարցուցի` իր երեւակայածին կատակները հաճոյքով լսողի տրամադրութեամբ: - Նախագահ Թրամփը յայտարարութիւն մը ստորագրեր է այսօր,  սուրիական Կոլանը Իսրայէլին նուիրեր է: Բացատրեցի, որ լուրը արդէն աշխարհով մէկ տարածուած է, նոր լուր ըլլալէ դադրած է: - Բուն լուրը Կոլանի մասին Թրամփի յայտարարութիւնը չէ, անկէ...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Խոպան Գաղութ` Մշակման Կարօտ (Ռուսիոյ Հայութեան Մասին)

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Այսօր, երբ կը խօսուի հայապահպանման եւ ազգային միասնականութեան մասին, հարկ է հարց տանք, թէ արդեօք պէտք եղած քայլերուն դիմուա՞ծ է, հատուածականէն եւ գաղութայինէն անդին, համընդհանուր ռազմավարութիւն մշակելու եւ տեսականէն գործնական աշխատելաոճի անցնելու ուղղութիւններով: Ռուսիա ապրող երիտասարդ ըլլալով` կ՛ուզեմ հակիրճ ակնարկ մը նետել երկրիս հայութեան վիճակին վրայ: Պայմաններու բերումով, թէ՛ աշխարհագրական դիրքին, թէ՛ պատմական կապերու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ատենին...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Գաղափարաբանական Հարցեր. «Նոր Ուժ, Նոր Ոգի»` Ընկերվարութեան Համար

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Եւրոպական ցամաքամասին վրայ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը ընդհանրապէս ճգնաժամի մէջ ըլլալով` ընկերվար-ժողովրդավարները տքնաջանօրէն կը փորձեն ելքեր գտնել ստեղծուած կացութենէն: Մէկ կողմէ երրորդ ուղին դաւանող ընկերվար-ժողովրդավարները, դաշնակցելով պահպանողական կամ ազատական կուսակցութիւններու հետ, համաձայնական կառավարութիւններու մէջ մտած են ու հրաժարած` իրենց աւանդական ընկերային բարեկեցութեան ծրագիրներէն եւ անուղղակիօրէն թէ ուղղակիօրէն կանաչ լոյս տուած են նոր-ազատական քաղաքականութիւններու իրագործման, միւս կողմէ ալ` տնտեսական ճգնաժամ ապրող երկիրներու...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. ՏԱՀԵՇ-ը Չպարտուեցաւ…

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 23 մարտ 2019-ին Միացեալ Նահանգներ եւ քրտամէտ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ իրենց 4 տարուան պատերազմը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ վերջ գտաւ ահաբեկչական խմբաւորումին պարտութեամբ, երբ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող վերջին քաղաքը` Պաղուզը ինկաւ քրտական ուժերուն ձեռքը: Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Մուսթաֆա Պալի իր թուիթըրեան էջին մէջ յայտարարեց, որ քաղաքը ազատագրուած է, եւ շուտով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուեցան նկարներ ու...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Գնահատելի Նախաձեռնութիւնը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն ընթացքին յաճախ կ՛անդրադառնանք համացանցի երեւոյթին` ընդգծելով, որ անիկա, ժամանակակից կեանքի հզօրագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը ըլլալով հանդերձ, ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ եւ ձեւով մը կ՛այլափոխէ նորահաս սերունդին հոգեմտային աշխարհը: Պատճառները իրենց այլազանութեամբ քաջածանօթ են հասարակութեան: Այդուհանդերձ, ոչ ոք կրնայ ուրանալ այս արհեստագիտութեան ունեցած դրական, ինչու չէ նաեւ անշրջանցելի դերակատարութիւնը` մարդ արարածին առաւել զարգացման եւ ինքնադաստիարակութեան վրայ, անշուշտ եթէ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ճափոն. 89 Հազար Տոլար Դրամաշնորհ` Առողջապահական Ծրագիրներու Ճափոնի կառավարութիւնը 89 հազար տոլարի դրամաշնորհ յատկացուց Հայաստանի կիներու եւ երեխաներու առողջութեան պաշտպանութեան ուղղուած ծրագիրներու: Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատա եւ Վերարտադրողական առողջութեան, մանկաբարձութեան եւ կնոջական հիւանդութեանց հանրապետական հիմնարկութեան տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեան ստորագրեցին «Երեւանի մէջ սեռավարակներով տառապող յղի...

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Ռուս-Թրքական Պատերազմը  Ալաշկերտի Կոտորածը Եւ Հայգոյժ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ալաշկերտը Սուկաւէտ լերան ստորոտը, Արածանիի Շարիան վտակի հովիտին մէջ Ռուսական եւ օսմանեան բանակներուն միջեւ արիւնահեղ գօտեմարտերը սաստկացած էին: Կովկասեան ճակատին վրայ ռուսական բանակին յարձակողականը 1877-ի մայիսին կասեցուեցաւ, եւ այնուհետեւ սկսաւ օսմանեան բանակի հակայարձակումը: Պայազիտի բերդը, որ օսմանցիներէն գրաւելէն ետք ռուսեր զինուորական յենակէտի վերածած էին, եւ ուր կարեւոր ուժ կեդրոնացուցած էին, պաշարուեցաւ օսմանեան...

Ակնարկ.  Փոխկապակցուած,  Պայմանական Ուղերձներ

Ակնարկ. Փոխկապակցուած, Պայմանական Ուղերձներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութեան եւ պետութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին հրապարակուած լրատուութիւններուն մէջ պաշտօնական Պէյրութին Ուաշինկթընի ուղղած ուղերձները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ: Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման աշխատանքներուն: Նմանապէս Միացեալ Նահանգներ եւս կ՛առաջադրեն եւ պատրաստ են զօրակցելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի գործողութիւններուն: Այս երկու զօրակցական առաջադրանքներուն կը հետեւի զգուշացումի բաժինը:...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար. Հայ Գիրքին Համար «Ղօղանջ Եղեռնակա՞ն»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջերս «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ արտասովոր ծանուցում մը, որ, վստահ ենք, աննկատ չմնաց ընթերցողէն, այլեւ (կը յուսանք) ցնցիչ դեր ունեցաւ շատերուն համար: Կլենտէյլի «Գրատուն Պերճ»-ը կոչ կ՛ընէր հայ հասարակութեան, որ գիրք չթափեն, այլ իրեն բերեն... Ծանուցումը մարմնաւորուած էր երգիծանկարային պատկերով մը, հաւանաբար` «թեթեւութիւն» տալու ողբերգութեան մը, որ ազգային աղէտի տարողութիւն սկսած է ստանալ հոս ու այլուր, ու...

Թրամփի Յայտարարութիւնը Տարածաշրջանի Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կը Պարունակէ. Փորձագէտ

Թրամփի Յայտարարութիւնը Տարածաշրջանի Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կը Պարունակէ. Փորձագէտ

Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի գերիշխանութեան տարածք ճանչնալու Թրամփի յայտարարութիւնը, անկախ անոր իրաւական հիմնաւորումէն, տարածաշրջանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն լուրջ մարտահրաւէրներ կը պարունակէ. «Երկիր» կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Կարէն Վերանեանը` պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչ հնարաւոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացներուն մէջ այդ յայտարարութիւնը: «Մի փոքր պատմական անդրադարձ կատարենք: 1944 թուականից Կոլանի բարձունքները պատկանում էին Սուրիոյ: Բարձունքների այդ կարգավիճակը...

Վերջին Վերապրողներէն Մէկը Եւս Մահացաւ

Վերջին Վերապրողներէն Մէկը Եւս Մահացաւ

Հայոց ցեղասպանութեան վերջին ականատեսներէն Լուսին Պերեճիքլեան 21 փետրուարին, 106 տարեկան հասակին մահացաւ Արժանթինի մէջ: Ծնած էր 1909-ին, Այնթապ: Տարագրութեան տարիներուն ընտանեօք գաղթեցին դէպի Սուրիա: Գաղթի ճանապարհին կորսնցուց մայրը, իսկ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին ալ` հայրը: Ինք ալ հետեւեցաւ եղբայրներուն ուղղութեան եւ 1926-ին աւագ քրոջ հետ միասին հասաւ Հարաւային Ամերիկա: Պերեճիքլեան 2015-ին Ցեղասպանութեան մասին իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Աւելի...

Page 596 of 1112 1 … 595 596 597 … 1,112

Արխիւներ