Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (2)

Ապրիլ 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

1955-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած ՀՅԴ Շրջանային ժողովին պրն. Ինճեճիկեան օրակարգի վրայ կը դնէ ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ բանալու հարցը:

– Գնա՛, ուսումնասիրէ եւ մեզի տեղեկացուր,- պատասխանը կը կրկնուի քանի մը տարի:

1957-ին կը փոխադրուի Լոս Անճելըս: Երեք տարի կը դասաւանդէ Ուիթիէրի պետական երկրորդական վարժարանի մը մէջ: Միեւնոյն դպրոցին մէջ կ՛ուսանէր իր ապագայ կողակիցը` Ռոզ Դաւիթեան:

«Աշակերտուհիս չէ եղած Ռոզը, այլապէս իրեն յաւիտեան A պիտի շնորհէի», իր տան մէջ մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին կատակեց պրն. Ինճեճիկեան:

Միեւնոյն ժամանակ կը յաճախէ «Քալիֆորնիա սթէյթ եունիվըրսիթի» եւ կը վկայուի ուսուցչական ու տնօրէնութեան վկայականներով:

Դպրոցի առաջին շէնքը (Տուն դպրոց)

1960-ին ՀՅԴ Շրջանային ժողովը վերջապէս կը վաւերացնէ Լոս Անճելըսի մէջ դպրոց հիմնելու առաջարկը:

1961-ի սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի Հայ կեդրոնին մէջ էր, որ պիտի բացուէր դպրոցը` ուսուցիչներ ունենալով Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը եւ դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանը, սակայն տակաւին կային մարդիկ, որոնք համոզուած չէին սկսելու այդ խիստ կարեւոր գործին:

40-50 երեւելի ազգայիններով գումարուած արտակարգ ժողովը կը բաժնուի երկու խումբերու: Թեր ու դէմ կարծիքներ եւ յաջորդ աշնան դպրոցը բանալու ծրագիրը դժբախտաբար կը ձախողի եւ կը յետաձգուի անորոշ թուականով:

1961-ին Գաբրիէլ Ինճեճիկեան կ՛ամուսնանայ Ռոզ Դաւիթեանի հետ: Նախընտրելով դասաւանդել հա՛յ ուսանողներու` կը դիմէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի  տնօրէնութեան (ներկայիս` Հայկազեան համալսարան): Կ՛ընդունուի եւ 1961-ի ամրան կը մեկնին Պէյրութ, ուր ոտք դրած օրէն Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան բանալու ծրագիրներ կը մշակէ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. վեհափառի յուղարկաւորութեան օրը անզուգական ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեանը, մօտենալով` կը փսփսայ Ինճեճիկեանի ականջին.

«Տարիներու երազդ` հայ դպրոց Ամերիկայի մէջ, վերածէ նպատակի: Այս վայրկեանիս վեհափառին բաց շիրիմին վրայ պիտի ուխտես եւ կեանքիդ նպատակը պիտի դարձնես ամերիկահայ դպրոցը»:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեան անգլերէնով նամակ մը կը գրէ Մաթէոս Ֆերահեանի կտակարար Արշակ Տիգրանեանին, որմէ մաքուր հայերէնով նամակ մը կը ստանայ` բացատրելով կտակին մանրամասնութիւնները:

Պէյրութի մէջ քաղաքի երեւելի անձնաւորութիւններէ բաղկացած կեդրոնական յանձնախումբ մը կը կազմուի, որոնցմէ կարելի է յիշել քանի մը անուններ`Հրաչ Տասնապետեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Գուրգէն Խանճեան, Երուանդ Պարսումեան, Նշան Թիւսիւզեան, Յարութիւն Տէր Պալեան, Կարօ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Ինճեճիկեան:

Այս յանձնախումբին շուրջ կը բոլորուին 165 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` տանելու պէտք եղած աշխատանքները:

Հանգանակութեան համար կը տպուին 4000 խոստումնաքարտեր, որոնց վրայ գրուած էր.

«Եթէ սեպտեմբեր 1964-ին Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ հայկական բարձրագոյն վարժարան մը չհիմնուի, խոստումները չեղեալ պիտի նկատուին»:

Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանին մէջ կեդրոնական յանձնախումբը կը կազմակերպէ մամլոյ ասուլիս մը: Պրն. Ինճեճիկեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Ամերիկայի մէջ գտնուող տարբեր ազգերու կամ համայնքներու թիւն ու անոնց ունեցած վարժարանները:

Յոյներ եւ ուրիշ ազգեր ունէին իրենց դպրոցները: Մեծ թիւով հրեաներ կը յաճախէին հրէական վարժարաններ, իսկ ամերիկաբնակ աւելի քան քառորդ միլիոն հայեր ոչ իսկ մէկ հայկական ամէնօրեայ վարժարան ունէին:

Առաջին խոստումնագիրը ստորագրողը կ՛ըլլայ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը, որուն կը հետեւին առաջնորդ սրբազան հայրը` Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան (հետագային` Գարեգին Բ. կաթողիկոս, իսկ աւելի ուշ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս):

Երեք տարի Հայկազեան քոլեճի մէջ մանկավարժութիւն դասաւանդելէ, նաեւ որպէս այցելու դասախօս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ Պէյրութի կանանց քոլեճին մէջ դասաւանդելէ ետք, 1964-ին, երեք զաւակներով բախտաւորուած, Ինճեճիկեան ընտանիքը կը վերադառնայ Լոս Անճելըս` իրեն հետ տանելով 3000 խոստումնաքարտեր:

Ամերիկա ոտք կոխելուն` կ՛ուղղուի Քալիֆորնիա նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթօ` տեղեկանալու դպրոց բանալու պայմաններուն:

Ո՛չ մէկ արգելք` ծխական դպրոց մը բանալու, այնքան ատեն որ ունի 6 աշակերտ եւ շէնքը կը լրացնէ ապահովութեան օրէնքները:

Լոս Անճելըս հասնելով` Ինճեճիկեանի առաջին գործը կ’ըլլայ տեսնուիլ Ֆերահեանի կտակի գործակատար Արշակ Տիգրանեանին, Մեսրոպեան շաբաթօրեայ վարժարանի խնամակալ մարմինին եւ կուսակցական ղեկավարներու հետ:

1964-ին հայ համայնքի պատասխանատու ազգայիններով ժողով մը կը գումարուի: Ինճեճիկեանին կ՛առաջարկուի տարի մը սպասել` մինչեւ Մեսրոպեան վարժարանի շէնքի կառուցման աւարտիլը, սակայն Ինճեճիկեան կարելիութիւնը չունէր տարի մը յետաձգելու: 3000 խոստումնաքարտերու պայմանաժամը մինչ այդ աւարտած պիտի ըլլար:

Կը դիմէ Հայ կրթական հիմնարկութեան, ՀՕՄ-ի, Ս.Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որպէսզի ստանձնեն դպրոցին հովանաւորութիւնը, սակայն բոլորին պատասխանը կ՛ըլլայ ժխտական:

Կը մնար Լոս Անճելոսէն 20 մղոն հեռու, Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Էնսինօ քաղաքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կից կառուցել նոր դպրոցը, ուր այդ տարիներուն հայութիւնը կը հաշուէր միայն 4000 հոգի: Միջին Արեւելքը տակաւին չէր բռնկած, եւ մեծ թիւով գաղթականներ չէին հաստատուած հեռաւոր Ամերիկայի ափերը: Եթէ համեմատաբար աւելի մեծ թիւ հաշուող Հոլիվուտէն պիտի գային որոշ թիւով աշակերտներ, պէտք էր ստեղծուէր պասի դրութիւն, որ յաւելեալ ծախս մըն էր:

Ինճեճիկեան ուրիշ ճար չունէր` բացի դիմելէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ  հոգաբարձութեան:

Խոստումնաքարտերու յանձնում

1964-ի յուլիս 17-ին հերթական ժողովին կը բացատրէ իր նպատակը, ցոյց կու տայ խոստումնաքարտերը: Կը խօսի Պէյրութի մէջ կատարուած ժողովներու, ճաշկերոյթներու եւ դասախօսութիւններու դրական մթնոլորտի մասին:

Հոգաբարձութիւնը, խանդավառուած, միաձայնութեամբ կ՛որոշէ բանալ Ամերիկայի առաջին հայկական բարձրագոյն վարժարանը:

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հսկայ հողամասը նուիրած էր Ֆրեզնոյի ազգային բարերար Գրիգոր Առաքելեանը իր կնոջ` Սաթենիկի հօր` բանտի մէջ նահատակուած Տէր Վարդան քհնյ. Ասլանեանի յիշատակին: Հողամասին վրայ կը գտնուի ընդարձակ բնակարան մը: Քանի մը շաբթուան ընթացքին պէտք եղած նորոգութիւնները կը կատարուին, պատերը կը ներկուին, կը գնուին դպրոցական գրասեղաններն ու գրատախտակները:

Շէնքը պատրաստ էր: Կը մնար ուսուցիչ եւ աշակերտ հայթայթել:

Ինճեճիկեան տունէ տուն պտտելով` հայ աշակերտներ «կը մուրար»: Կը համոզէր, որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան յաճախեն: Մեծամասնութիւնը դէմ էր: Հանրային վարժարանները անվճար  էին (ինչպէս ներկայիս), սակայն այդ տարիներուն ուսումնական մակարդակը շատ աւելի բարձր էր եւ միջավայրը` ապահով:

13 սեպտեմբեր 1964: Անդաստանով մը կ՛օրհնուի դպրոցին շէնքը- եւ 14 սեպտեմբեր 1964-ին 50 տարիներու սպասուած հայկական ամէնօրեայ վարժարանը կը բանայ իր դռները:

Այդ պատմական առաւօտուն, երբ հովիւ, տնօրէն եւ ուսուցիչներ սրտատրոփ կը սպասէին, նարնջագոյն դպրոցական պաս մը մուտք կը գործէ Սրբոց Նահատակաց շրջափակէն ներս, եւ 12 աշակերտներ կ՛առաջնորդուին դպրոցի դռնէն ներս, դէպի իրենց դասարանները: 12 աշակերտ: 12 առաքեալներ:

Մեծամասնութեամբ ռումանահայեր էին: Աշակերտութեան թիւը աւելցնելու համար`  Ինճեճիկեան Գերմանիայէն բերել տուած էր` նաեւ իր քրոջ աղջիկը` Քրիսթինան:

Կը հնչէ առաջին դպրոցական զանգը: Ամերիկահայ աշակերտներ հայերէն պիտի սորվին, իրարու հետ հայերէն պիտի խօսին:

Ինճեճիկեանի ուրախութիւնը անսահման է: Տարիներու երազը վերջապէս իրականացած է:

***

Առաջին տարուան ուսուցչական կազմին մաս կը կազմէին` Վահրիճ քհնյ. Շիրինեան, Ռազմիկ Մատէնլեան, Անահիտ Մէյմարեան, Լիլի Մրիկեան, տոքթ. Ժոզեֆ Անտոնեան, Րաֆֆի Սէթեան, Յակոբ Ինճեճիկեան (Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի եղբայրը), Անգինէ Մուրատեան, առաւել` հինգ օտար ուսուցիչներ: Նշենք, որ հայ ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը կը դասաւանդէին նիւթական խորհրդանշական չնչին վարձատրութեամբ:

Դպրոցը բոլորովին անվճար ըլլալով` պիտճէն հաւասարակշռելու համար,Լիբանանէն, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն, ռումանահայերու «Րաֆֆի» հայրենակցական միութենէն, Կարնոյ հայրենակցական միութենէն, տէր եւ տիկին Արշակ Տիգրանեանէն, նորածին հայկական առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանը չկորսնցնելու նպատակով, կաթիլ առ կաթիլ նուիրատուութիւններ կ՛ուղարկուին:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեան ամէն ինչ է` տնօրէն, ուսուցիչ, դպրոցական պասի շարժավար, ի հարկին, մինչեւ իսկ բաղնիքները ի՛նք կը մաքրէ խնայելու համար դպրոցի պիւտճէն, իսկ նուիրեալ ուսուցիչներուն նիւթական արդար իրաւունքը շատ յաճախ անկարելի կ՛ըլլար գոյացնել, եւ անոնք իրենց ստանալիք չնչին գումարն անգամ սիրայօժար կը նուիրեն դպրոցին, իսկ Ինճեճիկեան ամսուան աւարտին տուն կը մեկնի «դատարկ գրպանով»:

1965-ի յունիսին տեղի կ՛ունենայ դպրոցին անդրանիկ պարահանդէսը, օրուան հանդիսավար` Արշակ Տիգրանեանի եւ պատգամաբեր Ճորճ Մարտիկեանի ներկայութեամբ:

Երկրորդ տարեշրջանը կը սկսի 43 աշակերտներով:

Հիմա որ դպրոցը շատ աւելի ամուր հիմերու վրայ է, ժամանակն է Մաթէոս Ֆերահեանին կտակը տրամադրելու առաջին հայկական վարժարանին:

Կտակարարներ Արշակ Տիգրանեանը եւ Ալպերթ Յարութիւնեանը առաջնորդ հօր կը յանձնեն Ֆերահեանի կտակէն 235.000 տոլարի չեք մը, իսկ Արշակ Տիգրանեանը եւ Ալպերթ Յարութիւնեան, որոնք պէտք էր ստանային 15.000 տոլար` իբրեւ կտակի գործակատարներ, այդ գումարը ամբողջութեամբ կը նուիրեն դպրոցին:

Սկզբնական շրջանին դպրոցը կը կոչուէր Սրբոց Նահատակաց ազգային բարձրագոյն վարժարան: Այդ օրէն սկսեալ` դպրոցը բարերարին անունով կը կոչուի` Ֆերահեան ազգային վարժարան:

Գումարին 2/3-ը կը յատկացուի  Ֆերահեան վարժարանին, իսկ 1/3-ը` Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին, որ տարի մը ետք պիտի դառնար Լոս Անճելըսի երկրորդ հայկական ամէնօրեայ վարժարանը:

Միացեալ Նահանգներ գտնուող հայերու ուղարկելու միտումով` 15.000 տպաքանակով լոյս կը տեսնէ  «Յաղթանակ» պարբերաթերթը: Աշակերտները բաւականաչափ սորված են իրենց մայրենին եւ հայոց պատմութիւնը:

Այս մէկը իսկապէս յաղթանակ մըն է:

Լոս Անճելըս, 2019
(Շար. 2)

Նախորդը

Հրայր Բազէի «Արցախ»-ը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջէն Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Ա.

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?