Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերա Եագուպեան. «Անհրաժեշտ Է Պատրաստել Իր Ժողովուրդի Դատին Հանդէպ Հաւատք Տածող Երիտասարդութիւն, Որ Ճիգ Պիտի Չխնայէ Այդ Նպատակին Տրամադրելու Ամէն Բան»

Մարտ 30, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց ՊԷԹԻ ՔԻԼԷՐՃԵԱՆ

23 մարտին Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած էր նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: «Գանձասար» այս առիթով հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ.

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Վերջերս արաբական երկիրներուն մէջ Ցեղասպանութեան թեման յաճախ կ՛արծարծուի, կը կարծէ՞ք, որ այս ալիքը կրնայ ընդլայնիլ: Ի՞նչ է Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին դերը այս ուղղութեամբ:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ.- Վերջին երկու տարիներուն այս ալիքը սկսած էր Եգիպտոսի մէջ եւ տակաւին կը շարունակուի: Այս մէկը մեծ գոհունակութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած է Եգիպտոսի Հայ դատի մեր ընկերներուն մօտ, եւ բնական է, որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այն, ինչ որ մենք մինչեւ օրս Եգիպտոսի մէջ չէինք կրցած իրականացնել Հայ դատի աշխատանքներուն ուղղութեամբ, այսօր Եգիպտոսի իշխանութիւններուն, մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն միջոցով մեզի կը հրամցուի շատ հանգիստ կերպով: Այսինքն, ինչ որ անցեալին անկարելի էր, այսօր շատ հանգիստ ձեւով տեղի կ՛ունենայ: Այս մէկը անշուշտ ունի իր պատճառները, որոնց քիչ ետք կ՛անդրադառնամ: Նոյնն ալ վերջերս եղաւ ԱՄԷ-ի մէջ, երբ յանկարծ մամուլին մէջ արձագանգ գտաւ յայտարարութիւն մը, որ կ՛ըսէր, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ լուր մը տարածուեցաւ, որ ԱՄԷ յառաջիկայ ապրիլին Ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնայ: Այս յայտարարութիւնը եւս գոհունակութիւն պատճառեց հայ հասարակութեան, որովհետեւ ոչ մէկ ատեն Ծոցի երկիրներէն մէկը խօսած էր կամ նման յայտարարութիւն ըրած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Որպէս Հայ դատի գրասենեակ` լրջութեամբ եւ զգուշութեամբ կը մօտենանք այս հարցին, որովհետեւ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ յետոյ: Արաբական աշխարհի եւ Թուրքիոյ կրօնական ու տնտեսական կապերը այնքան ազդեցիկ են ու մեծ դեր կը խաղան, որ Եգիպտոս կամ ԱՄԷ անպայման ետդարձի ճամբան բաց կը ձգեն: Այս երկիրները, որքան ալ այսօր Թուրքիոյ հետ թշնամի դիրքերու վրայ գտնուին, տեղ մը կը միանան կրօնով եւ տնտեսական ամուր կապերով: Հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլալ եւ սպասել: Գրասենեակը ամէն օժանդակութիւն կը տրամադրէ թէ՛ Հայ դատը հետապնդող մեր ընկերներուն եւ թէ՛ արաբական լրատուամիջոցներուն ու արաբ մտաւորականութեան: Հոս կ՛ուզեմ յայտնել, որ մենք Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը երբեք չենք արծարծած արաբական երկիրներուն մէջ, իւրայատուկ պարագայ էր Լիբանանը, որ 2001-ին ճանչցաւ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, որովհետեւ օրին ստեղծուեցան քաղաքական բարենպաստ պայմաններ: Նկատի պէտք է ունենանք Լիբանանի համայնքային դրութիւնը եւ համեմատաբար ժողովրդավար վարչաձեւը: Ի տարբերութիւն Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու Հայ դատի աշխատանքներէն, մենք արաբական երկիրներուն մէջ նման խնդիր չենք արծարծած: Հետեւաբար պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ իսկապէս Եգիպտոս կամ ԱՄԷ օր մը պիտի ճանչնա՞ն Ցեղասպանութիւնը, թէ՞ ոչ: Որեւէ դրական քայլ այդ ուղղութեամբ մեզի համար մեծ յաջողութիւն եւ իրագործում կը համարուի:

«Գ.»- Սուրիոյ պատերազմը ինչպիսի՞ դրական եւ բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայ դատի աշխատանքներուն վրայ: Ի՞նչ հորիզոններ կը բացուին, որակական ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կը ստեղծուին Հայ դատի գրասենեակներուն համար, մանաւանդ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ հրահրիչ դերն ու սուրիական հողեր թափանցելու նկրտումները:

Վ. Ե.- Սուրիահայութիւնը այն համայնքներէն է, որ հինէն ի վեր Հայ դատի գործունէութիւն ծաւալած է: Սուրիան վկան է Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, իսկ Հալէպը մայր եւ պատմական գաղութ է, որուն կը պարտինք հայութեան գոյութիւնը սփիւռքի մէջ: Սուրիոյ մէջ է Տէր Զօրը, հետեւաբար Սուրիան յատկանշական տեղ կը գրաւէ Հայ դատի մեր պայքարին մէջ: Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հայ դատի աշխատանքները մեծ հարուած ստացան ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլեւ` ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ, որովհետեւ եթէ մենք այսօր չունենանք Հալէպի մէջ զօրաւոր եւ աշխուժ գաղութ, եթէ չունենանք Տէր Զօր, Հայ դատի մեր պայքարը կը տկարանայ: Դժբախտաբար «Արաբական գարուն»-ի եւ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հայ դատի աշխատանքները տեղ մը նահանջած են:

Միւս կողմէ, սակայն, Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութիւնը «Արաբական գարուն»-ին մէջ թշնամական տրամադրութիւններ յառաջացուցած է արաբ կարգ մը պետութիւններու մօտ, փաստը Եգիպտոսի եւ ԱՄԷ-ի մէջ պատահածներն են: Սուրիոյ մէջ արաբ ժողովուրդը տեսաւ Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը: Թուրքիան այն պետութիւնն է, որ քաջալերեց եւ արտածեց ահաբեկչութիւնը, իր սահմանները բացաւ, դիւրացուց ահաբեկիչներուն մուտքը եւ զօրավիգ կանգնեցաւ Սուրիոյ կործանումին: Թուրքիան արաբական աշխարհին մէջ իր նկատմամբ ստեղծեց թշնամական տրամադրութիւն, ասիկա այսօր կը նպաստէ մեր Դատին:

Զօրաւոր Սուրիա` կը նշանակէ զօրաւոր սուրիահայ գաղութ, որ ինքնաբերաբար կը նշանակէ ամուր լիբանանահայ գաղութ: Իրաքի եւ Եգիպտոսի գաղութները նօսրացած են, Յորդանանի գաղութն ալ շատ փոքր է, ալ ինչի՞ մասին կը խօսինք: Այսօր Միջին Արեւելքի գլխաւոր երկու գաղութները Սուրիան եւ Լիբանանն են, որոնք միշտ ալ թիկունք եղած են իրարու: Եթէ Սուրիոյ հայ գաղութը տկարանայ եւ փուլ գայ, ապա Լիբանանի գաղութն ալ կրնայ շատ ծանր վնասներ կրել:

«Գ.».- Ի՞նչ են Հայ դատի գրասենեակներուն մարտահրաւէրները, յատկապէս` մարդուժի պատրաստութեան ոլորտին մէջ, նկատի ունենալով համացանցային բաց համակարգը եւ այդտեղ տիրող բազմակարծութիւնը:

Վ. Ե.- Հայ դատի աշխատանքները Միջին Արեւելքի մէջ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ: Անկախ Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներու կրօնական, տնտեսական եւ պատմական կապերէն, որոնք կը սահմանափակեն մեր աշխատանքները, մենք մասնագիտական մարդուժի առումով լուրջ հարցեր կը դիմագրաւենք: Միջին Արեւելքի մէջ մեզի կը պակսին ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրողներ, ինչպէս նաեւ` արաբերէնով հրատարակութիւններ: Անհրաժեշտ է պատրաստել իր ժողովուրդի դատին հանդէպ հաւատք տածող երիտասարդութիւն, որ ճիգ պիտի չխնայէ այդ նպատակին տրամադրելու ամէն բան: Աւելի՛ն. այսօր մենք տակաւին շատ ետ կը մնանք ելեկտրոնային աշխարհի ընձեռած զարգացումներէն, այսինքն պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ կարելիութիւնները օգտագործել մեր Դատի քարոզչութիւնը լաւապէս կատարելու համար: Համացանցը մեծ դեր ունի մեր քարոզչութիւնը, մեր մտքերը եւ մեր գաղափարները տարածելու գործին մէջ, բայց տակաւին դանդաղ ենք այդ հսկայ կարելիութիւններու օգտագործման առումով:

Մեր երիտասարդութեան չեն պակսիր ձիրքեր, պարզապէս պէտք է ուղղել զայն, որպէսզի ծառայէ մեր նպատակներուն: Պէտք է դիմել ամէն միջոցի, որպէսզի կարենանք իսկապէս Հայ դատին ի նպաստ արաբական հանրային կարծիք ձեւաւորել: Իսկ այդ բոլորը յաջողցնելու համար պէտք է մեր երիտասարդութիւնը զինել գիտութեամբ եւ հայոց պատմութեան լաւ իմացութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ահաբեկչական Սպառնալիքները Եւ Հայաստանի Անվտանգային Միջավայրը

Յաջորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը Խումբ Մը Լիբանանահայ Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?